Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (11 Օգոստոս 1968)

Օգոստոս 11, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լենին Երազեց` Ստալին Իրագործեց
Խորհրդային Կայսերապաշտութիւնը

Չեխոսլովաքիոյ այժմու քաղաքական ղեկավարներէն փրոֆ. Էտուար Կոլտըշթոկըր, պատասխանելով արաբ լրագրող Ապտիւլ Քերիմ Ապու Նասըրի հարցումներուն, ըրած է հետեւեալ յայտարարութիւնները.-

Խորհրդային քաղաքականութիւնը կը շարունակէ մնալ ստալինեան, հակառակ անոր որ 12 տարի անցած է ստալինեան հետքերուն ջնջուելէն ի վեր: Մոսկուայի լեզուն տակաւին ստալինեան է: Մոսկուան ընկերվարական երկիրներուն չ՛ըսեր, որ հաւատարիմ պիտի մնաք ընկերվարութեան, այլ կ՛ըսէ` հաւատարիմ պէտք է մնաք Խորհրդային Միութեան, ինչ որ կը նշանակէ, թէ ընկերվարութիւնը Մոսկուան է: Կը նշանակէ նաեւ, որ Չեխոսլովաքիոյ շահերը, ամէն բանէ առաջ, Խորհրդային Միութեան շահերն են:

Մեր միջեւ յառաջացած տագնապը տեսակէտի եւ մտածելակերպի անկախութեան տագնապն է խորքին մէջ:

Խորհրդային Միութիւնը չէ՛ յեղափոխական այն երկիրը որմէ յեղափոխութիւն կը տարածուի արար աշխարհին, ինչպէս կ՛ենթադրէր Լենինը: Այլ կայսերապաշտութիւնը կը տիրէ հոն, որ սկսաւ Լենինով եւ արմատացաւ Ստալինով: Կայսերապաշտական այս ոգին Խորհրդային Միութեան մէջ սպաննեց յեղափոխութիւնը: Քրեմլինի իշխանաւորները կը կարծեն, թէ «Մարքսեան աւետարանին» ժառանգորդներն են, եւ իրենք են միայն անոր հաւատարիմ պահակները:

Ընկերվարական երկիրներու միջեւ անկախ կարծիք ունենալը Մոսկուայի համար ընդունելի չէ: Չեն կրնար երեւակայել, որ իրենց չափ ընկերվարութեան կը ծառայեն Թիթոն, Տիւպչեքը եւ Կեւարան: Խորհրդային Միութիւնը ինքզինք մեծ կը տեսնէ, կայսերակա՛ն է իր ոգիով: Ահա այս է բարդոյթը` ինքնիր հետ եւ ուրիշներուն հետ:

Լենինի Երազը

Լենին իր ուղեղին մէջ ունէր խորհրդային կայսրութեան երազը: Սակայն ան նախ հետեւեցաւ ներքին կայսրութեան հաստատումին, որովհետեւ պոլշեւիկնեան յեղափոխութեան առաջին տարիները արտաքին ծաւալումին ձեռնտու չէին: Ասով հանդերձ, ներքին կայսրութեան աշխատանքներուն կողքին, Լենին չմոռցաւ նաեւ արտաքինը: Անոր արտաքին ռազմավարութեան հիմնական երկու սիւներն էին.

ա) Դրամատիրական երկիրներուն հետ երկերեսանի քաղաքականութիւն: Մէկ կողմէ ան հաստատեց «Քոմինթերն»-ը, որուն ծրագիրն էր տապալել դրամատիրական կառավարութիւնները, միւս կողմէ` հաստատեց «Նարքօ Մենտել»-ը, որուն գործն էր առեւտրական կապեր հաստատել  դրամատիրական երիրներուն հետ:

բ) Յեղափոխական կառավարութեան ապահովութեան համար Լենին որդեգրեց հակառակորդ եւ թշնամի երկիրներու մէջ խառնակչութիւններ եւ հակառակութիւններ ստեղծելու սկզբունքը:

(Այս սկզբունքին հետեւեցան յեղափոխական երկիրներուն մեծ մասը, նոյնպէս` արաբական երկիրները):

Այս երկու հիմնական ուղեգիծերու վրայ, արտաքին քաղաքականութեան մէջ, Լենին ռազմավարութիւններ կատարեց: Ստեղծեց խորհրդային քաղաքականութեան համար քարոզչական մեքենայ մը` արտաքնապէս ցոյց տալու համար, որ Խորհրդային Միութիւնը խաղաղասէր է եւ կը բաղձայ միա՛յն խաղաղութիւն:

