Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (15 Օգոստոս 1968)

Օգոստոս 15, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նոթեր Եւ Նետեր

Շրջապտոյտ Չորրորդ 
  • Չեխոսլովաքիա

Փրակայի մէջ բացուած է նոր համալսարան մը` ուսուցանելու համար ընտիր ընկերվարութիւնը,  իրական ընկերվարութիւնը, որ մնայ անպղծելի:

Իբրեւ ուսանողներ` պետական ծախսով հրաւիրուած են Պրեժնեւը, Քոսիկինը, Փոտկորնին, Սուսլովը, Կրոմիքոն եւ բազմաթիւ ուրիշ համայնավար շէֆեր:

Դասընթացքը կը տեւէ տարի մը միայն: Յաջող քննութիւն տուողները պիտի արժանանան վկայականի:

Չեխոսլովաք բժշկապետ մըն ալ պատրաստած է ազատասիրութեան շիճուկը, որ օրական հինգ անգամ պիտի ներարկուի Քրեմլինէն եկած ուսանողներու երակներուն մէջ:

Յոյս կայ, որ այս միջոցներով ռուս շքախումբը կամ շէֆախումբը շոշորթը ունենայ հարազատ, ընտանի ընկերվարականի: Եթէ անշուշտ շէֆերը զիջանին դառնալ ուսանող:

Ընկերվարական զարգացումէ զատ, շէֆերը պիտի դաստիարակուին, որպէսզի գոնէ մասամբ մարդկային դառնան:

Իբրեւ ուսանող` պիտի հրաւիրուի նաեւ Մաօ Ցէ Թունկ, որպէսզի զարգանայ ու դաստիարակուի` իր գաղափարակից հակառակորդներուն հետ նստելով կողք կողքի:

Համալսարանը պիտի ունենայ նաեւ նախապատրաստական դասընթացք մը, ուր աշակերտելու պիտի հրաւիրուին թուրք պետական անձերը` ստանալով նաեւ անհրաժեշտ ներարկումները, յանուն դաստիարակութեան, մասնաւորապէս` ճշմարտախօսութեան:

  • Ֆրանսա

Էտմոն Շըվալիէ անուն փրոֆեսէօր մը աշխատասիրած է նոր բառարան մը` բառերուն տալով իրենց արդիական իմաստները:

Ահաւասիկ քանի մը նմուշներ.

Յեղափոխական: Մարդ մը, որ կողմնակից է բռնակալութեան:

Հակայեղափոխական: Մէկը, որ կը պայքարի բռնակալութեան դէմ:

Խենթանոց: Բազմաթիւ երկիրներու համար կը նշանակէ խենթերը կրկնապէս խենթեցնելու համար հիմնուած հաստատութիւն: Իսկ

Խորհրդային Միութեան մէջ կը նշանակէ` մտաւորականներու չարչարալից հանգստեան տուն:

Ազատագրել: (Այս բառին բացատրութիւնը տաղաչափութեամբ տրուած ըլլալով` մենք ալ կը թարգմանենք տաղաչափեալ):

– Երկրի մ՛օդին մէջ «Մեծ Ազատութիւն»-ը արձանագրել.
Բայց վերէն, վարէն երկիրն այդ գերել,
Երկիրը պարտի սովետ վարչութեան խիստ լուծը կըրել:
Փորով կէս նօթի ճառել ու պարել:

  • Բոլոնիա

Բազմաթիւ բոլոնիացիներ, նման` առաջին դարերու քրիստոնէից, գետնափոր վայրերու մէջ կը կատարեն արարողութիւններ:

Բազմաբիւր հաւատացեալներ կը յաճախեն այդ գաղտնի աղօթատեղիները, ուր կը խմբերգեն նոր աղօթքներ, որոնցմէ մէկուն տաղաչափեալ թարգմանութիւնը ահաւասիկ.

– Ազատագրողէն ազատէ՜ մեզ, Տէ՛ր
Դեւն է դըժոխոց, որ մեր մէջ մտեր`
Մեզ կը կաշկանդէ, հոգի կը քանդէ,
Եւ կ՛ուզէ, որ Քեզ ալ ուրանանք դեռ…
Ազատեա՜ մեզ, Տէ՛ր, դըժոխոց արքան
Եղած է փրկի՜չ, ընկերվարակա՜ն…
Եղբայր եղբօր դէմ մեզ կը խռովէ,
Եւ ընկերաբար մեզ կը խորովէ…
Ո՜վ Տէր, «մարդասէր» Չարէն մեզ զատէ,
Մուրճէն, մանգաղէն ընդմիշտ ազատէ…

  • Հունգարիա

Հունգար բանաստեղծ Եան Եանոս գրած է ազգային պոէմա մը, որ կը սկսի սապէս.

– Մենք հունգարներս` հերոս անձինք,
Սրտմտութեամբ սերմը առատ մե՛նք ցանեցինք.
Ոռոգեցինք մեր արիւնով… Սակայն հողէն
Հասած բերքը ուրիշներն են որ կը քաղեն..

Եան Եանոս բանաստեղծը իր պոէման ղրկած է արտասահման, տպուելու համար: Իսկ բանաստեղծը հիմակուց ինքնաբերաբար մտած է խենթանոց մը` սովետ իշխանութեան անելիք չձգելով:

  • Թուրքիա

Պոլսահայ չորս վարժարաններ (Էսայեան, Ս. Խաչ դպրեվանք, Կեդրոնական եւ Մխիթարեան) կազմակերպած են գիտական մրցում մը, որ տեղի ունեցած է Կեդրոնական վարժարանի մէջ:

Փափաքելի է, որ մրցման մասնակից վարժարաններուն վրայ աւելնան ուրիշներ ալ (մանաւանդ` աղջկանց դպրոցներ), եւ մրցման նիւթը ըլլայ հայերէնը. արագ ու լաւ կարդալ, անսխալ գրել, քերականութիւն, շարադրութիւն, ինչպէս նաեւ հայերէն արտասանել, խօսիլ, ճառել ու պատմել:

Եւ տեսնել, թէ Պոլսոյ հայ աշակերտութիւնը հայերէնի մէջ ի՛նչ աստիճաններու վրայ կը գտնուի ներկայիս:

Պարկեշտ հայուն աւագ գիտութիւնը հայերէն գիտնալն է:

Հայ վարժարանները ատոր համար հիմնուած են:

Մեր շրջանին, նախակրթարանէ վկայուած աշակերտ մը ի վիճակի էր մտնելու երկրորդական վարժարան

Իսկ մենք ճանչցանք իսթանպուլահայեր, որոնք նախակրթարանը աւարտած են ու կրնան կրկին եւ անմիջապէս մտնել մանկապարտէզ:

ՆՇԱՆ ՊէՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Ափըլ» Յայտարարած Է, Որ «Այֆոն»-ը Օգտագործողներու Ձայնը Չ՛արձանագրեր Առանց Անոնց Գիտութեան

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?