«Լը Տըւուար» Թերթը`
Հայաստանի Անկախութեան Մասին
Այս տարի ի սփիւռս աշխարհի ցրուած հայերը կը տօնակատարեն 1918 մայիս 28-ին հռչակուած Հայաստանի Հանրապետութեան յիսուներորդ տարեդարձը:
Արդի ժամանակներու այս անկախութիւնը կը զուգադիպէր Լեհաստանի, Չեխոսլովաքիոյ եւ ուրիշ երկիրներու անկախութեան, Ա. Համաշխարհային պատերազմի վերջաւորութեան, ազատագրուելէ ետք օտար գերիշխանութենէ, որուն ենթակայ էին դարերով:
Վերջին տարիներուն Քանատան դարձած է բազմաթիւ հայերու նախասիրած երկիրը, ուր տակաւ կը հաստատուին անոնք:
Տասը տարուան ընթացքին անոնց թիւը 300-էն բարձրացած է 12.000-ի միայն Մոնրէալի մէջ: Եւ, ըստ նախատեսութեանց, քանի մը տարիէն այս թիւը պիտի անցնի քսան հազարը:
Այսուհանադերձ, շատ քիչ քանատացիներ ընդհանրապէս եւ յատկապէս մոնրէալցիներ կան, որոնք իրապէս կը ճանչնան հայերը: Ո՞վ են, ի՞նչ էին, ուրկէ՞ կու գան, ի՞նչ են անոնց ձգտումները:
Պատմական Ծագում
Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումի յիսնամեակի տարադարձի առիթէն ուզեցինք օգտուիլ` այս թերթի ընթերցողներուն ճանչցնելու իրենց նոր հայրենակից հայերը:
Պատմական Հայաստանը երկիր մըն է, որ կը տարածուի Սեւ եւ Կասպեան ծովերուն միջեւ` հիւսիսը ունենալով Կովկասեան լեռները: Երկիրն է Սուրբ Գիրքի Արարատ սարին, որուն վրայ հանգչեցաւ Նոյի տապանը:
Հայերը 3000 տարուան գրաւոր պատմութիւն մը ունին: Անոնք ժամանակակից եղած են աշխարհի ամէնէն հին քաղաքակրթութեանց, ինչպէս` ասորական, հելլենական, պարսկական, հռոմէական, բիւզանդական:
Աւետարանուած Թադէոս եւ Բարթողիմէոս առաքեալներու կողմէ եւ հայ ազգային եկեղեցւոյ հիմնադիր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի մղումով` հայերը առաջինը եղան քրիստոնէութիւնը պետական կրօն ընդունող, 301-ին: Լուսաւորիչ նախ դարձի բերաւ Տրդատ Գ. թագաւորը, որ հեթանոս տաճարներ խորտակելէ ետք, իր հպատակներուն պարտադրեց նոր կրօն:
Մեծ Ու Դժուարին Ճակատագիր
«Ազգ մը սահմանագլուխ ու պետութիւն չէ միայն, այլ ամէնէն առաջ առաքելութիւն մըն է», գրած է ֆրանսացի մեծ բանաստեղծ Շարլ Փեկի:
Հայերու պարագային, շնորհիւ երկրի աշխարհագրական դիրքին, այդ առաքելութիւնը եղած է միջնորդ ու թարգման ըլլալ Արեւմուտքի եւ Արեւելքի միջեւ` փորձելով բացատրել մէկուն ու միւսին եւ հաշտեցնել անոնց հակադիր, բայց լրացուցիչ հանճարները:
Այս դերը Հայաստանը խաղացած էր վաղնջական դարերուն` Հռոմի եւ պարթեւներուն միջեւ. զայն շարունակեց միջին դարուն` Բիւզանդիոնի ու արաբ կայսրութեան միջեւ, ապա արդի դարերուն` Եւրոպայի եւ իսլամական Արեւելքի միջեւ: Այսպէս, անիկա արդարօրէն շահեցաւ հետեւեալ կոչումը. «Արեւմտեան քաղաքակրթութեան յառաջացեալ կռուան` Արեւելքի դուռերուն»:
Հայաստանի այս դերն ու դիրքը, մարդկութեան քաղաքակրթութեան հակամէտ ու հակադիր մեծ հոսանքներու խաչուղիին վրայ, եթէ նպաստաւոր ազդեցութիւն մը ունեցան իր մշակոյթի ու սեփական քաղաքակրթութեան զարգացման հաշուին, նոյն ատեն զայն եղերականօրէն դրին Ասիոյ դէպի հարաւարեւմտեան Եւրոպայի դէմ բոլոր մեծ բախումներու ճամբուն վրայ:
Վեց Դարու Գերութիւն
Այսպէս, Հայաստան կարգաւ որս դարձաւ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի ժողովուրդներուն:
Այն դարաշրջաններուն, երբ Հայաստանի թագաւորութիւնը իր բարեկամները ընտրելու չափ զօրաւոր եղաւ, կամովին դարձաւ դէպի Արեւմուտք. սակայն որովհետեւ Հայաստան ոչ ամբողջովին Արեւմուտք էր, ոչ Արեւելք, տառապեցաւ մէկէն եւ միւսէն:
Հայաստան կատարեց ուրեմն իր պատմական առաքելութիւնը, ըստ Փեկիի խօսքին, սակայն դուրս եկաւ շնչասպառ, խոշտանգուած իր հզօր դրացիներէն, ու, վերջին հաշուով, քաղաքականօրէն երկրագունդի քարտէսէն դուրս ձգուեցաւ 14-րդ դարէն սկսեալ:
Սակայն, շնորհիւ իրենց առանձնայատկութեան, նաեւ` շնորհիւ իրենց որոշումին, ամէն գնով վերապրիլ իբրեւ ազգային էութիւն, հայերը կրցան պահպանել իրենց ազգային եւ մշակութային դիմագիծը` հակառակ վեց դարու քաղաքական գերութեան, իրենց սեփական հողին վրայ:
Իրենց առանձնայատկութեան ամէնէն կարեւորներէն յիշենք.
1.- Իրենց կրօնը: Քրիստոնեայ` անոնք իրենց ազգային եկեղեցիին ծառայեցին ընդդէմ յափշտակիչ թուրքերուն:
2.- Իրենց լեզուն: Այբուբեն մը, որ բոլորովին տարբեր է միւսներէն, անոնց հնարաւորութիւն տուաւ տոկալու ուծացման ամէն փորձի, զոր կը կատարէին զանազան գրաւիչներ, իրենց ազգային հողին վրայ: Այսպէս, անոնք զարգացուցին խիստ հարուստ գրականութիւն մը, որ հայագէտներու հիացումին առարկայ է, սակայն անծանօթ կը մնայ ընթերցող լայն հասարակութեան, ճիշդ անոր համար, որ այբուբենն ու լեզուն տարբեր են միւսներէն, ու նաեւ անոր համար, որ քիչ թարգմանութիւններ կան օտար լեզուներով:
3.- Երկրին արտաքին կերպարանքը: Բարձր լեռներով երկիրները միշտ ալ բնակավայրը եղած են հպարտ ցեղերու, որոնք վճռած են սուղ գինով պաշտպանել իրենց կեանքն ու ինքնութիւնը: Առանց իր լեռներուն` այս ժողովուրդը պիտի չկարենար գոյատեւել մինչեւ օրս:
Ապստամբութիւնը: 19-րդ դարուն Հայաստան քաղաքականօրէն բաժնուած էր օսմանեան Թուրքիոյ (Արեւմտեան Հայաստան) եւ ցարական Ռուսիոյ (Արեւելեան Հայաստան) միջեւ: Թուրքերը ընկերային, տնտեսական հարստահարութեան եւ ֆիզիքական բնաջնջումի քաղաքականութիւն մը կը գործադրէին: Ռուսերը, մի առ մի ջնջելով հայերուն տրուած առանձնաշնորհումները, մշակութային ուծացումի քաղաքականութիւնը կը գործադրէին:
Թուրքիոյ գերիշխանութեան տակ, Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, հայերը հարստահարութեան դէմ ապստամբութիւն կազմակերպեցին: 1890-ին ազգային քաղաքական կուսակցութեանց ստեղծած ապստամբական խմբաւորումները միաձուլուեցան Հայ յեղափոխականներու դաշնակցութեան մէջ, որ ազատագրութեան շարժման գլուխն անցաւ ու պայքարեցաւ ի խնդիր օսմանեան կայսրութեան մէջ համեստ կեանքի մը նպաստաւոր պայմաններ ստեղծելու: Այս ազգային կուսակցութեանց ամէնէն կարեւորը` Դաշնակցութիւնը, այս տարի կը տօնէ 78-րդ տարեդարձը այդ կուսակցութեանց միաձուլումին:
Թարգմ. Պ. Թ. Մ.
(Շար. 1)