Պելճիքահայ Ազգային Կեանք
Բ. Աշխարհամարտէն ետք, Պելճիքայի հայ գաղութը տակաւ առ տակաւ սկսած է բազմանալ: Այսօր գրեթէ մեծ գաղութի մը հանգամանքը ստացած է, մանաւանդ` զանազան երկիրներէ եկող ուսանողներ, որոնք կ՛ուսանին «Պօղոս Նուպար փաշայի ֆոնտ»-ի միջոցով, եւ որոնք աւարտելով համալսարանները` կը մնան հոն ու կը նուիրուին իրենց յատուկ մասնագիտութեանց` յաճախ կազմելով նաեւ հոն իրենց ընտանեկան բոյնը:
Դժբախտաբար համայնքը, ըլլայ Պրիւքսէլի կամ Անվերսի մէջ, զուրկ է դպրոցէ ու նաեւ եկեղեցիէ, որպէսզի կարող ըլլան նորահաս սերունդներ հայ լեզուի մշակոյթով դաստիարակուելու եւ ազգային զգացումներով լուսավառելու իրենց հոգին:
Այդ կարեւոր հաստատութիւններու պակասը լրացնելու նպատակով քանի մը վեհանձն զգացումներով օժտուած ազգայիններ ունեցած են նուիրական ու ազնիւ գաղափարը «Մանուկներու տուն» մը հիմնելու ու, այսպէս, բարոյական թէ նիւթական աջակցութիւններով ձեռնարկած են իրենց այդ վսեմ ծրագիրները իրականացնել` վարձելով պարտէզով շրջապատուած ապրանք մը Պրիւքսէլի եւ Անվերսի միջեւ, ուր փոքրիկներ ամառուան երեք ամիսները հոն կ՛անցընեն: Մասնաւորաբար Փարիզէն «Դպրոցասէր»-ի տնօրէնուհին` Գարագաշեան, սիրայօժար ստանձնած է ուսուցման պարտականութիւնը` իրեն հետ ունենալով երկու վարժ օգնական ուսուցչուհիներ, որոնք կ՛աւանդեն հայերէն, հայոց պատմութիւն, երգեր ու մարզանք: Ասկէ զատ` կայ մնայուն բժիշկ մը, որ հոգ կը տանի տղոց առողջական վիճակին: Անհունօրէն գնահատելի է այդ կարող ու մշակուած անձերուն հոգեկան նուիրումը հայ մանուկներուն:
Այս հաստատութեան սկիզբի շրջանին քսան փոքրիկներ միայն կը յաճախէին, այսօր երրորդ տարին կը լրանայ, աշակերտներուն թիւը հասած է 60-ի, ինչ որ մեծապէս խրախուսիչ է, նոյնիսկ Լոնտոնէն եւ Հոլանտայէն հայ ընտանիքներ կը ղրկեն իրենց փոքրիկները` զգալով հայկական ոգիին պակասը տղոց մէջ: Կարելի չէր անշուշտ անտարբեր մնալ այս իրողութեանց առջեւ, ու բարերար ազգայիններ, նկատի ունենալով այս բոլորը եւ տեսնելով, որ աշակերտութեան թիւը օրըստօրէ կ՛աւելնայ, ձեռնարկած են սեփական շէնքի մը շինութեան, գիշերօթիկ վարժարանի մը բոլոր նորագոյն յարմարութիւններով եւ վաւերացուած` պետական իշխանութեանց կողմէ:
Խօսք Ուրախութեան
Շարժումը վարակիչ է, երեւոյթը` քաջալերական:
Հազիւ շաբաթ մը առաջ աւետեցինք ընկեր Յակոբ Տէր Մելքոնեանի ասպետական ժեսթը, որ ուղիղ գծով կու գար հայկական հին աւանդութիւններէն:
Այսօր նոյն ուրախութեամբ կը հաղորդենք լուրը մեծագումար նոր նուիրատուութեան մը, ազնուասիրտ հայու մը` պր. Գէորգ Կարմիրեանի կողմէ:
Այսօր իւրաքանչիւր հայ ներքին անխառն ուրախութեամբ մը խոր ապրումը ունի, ու այդ ուրախութիւնը կու գայ այն հաստատումէն, որ մեր իրականութեան մէջ, ոչ միայն չի պակսիր, այլ օրէ օր կ՛աւելնայ թիւը հայ մարդոց, որոնք իրենց արդար վաստակէն լայն բաժին մը կ՛ուզեն հանել իրենց ժողովուրդին` ի խնդիր անոր յաւիտենական արժէքներուն պահպանման եւ զարգացումին:
Յաւիտենական այդ արժէքներուն մէջ առաջին գծի վրայ կու գայ հայ մշակոյթը, ամէնէ՛ն թանկագինը, որուն համար իւրաքանչիւրը կը բերէ զոհողութեան իր բաժինը, մէկը նիւթական, միւսը` բարոյական,
նոյնքան գնահատելի, նոյնքան արժէքաւոր:
Պր. Կարմիրեանի նուիրատուութեամբ պիտի հրատարակուի Արեւմտեան Հայաստանի պատմական յուշարձաններուն նուիրուած գեղատիպ ալպոմ մը: Համազգայինի մշակութային միութիւնը, որուն տրամադրութեան տակ դրուած է գումարը, երախտաշատ գործ մը կատարած է` ի գին մեծ զոհողութիւններու ձեռք բերելով պատմական այդ յուշարձաններուն կամ անոնց մնացորդներուն բազմահարիւր գեղարուեստական նկարները, որոնք առնուած են վերջին տարիներու ընթացքին:
Այդ նկարներուն հրատարակութիւնը ոչ միայն սփոփանք մը պիտի ըլլայ մեր ՄԵԾ ԿԱՐՕՏին, այլ նաեւ օտար հասարակութեան պիտի ծանօթացնէ մեր ճարտարապետական նուաճումները, որոնք քաղաքակրթութեան առաջին աստիճաններուն վրայ կը դասեն հայութեան ստեղծագործ հանճարը:
Հետեւաբար, որքան ողջունելի կը գտնենք պր. Կարմիրեանի նուիրատուութիւնը, նոյնքան գնահատելի կը նկատենք նպատակը, որուն համար կ՛ըլլայ այդ յատկացումը:
Նուիրատուութիւններու շարքը եւ անոնց միջոցով իրագործուելիք գործերուն բնոյթը սրտապնդիչ երեւոյթի մը առջեւ կը դնեն մեզ: Հպարտութեան առիթներ կու տան հայ մարդուն, խթան կը ծառայեն հաւաքական մեր ճիգերուն, որոնց հիմնական նպատակն է հայութեան դիմագիծին անաղարտ պահպանումը բոլոր հորիզոններու տակ:
Վստահ ենք, որ այս շարժումը վերջ պիտի չունենայ: Ինչպէս ըսինք, վարակիչ է: Իր ունեցածով ազգին եւ անոր անկորնչելի արժէքներուն օգտակար հանդիսանալու կիրքը ապրում պիտի ըլլայ իւրաքանչիւր հայու համար: Հոս` մեր գաղութին մէջ, հանրային մեր իրագործումներէն շատեր կ՛անմահացնեն անունը ազնուասիրտ հայու մը: Ուրիշներ պիտի գան նոյն ճամբով, պիտի հետեւին նոյն օրինակին, որովհետեւ աշխարհի մէջ տալէն աւելի քաղցր բան չկայ, մանաւանդ երբ ան կը ծառայէ վսեմ նպատակի մը:
Այս գիտակցութիւնը զարգացած է մեր մէջ: Զարգացած է քաղաքակրթական բարձր մակարդակի հասած ժողովուրդներուն մէջ:
Մենք այդ ժողովուրդներէն ենք: Ու հպարտ ենք անոր համար:
Տ. Ո.