Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (8 Օգոստոս 1968)

Օգոստոս 8, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նոթեր Ու Նետեր

Շրջապտոյտ Երկրորդ

Սկովտիա

Սկովտիոյ զինուորականները կազմած են յանձնախումբ մը, որպէսզի դատ բանայ եւ հեղինակի իրաւունք պահանջէ բոլոր այն նորաձեւութեան տուներէն, աշխատանոցներէն եւ վաճառականներէն, որոնք հրապարակ հանեցին կարճ փէշը` ընդօրինակելով սկովտիական զինուորական փէշէն, որուն իրաւունքը վերապահուած է սկովտիացիներուն, ըստ օրինի:

Յանձնախումբը պայմանաւորուած է տասը երեւելի իրաւաբաններու հետ: Անոնց պիտի վճարուի դատը շահուելէ ետքը միայն:

Այս առթիւ կ՛ըսուի, թէ սկովտիացիները կարճ փէշը հնարած ու գործածած են իրենց չափազանց կծծի ըլլալուն պատճառով:

Կարճ փէշին թէ՛ կերպասը քիչ է, թէ՛ կարողչէքն է մատչելի: Ուրեմն աժան է կրկնակի: Մինչդեռ տաբատի մը թէ՛ կերպասը սուղ է, թէ՛ կարողչէքը: Իսկ շալվարը շռայլութիւն մըն է շաղաշոյտ:

Շուէտ

Սթոքհոլմի գիշերային զբօսավայրերէն մէկուն տնօրէնը, ըստ իր յայտարարութեան, շաբաթ երեկոյ մը, մինչեւ կիրակի առաւօտ, ճոխաբար հիւրասիրած է այն տիկիններն ու օրիորդները, որոնք հագած էին, ըստ պայմանի, երկար փէշ:

Մրցակից գիշերային զբօսավայր մըն ալ, շաբաթ մը ետքը, հիւրասիրած էր այն տիկիններն ու օրիորդները, որոնք հագած էին կարճ փէշ ու թեթեւ, թափանցիկ հագուստ:

Այս առթիւ, «Սկանտինաւ Քորեր» թերթին աշխատակիցներէն Մաքս Քեսլեր, ի միջի այլոց, կը գրէ.

– Թէ՛ երկար փէշ, թէ՛ կարճ փէշ հագնողները միեւնոյն տիկիններն ու օրիորդներն էին, որոնք գիշերային զբօսավայրերու յարգելի տնօրէններուն քիթերուն խնդալով` երկու գիշեր փառաւորապէս զուարճացան, կերան, խմեցին ու պարեցին եւ յայտագիրները դիտեցին բոլորովին ձրի:

Ուրեմն տնօրէններէն ո՛չ մէկն է, ո՛չ ալ միւսը յաղթականը, այլ, ինչպէս միշտ, այս անգամ ալ յաղթականները մեր շնորհալի շուէտուհիներն են, որոնցմէ ոմանք, մանաւանդ կարճ փէշ ու շղարշէ զգեստ հագնողները տիրացան նշանածներու եւ առաւօտուն կառքերով մեկնեցան դէպի ջրեզերեայ օթեւաններ` կատարելու նախատօնակ մեղրալուսին: Իսկ տնօրէնները կը դիտեն խաւարումը լուսնի:

Յունաստան

Յոյն էվզոն զինուորները, որոնց համազգեստ-տարազն է սպիտակ կարճ փէշը, որ կը կոչուի ֆուսթանելլա, լսելով, որ սկովտիացիները կը պահանջեն հեղինակի իրաւունք, իրենք ալ իրար անցած են առիթից օգտուելու համար:

Էվզոնները քայլ մըն ալ առաջ երթալով` հեղինակի իրաւունք կը պահանջեն նաեւ սկովտիացիներէն` առարկելով, որ իրենց ֆուսթանելլան աւելի հին է սկովտիական կարճ փէշէն, որ ընդօրինակութիւնն է յունականին:

(Փակագիծի մէջ ըսենք նաեւ, որ Կեդրոնական Ափրիկէի մերկ բնիկները դատ պիտի բանան Եւրոպայի մերկապաշտներուն դէմ` պահանջելով իրաւունք հեղինակի):

Ահաւասիկ` նորանոր դատեր:

Բայց այս դատերը հազար անգամ նախընտրելի են` ըլլալով զուարճալի:

Ժողովուրդներու մէջ պատերազմներ յարուցելէ բիւր անգամ լաւ են այս անմեղ վէճերը, այս խնդիրները կարճ փէշերու, ինչպէս նաեւ` վէճն ու վիճակը մարդոց, որոնք անփէշ են ու անվարտի:

Թուրքիա

Թուրքիոյ նախկին ու ներկայ մայրաքաղաքներուն մէջ տեղի կ՛ունենան աջակողմեան ու ձախակողմեան հաւաքոյթներ, ցոյցեր հրապարակային, եւ կը փչեն իրարու դէմ սպառնագին:

Այդ հաւաքոյթներէն յաղթական հանդիսացողը ո՛չ աջակողմեաններն են, ո՛չ ալ ձախակողմեանները, այլ միմիայն` քսակահատները, որոնք կը շորթեն ձախակողմեանները ու կը շոպշոպեն աջակողմեանները` առանց խտրութեան, կատարելով հունձ մը հիանալի:

Կ՛օգտագործեն ցուցարարներուն յուզումը, պայքարի տենդը, ալեկոծութիւնները, իրարու սեղմուիլները, եղբայրական մօտաւորութիւնները:

Մէջտեղ ելած են նաեւ քսակահատներ` երկրորդ տեսակի: Ասոնց գործը աւելի ապահով է ու պտղառատ: Այս քսակահատներրն ալ կը կողոպտեն քսակահատները` առաջին տեսակի: Հաւանաբար հանդէս գան երրորդ տեսակի քսակահատներ ալ, որոնք պաշտօն պիտի ունենան կողոպտելու առաջին տեսակի քսակահատները կողոպտող երկրորդ տեսակի քսակահատները:

Ցարդ սա տեսակ խօսք մը կար.

– Գողը գողէն գողացաւ, Աստուած տեսաւ զարմացաւ:

Այսուհետեւ պիտի ըսուի.

– Գող մը գողէն գողացաւ, գող մըն ալ գողէն գողցողէն գողացաւ, Աստուած տեսաւ չզարմացաւ:

Որովհետեւ երեք տեսակ գողերն ալ թուրքեր էին:

ՆՇԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ

 

ՀՄԸՄ Սկաուտներ

ՀՄԸՄ-ի Սկաուտներու Ընդհ. Բանակում-Հաւաքոյթը` Մասնակցութեամբ Յունաստանի, Կիպրոսի, Իրաքի Եւ Լիբանանի Սկաուտական Խումբերուն

ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան յիսնամեակը լաւագոյնս տօնակատարելու եւ այս յոբելեանը ըստ արժանւոյն յարգելու նպատակով Սկաուտական շրջանային խորհուրդը որոշած է իր տարեկան ընդհանուր բանակում-հաւաքոյթը կատարել բացառիկ շուքով:

Այս առիթով, բացի Լիբանանի սկաուտական կազմերէն, հրաւիրուած են նաեւ արտասահմանի քոյր մասնաճիւղերու սկաուտները` մասնակցելու բանակումին, որ տեղի պիտի ունենայ 23, 24 եւ 25 օգոստոսին, Այնճարի հայաշատ կեդրոնին մէջ:

Արդէն Յունաստանի, Կիպրոսի եւ Իրաքի սկաուտական խումբերը դրական պատասխան տուած են եւ խոստացած են օրին ներկայ գտնուիլ: Իսկ Լիբանանի ՀՄԸՄ-ի սկաուտական խումբերը տենդագին աշխատանքի մէջ են այս տարուան բացառիկ բանակումը ցարդ կատարուած բանակումներէն աւելի յաջող եւ աւելի ճոխ իրագործելու համար:

Պատրաստութեան մէջ են արդէն յատկապէս ձեռական աշխատանքները` աշտարակներ, կամուրջներ եւ այլն, եւ այլն, որոնք, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս պիտի զարդարեն բանակավայրը:

Սկաուտական շրջանային խորհուրդին կատարած գործը, վստահ ենք, պիտի գնահատուի յատկապէս ՀՄԸՄ-ի սկաուտական շարժումը սիրողներէն, որոնք իրենց նիւթական օժանդակութեան հետ նաեւ իրենց ներկայութեամբ պիտի քաջալերեն պատանի սկաուտներու ձեռներէց գործունէութիւնը, որ ապագայ մարդը պատրաստելու կը ձգտի:

Բանակումի վերջաւորութեան, բանակավայրին մէջ իսկ, սկաուտական հանդէս մը պիտի կատարուի: Բանակող սկաուտներ պիտի ցուցադրեն իրենց մարզական եւ մշակութային կարողութիւնները:

Բնութեան ծոցին մէջ, յատկապէս հայութիւն բուրող շրջապատի մը մէջ, վստահ ենք, ՀՄԸՄ-ի ընդհանուր բանակումը պիտի ծառայէ նաեւ հայապահպանման սուրբ գործին, բուն նպատակին մարզական մեծագոյն կազմակերպութեան` ՀՄԸՄ-ին, որուն հիմնադրութեան յիսնամեակն է այս տարի:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?