50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (25 Սեպտեմբեր 1968)

Վկայական Ու Վկայութիւն Վերամուտի իրար խաչաձեւող յայտարարութիւններուն ի տես` մեր մամուլը սկսաւ լայն տեղ յատկացնել ազգային կրթութեան: Խմբագիր ու գրող ահազանգի մատնուած մարդոց տագնապով կ՛արտայայտուին այդ մասին ու անիրաւ չեն: Յորմեհետէ պետական ծրագիրները պարտադիր դարձան մեր վարժարաններէն ներս, ազգային կրթութիւնը տարուէ տարի աւելի մտահոգիչ բնոյթ մը ստացաւ: Հիմա սերթիֆիքա կ՛ուզեն մեր տղոցմէ, պրըվէ, պաքալորէա: Ծնողք, աշակերտ, ուսուցիչ` բոլորը մէկ այդ մասին կը մտածեն հիմա եւ պետական քննութեանց արդիւնքներով կը գնահատեն աշակերտին ընդունակութիւնը, ուսուցիչին կարողութիւնը, դպրոցին վարկը: Այս մտայնութիւնը անյարիր է մեր վարժարաններու ոգիին: Պետական վկայականներուն դէմ չենք, նոյնիսկ անհրաժեշտ կը նկատենք զանոնք, բայց վկայականները, կրկնած ենք յաճախ, մեր վարժարաններուն հետապնդած...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (24 Սեպտեմբեր 1968)

Տարեդարձներ Միսաք Մեծարենց (Մահուան 60-րդ Տարեդարձին Առթիւ) Վաթսուն տարիներ առաջ, 1908-ին, յունիսի գիշեր մը Պոլսոյ մէջ աչքերը յաւիտենապէս կը փակէր 22 տարեկան երիտասարդ մը, որ մեր մեծագոյն բանաստեղծներու շարքին իր պատուոյ տեղը պիտի գրաւէր: Կէս դարը բաւարար է հեղինակի մը գործը վերջնականապէս թաղելու կամ անմահութեան կտակելու համար: Ժամանակի վճիռը եկաւ նուիրագործելու վաղամեռիկ քերթողին ինքնայատուկ տաղանդն ու արուեստագէտի բացառիկ զգայարանքը: Իր հիւանդութեամբ եւ կեանքի տեւողութեամբ Պետրոս Դուրեանին ճակատագրակից այս տղան աշխարհէն մեկնեցաւ այնքան շուտ, որ հազիւ երկու տարի միայն (1906-1907) ժամանակ ունեցաւ ստեղծագործելու, հայ գրականութեան յանձնելով քերթուածներու երկու փոքրիկ հատորներ - «Ծիածան» եւ «Նոր տաղեր»: Բայց այդ քիչն ալ բաւեց ապրումներու,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (13 Սեպտեմբեր 1968)

Խմբագրական Ամէն Մարդ Փիեր Լոթի Չէ (Ձախողած Առաքելութեան Մը Առիթով) Այսօրուան երկրորդ էջին մէջ, Պուէնոս Այրէսի մեր պաշտօնակից «Արմենիա»-էն առնելով, տուած ենք տեսակցութիւն մը, որ տեղի ունեցած է Արժանթինի թուրք դեսպանին եւ ծանօթ հայրենասէր, ուրուկուէյցի նախկին նախարար տիկ. Ալպա Ռոպալիոյի միջեւ կատարուած խօսակցութեան մը առիթով: Ազդուած քաջասիրտ կնոջ հայանպաստ յայտարարութիւններէն, որոնց արձագանգ հանդիսացած էինք ատենին, Անգարայի կառավարութիւնը Արժանթինի իր ներկայացուցիչին հրահանգած է հանդիպում մը ունենալ Ա. Ռոպալիոյի հետ եւ զայն համոզել դիւանագիտական բոլոր միջոցներով: Ըսել, օրինակ, թէ ինչ որ կ՛ըսուի հայկական ջարդերու մասին, իրականութեան չի համապատասխաներ, հայերը եւ թուրքերը միշտ բարեկամ եղած են իրարու, ու եթէ երբեմն «բաներ մը» պատահած...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (11 Սեպտեմբեր 1968)

