50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Օգոստոս 1968)

Վերափոխում «Օրհնեալ ես դու ի կանայս» (Ղուկաս Ա. 42) Հայ քրիստոնէական եկեղեցին մեծ կարեւորութեամբ կը տօնախմբէ Աստուածածնի Վերափոխման յիշատակը: Ըստ աւանդութեան, Ս. Կոյսը վախճանած է Երուսաղէմի մէջ, Քրիստոսի համբարձումէն 15 տարիներ ետք: Աշակերտները զայն թաղած են Գեթսեմանիի ձորին մէջ: Թաղման արարողութեան ներկայ չէր եղած միայն Բարթողիմէոս առաքեալը, որ փութացած էր Երուսաղէմ` յարգանքի իր վերջին պարտականութիւնը կատարելու: Մեծ կ՛ըլլայ առաքեալներուն զարմանքը, երբ թափուր կը գտնեն Աստուածածնի գերեզմանը: Աստուածորդին երկիր իջնելով` երկինք փոխադրած էր իր մօր մարմինը: Գեղեցիկ է Վերափոխման աւանդութիւնը եւ պարզ` իր հաւատքին մէջ: Ան ցոյց կու տայ Աստուածածնի կատարեալ էակ մը եղած ըլլալը, ինչպէս նաեւ` մայրութեան առաքինութեան լինելութիւնը: «Օրհնեալ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (15 Օգոստոս 1968)

Նոթեր Եւ Նետեր Շրջապտոյտ Չորրորդ  Չեխոսլովաքիա Փրակայի մէջ բացուած է նոր համալսարան մը` ուսուցանելու համար ընտիր ընկերվարութիւնը,  իրական ընկերվարութիւնը, որ մնայ անպղծելի: Իբրեւ ուսանողներ` պետական ծախսով հրաւիրուած են Պրեժնեւը, Քոսիկինը, Փոտկորնին, Սուսլովը, Կրոմիքոն եւ բազմաթիւ ուրիշ համայնավար շէֆեր: Դասընթացքը կը տեւէ տարի մը միայն: Յաջող քննութիւն տուողները պիտի արժանանան վկայականի: Չեխոսլովաք բժշկապետ մըն ալ պատրաստած է ազատասիրութեան շիճուկը, որ օրական հինգ անգամ պիտի ներարկուի Քրեմլինէն եկած ուսանողներու երակներուն մէջ: Յոյս կայ, որ այս միջոցներով ռուս շքախումբը կամ շէֆախումբը շոշորթը ունենայ հարազատ, ընտանի ընկերվարականի: Եթէ անշուշտ շէֆերը զիջանին դառնալ ուսանող: Ընկերվարական զարգացումէ զատ, շէֆերը պիտի դաստիարակուին, որպէսզի գոնէ մասամբ մարդկային դառնան:...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (14 Օգոստոս 1968)

Թել-Աւիւ Կը Հաստատէ Դամասկոսի Բացատրութիւնը Սուրիացի Երկու Օդանաւորդները Սխալմամբ Իջած Են Իսրայէլ. Կը Կարծէին, Թէ Լաթաքիա Են Սուրիացի երկու օդաչուներուն հարցաքննութեան մասին երէկ իրիկուն պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրատարակուեցաւ Իսրայէլի մէջ: Հաղորդագրութիւնը կը յայտնէ, թէ երկու օդաչուները սխալմամբ իջած են Իսրայէլ: Նոյն հաղորդագրութեան համաձայն, օդաչուները ըսած են, թէ իրենք կը կարծէին Լաթաքիա իջած ըլլալ: Ըստ պետական ձայնասփիւռին, էջքէն ետք, օդաչուներուն քով փութացած է մարդ մը, որ արաբերէնով յայտած է, թէ Իսրայէլ իջած են: Օդաչուները կարծած են, թէ մարդը լիբանանցի է ու զիրենք կը ծաղրէ: Ամէն պարագայի, սուրիական երկու «Միկ»-երը ներկայիս կը գտնուին իսրայէլեան խարիսխի մը մէջ, ուր փոխադրուած են երէկ գիշեր:...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (13 Օգոստոս 1968)

