50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (24 Յուլիս 1968)

Իմաստուն Խօսքեր - Բարձր դիրքեր ունեցող մարդերը երիցս գերի են. գերի պետութեան, գերի հռչակի եւ գերի` աշխատանքի: Ո՛չ մէկ ազատութիւն ունին: Ո՛չ իրենց գործերուն մէջ ազատութիւն ունին եւ ո՛չ ալ` իրենց ժամանակը տրամադրելու մէջ: Բարձր դիրքի հասնիլը յոգնեցուցիչ է, եւ մարդիկ տքնելով կը հասնին տեղ մը, ուր աւելի՛ շատ պէտք է տքնին: Ֆրանս Պէյքըն - Պատմութիւնը օգտակար է ո՛չ թէ անոր համար, որ տեղեկութիւններ կու տայ անցեալին մասին, այլ` անո՛ր համար, որ ուղեցոյցի եւ ուսուցիչի դեր կը կատարէ ապագային համար: - Երբ ուրիշներէ չես ուզեր ամչնալ, դուն քեզմէ ամչցիր: - Համբաւը արժէքի երաշխիք չէ միշտ: - Բանտերը գոց են գիշեր...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (23 Յուլիս 1968)

«Ալիք»-ի Նորակառոյց Շէնքին Պաշտօնական Բացումը Յուլիս 9-ին տեղի ունեցած է Թեհրանի մեր պաշտօնակից «Ալիք» օրաթերթի նորակառոյց շէնքին պաշտօնական բացումը: Ներկայ եղած են` վարչապետ Ամիր Ապպաս Հովէյտա` իր շքախումբով, ծերակոյտի եւ խորհրդարանի նախագահութիւնները, նախարարական կազմը, կառավարական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, հայ ազգային ժողովներու, մարմիններու եւ յարանուանութեանց ներկայացուցիչներ: Օրուան հանդիսութեան բացումը կատարած է «Ալիք»-ի արտօնատէր Ռոստոմ Ստեփանեանը:  Անդրադարձած է «Ալիք»-ի պատմականին եւ կատարած դերին: Բարձրախօսի մօտ հրաւիրուած է վարչապետը: Ան նախ իր անսահման ուրախութիւնը յայտնած է եւ շնորհաւորած է «Ալիք»-ը եւ պարսկահայութիւնը` ձեռք բերուած նուաճումին համար: Ապա յայտնած է, որ պարսկահայութիւնը իր մեծ դերը ունեցած է եւ կը շարունակէ ունենալ Պարսկաստանի բարգաւաճման գործին մէջ:...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (21 Յուլիս 1968)

Ընթերցումներուս Հետ «Ուռկանը» Հեղինակ` Յ. Գեղարդ Յ. Գեղարդ նոր հատորով մը հրապարակ իջաւ այս տարի: Տասնվեց պատմուածքներով կազմուած, մաքուր եւ խնամուած տպագրութեամբ գեղեցիկ գիրք մը` «Ուռկանը», որ գրական որոշ խառնուածքի մը, զարգացման մէկ աստիճանին արգասիքը կը կազմէ, որովհետեւ հեղինակը անծանօթ դէմք մը չէ սփիւռքահայ գրականութեան մէջ: Այս քանի մը հատորով լոյս ընծայած է արդէն իր գրական վաստակը առանց հաշուելու անշուշտ այն գրական-գեղարուեստական աշխատանքները, որոնց կը հանդիպինք երբեմնի «Ակօս»-ի կամ ներկայի` «Բագին»-ի ու «Ազդակ»-ի էջերուն մէջ: Յ. Գեղարդի համար գրականութիւնը ո՛չ միայն ապրում է, այլ նաեւ աշխատանք, ստեղծագործութիւն, եւ իր այս նոր հատորի վերջին էջին վրայ արդէն կը կարդանք այլ չորս...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (20 Յուլիս 1968)

Թուրք Մամուլը Հայերու Դերը Օսմանեան Պետութեան Մէջ «Ենի Իսթանպուլ»-ի մէջ Էրտողան Արըփընար «Հայկական հարցը» իր յօդուածաշարքին մէջ կը ներկայացնէ նաեւ հայերու կատարած դերը օսմանեան պատմութեան մէջ: Ի միջի այլոց կը գրէ. «Հայ ժողովուրդը ճիշդ 650 տարի ամենալաւ պայմաններու տակ ապրեցաւ թրքական հողերուն վրայ: Գնահատուեցաւ եւ ոչ ոք կասկածեցաւ, թէ կառավարութեան մէկ տկար վայրկեանին գրգռիչ ազդեցութիւններու ենթակայ պիտի ըլլար: «Հայերը ամենաբարձր դիրքերու տիրացած էին այդ շրջանին եւ ստացած էին «հաւատարիմ ազգ» տիտղոսը: Դեռ մօտաւոր անցեալին օսմանեան կառավարութեան մէջ կային 11 հայ նախարարներ, ինչպէս` Յակոբ փաշա, արքունի արկղակալ` Միքայէլ Փորթուգալեան փաշա, Գազազեան փաշա, մարաջախտ Կարապետ Արթին Տաւուտ, Անտոն Թընկըր Եաւեր, թղթատարութեան նախարար...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (19 Յուլիս 1968)