Խմբագրական Եալթա Պատճառ Քսանեւչորս տարիէ ի վեր զօրավար տը Կոլ առիթ չի փախցներ իր ընդդիմութիւնը յայտնելու համար Եալթայի համաձայնութեան: 1944-ի նոյեմբերին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ֆրանքլին Ռուզվելթ, Խորհրդային Միութեան վարչապետ Եոսիֆ Ստալին եւ Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Ուինսթըն Չըրչիլ Եալթայի մէջ (Խրիմ) հաւաքուեցան` շահելու համար խաղաղութիւնը, երբ արդէն որոշ դարձած էր, որ շահած են պատերազմը: Այդ թուականէն ասդին շատ բան գրուած է Եալթայի մասին: Հրատարակուած են բազմաթիւ յուշագրութիւններ, ոմանք գլխաւոր դերակատարներուն, ուրիշներ` խորհրդականներու կողմէ: Բոլորին ալ եզրակացութիւնը այն է, որ հիթլերական Գերմանիոյ դէմ պատերազմի իջած դաշնակիցները չկրցան շահիլ խաղաղութիւնը: Իբրեւ հետեւանք Ռուզվելթ-Ստալին համաձայնութեան, որուն արգելք չկրցաւ ըլլալ Չըրչիլ, հակառակ իր բոլոր ջանքերուն,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (10 Սեպտեմբեր 1968)

Գրական Հարցեր Հանրային ճաշակը, ընդհանուր առմամբ, տեսակ մը «ջերմաչափ» է: Գրականութեան, ինչպէս կեանքի մէջ, ամէն շարժում, դէպի ետ կամ դէպի առաջ, առհասարակ կը կատարուի հանրային ճաշակի ճնշումին տակ: Հանրային ճաշակը տէր է եւ իշխան: Ան է, որ հանրային կարծիք կը ստեղծէ, ինչպէս հաւանօրէն հանրային կարծի՛քն է, որ հանրային ճաշակ կը ստեղծէ: Ճաշակն ալ, կարծիքն ալ կը փոխուին երկրէ երկիր, դարաշրջանէ դարաշրջան, ժողովուրդէ ժողովուրդ, նոյնիսկ` անձէ անձ: Ուղիղ ըլլան թէ սխալ, ճաշակները անվիճելի են, կարծիքները` նո՛յնպէս: Գրական սեռերը խստօրէն ենթակայ են հանրային ճաշակին: Այսպէս, դիւցազներգութիւնը, որ ատեն մը, մանաւանդ «ի հնումն», գրականութեան գլխաւոր սեռերէն մէկը կը կազմէր, հիմա գրեթէ դարձած է...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (8 Սեպտեմբեր 1968)

Մինչեւ Որ Նիւթը Ոգի Չդառնայ Անցնող յիսնամեակը բաւեց, որպէսզի կոտորակուած, թշուառ ու կիսամերկ մեր բազմութիւնները կազմակերպուին գաղութէ գաղութ, տնտեսական բարգաւաճ կեանք մը ստեղծեն եւ նախաձեռնարկ ըլլան կրթական, բարեսիրական, առողջապահական եւ մշակութային գործունէութեան: Շինուեցան հոյակապ եկեղեցիներ` նախկին տախտակէ մատուռներու փոխարէն, բարձրացան արդիական վարժարաններ` նախկին թիթեղածածկ վարժատուներու տեղ: Ունեցանք նոյնիսկ մեծածախս թատերասրահներ, բուժարաններ եւ ակումբներ: Շինարարական այս թափը կը շարունակուի, եւ խոր գոհունակութեամբ կը հաստատէ իւրաքանչիւր հայ, թէ զոհողութեան եւ նուիրաբերումի առհաւական երակը ոչ միայն չէ ցամքած մեր ժողովուրդին մէջ, այլ նոր կենսունակութեամբ մը կը յորդի: Իրարու ետեւէ «ազգային բարերարներ» ի յայտ կու գան` պատկառելի գումարներ նուիրելով ազգօգուտ ձեռնարկի մը իրականացման համար:...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (7 Սեպտեմբեր 1968)