Օրուան Դէպքերուն Հետ Տաք Ու Պաղ Մէկը տաքցուց, միւսը պիտի սառեցնէ: Մէկը չորս աչքով սպասուեցաւ, միւսը` «երանի՜ չգար»: Աւելի քան շաբաթէ մը ի վեր չեխ ժողովուրդը «սկովտիական ցնցուղ»-ի տակ է: Օր մը տաք, օր մը պաղ, մինչեւ որ գայ օրը հաճելի բարեխառնութեան: Մարաջախտ Թիթոն ընդունողը միայն չեխոսլովաք Կոմկուսի աւագանին չէր. ամբողջ ժողովուրդը մասնակցեցաւ ինքնաբուխ խանդավառութեամբ մը, որ աննախընթաց է համայնավար երկրի մը մէջ: Արեւելեան Գերմանիոյ ղեկավարը` Ուալթըր Ուլպրիխթ, պիտի ընդունուի միայն Տիւպչեքի եւ ընկերներուն կողմէ` իբրեւ տուրք «ընկերվարական այն միասնականութեան», որ ձեւականօրէն վերստեղծուեցաւ Պրաթիսլաւայի մէջ: Չեխոսլովաք ժողովուրդին նախասիրութիւնները նոր փաստերու պէտք չունին: Եթէ ունենային իսկ, մարաջախտին հանդէպ դրսեւորուած սրտազեղ զգացումները...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (11 Օգոստոս 1968)

Մեր Ընթերցողներուն.  «Ազդակ»-ը Նոր Հատավաճառով  Եւ Նոր Բաժանորդագինով

Լենին Երազեց` Ստալին Իրագործեց Խորհրդային Կայսերապաշտութիւնը Չեխոսլովաքիոյ այժմու քաղաքական ղեկավարներէն փրոֆ. Էտուար Կոլտըշթոկըր, պատասխանելով արաբ լրագրող Ապտիւլ Քերիմ Ապու Նասըրի հարցումներուն, ըրած է հետեւեալ յայտարարութիւնները.- Խորհրդային քաղաքականութիւնը կը շարունակէ մնալ ստալինեան, հակառակ անոր որ 12 տարի անցած է ստալինեան հետքերուն ջնջուելէն ի վեր: Մոսկուայի լեզուն տակաւին ստալինեան է: Մոսկուան ընկերվարական երկիրներուն չ՛ըսեր, որ հաւատարիմ պիտի մնաք ընկերվարութեան, այլ կ՛ըսէ` հաւատարիմ պէտք է մնաք Խորհրդային Միութեան, ինչ որ կը նշանակէ, թէ ընկերվարութիւնը Մոսկուան է: Կը նշանակէ նաեւ, որ Չեխոսլովաքիոյ շահերը, ամէն բանէ առաջ, Խորհրդային Միութեան շահերն են: Մեր միջեւ յառաջացած տագնապը տեսակէտի եւ մտածելակերպի անկախութեան տագնապն է խորքին մէջ: Խորհրդային Միութիւնը...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (10 Օգոստոս 1968)

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի «Կազդուրման Կայան»-ը Լիբանանի սքանչելի բնութեան ծոցին` Շթորայի մէջ կը գտնուի Լիբանանահայ օգնութեան խաչի «Կազդուրման կայան»-ը: Միօրեայ պտոյտի մը ընթացքին բախտաւորութիւնը ունեցայ այցելելու յիշեալ վայրը: Առանց չափազանցութեան` պատահական ոեւէ այցելուի վրայ պիտի գործէ այն տպաւորութիւնը, որ նախախնամական դեր կը կատարուի հոն` հայ մանուկին նկատմամբ: Տարիներու ընթացքին այցելած եմ օտար համայնքներու կամ յարանուանութեանց պատկանող բարեսիրական միութեանց ձեռնարկած կազդուրման կայանները, որոնց նպատակը եղած է տա՛լ փոքրիկներուն պէտք եղած սնունդը եւ մաքուր, կազդուրիչ օդի մէջ զօրացնել զանոնք ֆիզիքապէս եւ դաստիարակել: Այս բարի գործը կատարելու համար անոնք ունին մեծ բարերարներ եւ նիւթական հասոյթի զօրաւոր աղբիւրներ: Մինչդեռ Լիբանանահայ օգնութեան խաչը իր հաւաքած կաթիլ-կաթիլ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (9 Օգոստոս 1968)

