Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (16 Ապրիլ 1968)

Ապրիլ 16, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Եօթը Գիրք

Պատկերը գեղեցիկ է, երեւոյթը` խրախուսիչ:

«Բագին» գրական ամսագրին վերջին թիւը ուրախութեամբ ու արդար հպարտութեամբ կը ծանուցէ եօթը գիրք, եօթը յաղթանակ` մեր մշակութային կեանքին մէջ:

«Ազդակ» խոր գոհունակութեամբ արձագանգ կը հանդիսանայ այս աւետիսին` այն վստահութեամբ, որ գիրի ու գրականութեան պաշտամունքը ունեցող մեր ժողովուրդը այս փունջին մէջ պիտի տեսնէ հայ ստեղծագործ միտքին մէկ նոր նուաճումը` մեր գրական անդաստանին:

Եօթը երկ, որոնց ցանկը կը տեսնէք մեր այսօրուան երկրորդ էջին մէջ` «Բագին»-ի խմբագրութեան բարեմաղթութեամբ:

Եօթը երկ, որոնցմէ վեցը լոյս տեսած են արդէն, եօթներորդը` մամուլի տակ: Առաջին ակնարկով, հասարակաց ոչինչ ունին անոնք: Կը պատկանին գրական բոլորովին իրարմէ տարբեր սեռերու: Հեղինակներէն ոմանք արդէն ծանօթ անուններ են, ոմանք` վաստակաւոր: Ու անոնց կողքին` նորեր, իրենց առաջին գործով ներկայացողներ, խոստումներ:

Զանոնք իրարու շաղկապողը, ներքին միութիւնը ստեղծողը «Բագին» ամսագիրն է, որուն հիմնական նպատակներէն մէկը եղած է ու այսօր կը շարունակէ ըլլալ, հիներու կողքին, քաջալերել նորերը, նորերուն մէջ արժանաւորները` ի խնդիր բռնկումի մը, սրբազան հուրին, որ չի կրնար բանտուած մնալ, պիտի ժայթքէ անպայման:

Հիները «Բագին»-ի հայրերն են, ծնողները: Նորերը ծնունդն են անոր` շնորհիւ խմբագրութեան եւ աշխատակիցներուն միջեւ ստեղծուած կենդանի կապին, որ զուրկ չէ եղած նաեւ հոգեկանէն:

Չոր ու ցամաք օրեր, ու ահա` եօթը գիրք: Հաւատքի եօթը արտայայտութիւն, հոգեկան սնունդ` մեր բազմութիւններուն, որոնք առօրեայէն վեր, իմացական ոլորտներու մէջ, ներքին, խոր երջանկութիւններու, ապրումներու կարօտը ունին անկասկած, չեն կրնար չունենալ, երբ կը պատկանին լոյսի պաշտամունքը ունեցող ժողովուրդի մը:

Գրողը կը գրէ, մնացեալը չի հետաքրքրեր զինք, կ՛ըսէ «Բագին»:

Ճիշդ է` իր հաշուոյն, երբ կը ներկայացնէ իր աշխատակիցներուն գործերը:

Ճիշդ է նաեւ այն, որ մեր մամուլին պարտականութիւնն է այնքան լայն ազատութիւն չտալ ընթերցողին, այնքան անտարբեր չըլլալ ապագային հանդէպ: Մենք տարբեր ժողովուրդ ենք, մեր պայմանները տարբեր: Տարբեր պէտք է ըլլայ նաեւ մեր մօտեցումը: Մեզմէ ուզուածը քիչ մը աւելի հետաքրքրութիւն է: Մնացեալը կու գայ ինքնաբերաբար: Այդ հետաքրքրութիւնը ստեղծողը պիտի ըլլայ մամուլը, որ ամէն օր իր խօսքը կը հասցնէ հասարակութեան լայն խաւերուն` հաստատելով կենդանի եւ արդիւնաւոր շփում մը:

