Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (28 Ապրիլ 1968)

Ապրիլ 28, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան Վայրագութիւն
Սրբավայրերու Դէմ

Քանդած Են Ս. Փրկիչ Եկեղեցւոյ Ներսն Ու
Դուրսը Եւ Սրբապղծած`
Հայոց 14 Պատրիարքներու Գերեզմանը

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին ուղղուած յուշագրի մը մէջ Յորդանանի ներկայացուցիչ Մոհամետ Ֆարրա Միացեալ ազգերու ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ «Սիոն լերան վրայ գտնուող քրիստոնեայ եկեղեցիներու ու գերեզմաններու սրբապղծումներուն վրայ, զորս կը կատարեն իսրայէլացիք»:

«Յուշագրին կցուած լուսանկարները ցոյց կու  տան իսրայէլացիներուն կողմէ կատարուող քանդումներուն ու վանտալութիւնները եւ լուսարձակի տակ կը դնեն տարբեր կրօններու սրբավայրերուն հանդէպ իսրայէլացիներուն կողմէ ընծայուած յարգանքը», կը յայտարարէ իր նամակին մէջ Մոհամետ Ֆարրա, որ կ՛աւելցնէ.

«Իսրայէլեան բանակը ամբողջութեամբ քանդեց հայոց Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ներսն ու դուրսը, եւ եկեղեցական զգեստներու թանկարժէք հաւաքածոն ամբողջութեամբ կողոպտուեցաւ իսրայէլացիներուն կողմէ:

«Հայկական եկեղեցւոյ պատրիարքներու նուազագոյնը 14 սուրբ գերեզմանները, որոնք կը գտնուին Երուսաղէմի գրաւեալ շրջանին մէջ, բացուեցան ու անոնց պարունակութիւնները սրբապղծուեցան իսրայէլացիներուն կողմէ: Երկու գերեզմաններ ամբողջութեամբ քանդուեցան եւ փորուեցան մինչեւ վեց ոտք խորութեամբ:

«Յունական օրթոտոքս եկեղեցւոյ եւ կաթողիկէ եկեղեցւոյ գերեզմանատուները սիստեմաթիկ կողոպուտի առարկայ դարձան իսրայէլացիներուն կողմէ: Գերեզմանները բացուեցան, դիակները գետնահանուեցան, իսկ ինչ որ կը մնար դագաղներէն ու անկենդան մարմիններէն, ցրուուեցաւ շրջակայքը:

«Իսլամական սրբավայրերուն կողոպուտի ու սրբապղծութեան արարքներու ցանկը այնքան երկար է, որ կարելի չէ մեկնաբանել ներկայ նամակին մէջ: Ան տարբեր յուշագրի մը նիւթ պիտի դառնայ»:

Յորդանանի ներկայացուցչի վերոյիշեալ յուշագրին կցուած են 23 լուսանկարներ` որպէս ապացոյց իսրայէլացիներուն կողմէ կատարուած սրբապղծութեանց:

Un Liban Libanais

Երեսփոխանական վերջին ընտրութիւններէն ետք պարտուածներու եւ յաղթականներուն միջեւ բուռն պայքար մը շղթայազերծուեցաւ, որ երեք շաբաթներէ ի վեր կը պահէ իր եռուն նկարագիրը եւ իր վրան կեդրոնացուցած է ողջ բնակչութեան ուշադրութիւնը:

Ընտրութիւններու ընթացքին ինչ-որ օտար ազդեցութիւններու, միջամտութիւններու եւ դաւանաբանական շարժառիթներու մասին կը խօսուին մէկ կողմէն եւ միւս կողմէն` միւս կողմի մարդերը անկշիռ վերագրումներու շարք մը կը համարեն եղածները եւ հոգեբանական դրդապատճառներու հիմամբ կը բանաձեւեն աղմուկին վերջ տալու ձգտող իրենց հակահարուածը:

Արաբական աշխարհի քոյր պետութիւններէն մէկն է Լիբանանը, արաբական միւս երկիրներուն հաւասար չափով բարեկամ, անոնց զինակից, արաբ ազգի ընդհանուր պայքարին մասնակից, բայց որ ունի իր սեփական դիմագիծը, ընկերային իր ուրոյն կառոյցը, որուն վրայ կը գուրգուրայ իւրաքանչիւր քաղաքացի, օտար խնամատարութիւնները մերժող եւ իր բախտին տէրը մնալու նախանձախնդրութեամբ ապրող ամէն լիբանանցի: Լիբանանցին պարզապէս կ՛ուզէ պահել իր հայրենիքին դիմագիծը, իր երկրէն բխած պիտակը, յաւերժացնել «Լիբանանեան Լիբանան» մը, ինչպէս կը հաստատէր Փիեռ Ժեմայել «La Revue du Liban»-ի վերջին թիւին մէջ, թերթին թղթակիցներէն մէկուն հետ ունեցած իր տեսակցութեան ընթացքին:

Լիբանանը կը պատկանի իր բոլոր քաղաքացիներուն` առանց կրօնական ու ցեղային խտրութեան: Մարդիկ անխտրական այս ոգիով կերտած են այս երկիրն ու իրենց պատմութիւնը եւ կը շարունակեն ընթանալ լայնախոհութեան եւ հանդուրժողութեան նոյն ուղիէն` քաջ գիտնալով, թէ որեւէ շեղում կրնայ ճակատագրական ըլլալ իրենց համար, որեւէ այլ կեցուածք կրնայ քանդել Լիբանանը եւ լիբանանեան անհատականութիւնը:

Բոլոր ուժերուն ու բոլոր ընդունակութիւններուն աճման հնարաւորութիւններ ընձեռած երկիր է Լիբանանը, անհատական նախաձեռնութիւններու եւ արժանիքներու թափ տուող ազատ ոստան. հսկայ ճամբայ կտրած է արդէն այդ ուղղութեամբ եւ հաւատարիմ կը մնայ իր որդեգրած ընկերային արդարութեան, ա՛յն արդարութեան, որ՝

«Կը հարստացնէ աղքատը` առանց աղքատացնելու հարուստը»:

Վէճերուն վերջ դնելու եւ այս սկզբունքը կենսագործելու կոչեր սկսան լսուիլ վերջին քանի մը օրերուն, թերթերուն կողմէ եւ պատասխանատու մարդոց կողմէ ստորագրուած կոչեր, ու կոչերը անարձագանգ չմնացին: Երկիրը սկսած է առողջութեամբ շնչել:

«Հարստացնել աղքատը` առանց աղքատացնելու հարուստը»:

Ահա՛ այս երկրին իրականութիւնը, աւելի ճոխը երաշխաւորող երազը, «Լիբանանեան Լիբանան» մը ունենալու, սկսածը ամրօրէն հիմնաւորելու հիմնական պայմանը:

Պ. Ս.

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Խմբագրական «Ասպարէզ»-ի. Ցեղասպանութեան Պարտադրած Մե՛ր Պարտքը` Մե՛ր Ժողովուրդին

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?