Հայ Կեանք Լուտեր Կ. Սիմճեանին Գիւտը - Հեռագիրները Կարելի Է Ղրկել Միաժամանակ Զանազան Լեզուներով «Նիւ Եորք Թայմզ» կը հաղորդէ, որ «Ճենըրըլ ռիսըրչ» ընկերութեան Կրինիչ (Ն. Ե.) նախագահ Լուտեր Կ. Սիմճեանը հնարած է գործիք մը, որուն միջոցով կարելի է մէկ կամ աւելի լեզուներով թարգմանաբար ղրկել նոյն հեռագիրը: Գիւտը կը գործէ հետեւեալ կերպով. Մեքենագրուած հեռագիրը կը դրուի գործիքի մը մէջ, որ բառերը կը վերածէ զանազան նշաններու: Այս վերջինները միեւնոյն իմաստը ունին որեւէ լեզուի մէջ, եւ երբ կը հեռագրուին, կամ անթելի միջոցով կը ղրկուին, զանոնք ընդունող գործիքը այդ նշանները դարձեալ բառերու կը վերածէ` անգլերէն, ֆրանսերէն, ռուսերէն, գերմաներէն կամ իտալերէն: Նոր գործիքը կրնայ միաժամանակ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (8 Օգոստոս 1968)

Մեր Ընթերցողներուն

Նոթեր Ու Նետեր Շրջապտոյտ Երկրորդ Սկովտիա Սկովտիոյ զինուորականները կազմած են յանձնախումբ մը, որպէսզի դատ բանայ եւ հեղինակի իրաւունք պահանջէ բոլոր այն նորաձեւութեան տուներէն, աշխատանոցներէն եւ վաճառականներէն, որոնք հրապարակ հանեցին կարճ փէշը` ընդօրինակելով սկովտիական զինուորական փէշէն, որուն իրաւունքը վերապահուած է սկովտիացիներուն, ըստ օրինի: Յանձնախումբը պայմանաւորուած է տասը երեւելի իրաւաբաններու հետ: Անոնց պիտի վճարուի դատը շահուելէ ետքը միայն: Այս առթիւ կ՛ըսուի, թէ սկովտիացիները կարճ փէշը հնարած ու գործածած են իրենց չափազանց կծծի ըլլալուն պատճառով: Կարճ փէշին թէ՛ կերպասը քիչ է, թէ՛ կարողչէքն է մատչելի: Ուրեմն աժան է կրկնակի: Մինչդեռ տաբատի մը թէ՛ կերպասը սուղ է, թէ՛ կարողչէքը: Իսկ շալվարը շռայլութիւն մըն է...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (7 Օգոստոս 1968)

Մեր Կորուստները   Ռուբէն Դարբինեան   Ռուբէն Դարբինեան, որ վերջերս անդարձ բաժնուեցաւ մեզմէ, հայ հրապարակագրութեան կեդրոնական սիւներէն էր: Անոր ձայնը գրեթէ ամէն օր անխափան կը հնչէր Ամերիկայէն եւ կ՛արձագանգէր գաղութէ գաղութ: Եւ ասիկա` մօտ կէս դարէ ի վեր, անսպառ կորովով: Մեր սերունդը ծանօթ չէ Ռ. Դարբինեանի նախապատերազմեան գրական եւ քաղաքական գործունէութեան, բայց վերջին քառասնամեակին իր տուածն ալ բաւական է, որպէսզի յարգանքով խոնարհինք այս բազմաշխատ մշակի վաստակին առջեւ: Ռ. Դարբինեանին անունը անբաժան կը մնայ «Հայրենիք» ամսագրերու կոթողական գործէն, որուն հիմնադիրը եւ ճարտարապետը եղաւ ինք` գրական ապահով ճաշակով մը վարելով անոր խմբագրութիւնը մինչեւ իր մահը: «Հայրենիք»-ի հաւաքածոն հարիւրաւոր հատորներու կը հասնի եւ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (6 Օգոստոս 1968)

