Ուիլիըմ Սարոյեան
Յիսնամեակներու, տարեդարձներու, դարադարձներու, յուշարձաններու եւ կոթողներու թոհուբոհին մէջ մեր մամուլը առիթ գտաւ այս տարի նշելու նաեւ Ուիլիըմ Սարոյեանի ծննդեան 60-ամեակը:
Այսօր հայութեան մէջ անգլիագիր այս հեղինակին հանդէպ երկու տրամադրութիւն չկայ, կայ մէկ տրամադրութիւն. միահամուռ յարգանք մը:
Երկու տասնամեակ առաջ, ինչպէս` բազմաթիւ այլ դէմքերու, նաե՛ւ Սարոյեանի նկատմամբ տարբեր էր Հայաստանի վերաբերումը: «Մեծահանճար առաջնորդի ու հայ ժողովուրդի հարազատ հօր` ընկեր Ստալինի հոգատարութեամբ» ապրող, մտածող ու դատող հայրենիքի մեր գրողներուն համար «միջազգային ռէակցիայի վտանգաւոր դէմքերից մէկն էր» Սարոյեանը, բայց «Մեծահանճարին» օրօք խմբագրուած այս տխմարութիւնները իրենց տեղը զիջած են հիմա աւելի տանելի արժեչափերուն ու հայրենիքը սկսած է գնահատել Սարոյեանը` ըստ արժանւոյն:
Համբաւի հասնելէ առաջ ու համբաւի տիրանալէն շատ ետք, իր ծագումով հպարտանալու ապրումը դրօշակի մը պէս պտտցուց ան ամէնուրեք եւ իր յարատեւ ճիգով ու յարաճուն վաստակով դարձաւ ամէն հայու հպարտութիւն ներշնչող վստահելի գործօն մը:
Ամերիկեան ժամանակակից գրականութեան մատի վրայ հաշուըւող դէմքերէն կը նկատուի հիմա Սարոյեան, որակական իր արժէքով կը յիշուի Հեմինկուէյի, Ֆոլքնըրի, Սթայնպերքի կողքին ու անոնց պէս կը վայելէ համաշխարհային համբաւ մը:
Սարոյեան ուշագրաւ է նոյնպէս քանակական իր վաստակով: 1959-ին Հայաստան երկու հատոր լոյս ընծայեց իրմէ եւ երկուքին ալ յառաջաբաններուն մէջ կայ ապշեցուցիչ սա հաստատումը.
«Աշխարհի ամենաբեղմնաւոր գրողներից է Սարոյեանը: Մինչեւ այժմ նա գրել է մօտաւորապէս 1500 պատմուածք, 12 փիէս եւ 7 վէպ»:
Երկու տարեկանին հօրմէն որբ մնացած, 13 տարեկանին դպրոցը ձգած, կեանքը շահելու համար թղթատար, գրասենեակային պաշտօնեայ, հասարակ բանուոր դարձած եւ ապա գրական համաշխարհային ոլորտներուն մէջ թեւածող այս դէմքին պարագան իրապէ՛ս ներդաշնակ է մեր բախտին հետ եւ կը ներկայացնէ մեր ազգային փառքը կազմող վերջին կէս դարու ամենավառ աստղերէն մին:
Պ. Ս.
«Հայը Եւ Հայը»
(Հատուած)
Աստուա՜ծ իմ, ինչքա՜ն լաւ բան է հանդիպիլ այս մշեցի թուխ հայուն:
Դուք չէք կրնար երեւակայել, թէ որքան լաւ բան է, երբ աշխարհի մէկ անկիւնին մէջ հայ մը կը հանդիպի ուրիշ հայու մը, եւ մանաւա՛նդ` գարեջրատան մէջ: Տեղ մը, ուր մարդիկ կը խմեն:
– Վա՜յ,- ըսաւ ան,- վա՜յ,- կամաց եւ յատուկ ուրախութեամբ,- վա՜յ, մեր լեզուն ալ կը խօսիս: Զարմանալի է, որ չես մոռցեր:
Եւ ան երկու բաժակ ռուսական անհամ գարեջուր բերաւ:
Իսկ յետոյ հայկական շարժուձեւերը, որոնք այնքան մեծ նշանակութիւն ունին: Ծունկերը ծեծելը եւ ծիծաղելու ուժգնութիւնը: Անէ՛ծքը: Կեանքին եւ անոր բարձր գաղափարներուն վրայ խնդալը: Հայուն խօսքը, նայուածքը, շարժուձեւերը, ժպիտն ու այս ամէնուն մէջէն բխող զարմանալի վերածնունդը, անժամանակ եւ դարձեալ զօրաւոր, թէեւ տարիները թաւալած են, թէեւ քաղաքները կործանած են, հայրեր, զաւակներ ու եղբայրներ սպաննուած, տեղերը մոռցուած, երազները խորտակուած, կենդանի մնացածները` ոխով լեցուած:
Կ՛ուզէի աշխարհի մէջ տեսնել այնպիսի՛ ուժ մը, որ կարենար փճացնել այս ցեղը, այս փոքրիկ, կարեւորութենէ զուրկ մարդոց ցեղը, որուն պատմութիւնը աւարտած է, որուն մղած բոլոր պատերազմները պարտութեամբ են պսակուած, որուն ճարտարապետութիւնը խորտակուած է, գրականութիւնը չի կարդացուիր, երաժշտութիւնը չ՛ունկնդրուիր, որուն աղօթքները չեն արտասանուիր ոչ ոքի կողմէ:
Փորձեցէք կործանել այս ցեղը: Ենթադրենք, թէ դարձեալ 1915 թուականն է: Աշխարհը պատերազմի մէջ է: Փորձեցէ՛ք կործանել Հայաստանը ու տեսէք, թէ հնարաւո՞ր է ատիկա ընել: Ձգեցէք հայերը առանց հացի ու ջուրի: Հրկիզեցէք անոնց տուներն ու եկեղեցիները: Կը կարծէք, թէ նորէն պիտի չապրի՞ն անոնք: Եթէ ամբողջ ցեղը փճանայ եւ վերապրող միայն երկու հոգի գտնուին ու հանդիպին իրարու գարեջրատան մը մէջ, քսան տարի յետոյ ե՛ւ պիտի խնդան ե՛ւ պիտի խօսին մայրենի լեզուով: Կ՛ուզէի տեսնել, որ պիտի կարենա՞ք արգիլել, որ անոնք ծաղրեն աշխարհի բարձր գաղափարները, անո՛նք` այդ երկու հայերը, որոնք կը խօսին իրարու հետ ու կը խնդան:
Դե՛հ, փորձեցէք բնաջնջել այս ցեղը:
***
Թէեւ անգլերէն կը գրեմ եւ ծնունդով ամերիկացի եմ, բայց ինքզինքս կը համարեմ հայ գրող: Գործածած բառերս անգլերէն են, միջավայրը, որուն մասին կը գրեմ, ամերիկեան է: Սակայն այն ոգին, որ գրելու կը մղէ զիս, հայկական է: Հետեւաբար ես հայ գրող եմ:
Խորապէս կը սիրեմ հայ գրողներու ընտանիքին պատկանելու պատիւը:
Հայ ժողովուրդի ազնուութիւնը, քաջութիւնը, ուշիմութիւնը, խիզախութիւնը, պարզութիւնը, հեգնանքը, սրամտութիւնը եւ անվեհերութիւնը հպարտութիւն կը պատճառեն ինծի: Այդ բարեմասնութիւնները ժառանգութիւնն են բոլոր ճշմարիտ հայերու: Անոնք սնուցած են իմ կեանքը, եւ ես երախտապարտ եմ ատոր համար:
Աշխարհը երբեք չի կրնար պարտութեան մատնել լաւ ժողովուրդ մը:
Եթէ մեզ մեր հայրենի հողէն զրկեն, աշխարհը կը դառնայ մեր հայրենի հողը:
Եթէ մեզ մեր կառավարութենէն զրկեն, հայկական ոգին կը դառնայ մեր կառավարութիւնը:
Ոչ մէկ քաղաքական ուժ կրնայ դաւաճանել մեզի: Օգտակար ձեւով ապրելու ձգտումը հզօր է հայուն մէջ:
Հայուն ուժը բանակին մէջ չէ, այլ իր իւրաքանչիւր անհատի սրտին մէջ է:
Ատիկա իսկական ուժի միակ ձեւն է, որով մարդիկ իբրեւ մարդ կրնան ապրիլ:
Գալիք տարիներու ընթացքին, նոյնի՛սկ եթէ աշխարհը իրար անցնի, հայը հաւատարիմ պիտի մնայ իր ժառանգութիւնը կազմող բարոյական օրէնքներուն:
Մենք պէտք է աճինք: Ո՛չ թէ թիւով, ո՛չ թէ այն մարդոց պէս, որոնք աննպատակ կերպով կ՛ապրին աշխարհի մէջ, այլ` ա՛յն մարդոց պէս, որոնք կը ճանչնան իրենք զիրենք, իրենց ցեղը, իրենց ժառանգութիւնը եւ ազնուօրէն եւ արդիւնաւէտ կերպով ապրելու համար պարտաւորութիւններ կը զգան, յանձն կ՛առնեն: Մենք պիտի բազմանանք այնպիսի՛ մարդոցմով, որոնց գոյութիւնը ժամանակի վատնում ու մսխում չէ աշխարհի համար:
Հայկական ոգին ուժեղ ոգի է: Չար աշխարհը չի կրնար պարտութեան մատնել զայն: Ընդհակառակն, ի՛նքը պարտութեան կը մատնէ աշխարհը:
Ես կը հաւատամ մարդուն բարութեան: Ես կը հաւատամ մարդուն ազնիւ կոչումին եւ կ՛ատեմ այն ուժերը, որոնք կը ձգտին ոչնչացնել անոր ազնուութիւնը: Ես հայ գրող եմ:
Իմ զէնքը աշխարհի այլասերած ուժերուն դէմ` արթուն աչքս է, անբասիր սիրտս եւ խանդակաթ ոգիս, որոնք կը մղեն զիս գրելու:
Ես կ՛ուզեմ, որ մարդը ըլլայ վսեմ, ես կ՛ուզեմ, որ անոր կեանքը, ծնած օրէն մինչեւ մահը, ամէն րոպէ եւ ամէն տարի, ըլլայ թեթեւ, զուարթ, գրաւիչ եւ իմանալի: Ես կը հաւատամ, որ այդպէս պիտի ըլլայ օր մը:
***
Եղաւ ատեն մը, երբ շատ դժուար կացութեան մը մատնուեցայ քննադատներու կարծիքներուն պատճառով, բայց շուտով յաղթահարեցի այդ դժուարին կացութիւնը: Գովասանքէն չեմ շփանար, քննադատութենէն չեմ վիրաւորուր. այդ ամէնքը տեղի կ՛ունենան ինձմէ անկախ պատճառներով, առարկայականօրէն: Երբ իմ գործը անգամ մը հրապարակ հանուած է, ես զայն կը համարեմ առարկայ մը, որ իր անջատ կեանքը ունի:
ՈՒԻԼԻԸՄ ՍԱՐՈՅԵԱՆ