Աճապարե՛նք... Սարդարապատի յիսնամեակին առիթով, ազգային արժէքները իրենց բուն իմաստին մէջ գնահատելու նախանձախնդիր հայ մարդուն համար այս տարի կեանքը նուազ դառնալի եղաւ: Մեր մամուլին մէջ գուշակուած էր այս օրը: Ներկայ Հայաստանը չէր կրնար ուրանալ իր գոյութեան հիմնաքարը: Ու յիսնամեակին կատարուեցաւ երախտագիտական ծիսակատարութիւնը` պաշտօնական բերաններով ու ժողովրդական լայն զանգուածներու մասնակցութեամբ: Տրամագծօրէն մեզ հակառակ գաղափարախօսութեան մը ներկայացուցիչները յիսուն տարի ետք հանդիսաւորապէս հաստատեցին այն, որ առաջին օրէն լոյսի պայծառութեամբ ներկայացուած էր այս ճակատին վրայ, թէ` «Սարդարապատի ճակատամարտը բախտորոշ նշանակութիւն ունեցաւ հայ ժողովրդի, նրա ապագայ սերունդների համար, ... հայ ժողովրդի ազգային վերածննդի համար»: Դէպքերու մեկնաբանման մէջ հաստատուած այս ընդհանուր կարծիքը ընդհանուր ուրախութիւն մը յառաջացուց, որ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (6 Սեպտեմբեր 1968)

Թուրք Մամուլ  Ամերիկահայերուն Նպատակը «Կազմել Հայաստան Մը, Որ Իր Մէջ Առնէ Արեւելեան Անատոլուի Մեծ Մասը» Թուրքիոյ «Վարլըգ» գրական-գեղարուեստական հանդէսին մէջ Պոսթընի թղթակիցը` Պետիա Թուրկայ-Ահմատ, անդրադառնալով ամերիկահայերուն, կը գրէ ի միջի այլոց. Նիւ Եորք եւ Պոսթըն այն շրջաններն են, ուր ամէնէն շատ թիւով հաստատուած են ամերիկացի հայերը եւ բովանդակ Ամերիկայի մէջ ցրուած հայերը: Հայկական միութիւններ ստեղծուած են, որոնք ունին նպատակ մը, որուն համար տարիներէ ի վեր կ՛աւելցնեն իրենց անդամներուն թիւը եւ կ՛ուռեցնեն իրենց պիւտճէն: Այդ նպատակն է` վերակազմել Հայաստան մը, որ իր մէջ կ՛առնէ արեւելեան Անատոլուի մեծ մասը: Այս ուղղութեամբ անոնք կը հրատարակեն նաեւ Պոսթընի մէջ երկու թերթ («Հայրենիք, «Ա.»), որոնց...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (5 Սեպտեմբեր 1968)

Ճամբու Պատահական Նոթեր (Սեփական Թղթակցութիւն «Ազդակ»-ի) Մոնրէալի Ս. Յակոբ եկեղեցին եւ յարակից սրահը գնուած են 1960-ին: Նախաձեռնութիւնը կը պատկանի Յունաստանէն գաղթած հայերուն: Եկեղեցիին եւ սրահին շուրջ բոլորուած են Մոնրէալի կրօնական, մշակութային, կրթական եւ մարզական կազմակերպութիւնները: Քանատայի հայոց հոգեւոր հովիւն է Սուրէն վրդ. Գաթարոյեանը: Թեմը ենթակայ է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան: Ունի հոգաբարձութիւն մը` ատենապետութեամբ գաղութի հին, բայց եռանդուն եւ անձնուէր անդամներէն Երուանդ Բաստրմաճեանի: Եկեղեցին ունի նաեւ շաբաթօրեայ վարժարանի պատասխանատու խնամակալ մարմին մը: Դպրոցը ունի 5-13 տարեկան 240 աշակերտ: Կը դասաւանդուին` հայերէն, ազգային պատմութիւն, կրօն եւ աշխարհագրութիւն: Ուսուցչական կազմը բաղկացած է 7-10 հոգիէ, որոնք սիրայօժար յանձն առած են, ամէն շաբաթ, վերոյիշեալ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (4 Սեպտեմբեր 1964)

