Մեր Կորուստները
Ռուբէն Դարբինեան
Ռուբէն Դարբինեան, որ վերջերս անդարձ բաժնուեցաւ մեզմէ, հայ հրապարակագրութեան կեդրոնական սիւներէն էր: Անոր ձայնը գրեթէ ամէն օր անխափան կը հնչէր Ամերիկայէն եւ կ՛արձագանգէր գաղութէ գաղութ: Եւ ասիկա` մօտ կէս դարէ ի վեր, անսպառ կորովով:
Մեր սերունդը ծանօթ չէ Ռ. Դարբինեանի նախապատերազմեան գրական եւ քաղաքական գործունէութեան, բայց վերջին քառասնամեակին իր տուածն ալ բաւական է, որպէսզի յարգանքով խոնարհինք այս բազմաշխատ մշակի վաստակին առջեւ:
Ռ. Դարբինեանին անունը անբաժան կը մնայ «Հայրենիք» ամսագրերու կոթողական գործէն, որուն հիմնադիրը եւ ճարտարապետը եղաւ ինք` գրական ապահով ճաշակով մը վարելով անոր խմբագրութիւնը մինչեւ իր մահը: «Հայրենիք»-ի հաւաքածոն հարիւրաւոր հատորներու կը հասնի եւ ամբողջ մատենադարան մը կը լեցնէ: Սփիւռքի ստեղծագործած գրականութեան խոշոր մէկ մասը` վէպ, պատմուածք, բանաստեղծութիւն, յուշագրութիւն, ուսումնասիրութիւններ, այդ հատորներուն մէջ ամփոփուած կը գտնենք: Որքան ալ քիչ ըլլայ հոն խմբագրի գրիչին բաժինը, ամսագիրներու անսպառ նիւթը ամբողջութեամբ Ռ. Դարբինեանին ձեռքէն է անցած: Պատասխանատու եւ ծանր աշխատանք, որուն փայլուն յաջողութիւնը անկորնչելի փառք մըն է արդէն գրական մարզի մէջ:
Բայց Ռ. Դարբինեան իր բուն կոչումը յայտնաբերեց հրապարակագրութեան մէջ: Սովորական իմաստով լրագրող մը չեղաւ, որոնք օրուան դէպքերուն հետ կը քալեն` մանր խնդիրներ մեկնաբանելով եւ պատահական երեւոյթներու շրջապտոյտին մէջ կորսուելով: Վերլուծող միտք` ան գիտցաւ առօրեայէն վեր բարձրանալ եւ համադրող նայուածքով մը ընդգրկել ընդարձակ հորիզոններ:
Կարելի չէ անշուշտ հրապարակագրութիւնը բոլորովին անջատել ժամանակաշրջանի մը իրադարձութեանց եւ գաղափարներու յորձանքէն: Ընդհակառակն, հրապարակագրութեան էութիւնն իսկ կը պարտադրէ, գրական որեւէ սեռէ աւելի, «ժամանակի՛ շունչը» դառնալ եւ օրը օրին ապրիլ բազմութիւններու ընդհանրական մտահոգութիւններով: Միայն թէ երկու ձեւ կայ հանրային կեանքի մեծ հեւքին հաղորդակից դառնալու, ոմանք գրիչ կը շարժեն իբրեւ մէկ ալեակը ամբոխային տրամադրութիւններու մեծ ալեկոծութեան, ուրիշներ այդ գրիչը կը դարձնեն ամբոխներ վարելու եւ դաստիարակելու հզօր զէնք:
Ռ. Դարբինեան այս վերջիններէն էր:
Ամէն բանէ առաջ ան տէր էր ընկերային հաստատուն դաւանանքի մը, գաղափարական կողմնացոյցի մը, որուն սլաքը չազդուեցաւ երբեք դէպքերու յարաշարժ վերիվայրումէն: Տեսակէտ եւ համոզում ունեցող գրող մըն էր եւ գիտէր զանոնք պարզել բոլոր հովերուն դէմ: Դէպքերու ընթացքը եւ արժէքը կը դիտէր որոշ տեսանկիւնէ մը եւ այդ համոզումով ալ կը լուսաւորէր երեւոյթները: Քաղաքական կեանքը իր աչքին գաղափարական կառոյցի մը մէկ օղակը կը կազմէր: Այդ պատճառով ալ քաղաքական հարցերը փոխանակ իր գրչին տակ իյնալու պատահական ձեւի տակ, կը վերածուէին դրութիւններու` համապատասխան եզրակացութիւններով: Ընկերային իր դաւանանքը, որ դաւանանքն էր ՀՅ Դաշնակցութեան, պատուանդան կը դառնար իր բոլոր տեսութիւններուն:
Ռ. Դարբինեանին երկրորդ արժանիքը, իբրեւ հրապարակախօս, իր անկեղծութիւնն էր: Մտածածը ամբողջութեամբ եւ իր բովանդակ մերկութեամբ յայտնելու անկեղծութիւնը: Ընդվզում առաջ բերելու գնով Ռ. Դարբինեան հետամուտ եղած է միշտ իր տեսակէտները հրապարակելու` առանց դիւանագիտական դարձուածքներ գործածելու: Իր մտածման անկախութեան նախանձախնդիր մէկն էր` անզիջող մոլեռանդութեամբ:
Արդարեւ, մոլեռանդ մըն էր, այսինքն` մտածումները ապրող մը եւ գաղափարներուն հաւատացող: Ահա թէ ինչո՛ւ իր խօսքին շեշտը հատու եղած է միշտ: Հրապարակագիրն ալ նման է հոգեւոր քարոզիչին, որուն խօսքը պէտք է սնանի հաւատքին հուրով, որպէսզի բազմութիւններ քաշէ իր ետեւէն: Ռ. Դարբինեան ամբողջ կէս դար այսքան յարատեւութեամբ գրիչ պիտի չշարժէր ազգային եւ միջազգային հրատապ խնդիրներու համար, եթէ չահաւատար իր որդեգրած սկզբունքներուն:
Որոնող, դատող ու տագնապող միտք մը կար Դարբինեանին մէջ, որ հակառակ տարիներուն` թարմ ու կենսունակ մնաց: Կրնայ ըլլալ, որ իր կարծիքները երբեմն այլամերժ ծայրայեղութիւններու հասան: Ո՞ր համոզումը այդպէս չէ, երբ հաւատքի կը փոխուի մարդուս մէջ: Էականը այն է, որ Ռ. Դարբինեանի հոգին լեցուած էր ընկերային եւ քաղաքական կեանքը յուզող խնդիրներով, որոնց հաղորդակից դարձուց սփիւռքի հանրային կարծիքը:
Այս յատկութիւններուն վրայ երբ աւելցնենք լուրջ պատրաստութեան տէր մարդու իր հմտութիւնը, կ՛ունենանք մեծ հրապարակագրի մը դէմքին էական գիծերը, որոնք Ռ. Դարբինեանին կը շնորհեն բացառիկ տեղ մեր գրական եւ հանրային կեանքին մէջ:
Ափսո՜ս, հրապարակախօսութիւնը, իր ճակատագրով, նման է քիչ մը թատերական գործունէութեան: Հրապարակագիրն ալ, դերասանին պէս, հասարակութեան վրայ կ՛ազդէ, այնքան ատեն, որ կ՛ապրի ու կը գործէ:
Գալիք օրերուն Ռ. Դարբինեանի հսկայ վաստակէն կը մնայ անուն մը միայն: Մատի վրայ կը հաշուուին անոնք, որոնք ուսումնասիրութեան համար հին թերթեր կը քրքրեն: Կեանքը կը դնէ նոր խնդիրներ եւ կը կերտէ նոր հասարակութիւն:
Սակայն Ռ. Դարբինեան եւ իր նմանները իրենց մտածումին կնիքը դրած կը մեկնին անցնող ժամանակներուն վրայ:
Մ. ԻՇԽԱՆ