Պելճիքահայ Ազգային Կեանք Բ. Աշխարհամարտէն ետք, Պելճիքայի հայ գաղութը տակաւ առ տակաւ սկսած է բազմանալ: Այսօր գրեթէ մեծ գաղութի մը հանգամանքը ստացած է, մանաւանդ` զանազան երկիրներէ եկող ուսանողներ, որոնք կ՛ուսանին «Պօղոս Նուպար փաշայի ֆոնտ»-ի միջոցով, եւ որոնք աւարտելով համալսարանները` կը մնան հոն ու կը  նուիրուին իրենց յատուկ մասնագիտութեանց` յաճախ կազմելով նաեւ հոն իրենց ընտանեկան բոյնը: Դժբախտաբար համայնքը, ըլլայ Պրիւքսէլի կամ Անվերսի մէջ, զուրկ է դպրոցէ ու նաեւ եկեղեցիէ, որպէսզի կարող ըլլան նորահաս սերունդներ հայ լեզուի մշակոյթով դաստիարակուելու եւ ազգային զգացումներով լուսավառելու իրենց հոգին: Այդ կարեւոր հաստատութիւններու պակասը լրացնելու նպատակով քանի մը վեհանձն զգացումներով օժտուած ազգայիններ ունեցած են նուիրական ու ազնիւ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (4 Օգոստոս 1968)

«Լը Տըւուար» Թերթը` Հայաստանի Անկախութեան Մասին Ցեղասպանութենէն` Անկախութիւն Թուրքերը բնաւ նպատակ չունենալով իրենց իշխանութեան տակ ապրող հայերուն ազատութիւն թոյլատրել, 1915-ին, օգտուելով Ա. Աշխարհամարտէն, նախաձեռնութեամբը օրուան իշխանութեան տէր երիտասարդ թուրքերուն, կազմակերպեցին սառնասիրտ ու համակարգուած բնաջնջումը Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրող հայերուն: Ասիկա ժամանակակից պատմութեան առաջին կազմակերպուած ու սառնօրէն իրագործուած ցեղասպանութիւնն էր, քաղաքակիրթ 20-րդ դարուն մէջ: Երկուքուկէս միլիոն բնակչութեան վրայ 1,5 միլիոն հայեր կորսուեցան` ձեռամբ աշխարհազօրաց ու զինուորներու, որոնք իրենց հրահանգը կը ստանային ուղղակի Կոստանդնուպոլիս նստած կեդրոնական կառավարութենէն: Թուրք բնակչութիւնը ընդհանրապէս մասնակցեցաւ կողոպուտներուն եւ փոքր երեխաներու ու երիտասարդ կիներու առեւանգումին: Այն գաւառական կառավարիչները, պաշտօնեաներն ու անձերը, որոնք մարդասիրական զգացումներէ մղուած մերժեցին հնազանդիլ կառավարական...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (3 Օգոստոս 1968)