Ճամբու Պատահական Նոթեր (Սեփական Թղթակցութիւն «Ազդակ»-ի) Փարիզ, Մոնրէալ, Լոս Անճելըս, հուսկ, ուրեմն, Մեքսիքօ պիտի ըլլան ճամբորդութեանս գլխաւոր հանգրուանները, որուն ձեռնարկած եմ առաւելաբար ներկայ գտնուելու համար Մեքսիքոյի 19-րդ ողիմպիական խաղերուն: Յուլիսի վերջերս եւ ամբողջ օգոստոսին լոյս քաղաքը` Փարիզ, գրեթէ կը պարպուի: Մեծ վաճառատուները կը փակուին, գրեթէ աշխատանքները կանգ կ՛առնեն, ժողովուրդին համար «սաքրէ» դարձած, ինչպէս կը սիրեն ըսել ֆրանսացիները, համատարած արձակուրդով: Միայն օտար զբօսաշրջիկներ, մեծ տոկոսով ամերիկացիներ եւ գերմանացիներ, կը լեցնեն պատմական վայրերը, թանգարանները, ճաշարաններն ու հաճոյքի սրահները: Այս անբաղձալի մթնոլորտը աւելի ծանրացաւ վրաս, երբ Փարիզ հասնելուս տհաճ անակնկալը ունեցայ` լսելով նախ առողջական ծանր վիճակը մեծանուն եւ վաստակաւոր Շաւարշ Նարդունիի եւ երկու...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (3 Սեպտեմբեր 1968)

Ճամբու Պատահական Նոթեր  (Սեփական Թղթակցութիւն «Ազդակ»-ի) Փարիզ, Մոնրէալ, Լոս Անճելըս, հուսկ, ուրեմն, Մեքսիքօ պիտի ըլլան ճամբորդութեանս գլխաւոր հանգրուանները, որուն ձեռնարկած եմ առաւելաբար ներկայ գտնուելու համար Մեքսիքոյի 19-րդ ողիմպիական խաղերուն: Յուլիսի վերջերս եւ ամբողջ օգոստոսին լոյս քաղաքը` Փարիզ, գրեթէ կը պարպուի: Մեծ վաճառատուները կը փակուին, գրեթէ աշխատանքները կանգ կ՛առնեն, ժողովուրդին համար «սաքրէ» դարձած, ինչպէս կը սիրեն ըսել ֆրանսացիները, համատարած արձակուրդով: Միայն օտար զբօսաշրջիկներ, մեծ տոկոսով ամերիկացիներ եւ գերմանացիներ, կը լեցնեն պատմական վայրերը, թանգարանները, ճաշարաններն ու հաճոյքի սրահները: Այս անբաղձալի մթնոլորտը աւելի ծանրացաւ վրաս, երբ Փարիզ հասնելուս տհաճ անակնկալը ունեցայ` լսելով նախ առողջական ծանր վիճակը մեծանուն եւ վաստակաւոր Շաւարշ Նարդունիի եւ երկու...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (1 Սեպտեմբեր 1968)

