Հայ Կեանք
Լուտեր Կ. Սիմճեանին Գիւտը – Հեռագիրները Կարելի Է Ղրկել Միաժամանակ Զանազան Լեզուներով
«Նիւ Եորք Թայմզ» կը հաղորդէ, որ «Ճենըրըլ ռիսըրչ» ընկերութեան Կրինիչ (Ն. Ե.) նախագահ Լուտեր Կ. Սիմճեանը հնարած է գործիք մը, որուն միջոցով կարելի է մէկ կամ աւելի լեզուներով թարգմանաբար ղրկել նոյն հեռագիրը:
Գիւտը կը գործէ հետեւեալ կերպով. Մեքենագրուած հեռագիրը կը դրուի գործիքի մը մէջ, որ բառերը կը վերածէ զանազան նշաններու: Այս վերջինները միեւնոյն իմաստը ունին որեւէ լեզուի մէջ, եւ երբ կը հեռագրուին, կամ անթելի միջոցով կը ղրկուին, զանոնք ընդունող գործիքը այդ նշանները դարձեալ բառերու կը վերածէ` անգլերէն, ֆրանսերէն, ռուսերէն, գերմաներէն կամ իտալերէն:
Նոր գործիքը կրնայ միաժամանակ երկու լեզուներու թարգմանել գրութիւնը:
«Նիւ Եորք Թայմզ» կը յայտարարէ, որ Լ. Կ. Սիմճեանին 170-րդ գիւտն է այս վերջինը եւ արդէն վաւերացուած ու մենաշնորհ ստացած է Ուաշինկթընի «Փաթենթ օֆիս»-էն:
Ուիլիըմ Սարոյեանի Նոր Երկը, Նուիրուած` Ռուբէն Դարբինեանին
Ամերիկահայ հռչակաւոր գրագէտ Ուիլիըմ Սարոյեան իր վերջին մէկ գործը` պատմուածքներու հատոր մը, «Տը մեն ուիթ տը հարթ ին տը հայլենծ, էնտ ատըր սթորիզ», նուիրած է հանգուցեալ ընկ. Ռուբէն Դարբինեանին` հետեւեալ մակագրութեամբ. «Ռուբէն Դարբինեանին` խմբագրապետ «Հայրենիք» ամսագրի, «Հայրենիք» շաբաթաթերթի եւ «Հայրենիք» օրաթերթի, Պոսթըն, Ամերիկա եւ աշխարհի: Մեծ խմբագիր մը, շնորհակալութեամբ եւ հիացումով»:
Ընկ. Ռուբէն Դարբինեան քաջալերած էր Ուիլիըմ Սարոյեանը` հրատարակելով անոր առաջին պատմուածքները:
Գիրքը լոյս տեսած է տխուր զուգադիպութեամբ մը, մեծանուն ընկերոջ գրեթէ մահուան օրերուն:
«Անցեալը» Եւ Անանց Բաներ
Թուրք մամուլը, իր ներկայացուցած ժողովուրդին մեծ ոճիրը չէզոքացնելու միտումով անպայման, ատենը հեղ մը հատընտիր հայեր կը գտնէ եւ այս վերջիններուն բերնին կը դնէ բառեր, որոնք ո՛չ պատմական իրականութեան եւ ո՛չ ալ մեր ներքին էութեան հետ որեւէ աղերս ունին:
Թուրքերուն բեմ հանած ու հոգեկան հաշմանդամութեամբ բացատրելի այդ հերոսները թիւով շատ չեն, բայց կան: Վերջինը` Եդուարդ Թաշճեան, այլասերած անունով` Եդուարդ Թաշճը, երեւցաւ «Ենի Սթամպուլ»-ի յուլիս 28 թիւին մէջ` իր լուսանկարով եւ զեղուն թրքասիրութեամբ: Ծանօթացէք Անգարայի ուխտաւոր Թաշճըի ըղձակաթ քառեակին.
– Անգարա տեսնել կ՛ուզեմ ու Աթաթուրքի յուշադամբանը այցելել:
– Թուրք եղբայրներուս իմ մօտիկութիւնս ցոյց տալու համար, հակառակ Թուրքիա ծնած չըլլալուս, թրքերէն խօսիլ կ՛ուզեմ եւ թրքերէն երգեր ունկնդրել:
– Մզկիթին մէջ կը փափաքիմ աղօթել:
– Իմ հարազատ եւ սիրելի մայր հայրենիքիս ժողովուրդին հետ կ՛ուզեմ զրոյց ունենալ»:
Հօրը կողմէ պալըքեսերցի, մօրը կողմէ սղերդցի, Ամերիկա ծնած եւ ոտից գլուխ թրքացած Թաշճըն, կ՛իմանանք, որ նոր չէ սկսած իր այս հովուերգութեան, իր սէրերը սկսած է մշակել 1965-ին` Կիւրսելին գրուած նամակի մը մէջ փիլիսոփայելով. «Ամէն ինչ պէտք է թաղել պատմութեան մէջ եւ անցեալը մոռնալ»:
Անցեալը մոռնալ…
Հայու մը Անգարան տեսնելու կարօ՜տը, Աթաթուրքի յուշադամբանը այցելելու միտքը, թրքերէն խօսելու տենչը, թրքերէն երգեր լսելու փափա՜քը, մզկիթին մէջ աղօթելու պապա՜կը եւ «Կ՛ուզեմ»-ներու ամբողջ շարքը միասին առած` վստահաբար այնքան շահեկանութիւն չեն ներկայացներ թուրքերուն համար, որքան` անցեալը մոռնալու, մոռցնել տալու իրենց նոր քաղաքականութեան օգտին ձեռք բերուած նոր փաստ մը:
Թուրք մամուլը, մտաւորականները, պատմաբանները` ամէնքը ամէնէ՛ն աւելի ատոր պէտք ունին, այդ մղումով է, որ գիւտը կ՛ընեն Եդուարդ Թաշճըներու կամ կը սարքեն Եդուարդ Թաշճըներ: Որովհետեւ թուրքերուն համար անցեալը մոռնալ` կը նշանակէ խուսափիլ այն մեծ հատուցումէն, որուն իրաւունքը «առաւել քան երբեւիցէ» կը զգայ ու կը յիշեցնէ մեր ժողովուրդը:
Մնաց որ, անցեալ ըսուածը այնքան ալ անցած չէ, մոռնալ ուզուած այդ անցեալը մեր առօրեայ մտածումներուն առանցքը կը կազմէ եւ կենսանորոգ ուժ կը հայթայթէ մեր պայքարին, լինելութեան թափին: Մոռնալ ուզուած այդ անցեալին մէջ մեր ժողովուրդը կը տեսնէ վերջապէս իր ամբողջ ապագան, հայրենիքը ամբողջացնող մասը, «Մեր հողերը, մեր հողերը», որոնց Դատը մոռցնելու համար անզօր են ե՛ւ թրքական գալարումները ե՛ւ թրքասէր վիժուկներուն փիլիսոփայութիւնները…
Պ. Ս.