«Լը Տըւուար» Թերթը` Հայաստանի Անկախութեան Մասին Այս տարի ի սփիւռս աշխարհի ցրուած հայերը կը տօնակատարեն 1918 մայիս 28-ին հռչակուած Հայաստանի Հանրապետութեան յիսուներորդ տարեդարձը: Արդի ժամանակներու այս անկախութիւնը կը զուգադիպէր Լեհաստանի, Չեխոսլովաքիոյ եւ ուրիշ երկիրներու անկախութեան, Ա. Համաշխարհային պատերազմի վերջաւորութեան, ազատագրուելէ ետք օտար գերիշխանութենէ, որուն ենթակայ էին դարերով: Վերջին տարիներուն Քանատան դարձած է բազմաթիւ հայերու նախասիրած երկիրը, ուր տակաւ կը հաստատուին անոնք: Տասը տարուան ընթացքին անոնց թիւը 300-էն բարձրացած է 12.000-ի միայն Մոնրէալի մէջ: Եւ, ըստ նախատեսութեանց, քանի մը տարիէն այս թիւը պիտի անցնի քսան հազարը: Այսուհանադերձ, շատ քիչ քանատացիներ ընդհանրապէս եւ յատկապէս մոնրէալցիներ կան, որոնք իրապէս կը ճանչնան հայերը: Ո՞վ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (2 Օգոստոս 1968)

Օրուան Դէպքերուն Հետ Նկարներէն Դատելով Լրջօրէն նկարներէն դատելով, աշխարհի բոլոր թերթերը երէկ գրեցին, որ Չերնայի չեխեւխորհրդային խօսակցութեանց մթնոլորտը փոխուած է: Դէպի մեղմացում կ՛երթայ: Դարձեալ, նկարներէն դատելով, տեսնուեցաւ, որ ժպիտ կայ պատուիրակներուն դէմքին վրայ. ժպիտը` իր զանազան տեսակներով. խորհրդայինը, որ վերապահ է, չեխականը, որ սփոփարար է: Ու հիմա, ժպիտի փաստէն ետք, կը սպասուի հաղորդագրութեան փաստաթուղթին, որ լոյս տեսած պիտի ըլլար երէկ: Ի՞նչ պիտի ըսէ այդ փաստաթուղթը: Հաւանաբար` ոչ աւելին, քան նկարները, որոնք երէկ հաղորդուեցան «Սեթեքա» գործակալութեան կողմէ: Չեխերը պիտի կրնա՞ն համոզել իրենց խօսակիցները, որ բարեկամ դրացի մը շատ աւելի օգտակար կրնայ ըլլալ իրենց, քան` բոլոր այն հլու կամակատարները, որոնք Վարշաւիոյ մէջ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (1 Օգոստոս 1968)

Հայաստան Հայաստան Ունի 2 Միլիոն 340 Հազար Բնակիչ Երեւան, 26 յուլիս.- Հայաստանի Կեդրոնական վիճակագրական վարչութիւնը հրապարակած է Հայաստանի ժողովրդական տնտեսութեան զարգացման 1968-ի առաջին կիսամեակի պետական առաջադրանքներու կատարման արդիւնքները: Իրացուած արտադրանքի ծաւալի եւ արտադրանքի կարեւորագոյն տեսակներու մեծամասնութեան թողարկման առաջին կիսամեակի առաջադրանքները դերակատարուած են: Արդիւնաբերական արտադրութեան աճը անցեալ տարուան համապատասխան ժամանակամիջոցի համեմատութեամբ, կազմած է 9,9 տոկոս, իսկ իրացուած աշխատանքի ծաւալով` 14,8 տոկոս: Թողարկուած է տասնեակ միլիոնաւոր ռուբլիի աւելի արդիւնաբերական արտադրանք, քան կը նախատեսուէր կիսամեայ ծրագիրով: Առաջին կիսամեակի վերջին, ծրագրաւորման եւ տնտեսական խթանման նոր դրութեամբ, կ՛աշխատէին 180 արդիւնաբերական ձեռնարկութիւններ, որոնց բաժին կ՛իյնար ամբողջ արդիւնաբերական արտադրանքին 58 տոկոսը: Շինարարական աշխատանքներու մեծ ծրագիր իրականցուած է:...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (31 Յուլիս 1968)

