Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (10 Օգոստոս 1968)

August 10, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի
«Կազդուրման Կայան»-ը

Լիբանանի սքանչելի բնութեան ծոցին` Շթորայի մէջ կը գտնուի Լիբանանահայ օգնութեան խաչի «Կազդուրման կայան»-ը:

Միօրեայ պտոյտի մը ընթացքին բախտաւորութիւնը ունեցայ այցելելու յիշեալ վայրը: Առանց չափազանցութեան` պատահական ոեւէ այցելուի վրայ պիտի գործէ այն տպաւորութիւնը, որ նախախնամական դեր կը կատարուի հոն` հայ մանուկին նկատմամբ:

Տարիներու ընթացքին այցելած եմ օտար համայնքներու կամ յարանուանութեանց պատկանող բարեսիրական միութեանց ձեռնարկած կազդուրման կայանները, որոնց նպատակը եղած է տա՛լ փոքրիկներուն պէտք եղած սնունդը եւ մաքուր, կազդուրիչ օդի մէջ զօրացնել զանոնք ֆիզիքապէս եւ դաստիարակել: Այս բարի գործը կատարելու համար անոնք ունին մեծ բարերարներ եւ նիւթական հասոյթի զօրաւոր աղբիւրներ: Մինչդեռ Լիբանանահայ օգնութեան խաչը իր հաւաքած կաթիլ-կաթիլ լումաներով քաջութիւնը ունեցած է ձեռնարկելու մարդկայնական, ապա` ազգայնական ամենանուիրական գործին. առողջ միտք եւ հոգի կերտել առո՛ղջ մարմնի մէջ…

Օրուան որեւէ մէկ ժամուն, անակնկալ այցելութեամբ մը կարելի է հաստատել, թէ ոեւէ բծախնդիր, մաքուր եւ խանդակաթ մայր անկէ աւելի պիտի չկրնար խնամել, գուրգուրալ եւ դաստիարակել իր հարազատ զաւակը: Կարծես 80-85 մանուկներ չէին բնակեր այդտեղ. ամէն կողմ մաքուր, կոկիկ, ճաշակաւոր, մանուկներ` խանդավառ, մաքուր, ինքնավստահ եւ կրթուած… Փոքրիկներու ննջարանը` ուղղակի սքանչելի, պարզութիւն, մաքրութիւն եւ ճաշակի կատարելութիւն:

Հայ խաչուհին, հայ կինը իր կոչումին արժանի` արդարօրէն կը սպառի… Ի տես այս սքանչելի գործին` գնահատանքի խօսքեր ուղղեցի: Երեխաներու պատասխանատու օր. Մարի Քէշիշեանը պարկեշտօրէն պատասխանեց. «Մեր կատարածը զոհողութիւն չէ, այլ միայն` պարտականութիւն, հայ կանացի այդ բարձր կազմակերպութեան շունչին տակ` սնանած ու աճած` մենք պարտաւոր ենք տալ մեր յաջորդող սերունդին այն, ինչ որ ստացած ենք իբրեւ միակ նպատակ»:

Այս արտայայտութիւնը աւելի քան գնահատելի դարձուց կատարուած գործը. արդէն ըսուած է. «Կինը իր ծնունդով սահմանուած է ազնիւին եւ բարձրին համար, աւելի՛ն. մայր դառնալու»: Արդարեւ, շնորհալի են մեր խաչուհիները, որոնցմէ շատեր առանց մայրանալու իրաւունքը վայելելու` «Մայր» դարձած են ազգին զաւակներուն, անձնուրաց զոհաբերութեամբ` իսկապէս, ողջ էութեամբ կը սպառին իրենց նպատակի իրագործման…

Շատ արդարօրէն ըսուած է. «Տղայ մը կրթել, դաստիարակել` անհատ մը կրթել է, իսկ աղջիկ մը կրթել` ազգ մը կրթել է…»:

Ազնի՛ւ եւ ժրաջա՛ն խաչուհիներ, աւելորդ պիտի ըլլար գնահատական խօսքերով վարձատրել ձեզ, որովհետեւ, դուք արդէն իսկ կը վայելէք հոգեկան մեծագոյն բաւարարութիւնը` ձեր աշխատանքին գործնական արդիւնքը հաստատելով:

Ի սրտէ կը մաղթենք անսահման ուժ եւ կարողութիւն:

ՇԱՔԷ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

Շաւարշ Նարդունիի Յուղարկաւորութիւնը
Մարսէյի Մէջ

Ամփոփում «Յառաջ»-էն (4 օգոստոս).