Հանգիստ Խադ. Արք. Աջապահեանի Ցաւով կը հաղորդենք վախճանումը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբաններէն Խադ արք. Աջապահեանի, որ տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 17 յուլիս, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ազունիէի Ազգ. բուժարանին մէջ, յետ երկարատեւ հիւանդութեան: Խադ արք. Աջապահեան ծնած էր Սիս, 1885-ին: Ուսումը ստացած էր եւ աբեղայ ձեռնադրուած` Սիսի դպրեվանքին մէջ: Տարագրութեան տարիներուն գաւազանակիրն էր Սահակ Բ. կաթողիկոսի: Եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ Հալէպ, 1929-ին: Այնուհետեւ, յաջորդաբար, կաթողիկոսական փոխանորդ նշանակուեցաւ Դամասկոսի, ապա Անտիոքի թեմերուն: Սանճաքի Թուրքիոյ յանձնումէն ետք, 1939-ին, գաղթական ժողովուրդին հետ եկաւ Լիբանան: 1943-1945 կաթողիկոսական տեղապահ` Կարոյեան սրբազանի վախճանումէն ետք: 1946-ին նշանակուեցաւ կաթող. փոխանորդ` Լիբանանի թեմին: Երկրորդ անգամ կաթողիկոսական տեղապահ ընտրուեցաւ 1952-ին, Գարեգին կաթողիկոսի վախճանումէն ետք:...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (18 Յուլիս 1968)

Մեր Ընթերցողներուն.  «Ազդակ»-ը Նոր Հատավաճառով  Եւ Նոր Բաժանորդագինով

Նոթեր Ու Նետեր Նոր Աղանդ Մը Երիտասարդ ամերիկուհի մը Միացեալ Նահանգներու մէջ հիմնած է նոր աղանդ մը, որուն միակ պատուիրանն է` «Լռեցէք» Պարզապէս` պապանձումի աղանդ մը: Նախ ճշդում մը ընենք, նոր աղանդին հիմնադիր օրիորդը վստահաբար գեղեցիկ չէ: Գեղանի մը կը գեղգեղէ կամ առաւելապէս կը փափաքի, որ իր շուրջը գտնուողները դայլայլեն իրեն համար: Այս ամերիկուհին կը յաւակնի հաւատալ, որ ընտանիքներ ու ընկերութիւններ միայն լռութեամբ կրնան հասնիլ խաղաղութեան: Այս աղանդին պատկանողները պիտի չխօսին, սակայն իրենց վրայ շատ խօսեցնել պիտի տան: Սֆինքսն ալ լուռ է, բայց իր մասին շատեր կը խօսին: Բայց եթէ լռութիւնը յաճախ բարիք մըն է, նոյնքան ալ չարիք է: Անտանելի...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (17 Յուլիս 1968)

Պատիւ Իրեն... Յուշարձան` Ծիծեռնակաբերդի վրայ, յուշարձան` Մոնթեպելլոյի մէջ, յուշարձան` Պիքֆայայի բարձունքին` առաւել` կոթող մը Սարդարապատի պորտին, եւ արձան մը Քալիֆորնիոյ մէջ` ի փառս ազգային հերոս Սողոմոն Թեհլիրեանի: Օրըստօրէ աճող յուշարձաններու եւ կոթողներու այս թիւը յարգանք պարտադրող երեւոյթ է արդարեւ եւ կը վկայէ նահատակներուն ու հերոսներուն բացած ճանապարհը շարունակելու մեր հաւատարմութեան եւ սքանչելի յամառութեան մասին: Առաջ գիտակցական այս լոյսով ողողուած չէր մեր ժողովուրդը: Առաջ «տիրացու ազգ» կը կոչէին մեզ ու անիրաւ չէին անփառունակ այդ մակդիրին հեղինակները: Ի՛սկ եւ իսկ տիրացու ազգ էինք: Սաղմոս կարդացող ու մեղսաթաթաւ բառեր կրկնելով` շարունակ ջիղ ջլատող տեսակ մը ամբոխ, որ բռնաւորին կամ անոր հեռաւոր մանրամասնութեան արեւշատութիւն...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (16 Յուլիս 1968)

