Հայաստան
Հայաստան Ունի 2 Միլիոն 340 Հազար Բնակիչ
Երեւան, 26 յուլիս.- Հայաստանի Կեդրոնական վիճակագրական վարչութիւնը հրապարակած է Հայաստանի ժողովրդական տնտեսութեան զարգացման 1968-ի առաջին կիսամեակի պետական առաջադրանքներու կատարման արդիւնքները:
Իրացուած արտադրանքի ծաւալի եւ արտադրանքի կարեւորագոյն տեսակներու մեծամասնութեան թողարկման առաջին կիսամեակի առաջադրանքները դերակատարուած են: Արդիւնաբերական արտադրութեան աճը անցեալ տարուան համապատասխան ժամանակամիջոցի համեմատութեամբ, կազմած է 9,9 տոկոս, իսկ իրացուած աշխատանքի ծաւալով` 14,8 տոկոս:
Թողարկուած է տասնեակ միլիոնաւոր ռուբլիի աւելի արդիւնաբերական արտադրանք, քան կը նախատեսուէր կիսամեայ ծրագիրով: Առաջին կիսամեակի վերջին, ծրագրաւորման եւ տնտեսական խթանման նոր դրութեամբ, կ՛աշխատէին 180 արդիւնաբերական ձեռնարկութիւններ, որոնց բաժին կ՛իյնար ամբողջ արդիւնաբերական արտադրանքին 58 տոկոսը:
Շինարարական աշխատանքներու մեծ ծրագիր իրականցուած է:
Ժողովրդական տնտեսութեան մէջ, բանուորներու եւ ծառայողներու թիւը կիսամեակի մէջ, միջին հաշուով, կազմած է 725 հազար հոգի եւ անցեալ տարուայ համապատասխան ժամանակամիջոցի համեմատութեամբ աւելցած է 40 հազարով, կամ` 5,8 տոկոսով:
Կառուցուած են նոր դպրոցներ, մանկական նախադպրոցական հիմնարկներ:
Ընթացիկ տարուան մէջ ժողովրդական տնտեսութիւն կ՛ուղարկուի բարձրագոյն եւ միջնակարգ մասնագիտական ուսումնական հաստատութիւններ աւարտած մօտ 13 հազար մասնագէտ: Բարձրագոյն կրթութեամբ վեց հազար եւ միջնակարգ մասնագիտական կրթութեամբ` մօտ եօթը հազար:
Հայաստանի բնակչութիւնը, մինչեւ 1968 յուլիս 1, կը կազմէ մօտ երկու միլիոն 340 հազար հոգի:
Պատմական Յուշարձաններու Քարտէս
Երեւան, 26 յուլիս.- Երեւանի մէջ անգլերէնով լոյս տեսած է պատմական յուշարձաններու քարտէս: Անոր մէջ պատկերուած են հարիւրէ աւելի կառոյցներ, որոնք կ՛արտայայտեն միջնադարի հայ ճարտարապետութեան ծաղկումը:
Քարտէսին հեղինակը` նկարիչ Գրիգոր Աւագեան, այժմ կ՛աւարտէ մէկ այլ, աւելի մեծ ծաւալով աշխատանք մը, որ շուտով լոյս կը տեսնէ եւ զբօսաշրջիկներուն կը ծանօթացնէ շուրջ հազար յուշարձաններ:
Օրական 40 Հազար Ծաղիկ
Երեւան, 26 յուլիս.- «Ֆլորա» ծաղկաստանը, որ Երեւանի բնակչութեան կը մատակարարէ ծաղիկներ, ստացած է քանի մը տասնեակ հեկտար նոր հողեր: Այստեղ կը կառուցուին ջերմոցներ, կ՛աճեցուին բազմատեսակ ծաղիկներ:
Ներկայիս Երեւանի 16 մասնագիտացուած խանութները օրական կը վաճառեն 30-40 հազար ծաղիկ: Յատկապէս` վարդեր, կակաչներ, հոլանտական մեխակներ, վարդակակաչներ:
Էրեբունիի Հիմնադրման Յուշարձան
Երեւան, 26 յուլիս.- Երեւանի կեդրոնական հրապարակին մէջ գրուած է քաղաքի հիմնադրման 2750-ամեակին նուիրուած յուշարձանին մաքեթը: Անուանի քանդակագործ Ղուկաս Չուբարեանը արդէն կ՛իրականացնէ այդ հետաքրքրական նախագիծը:
Երկու քարէ առիւծներ, յենած` պոչերուն, ուսերու վրայ կը պահեն հսկայ քարաբեկորը` Արգիշտի թագաւորի սեպագիր արձանագրութեամբ: Արձանագրութիւնը փորագրուած պիտի ըլլայ լատիներէն, յունարէն, հայերէն եւ պարսկերէն:
Յուշարձանին բացումը տեղի պիտի ունենայ հոկտեմբերին:
Նոր Փապուղի
Երեւանի, 26 յուլիս.- Հայաստանի հանքային արդիւնաբերութեան կեդրոն Ղափանի մէջ շարք մտաւ վեց քիլոմեթրնոց փապուղին, որ կ՛անցնի լեռներու տակով: Ստորերկրեայ այդ ինքնատիպ կամուրջով հանքաքարը կը տեղափոխուի հարստացուցիչ նոր գործարան:
Ղափանի գործարանախումբը տարուէ տարի կ՛ընդլայնի: Հանքաքարին հանոյթը վերջին երկու տարուան մէջ աւելցած է երեք անգամ:
«Էրեբունի» Գորգ
Երեւան, 26 յուլիս.- «Հայագորգ» գործատեղիին մէջ ցուցադրութեան դրուեցաւ նկարիչ Յասմիկ Շահնազարեանին գծած «Էրեբունի» նորաւարտ գորգը:
Չափ` 2.50×1.70:
Գորգին վրայ հիւսուած են հետաքրքրական նախշազարդեր: Կեդրոնը` Արգիշտի թագաւորի վահանը, որուն վրայ հիւսուած է` «782-2750 «Էրեբունի- Երեւան» մակագրութիւնը: Վահանի ստորին մասին մէջ, աջ ոտքը ցուլի մէջքին դրած է Թէյշեբա աստուածը: Անոր շուրջը զինուորները կը մենամարտին առիւծի հետ: Վերը յաղթանակի խորհրդանշաններն են, մարտակառքերը` յաղթող զինուորներով լեցուն, կը մտնեն Էրեբունի ամրոցը: Գորգի եզրերուն` Խալդ աստուածը, դարձեալ ցուլի վրայ պետութեան հզօրութիւնն ու ուժը խորհրդանշող առիւծներ, ուրարտական ոճի զարդաքանդակներ, կենաց ծառ, թեւաւոր արեւ, օդ, ջուր, հող խորհրդանշող զարդեր, գինիի սափորներ, կարասներ:
Նկարչուհին ուշագրաւ գունային լուծում տուած է գորգին: Այստեղ օգտագործուած են ուրարտական եւ միջնադարեան որմնանկարչութեան եւ մանրանկարչութեան գոյները, որոնք հրապուրիչ ներդաշնակութիւն կը ստեղծեն:
ԵՐԵՒԱՆԻ ՀԵՌԱՏԻՊ