«Բագին» գտած է լաւագոյն տարազը` հաղորդակցութեան մէջ դնելով հեղինակը ընթերցողին հետ: Առաջինը մղելով երկունքի, երկրորդէն ակնկալելով համապատասխան վերաբերում, հետաքրքրութիւն. այսինքն` նուազագոյնը, որ կը սպասուի ժողովուրդէ մը, որ կ՛ուզէ ինքզինք արժեցնել իբրեւ ժառանգորդը հարուստ մշակոյթի մը:

«Լոյս տեսան»-ի այս երեւոյթը խանդավառած է մեզ, ու մենք մեր առաքելութեան մէջ յաջողած պիտի ըլլանք, եթէ այդ խանդավառութիւնը ըլլայ վարակիչ, հասնի մեր բազմութիւններուն, շօշափելի արդիւնքով մը վերադառնայ հեղինակներուն, «երկունքի ու զոհողութեան» ընտիրներուն, որոնք գրական գեղեցիկ աւանդութիւն մը կը շարունակեն դժնդակ պայմաններու մէջ:

«Բարի ընթերցում». կը կրկնենք «Բագին»-ի մաղթանքը: Մանաւանդ` գնահատանք, որ այլեւս չի կրնար մնալ խօսքի սահմաններուն մէջ, պէտք չէ մնայ, եթէ կ՛ուզենք, որ կրակը չմարի, մեր նուիրեալներուն ստեղծագործական թափը չկոտրի, որպէսզի`

Միշտ դալար մնայ Տիրոջ Այգին:

 

Ս. Զատիկը
Լիբանանի Մէջ

Լիբանանահայութիւնը այս տարի եւս խոր հաւատքով եւ խուռներամ ներկայութեամբ հետեւեցաւ Աւագ շաբթու եւ Ս. Յարութեան սրբազան արարողութիւններուն:

Կիրակի, 14 ապրիլ, աւանդական սովորութեամբ ուրախութեամբ տօնուեցաւ Ս. Զատիկը: Բոլոր եկեղեցիներուն մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. պատարագ եւ խօսուեցան օրուան խորհուրդը պատգամող հոգեշունչ քարոզներ:

Տեղի ունեցան շնորհաւորական փոխադարձ այցելութիւններ եւ խրախճանք` ընտանեկան յարկերէն ներս եւ միութենական ակումբներու մէջ:

Երկուշաբթի, 15 ապրիլ, յիշատակ մեռելոց: Ս. պատարագ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ բոլոր եկեղեցիներու մէջ: Ֆըրն էլ Շըպպէքի եւ Պուրճ Համուտի ազգային գերեզմանատուները այցելեց աննախընթաց բազմութիւն մը` յարգելու համար յիշատակը իր հեռու ու մօտ ննջեցեալներուն: Գերեզմանօրհնէքը դարձեալ տեղի ունեցաւ անդաստանի նմանողութեամբ եւ մասնակցութեամբ բոլոր քահանայ հայրերուն:

 

Նախագահական Պատարագ

Այս տարի կաթողիկէ բոլոր եկեղեցիները միասնաբար մատուցեցին Զատկուան հանդիսաւոր Ս. պատարագը կիրակի, 14 ապրիլ, մարոնիներու Ս. Գէորգ եկեղեցիին մէջ: Ներկայ գտնուեցան` հանրապետութեան նախագահ Շարլ Հելու, վարչապետ Ապտալլա Եաֆի, նախարարներ, երեսփոխաններ եւ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ:

 

ՀՄԸՄ-ի Յիսնամեակի
Պարահանդէս

Կիրակի, 14 ապրիլ, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, պանդոկ «Պրիսթոլ»-ի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի յիսնամեակի պարահանդէսը` նախագահութեամբ ազգային բարերար Գէորգ Չաթալպաշեանի:

Ներկայ գտնուեցաւ աւելի քան 600 հոգի: Նիւթապէս եւ բարոյապէս փայլուն եւ բացառիկ յաջողութիւն մը արձանագրեց պարահանդէսը: Ստեղծուած խանդավառ մթնոլորտին մէջ  ներկաները 9 հազար լ. ոսկի նուիրեցին ՀՄԸՄ-ին:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Դոկտ. Զ. Մսըրլեանի Զեկուցումը Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի Մէջ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?