«Լը Տըւուար» Թերթը`
Հայաստանի Անկախութեան Մասին
Ցեղասպանութենէն` Անկախութիւն
Թուրքերը բնաւ նպատակ չունենալով իրենց իշխանութեան տակ ապրող հայերուն ազատութիւն թոյլատրել, 1915-ին, օգտուելով Ա. Աշխարհամարտէն, նախաձեռնութեամբը օրուան իշխանութեան տէր երիտասարդ թուրքերուն, կազմակերպեցին սառնասիրտ ու համակարգուած բնաջնջումը Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրող հայերուն: Ասիկա ժամանակակից պատմութեան առաջին կազմակերպուած ու սառնօրէն իրագործուած ցեղասպանութիւնն էր, քաղաքակիրթ 20-րդ դարուն մէջ: Երկուքուկէս միլիոն բնակչութեան վրայ 1,5 միլիոն հայեր կորսուեցան` ձեռամբ աշխարհազօրաց ու զինուորներու, որոնք իրենց հրահանգը կը ստանային ուղղակի Կոստանդնուպոլիս նստած կեդրոնական կառավարութենէն: Թուրք բնակչութիւնը ընդհանրապէս մասնակցեցաւ կողոպուտներուն եւ փոքր երեխաներու ու երիտասարդ կիներու առեւանգումին: Այն գաւառական կառավարիչները, պաշտօնեաներն ու անձերը, որոնք մարդասիրական զգացումներէ մղուած մերժեցին հնազանդիլ կառավարական հրամաններուն, խստօրէն պատժուեցան ու փոխարինուեցան հլու ծառայողներով:
Անպատժելիութիւնը որմէ օգտուեցաւ այս առաջին ցեղասպանութիւնը, անկասկած քաջալերեց կազմակերպումը դարուս երկրորդ ցեղասպանութեան, որ կազմակերպուեցաւ Հիթլերի կողմէ, 22 օգոստոս 1939, իր զինուորական պետերուն յայտարարելով Լեհաստանի դէմ պատերազմին թուականը:
«Մեր ուժը պէտք է կայանայ մեր արագութեան ու վայրագութեան մէջ: «Էս-էս»-ական զօրաբաժիններուն հրամայեցին լեհական ճակատ երթալ ու անխճղօրէն սպաննել մարդ, կին ու երեխայ: Այսօր ո՞վ կը խօսի հայոց բնաջնջումին մասին», կ՛աւելցնէր այս նախադասութիւնը իր ենթականերուն խղճմտանքը հանդարտեցնելու համար Թուրքերը, ուրեմն, ջարդեցին արեւմտահայերը: Ամբողջ ազգին կէսը: Բարեբախտաբար միւս կէսը կը բնակէր սահմանին միւս կողմը` Արեւելեան Հայաստան:
Ջարդերէն ճողոպրողները ապաստանեցան ասպնջական երկիրներ, ինչպէս` Ֆրանսա, Մ. Նահանգներ, Լատին Ամերիկայի զանազան երկիրներ, Մերձաւոր Արեւելքի արաբական երկիրները, Յունաստան, Պարսկաստան, ուրիշներ անցան Արեւելեան Հայաստան, ուր եւ հայոց այս միւս կէսն ալ բնաջնջել փափաքող թրքական բանակներուն յարձակումները ետ մղեքէ ետք, հռչակուեցաւ հայկական անկախ հանրապետութեան ստեղծումը, 28 մայիս 1918-ին, որուն յիսնամեակը կը տօնեն հայերը այս տարի:
Վաղանցուկ Ազատութիւն
Այս անկախութիւնը հռչակուած էր դժուարին պայմաններու մէջ, ինչպէս տեսանք, ու նոր հանրապետութեան պատասխանատուները պիտի դիմագրաւէին ամէն տեսակ ծանր խնդիրներ:
Նախ ու ամէն բանէ առաջ երկրին սահմանները վերածուած էին նուազագոյնի, տնտեսական ու ճարտարարուեստական հնարաւորութիւններ ընծայող շրջանները կը մնային թուրքերուն ձեռքը:
Յետոյ, ջարդերէն հրաշքով պրծած ապաստանեալները եկած էին աւելնալու կովկասեան ճակատին վրայ ռուսերուն մղած պատերազմին մասնակցելու ճիգէն տնտեսապէս ու զինուորապէս տկարացած բնակչութեան: Այս տկարացումը անոր համար, որ ցարերու Ռուսիան որեւէ ճիգ չէր ըրած արժեւորելու իր նախկին նահանգ Հայաստանը:
Հակառակ բոլոր այս դժուարութեանց` նոր հանրապետութեան իշխանաւորները ամէն ջանք կատարեցին կարելի եղածին չափ կազմակերպելու համար երկիրը, երկուքուկէս տարուան մէջ: Սակայն այս անգամ Կարմիր բանակի զօրաբաժիններն էին, որ յարձակեցան ու գրաւեցին երիտասարդ հանրապետութիւնը, ինչպէս ըրած էին Ուքրանիոյ Վրաստանի եւ ուրիշ նախկին ռուս կայսրութեան հանրապետութեանց վերաբերմամբ: Այսպէս է, որ 1920-ի վերջերը կատարուեցաւ Հայաստանի Համայնավարացումը: Այժմ Խորհրդային Հայաստանը, նախկին Արեւելեան Հայաստանը, Խորհրդային Միութեան Ընկերային Խորհրդային 15 հանրապետութիւններէն մէկն է:
Բայց ասիկա իսկական Հայաստանի մէկ փոքր մասն է միայն: Ու սփիւռս աշխարհի ցրուած հայերուն երազած ազատ Հայաստանը չէ: Այս վերջինները, որոնք 1915-ի ջարդերէն վերապրած առաջին եւ երկրորդ սերունդներուն ուղիղ շառաւիղներն են, եւ որոնց թիւը կը հասնի չորս ու կէս միլիոնի` ամբողջ աշխարհի մէջ, չեն հրաժարած իրենց իրաւունքէն, Արեւմտեան Հայաստանի իրենց հողերէն, որոնք այսօր բռնագրաւուած են թուրքերէն` հակառակ 1920-ի Սեւրի դաշնագրի տրամադրութեանց:
Ինչ կը վերաբերի միջազգային դիւանագիտութեան, Հիթլեր գուցէ իրաւացի էր. իսկապէս, դիւանագիտական շրջանակներուն մէջ այսօր ոչ ոք կը խօսի հայերու ջարդին եւ իրենց հողային իրաւունքին մասին: Բայց ան մեծապէս կը սխալէր սփիւռքի հայութեան մասին: Ամէն հայ, ո՛ւր որ ալ գտնուի այս լայն աշխարհին մէջ, իր սրտին խորը կը պահէ իր նախնեաց պատկանած հողամասը:
1915-ի ջարդերու վերյուշի եւ 1918-ի անկախութեան հռչակումի այս օրերուն, Արեւմտեան Հայաստանի նախկին բնակիչներուն շառաւիղները, վերածուած երկրորդ թափառական ժողովուրդի մը, կը վերականգնեն իրենց ուխտը` ուշ կամ կանուխ տիրանալու իրենց իրաւունքներուն:
ԹԱՐԳ. Պ. Թ. Մ.
(Շար. 2 եւ վերջ)
Կարեւոր Նուիրատուութիւն Մը
Պր. Գէորգ Կարմիրեան 50.000 Լ.Ո.
Կը Նուիրէ Համազգայինին
Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ ծանօթ ազգային պր. Գէորգ Կարմիրեան 50.000 լիբանանեան ոսկի կը նուիրէ Համազգային մշակութային միութեան` յատկացուելու համար Արեւմտեան Հայաստանի պատմական յուշարձաններուն նուիրուած գեղատիպ ալպոմի մը հրատարակութեան:
Համազգայինի տրամադրութեան տակ են Հայաստանի պատմական յուշարձաններու կամ անոնց մնացորդներու բազմահարիւր գեղարուեստական նկարներ` առնուած վերջին տարիներուն ընթացքին: Ալպոմի հրատարակութեամբ, հնարաւոր պիտի ըլլայ հայ եւ օտար ժողովուրդներուն ծանօթացնել մեր ճարտարապետական կոթողները, եւ անոնց ներկայ վիճակին պարզումով` ակնյայտ դարձնել նաեւ վերջին յիսնամեակի ճարտարապետական եղեռնը:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԿԵԴՐ. ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