Գրական Խնդիրներ Հինը Եւ Նորը Գրականութեան Մէջ Այս օրերս մեր մամուլն ու գրական շրջանակները զանազան առիթներով զբաղեցան այս հարցով: Ամէն հարցի պէս, այս մէկն ալ հակընդդէմ կարծիքներ եւ համոզումներ ստեղծած է իր շուրջը: Այն աստիճան այժմէական է խնդիրը, որ Երեւանի «Գրական Թերթ»-ը նոյնիսկ հարկ տեսած է հարցարան մը բանալու` «Ո՞րն է նորարարութիւնը պոէզայի մէջ»: Ինչո՞ւ եւ ի՞նչ առիթով կը ծնի գրական այս տագնապը: Վերջին տասնամեակին մանաւանդ առանձին հատորով կամ մեր պարբերական մամուլին մէջ յաճախակի դարձաւ հրատարակութիւնը այնպիսի բանաստեղծութիւններու, որոնց հիմնական յատկանիշը հանելուկային ըլլալն է: Եւ սովորութիւն եղաւ «պոէզայի մէջ նորարարութիւն» կոչել այն գրուածքները, որոնք կա՛մ բոլորովին անհասկնալի են, կա՛մ շատ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (31 Օգոստոս 1968)

Պատգամ նՈր լոյս ծագեց աշխարհին, ո՞Վ այդ արեւը բերեց: աՀա ոսկեայ մի արեւ` ճԱռագումով իր հրէ` աՅգաբացի պուրպուրէ նԺոյգների վրայ յեց` նՈր աշխարհին ու մարդուն յՂում է լոյս զուարթուն: նՈր աշխարհին ու մարդուն ո՛Վ բերեց լոյսն այս արթուն, օ՛, Ո՞Ւմ ձեռքով վառուեց, ո՞ւմ հՐակարմիր, հրավարս. աԴամանդեայ լոյսը այս: - կՔած կեանքի բեռի տակ, խՈր գերութեան ընդերքում, իՄաստութեան մի գետակ յԻմարութեան համերգում - քԱնի՜ տարի, քանի՜ դար վԿայեցիր անհերքում... աՓերին այն խաւարտչին ուՐ հայրենիքն էր մեր հին, - չԿա՞ր արդեօք գետ մի յորդ, վՈր գերութեան անհաղորդ` լոՒրթ` հոսելով դարից դար` մԹութեան մէջ այն յամառ աՅս այգաբացն էր կրում, հՈ՜Ւր այգաբացն այս...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (30 Օգոստոս 1968)

ՀՄԸՄ-ի Սկաուտներուն Միջմասնաճիւղային Բանակումը ՀՄԸՄ-ի սկաուտները մեծ շուքով եւ պատշաճ յարգանքով տօնակատարեցին իրենց կազմակերպութեան հիմնադրութեան յիսնամեակը` տարեկան ռալի-բանակումի ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ 20-25 օգոստոսին, Այնճարի մէջ եւ փակուեցաւ փառաւոր հանդիսութեամբ: Այս առիթով ՀՄԸՄ-ի Շրջանային սկաուտական խորհուրդը նիւթական ամէն դժուարութեանց առաջքը առնելով` բանակումին մասնակցելու հրաւիրած էր ՀՄԸՄ-ի բոլոր մասնաճիւղերը, որոնցմէ Յունաստան, Իրաք եւ Կիպրոս ներկայացուցիչներով եւ սկաուտներով ներկայ գտնուեցան բանակումին եւ իրենց մասնակցութենէն` անոնք առիթը ունեցան կատարելու պտոյտներ Լիբանանի տեսարժան վայրերը, ինչպէս` Պաալպէք եւ մայրիներու անտառը: Ռալի-բանակումը որոշուած էր կատարել Այնճարի մէջ` նկատի ունենալով շրջանի հայաբոյր մթնոլորտը: ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղի սկաուտները եւ անդամները ամէն ձեւով օժանդակեցին եւ յաւելեալ ճիգ կատարեցին, որ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (29 Օգոստոս 1968)