Իր սիրած Մարսէյի կիզիչ արեւուն տակ, իր սիրած ընկերոջ` Միքայէլ Վարանդեանի կողքին, կը հանգչի Նարդունիի յոգնաբեկ մարմինը` մահուան խաղաղութեան մէջ:

Պոմոնի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին փոքր էր անշուշտ այն ժողովուրդին համար, որ եկած էր իր վերջին յարգանքը մատուցելու: Հոն էին բոլորը, ծանօթ թէ անծանօթ սգակիրներ: Եկած էին` Լոնտոնէն, Պէյրութէն, Փարիզէն, Նիսէն, Կրընոպլէն, Լիոնէն, Վալանսէն, Սեն Շամոնէն, Սենթ Էթիենէն ու ամէն կողմէ, հեռուէն թէ մօտէն: Մարսէյի հայ կաթողիկէ առաջնորդը` Չուհաճեան, կը բաժնէր ժողովուրդին սուգը: Մարսէյի երեսփոխան եւ քաղաքապետ Տեֆերի, նախարար եւ երեսփոխան Քոմիթիի ու նահանգապետին ներկայացուցիչները, «Քայիէ տիւ Սիւտ»-ի խմբագիր-հրատարակիչը` Ժան Պալար, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը, որ օրերէ ի վեր, Մարսէյի ընկերներուն հետ, կը զբաղէր յուղարկաւորութեան կարգադրութիւններով, «Յառաջ»-ի խմբագրութիւնը, հարաւային Ֆրանսայի Ազգային կեդրոնական վարչութիւնը, ՀՅԴ Շրջ. կոմիտէն եւ բոլոր ընկերները, «Նոր սերունդ»-ը, տեղւոյն կազմակերպութեանց ներկայացուցիչները, Չոմունիք, ֆրանսացի լրագրողներ եւ, վերջապէս, հայ ժողովուրդը, վեհափառ ժողովուրդն հայոց` հոն էր ողբալու համար իր անդարմանելի կորուստը:

Արարողութեան կը նախագահէր Ֆրանսայի հարաւային թեմի առաջնորդը` Թրթռեան եպս.` իր կողքին ունենալով Գարեգին եպս. Սարգիսեանը: Արարողութեան աւարտին առաջին դամբանականը կը խօսէր առաջնորդը` ներշնչուած տարաբախտ գրագէտին վերջին պոէմէն, ուր Նարդունի կ՛երգէր կարօտը լոյսին: Ապա, իր կարգին, Գարեգին եպս. յիշելէ ետք, որ եկած է իր յարգանքի տուրքը տալու` իբրեւ պարզ հայ հոգեւորական մը ու նաեւ` պարզ հայ մարդ մը, սրտէն եկած խօսքերով, Նարդունիի գրքերուն խորագիրներով հիւսած տողերով ոգեկոչեց այն բացառիկ դէմքը, այն մեծ գրագէտը եւ մարդը, որ այսօր հսկայ պարապ մը կը թողու հայ մշակոյթին մէջ:

Յանուն Ազգային կեդրոնական վարչութեան` խօսեցաւ Յակոբ Պապիկեան:

«Յառաջ»-ի կողմէ դամբանական խօսեցաւ Հրանդ-Սամուէլ, որուն յաջորդեց  Ժան Պալար: ԶՈՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան յարգանքի գրաւոր խօսքը կարդաց Սարգիս Ընտրիկեան, ապա հայ գրագէտներու կողմէ խօսեցաւ Կարապետ Փոլատեան: Ոգեկոչելէ ետք Շաւարշ Նարդունին` իբրեւ գրագէտի, իբրեւ մարդու, ուսուցիչի եւ առաջնորդի` սփիւռքի հայ գրական սերունդին, յիշեց նաեւ դաշնակցական Շաւարշ Նարդունին, որ օր մը, երբ հոյակապ ճառերէն մին կ՛արտասանէր Մարսէյի մէջ, ի փառս Դաշնակցութեան, զայն կոչեց «պարծանք հայութեան»: Այսօր փոխ առնելով իրմէ` կրնանք ըսել` «Շաւարշ Նարդունի, պարծա՛նք հայութեան»:

* * *

«Նոր սերունդ»-ը` հայոց երիտասարդները, որոնց մէջ ոմանք տխուր բախտն ունեցան վերջին գիշերները ապրելու Շ. Նարդունիի, ուսամբարձ տարին դագաղը` իր պաշտած եռագոյնով ծածկուած, արենուշներու առաջնորդութեամբ (հայկական եւ ֆրանսական եռագոյններով) եւ կրօնական դասուն, որուն մէջ էր նաեւ  Չուհաճեան արքեպիսկոպոսը:

Դագաղին կը հետեւէր սգակիր անհամար բազմութիւն մը, ու` հսկայ թափօրը, երթեւեկը դադրած մեծ պողոտային վրայ, ոտքով կ՛ընէր ճամբուն մէկ մասը, յետոյ կառքերով` մինչեւ Սեն Փիերի գերեզմանատունը:

Կրօնական կարճ արարողութենէ մը ետք, յանուն ՀՅ Դաշնակցութեան Կեդրոնական կոմիտէին եւ բոլոր մարմիններուն ու նաեւ ՀՅԴ «Նոր սերունդ»-ին խօսեցաւ Յովիկ Եղիազարեան:

Կիզիչ արեւը հարաւային Ֆրանսայի, պայծառ երկինքը Միջերկրականի աշխարհի լոյսը կը բերէին Նարդունիի, որ կ՛երթար մեծ Վարանդեանի կողքին իր հանգիստը գտնելու:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Դիմաւորենք Տուտուկահար Հայկ Սարիգույումճեանը Համմանայի Մէջ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.