Լենին մեծ ուժ տուաւ դիւանագիտութեան եւ զայն գործածեց իբրեւ շլացուցիչ պատկեր եւ խնդացող դիմակ մը: Այս ժպտուն դիմակը` պէտք էր խորհրդային կայսրութեան, բայց ո՛չ` խորհրդային յեղափոխութեան: Լենին իր ժամանակին մէկ կարեւոր մասը յատկացուց կազմակերպելու համար խորհրդային դիւանագիտական մեքենան: Ան ճարտարօրէն կրցած էր ուսումնասիրել եւ վերահասու ըլլալ ցարական իշխանութեան, թշնամի երկիրներու հետ ստորագրած գաղտնի դաշնագրերուն:

Դիւանագիտութեան զէնքին նկատմամբ Թրոցքին շատ խանդավառ չէր: Երբ արտաքին գործոց նախարար էր, աւելի հաւատք ունէր յեղափոխութեան վրայ:

Կայսերապաշտութիւնը Լենինին հետապնդած երազն էր, որ իրականացաւ Ստալինի ձեռամբ:

Լենինի մահէն ետք (1924) Ստալին սպասեց յարմար առիթի` կայսերապաշտական ծրագրին գործադրութեան համար:

Արդարեւ, այդ առիթը ներկայացաւ, երբ պայթեցաւ Բ. Աշխարհամարտը: Հիթլերի հետ կնքած զինակցութեան դաշինքը իրեն համար դիւանագիտական պաշտպանողական մը չէր, այլ` յարձակողական: Չձախողեցաւ ծրագիրը, եւ իրականացաւ ծաւալապաշտական ծրագիրը, որ երազն էր Լենինին:

Հիթլերի դէմ յաղթանակը շահելէ ետք, 1945-ին, հանդէսի մը մէջ, Ստալին երբ կը խմէր խորհրդային արտաքին գործոց նախարարին կենացը, ըսաւ անոր. «Մի՛ մոռնար, որ արտաքին քաղաքականութիւնդ երբ յաջող է, այդ աւելի կ՛արժէ, քան` ճակատի վրայի երկու կամ երեք զօրաբաժինները»:

Ստալին 4 փետրուար 1945-ի Եալթայի ժողովին մեծապէս օգտուեցաւ դիւանագիտական խաղերէն: Յաջողեցաւ Եւրոպայի մէջ տիրանալ ազդեցութեան ընդարձակ գօտիի մը:

Ենթակայ երկիրներու մէջ Ստալին գործածեց նացիական բառարանը: Ստալինի համար շատ հաճելի էր գերմաներէն Gleichschaltung բառը, որ կը նշանակէ` յաղթականը կը պարտադրէ իր օրէնքը:

Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներուն տիրելէ ետք Ստալին անոնցմէ պահանջեց, որ հաւատան միա՛յն Խորհրդային Միութեան, պահանջեց նաեւ տեսակ մը պաշտամունք` հանդէպ Խորհրդային Միութեան: Պահանջեց, որ Արեւելեան Եւրոպան ըլլայ իր հնազանդ ստրուկը, գործադրէ իր հրահանգները եւ քմահաճ կարգադրութիւնները: Ինք միայն, մինակը կը տեսնէր ճիշդը, իրաւը, արդարը եւ ուղիղ ճամբան: Եւրոպայի մէջ իրեն ընդդիմացաւ միայն Թիթոն, որ մերժեց պաշտել Խորհրդային Միութիւնը, մերժեց անձի պաշտամունքը:

Ստալին զոհ չեղաւ բնաւ: Օր մը, ան ըսաւ Խրուշչովին. «Ճկոյթ մատս, որ շարժեմ, կը փոշիացնեմ, ինչ որ Թիթօ կը կոչուի: Վար պիտի առնեմ այդ մարդը»:

Ստուգիւ, Ստալին փորձեց վար առնել Թիթոն եւ Եուկոսլաւիան վերածել իրեն հլու արբանեակ: 1948-ին փորձեց զինուորական յեղաշրջում մը, բայց ձախողեցաւ: Գործադրեց ճնշումներ, ինչպէս` սահմանային խռովութիւններ եւ քարոզչական յարձակումներ: Ամբաստանեց Թիթոն թէ Հիթլերի գործակալ է, ըսաւ, որ թրոցքիստ է, եւ ըրաւ այլ զրպարտութիւններ: Փորձեց տնտեսական պաշարում, այդ ալ ձախողեցաւ: Բոլոր դաւերը յօդս ցնդեցան: Գնաց Ստալին, մնաց Թիթոն:

ԹԱՐԳՄ. Ն. ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ջուրի Սակաւութեան Դէմ Պայքարելու Համար

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?