Նոթեր Ու Նետեր Երկիրներ, Ճակատագիրներ Անգլիա Քաղաքագէտները կը հարցնեն. - Անգլիա իր կայսրութիւնը կորսնցնելէ ետքը ի՞նչ պիտի ըլլայ իր դերը: Անգլիոյ դերը պիտի ըլլայ Համլեթը: Մանաւանդ յաջողապէս պիտի արտասանէ Դանիոյ իշխանին նշանաւոր մենախօսութիւնը. - «Լինե՞լ, թէ՞ չլինել... Այս իսկ է հարցը...»: Անգլիա կրնայ Շէյքսփիրի թատերախաղերէն «Ռոմէօ Ժիւլիէթ»-ն ալ ընտրել` կատարելով Ռոմէոյի դերը, իսկ Ժիւլիէթ ընելով` Եւրոպայի հասարակաց շուկան, անոր մէջ մտնելու բուռն բաղձանքով: Կրնայ տակաւին ճոխացնել շէյքսփիրեան խաղացանկը` ստանձնելով հետեւեալ դերերը. Մաքպեթ, Լիր Արքայ, Շայլոք, Օթելլօ: Եթէ գէշ քաղաքագէտ մը, գէշ դիւանագէտ մը եղաւ, թերեւս կ՛ըլլայ լաւ դերասան մը, որուն կը մաղթենք յաջողութիւններ, յաղթանակներ, ծափեր ու ծաղկեփունջեր: Ճափոն Թերթերը գրեցին,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (30 Յուլիս 1968)

Շաւարշ Նարդունի Փարիզէն տրուած հեռագրէ մը խոր ցաւով կ՛իմանանք յանկարծական մահը բազմահմուտ մտաւորական, գրագէտ եւ հրապարակագիր Շաւարշ Նարդունիի, որ աչքերը փակած է կիրակի իրիկուն, Մարսէյի մէջ, ուղեղային արիւնախռնումի պատճառով: Նարդունիի մահով հայ ժողովուրդը կը կորսնցնէ իր արժանաւոր զաւակներէն մէկը, որ իր անսակարկ հայրենասիրութեամբ, իր անխախտ համոզումներով եւ այդ համոզումներուն համար աննկուն պայքարողի արժանիքներով կէս դար ամբողջ մնաց պատնէշի վրայ` գրագէտի իր հատու եւ վճռական խօսքը ըսելով ամէն անգամ, երբ հիմնական խնդիր մը յուզեց մեր հաւաքական կեանքը: Առիթը կ՛ունենանք տակաւին անդրադառնալու իր արդիւնաւոր կեանքին եւ արժէքաւոր գործերուն, որոնք թելադրական պիտի ըլլան միշտ հայ մտաւորականին համար: Առայժմ` կենսագրական կարգ մը գիծեր. Ծնած...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (28 Յուլիս 1968)

Ընկերային Մտահոգութիւններ Գործազրկութիւնը Որքա՛ն խոր ցաւ կը զգանք, երբ ընտանիքի հայր մը «տարիէ մը ի վեր անգործ եմ» ըսէ, երբ հազիւ օրը օրին կ՛ապրէր: Ընկերային կեանքի ամէնէն ցաւոտ հարցերէն է գործազրկութիւնը: Աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու ժողովուրդներ կը տառապին այս հիւանդութենէն, յատկապէս` արդիւնաբերական մեծ քաղաքներու մէջ: Անգործութիւնը մարդուն, երիտասարդ թէ տարիքոտ, յուսահատական վիճակ կը ստեղծէ եւ հոգեպէս կը տառապեցնէ, մինչեւ որ փոքրիկ աշխատանք մը ապահովէ: 1930-ական թուականներուն, տնտեսական համաշխարհային տագնապներուն, Ամերիկայի, Անգլիոյ, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ անգործներու բանակները մրցանիշը կոտրեցին: Անուրանալի է, որ բոլոր կառավարութիւնները իրենց կարելի միջոցներով օգնեցին անգործներուն եւ անոնց ընտանիքներուն: Այսօր բաւական փոխուած է կացութիւնը: Եւրոպական եւ ամերիկեան պետութիւններ բարեփոխած...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (27 Յուլիս 1968)