Պէյրութ Եւ Լիբանան Էտտէ. «Ծախսեցէք` Առանց Մսխումի» Լիբանանի ելեւմտական նախարար Փիեռ Էտտէ երէկ իրիկուն հարցազրոյց մը ունեցաւ լիբանանեան պատկերասփիւռէն: Էտտէ ըսաւ, որ Լիբանան կարելիութիւններ ունի յաղթահարելու դժուարութիւնները եւ խոստովանեցաւ, որ նոյնիսկ եթէ յաջողի, պիտի քննադատուի, «բայց քննադատութիւնը անհրաժեշտ է ու շինիչ»: Հարցապնդողն էր Նեժիպ Հանքաշ, որ իւրայատուկ պարզութեամբ եւ ողջմտութեամբ, «խօսեցուց» նոր նախարարը: Փ. Էտտէ ըսաւ, որ ինք «առժամեայ կարգադրութիւններու» եւ «իրաւախոհութեան» դէմ է: Ելեւմտական նախարարը ըսաւ, որ պէտք է արագ շարժիլ: «Եթէ հիւանդ եւ արիւնահոսում ունենայ, պէտք է արիւն ներարկել, նոյնիսկ եթէ գործողութիւնը սուղ ըլլայ: Արագութեան մէջ, սակայն, հապճեպ կարգադրութիւնները անխուսափելի են: Բայց ես առժամեայ կարգադրութիւններու դէմ եմ: Անշուշտ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (14 Յուլիս 1968)

Խմբագրական Ազատութիւնը Կիսամիջոց Չի Ճանչնար Այսօր ի՛նչ կ՛ըլլայ` չենք գիտեր: Բայց երէկ կացութիւնը շատ ծանր էր Չեխոսլովաքիոյ մէջ: Լարուածութիւնը այնքան սաստկացած էր Մոսկուայի եւ Փրակայի միջեւ, որ ամէնէն զգուշաւոր դիտողներն իսկ մօտալուտ կը նկատէին բռնկում մը: Անցեալ ամսուան վերջերուն Վարշաւիոյ ուխտին զինեալ ուժերը միացեալ ռազմափորձ կատարած էին Չեխոսլովաքիոյ մէջ` իբր թէ Արեւմտեան Գերմանիայէն գալիք յարձակում մը ետ մղելու համար: Բայց երեւոյթները չէին խաբեր: Բոլորն ալ կը զգային, որ ռազմափորձերուն վայրին ընտրութեան մէջ կարեւոր դեր ունեցած էր Չեխոսլովաքիոյ ներքին կացութիւնը: Մոսկուա եւ իր հաւատարիմները անհրաժեշտ նկատած էին զինական ներկայութեան մը նպաստը ընծայել չեխ համայնավարներու այն թեւին, որ տակաւին Նովոթնիներու կարօտով կը...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (13 Յուլիս 1968)

Ձախաւեր Շարժումներ Տարի մը աւելի կ՛ընէ, որ երիտասարդութիւնը, աշխարհի չորս ծագերուն, իր վրայ կեդրոնացուցած կը պահէ մարդկութեան ուշադրութիւնը: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն մինչեւ Մոսկուա ու Եւրոպայի ամբողջ տարածութեան վրայ երիտասարդութիւնը պայքարի կրկէսին մէջ նետեց ինքզինք` տեղ մը աքսորուած ազատութիւնը վերահաստատելու տենդով, ուրիշ տեղ մը օտար խնամակալութիւնները թօթափելու առաջադրութեամբ, Ամերիկայի մէջ առօրեայ սպառիչ հեւքին դէմ ծառանալով, իսկ Ֆրանսայի մէջ` տը Կոլի վարչակարգը տապալելու կիրքով: Մոսկուայի երիտասարդներուն շարժումը  հարուածուեցաւ Կինզպուրկի եւ անոր ընկերներուն դէմ կազմակերպուած հերթական դատավարութեամբ, Միացեալ Նահանգներու մէջ հիփփի անունին տակ ծաւալածը ինքն իր մէջ փտեցաւ ու սահմռկեցուցիչ անդրադարձներէ զատ` ոչ մէկ հետք ձգեց, իսկ Ֆրանսայի գազազած ուսանողներուն յեղափոխութիւնը, իր կարգին,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (12 Յուլիս 1968)

