Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (2 Օգոստոս 1968)

Օգոստոս 2, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Օրուան Դէպքերուն Հետ

Նկարներէն Դատելով

Լրջօրէն նկարներէն դատելով, աշխարհի բոլոր թերթերը երէկ գրեցին, որ Չերնայի չեխեւխորհրդային խօսակցութեանց մթնոլորտը փոխուած է: Դէպի մեղմացում կ՛երթայ:

Դարձեալ, նկարներէն դատելով, տեսնուեցաւ, որ ժպիտ կայ պատուիրակներուն դէմքին վրայ. ժպիտը` իր զանազան տեսակներով. խորհրդայինը, որ վերապահ է, չեխականը, որ սփոփարար է:

Ու հիմա, ժպիտի փաստէն ետք, կը սպասուի հաղորդագրութեան փաստաթուղթին, որ լոյս տեսած պիտի ըլլար երէկ:

Ի՞նչ պիտի ըսէ այդ փաստաթուղթը: Հաւանաբար` ոչ աւելին, քան նկարները, որոնք երէկ հաղորդուեցան «Սեթեքա» գործակալութեան կողմէ:

Չեխերը պիտի կրնա՞ն համոզել իրենց խօսակիցները, որ բարեկամ դրացի մը շատ աւելի օգտակար կրնայ ըլլալ իրենց, քան` բոլոր այն հլու կամակատարները, որոնք Վարշաւիոյ մէջ ստորագրեցին Հինգերու հռչակաւոր նամակը: Այնպէս կը կարծուի, որ հիմնականին մէջ ոչինչ զոհելով` կողմերը պիտի աշխատին երեւոյթները փրկել եւ Չեխոսլովաքիոյ ժողովրդավարացման գործողութիւններուն չտալ բնոյթը հակախորհրդային շարժումի մը:

Բայց երեւոյթներու այս փրկութիւնը ժամանակաւոր միայն կրնայ ըլլալ: Ուշ կամ կանուխ Մոսկուա եւ Փրակա պիտի գտնուին կարեւոր որոշումներու ստիպողութեան տակ: Կա՛մ այն է, որ չեխերը պիտի յօժարին ժողովրդավարացման իրենց փորձը շարունակել խորհրդային զօրքերու հսկողութեան տակ, եւ կա՛մ ազատութեան հետ պիտի փնտռեն նաեւ գերիշխանութեան միւս ստորոգելին, որ անկախութիւնն է, անբաժան լրացուցիչը:

Այդ պարագային ի՞նչ պիտի ընէ Մոսկուա: Եթէ համակերպի, ճամբայ հարթած պիտի ըլլայ «ազատագրական» այլ շարժումներու, որոնց թատերավայր կրնայ հանդիսանալ Արեւելեան Եւրոպան` յեղակարծօրէն սեղանի վրայ դնելով Ռուսիոյ արեւմտեան սահմաններուն ապահովութեան խնդիրը, որ մէկ անգամ ընդմիշտ թաղուած կը կարծէին խորհրդային ղեկավարները Բ. Աշխարհամարտի փայլուն յաղթանակէն ետք:

Իսկ եթէ չհամակերպի, նոր եւ շատ աւելի ծանր տագնապ մը ծայր պիտի տայ համայնավար միջազգային շարժման մէջ, որ տակաւին իր հաւասակշռութիւնը չէ վերագտած Պուտափեշտի հարուածէն ետք:

Քրեմլին պատրանքներ չի սնուցաներ: Գիտէ, որ հունգարական ձեւի միջամտութիւն մը անդառնալիօրէն իրմէ պիտի հեռացնէ ազատ աշխարհի համայնավար կուսակցութիւնները, որոնք ատենէ մը ի վեր շատ զգայուն են հանրային կարծիք կոչուած ուժին հանդէպ:

Լաւագոյն լուծումը կ՛ըլլայ այն, որ Խորհրդային Միութիւնը ինքը հրաժարի իր տիրակալական ձգտումներէն եւ քայլ յարմարցնէ ժամանականերու ոգիին փոխանակ նորօրինակ կայսերապաշտութեան մը հետամուտ ըլլալու:

Այլ խօսքով, հաշտուի այն գաղափարին հետ, որ անհրաժեշտ է մարդկային նկարագիր տալ ընկերվարութեան մը, որ ճիշդ այդ նկարագրին բերումով այնքան յաջող արդիւնքներ կու տայ իսկապէս ընկերվարական երկիրներու մէջ:

Տ. Ո.

Լիբանանեան Բանակին Օրը
Ֆայատիէի Զօրանոցին Մէջ

Երէկ առտու Ֆայատիէի զօրանոցին մէջ տեղի ունեցաւ տպաւորիչ արարողութիւն մը, որուն ընթացքին հանրապետութեան նախագահը սուրերը յանձնեց շրջանաւարտ սպաներուն, որոնց տրուեցաւ «Օգոստոս 1-ի շրջանաւարտներ» անունը:

Օգոստոս 1-ը լիբանանեան բանակին տարեդարձն է, որ երէկ մեծ շուքով տօնուեցաւ բանակային զանազան միաւորներու մէջ:

Ֆայատիէի արարողութեան ընթացքին նախագահ Հելու խօսեցաւ բարձրաշունչ ճառ մը` յայտնելով, որ «Օգոստոս 1» անունը, որ կը տրուի շրջանաւարտներու այս նոր դասին, հաւատքի արտայայտութիւն մըն է այն կապերուն հանդէպ, որոնք իրարու կը միացնեն բանակն ու հայրենիքը: Նախագահը ըսաւ նաեւ, որ սպառնալիքներու դէմ անհրաժեշտ է բոլոր ճիգերը ներդաշնակել` Լիբանանի դիմադրական կարողութիւնը զօրացնելու համար:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Վաղը Գարեջուրի Համաշխարհային Օրն Է

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?