Զոհեր` Ոսկեզօծ Սուտերու Ռուսիոյ մէջ իրենց իշխանութիւնը հաստատելէ ետք, սովետները, առաջին օրէն, աշխարհի միւս ժողովուրդներուն փրկութիւն բերելու կարգախօսի մը կառչեցան եւ այդ ուղղութեամբ ձեռնարկեցին հսկայ քարոզչութեան մը: Նոյնը պարտադրուեցաւ նաեւ համայնավար օղակին մէջ առնուած տարբեր հայրենիքներու: Իրենց ենթակայ ժողովուրդները ճնշելով` հեռու հեռաւորներուն ազատութեան համար բարձրացուած այդ դիւրին աղաղակները բոլորովին ապարդիւն չանցան: Հեռուէն եկած թմբուկին անուշ ձայնը ունկնդիր ունեցաւ աշխարհի չորս ծագերուն: Ամէնուրեք գտնուեցան համայնավար փրկչական խոստումներուն հաւատք ընծայող մարդիկ, որոնց գլխուն, սակայն, ոչ միայն փրկութեան ծիածան չբացուեցաւ, այլեւ շատ բան վրայ տուին իրենց վարկէն: Նման դառնութիւններ քիչ ապրած չենք նաեւ մենք` հայերս, մեր կրօնական առաջնորդներուն ու մտաւորական ներկայացուցիչներուն հետ, անոնց...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (28 Օգոստոս 1968)

Կնոջ Մասին - Կիներու բոլոր տեսակի զառածումներուն մէջ պատասխանատուութեան կարեւոր բաժին մը ունին նաեւ այրերը: Նոյն իրաւունքներով ու պարտականութիւններով կինը կանգնած է ընկերութեան առջեւ, բայց այրը յեցած ֆիզիքական իր ուժին, մերժած է ճանչնայլ այդ իրաւունքները, ինչ որ անուղղակիօրէն խոցած է կնոջ արժանապատուութիւնը: Իր ազատութիւնը ձեռք ձգելու խոտորնակ գայթումները կնոջ` հետեւանք են յաճախ իր անհատականութիւնը վիրաւորող այրերու աններելի արհամարհանքին: - Մեր ռոմանթիք չափազանցութիւններն են, որ տուած են կնոջ բացառիկ զգայնութեան մը իրաւունքը, որ հասարակաց է երկու սեռերու համար: Հոն, ուր այրը կ՛ունենայ կթոտումներ եւ անոնց արդիւնք` մեղանչում, կրնայ կինն եւս ենթարկուիլ միեւնոյն շեղումներուն: Եթէ այրը կը վերածածկէ իր ապօրէն քայլերուն հետքերը...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (27 Օգոստոս 1968)

Մեր Հայրենիք Ուսուցչական Համագումար Կամքէ անկախ ուշացայ գրելու Հայաստանի ուսուցիչներու 3-րդ համագումարին մասին, որ տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ: Բ. համագումարէն մինչեւ Գ.ը` անցնող ութ տարիներու ընթացքին նկատելի փոփոխումներ արձանագրեց երկրի կրթական կեանքը: Նախ` նիւթական աւելի լայն միջոցներով օժտուեցան կրթական հաստատութիւնները: Մասնաւորապէս վերջին երեք-չորս տարիներու ընթացքին դպրոցները ստացան բնագիտութեան եւ տարրաբանութեան յատուկ սարքաւորումներ, աւելի քան հազար շարժանկարային գործիքներ, եօթը հարիւր յիսուն հեռատեսիլ, ութ հարիւր երիզագրող եւ այլն: Այժմ երկրի դպրոցներու թիւը հասած է 1596-ի, ուր կ՛ուսանին շուրջ վեց հարիւր հազար աշակերտ-աշակերտուհիներ: Իսկ ուսուցիչ-փրոֆեսէօրներուն թիւը բարձրացած է 28 հազարի: Ծանօթ է, որ Խ. Միութեան կրթական գործը եւս փոփոխումներու ենթակայ եղաւ պարբերաբար: Տնտեսութիւնը,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (21 Օգոստոս 1968)