Նոթեր Ու Նետեր Եթէ Աղջիկ Զաւակ Մը Ունենայի... Երբ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Տին Ռասքի աղջիկը ամուսնացաւ սեւամորթի մը հետ, եղան ըսողներ. - Այս ամուսնութիւնը զուտ սիրայի՞ն է, թէ սիրախառն քաղաքական նպատակ ունի: - Արդեօք սեւամորթները սիրաշահելո՞ւ համար կնքուեցաւ այդ հիմենեան միութիւնը: - Արդեօք ամերիկեան հանրապետութի՞ւնն ալ կը հետեւի թագաւորներու օրինակին` խնամութիւնով խաղաղութիւն հաստատելու համար: Կամ` ստեղծելու համար հարսանիքով հաշտութիւն, համերաշխութիւն: Եւրոպայի այն երկիրները, որոնք տակաւին թագաւոր ունին, բոլորն ալ իրարու ազգական են, քանի որ իրարու աղջիկ տուած կամ առած են: - Չի՞ կրնար ըլլալ, որ վաղն ալ ուրիշ ամերիկացի պետական անձնաւորութեան մը դուստրը ամուսնանայ չինուհիի մը հետ, եւ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (11 Յուլիս 1968)

50 Տարի Առաջ (11 Յուլիս 1968)

Գարեգին Եպս. Սարգիսեան Ուփսալայի Մէջ, Շուէտ Դրան եպիսկոպոս Գարեգին Սարգիսեան եւ հարաւային Ֆրանսայի առաջնորդ Արտաւազդ եպս. Թրթռեան` իբրեւ պատգամաւորներ Կիլիկեան Աթոռին, յուլիս 4-էն ի վեր կը մասնակցին Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի Դ. ընդհանուր համագումարին, որ տեղի կ՛ունենայ Ուփսալայի (Շուէտ) համալսարանին մէջ: «Էսոշիէյթը Փրես»-ի կողմէ մեզի տրամադրուած այս նկարը ցոյց կու տայ սրբազանը անկլիքան եկեղեցական, Լիվըրփուլի երէց Սթիուըրթ Պլանշի հետ: Մայիս 28-ի Յիսնամեակի Փառահեղ Տօնակատարութիւնը Սիտնէի Մէջ Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէի եւ մասնակցութեամբ` ՀՄԸՄ-ի, Հայ մշակութային միութեան եւ Հայ օգնութեան միութեան, Սիտնէի հայութիւնը ականատես եղաւ մայիս 28-ի յիսնամեակին նուիրուած փառահեղ եւ աննախընթաց հանդիսութեան մը: Հանդէսը տեղի ունեցաւ Գամմըրէի «Անզաք» սրահին մէջ: Ներկայ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (10 Յուլիս 1968)

Մեր Ընթերցողներուն

Էրեբունի - Երեւան Հնագոյն Քաղաքը Ժողովուրդներու նման` քաղաքներն ալ ունին իրենց պատմութիւնը: Կը ծնին, կ՛ապրին եւ յաճախ կը մեռնին` թողնելով լոկ յուշ, զարդարելով միայն պատմութեան էջերը: Եւ շատ են այն քաղաքները, որոնք ծնած են հնագոյն դարերէն, ապրած են անկումներով եւ վերելքներով լի կեանք մը եւ այսօր ալ կը շարունակեն ապրիլ կենսունակ ու հաստատուն` հայեացքը յառած գալիք դարերու փորձութիւններուն: Այդ քիչերու մէջ առաջիններէն է մեր մայրաքաղաք Երեւանը, որ իր ժողովուրդին նման ու անոր հետ, յաջորդաբար անցած է մարդկային պատմութեան գրեթէ բոլոր փուլերը: Հայկական Լեռնաշխարհի մէջ, ՔԱ 9-րդ դարուն պատմութեան բեմ ելաւ Ուրարտական պետութիւնը` կեդրոն ունենալով Վանը, իր շրջակայքով: Ուրարտական մեծ նուաճող...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (9 Յուլիս 1968)