Ուիլիըմ Սարոյեան Յիսնամեակներու, տարեդարձներու, դարադարձներու, յուշարձաններու եւ կոթողներու թոհուբոհին մէջ մեր մամուլը առիթ գտաւ այս տարի նշելու նաեւ Ուիլիըմ Սարոյեանի ծննդեան 60-ամեակը: Այսօր հայութեան մէջ անգլիագիր այս հեղինակին հանդէպ երկու տրամադրութիւն չկայ, կայ մէկ տրամադրութիւն. միահամուռ յարգանք մը: Երկու տասնամեակ առաջ, ինչպէս` բազմաթիւ այլ դէմքերու, նաե՛ւ Սարոյեանի նկատմամբ տարբեր էր Հայաստանի վերաբերումը: «Մեծահանճար առաջնորդի ու հայ ժողովուրդի հարազատ հօր` ընկեր Ստալինի հոգատարութեամբ» ապրող, մտածող ու դատող հայրենիքի մեր գրողներուն համար «միջազգային ռէակցիայի վտանգաւոր դէմքերից մէկն էր» Սարոյեանը, բայց «Մեծահանճարին» օրօք խմբագրուած այս տխմարութիւնները իրենց տեղը զիջած են հիմա աւելի տանելի արժեչափերուն ու հայրենիքը սկսած է գնահատել Սարոյեանը` ըստ արժանւոյն: Համբաւի...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (26 Յուլիս 1968)

Հայաստանի Հանրապետութեան Յիսնամեակի Տօնակատարութիւնը Սփիւռքի Մէջ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս արտասահմանի հայրենասէր ու ազատասէր հայութիւնը նշեց եւ շարունակում է նշել 1918 թուի մայիսին ստեղծուած հայ ազգային անկախ պետականութեան տարեդարձը: Բայց Հայաստանի Հանրապետութեան 50-ամեակը նշուեց սովորականից առաւել լայն ծաւալով եւ համաժողովրդական խանդավառ հանդէսներով: Այս առթիւ հարկ ենք համարում մի կարեւոր բացատրութիւն տալ: Հայաստանի Հանրապետութեան տարեդարձները սովորաբար նշում են այն հայ զանգուածները եւ կազմակերպութիւնները, որոնք դաւանում են ազգային պետականութեան սկզբունքը եւ անվերապահօրէն հաւատարիմ են այդ սկզբունքին: Ինչպէս Հայաստանում, այնպէս էլ սփիւռքում, կոմունիստներն ու նրանց հետ կապուած կազմակերպութիւնները, անշուշտ, չեն տօնում հանրապետութեան տարեդարձը: Բայց նրանք էլ, տոկոսային համեմատութեամբ, ամէն տեղ փոքրամասնութիւն...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (25 Յուլիս 1968)

Օրուան Դէպքերուն Հետ Մեր Լաւ Բարեկամները... Փնտռելու պէտք չկայ: Անմիջապէս ըսենք, որ մեր լաւ բարեկամները... թուրքերն են եղեր: Ու ինչ որ ըրած են ցարդ, ըրած են բարեկամութեան համար, որպէսզի` «Թուրքիա ապրող մեր հայ հայրենակիցները ամենադոյզն գանգատն իսկ չունենան»: Այս կատակին հեղինակը թրքական թերթ մըն է` «Ենի Իսթամպուլ», որ բարեկամութեան այս հաւաստիքները տալէ (եւ, անշուշտ, լուռ անցնելէ ետք այն միւս «հաւաստիքներուն» վրայէն, որոնք յիսուն տարի առաջ հուրով ու սուրով տրուեցան մեր ժողովուրդին), կը գանգատի, որ Թուրքիոյ դէմ «մեծագոյն դաւադրութիւնը» կը նիւթուի իրենց «Սահմաններուն շատ մօտիկ տեղ մը, Լիբանանի մէջ»: Եւ ոչ թէ` Չինաստանի մէջ, ինչպէս կ՛ակնկալուէր... «Ենի Իսթամպուլ» դժգոհ է իր...

Կարդալ ԱւելինDetails
Page 19 of 69 1 18 19 20 69

Արխիւներ