Հայ Համալսարանական Ուսանողները Խօսքը սփիւռքի հայ համալսարանականներու մասին է: Գաղթաշխարհը հայ տարագիր բեկորներուն առջեւ բացաւ այլատեսակ մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութեանց լայն պատուհաններ: Անգլիա, Ֆրանսա, Գերմանիա, Միացեալ Նահանգներ, Քանատա, Հարաւային Ամերիկա, Միջին Արեւելք եւ դեռ ուրիշ վայրեր կրթական օճախներ կ՛ընծայեն մեր երիտասարդներուն` բարձրագոյն ուսման համար: Եթէ վիճակագրութիւն մը կազմուի, յստակօրէն երեւան պիտի գայ, որ համալսարան յաճախող հայ երիտասարդներուն թիւը երբեք այս համեմատութեան չէր հասած: Օրինակ մը տուած ըլլալու համար յիշենք Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը, ուր ամէն տարի կ՛ուսանին մօտ 500 հայ երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, այսինքն` ընդհանուր թիւին հարիւրին տասնհինգը: Մեր գաղութներու կեանքի պայմանները տարուէ տարի բարելաւուեցան, եւ տնտեսական ապահովութեան հետ բարձրագոյն ուսման կարելիութիւններն ալ աւելցան...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (20 Օգոստոս 1968)

Հակադրութիւններ Թուրքիոյ գաւառներուն մէջ ապրող մեր բեկորները, ապրելու իբրեւ վերջին կարելիութիւն, դէպի Պոլիս ուղղեցին իրենց ակնարկները ու երբեմն առանց հնարաւորութիւնները չափելու, առանց ապահովութեան որեւէ կռուան ունենալու` սկսան խուժել դէպի Պոլիս եւ խռնուիլ եկեղեցիներու դռներուն առջեւ: Երկու տարի առաջ աւելի լայն չափերու հասաւ այս շարժումը` ստիպելով մայր եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը, որ յանձնախումբ մը կազմէ չքաւոր եւ անոնք այդ խլեակներուն նախնական կարիքներուն հասնելու եւ բնակարան ու գործ հայթայթելու համար անոնց: Յանձնախումբը երկու տարուան իր գործունէութեան պատկերը ներկայացնող հաղորդագրութիւն մը հրատարակեց վերջերս, ուրկէ կ՛իմանանք, որ իր ստեղծած միջոցներով 100 ընտանիք, թիւով 518 անձեր ինքնաբաւ կեանք մը կը վարեն, «Որոնց մէջ 100 մանուկներ եւ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (18 Փետրուար 1958)

Գարեգին Եւ Արտաւազդ Եպիսկոպոսներու Այցելութիւնը Նանսենի Շիրիմին Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի չորրորդ ընդհանուր համագումարի աւարտին (Ուփսալա, 4-20 յուլիս), Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երկու պատգամաւորները` Գարեգին եպս. Սարգիսեան եւ Արտաւազդ եպս. Թրթրեան գեղեցիկ մտածումը ունեցան սկանտինաւեան երկրէն չմեկնիլ` առանց այցելելու Ի. դարու մարդկային պատմութեան ամէնէն ականաւոր դէմքերէն մեծ հայասէր եւ հայանուէր Ֆրիտիոֆ Նանսենի շիրիմին, որ կը գտնուի Օսլոյէն քիչ անդին, իր բնակարանի պարտէզին մէջ, որ այժմ Նորվեկիոյ համար դարձած է ազգային հաստատութիւն եւ սեփականութիւն: Յուլիսի 22-ի երեկոյին երկու սրբազանները Ուփսալայէն մեկնեցան Օսլօ եւ յաջորդ առաւօտ յատուկ ժամադրութեամբ այցելեցին պետական քարտուղարներէն Հենրիկ Պարկեմի, որ կրօնական եւ կրթական գործոց ընդհանուր քարտուղարն է, եւ անոր...

Կարդալ ԱւելինDetails
Page 18 of 69 1 17 18 19 69

Արխիւներ