Թել-Աւիւ Կը Հաստատէ
Դամասկոսի Բացատրութիւնը
Սուրիացի Երկու Օդանաւորդները Սխալմամբ
Իջած Են Իսրայէլ. Կը Կարծէին, Թէ Լաթաքիա Են
Սուրիացի երկու օդաչուներուն հարցաքննութեան մասին երէկ իրիկուն պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրատարակուեցաւ Իսրայէլի մէջ: Հաղորդագրութիւնը կը յայտնէ, թէ երկու օդաչուները սխալմամբ իջած են Իսրայէլ:
Նոյն հաղորդագրութեան համաձայն, օդաչուները ըսած են, թէ իրենք կը կարծէին Լաթաքիա իջած ըլլալ:
Ըստ պետական ձայնասփիւռին, էջքէն ետք, օդաչուներուն քով փութացած է մարդ մը, որ արաբերէնով յայտած է, թէ Իսրայէլ իջած են: Օդաչուները կարծած են, թէ մարդը լիբանանցի է ու զիրենք կը ծաղրէ:
Ամէն պարագայի, սուրիական երկու «Միկ»-երը ներկայիս կը գտնուին իսրայէլեան խարիսխի մը մէջ, ուր փոխադրուած են երէկ գիշեր:
Իսրայէլացիք կը յայտարարեն, թէ «Միկ»-երու խնդիրը ոչ մէկ կապ ունի Պոյինկի խնդիրին հետ եւ կարելի չէ զանոնք փոխանակել:
Իսրայէլեան մամուլը ընդհանրապէս կը բաժնէ օդաչուներուն սխալած ըլլալու տեսակէտը, բայց կ՛ընդունի, որ խնդրին մէջ խորհրդաւոր բան մը կայ:
«Տաւար» թերթը կը գանգատի, որ իսրայէլեան իշխանութիւնները կ՛ուշացնեն մանրամասնութիւններու հրատարակութիւնը: «Հաարեց» դիտել կու տայ, թէ այդ ուշացումը դիտումնաւոր է:
Յիշեցում
Պատին Մարդը
Եօթը տարի առաջ, այսօր, պատ մը բարձրացաւ քաղաքի մը սրտին վրայ: Անխնայ` երկուքի բաժնեց Գերմանիոյ երբեմնի մայրաքաղաքը: Պատին տրուեցաւ անուն մը, կոչուեցաւ ԱՄՕԹի պատ, իսկ հեղինակը պատմութեան պիտի անցնի ապահովաբար ՊԱՏԻՆ ՄԱՐԴԸ անունով:
Այդ մարդը արեւելեան Գերմանիոյ համայնավար կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ուալթըր Ուլպրիխթն է, որ երկու օր առաջ սառն ընդունելութեան մը արժանացաւ Չեխոսլովաքիոյ մէջ:
Ու չէր կրնար տարբեր ըլլալ: Ուլպրիխթ կը ներկայացնէ այն բոլորը, որոնցմէ ընդմիշտ ձերբազատիլ կ՛ուզէ ազատատենչ ժողովուրդ մը: Պատին մարդն է ան, համայնավար «դրախտին» սահմանները երկու ուղղութեամբ գոցելու ստալինեան ախորժակներ սնուցանող անձ մը, որ դժուար կը հաշտուի ընկերվարական աշխարհը ներկայիս ալեկոծող մարդկային խնդիրներու գոյութեան իրաւունքին հետ:
Այդ խնդիրները սեղանի վրայ են այսօր: Կա՛ն: Կայ նաեւ պատը: Բայց մէկը կամ միւսը դատապարտուած են անհետանալու: Ազատութեան հովը, որ կը փչէ արեւելեան Եւրոպայի վրայ, անպայմանօրէն պիտի խորտակէ ամէն թումբ, որքան ալ պեթոնակազմ ըլլայ ան, որքան ալ հսկողութեան աշտարակներ ցցուին անոր երկայնքին:
Եօթը տարի շարունակ, պատը իր զոհերը ունեցաւ: «Շատեր «Մահ կամ ազատութիւն» նշանաբանով փորձեցին անցնիլ սահմանին միւս կողմէ: Ոմանք յաջողեցան, ուրիշներ ինկան գնդակներու տակ: Բայց ինկողներուն դառն ճակատագիրը երբեք արգելք չեղաւ նորանոր փորձերու` մղուած ազատութեան նոյն ծարաւէն:
Ուլպրիխթները արկածներ են ժողովուրդներու կեանքին մէջ: Հիթլերական Գերմանիան ժամանակին սատրապներով կը վարէր իր գրաւման ենթակայ երկիրները: Քիսլինկ կոչուեցան անոնք, իրենց նախատիպարին անունով: Հիմա ուրիշ սատրապ մը կը տիրապետէ արեւելեան Գերմանիոյ մէջ: Պատմութեան բոլոր սատրապներուն ճակատագիրը եղած է նոյնը, արհամարհելի եղած են տիրապետողներուն, ատելի` ենթակայ ժողովուրդներուն:
Ուլպրիխթ, որ ԱՄՕԹ-ի պատին յղացումին մէջ անպայման որ բերած է եռանդի իր բաժինը, անկախ` Քրեմլինի նոյնիմաստ տրամադրութիւններէն, անհետ պիտի չկորսուի սակայն պատմութեան բեմէն: Իր անունը պիտի յիշուի իբրեւ ՊԱՏԻՆ ՄԱՐԴԸ, մարդկային ազատութիւնները կաշկանդելու անզօր փորձերուն վերջինին, ամէնէն ծիծաղելիին ու ամէնէն եղերականին հեղինակը:
Ու ատիկա բաւական պիտի ըլլայ իրեն… իբրեւ պատիժ:
Տ. Ո.