Ակնարկ Վիրաւորելու Գնով Այս տողերը հաճոյքով չեն գրուիր: Կը գրուին սրտի բեկումով: Եթէ կ՛ուզէք` ամօթով: Ամօթը, զոր կը զգանք ամէն անգամ, երբ հայ մարդիկ, մանաւանդ` երիտասարդներ, որոնք ոչ մէկ արդարացում ունին, թրքերէն կը բարբառին հրապարակային վայրերու մէջ, փողոցը, սրճարանը, օթոպիւսներու մէջ, մինչ հայու արժանապատուութիւնը կ՛ուզէ, որ այդ անիծեալ լեզուն չգործածեն նոյնիսկ իրենց ընտանեկան մտերմութենէն ներս: Այս հիւանդութեան ընդհանրապէս կ՛անդրադառնանք ամառը, որովհետեւ այս եղանակին աւելի հնարաւորութիւն կը տրուի մեզի չափելու չարիքին խորութիւնը, օդափոխութեան վայրերու մէջ, երբ սրճարանները լեցուն են թրքախօսներով: Կը տեսնէք հասած, հայու աղուոր աչքերով պատանիներ, երիտասարդներ, մեծերու խաթարող դրացնութեամբ, կոշտ, վարկաբեկիչ թրքերէն մը կը խօսին: Իգական սեռը եւս զերծ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (7 Յուլիս 1968)

Նոթեր Ու Նետեր  Լեզուական (Հարց Պատասխան) - Ինչո՞ւ ֆրանսացի կարգ մը գրողներ կը գործածեն անգլերէն բառեր իրենց գրութիւններուն մէջ: - Չէ՞ որ անգլերէն գիտնալը նորաձեւութիւն է Ֆրանսայի մէջ: Այդ գրողները կ՛ուզեն իրենց անգլերէն գիտնալը գիտցնել: Նոյնիսկ կան այնպիսի գրողներ, որոնց ամբողջ գիտցածը քսանհինգ-երեսուն անգլերէն բառ է միայն: Անոնք ալ անգլերէն գիտցող կը ձեւանան: * * * - Ինչո՞ւ Հայաստանի յօդուածագիրները թրքերէն, թաթարերէն, ռուսերէն, գերմաներէն, ֆրանսերէն, լատիներէն ու նոյնիսկ չեչեներէն բառեր կը խառնեն իրենց հայերէն ապուրին մէջ: - Պարզապէս ըսել կ՛ուզեն, որ զարգացած են, հմուտ են, «Էնտէլիգե՜նտ» են ու բազմալեզուեան: Զուտ հայերէնը հասարակ լեզու է իրենց համար, եւ զուտ հայերէնը գրելով`...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (6 Յուլիս 1968)

«... Որ Ես Աշխարհին Մի Բանով Թանկ Եմ» Բարութիւնը, լաւատեսութիւնն ո բարձունքներու կարօտը մեր ժողովուրդի ցեղային խառնուածքին բնորոշ գիծերէն համարուած են սկիզբէն ի վեր ու կը մնան տիրական դեռ մինչեւ այսօր: Կեանքը, հակառակ իր դաժանութեան, մեզի տուած իր բազմապիսի հարուածներուն, սպանդներուն, աւերներուն, չէ կրցած հայ մարդուն սիրտը կարծրացնել ու վարժեցնել աւերումի, բռնութեան, չարագործութեան: Ամէնէն անյոյս պահուն յոյսի մը կառչած ենք մենք, մոխիրներէն վերյառնելու ուժեղ դրուագներով լեցուցած ենք մեր պատմութեան մէկ կարեւոր մասը, ու անձնազոհութեամբ աշխարհը բանով մը հարստացնելու, չափով մը քաղցրացնելու տրամադրութիւնը երբեք ի քուն չէ մտած մեր հոգիին մէջ: Ցեղային այս յատկանիշները իրենց արտայայտութիւնը գտած են նաեւ հայ գրականութեան...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (5 Յուլիս 1968)

Խմբագրական Հինցած Կարօտներ Չենք գիտեր, թէ ի՛նչ մթնոլորտ կրնայ տիրած ըլլալ խորհրդային եւ հունգար բարեկամութեան այն հաւաքոյթին, որ քանի մը օր առաջ տեղի ունեցաւ Քրեմլինի մէջ` Հունգարիոյ վարչապետ Եանոշ Քատարին ողջերթ մաղթելու համար: Մեզի անծանօթ կը մնայ նաեւ տեսակը այն բարեկամութեան, որ հաստատուած է երկու երկիրներուն միջեւ, երբ զայն պանծացնելու համար Խորհրդային Միութեան համայնավար կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղարը զեղումի այլ աղբիւրներ չի գտներ, եթէ ոչ... յիշել եւ մանաւանդ յիշեցնել Պուտափեշտի ապստամբութիւնը, յատկապէս` այդ ապստամբութեան ճզմուա՛ծ ըլլալու պարագան: Արդեօք ի՞նչ կրնայ ըլլալ այն բարեկամութիւնը, որուն համար հաւաքոյթներ կը սարքուին` հիւր վարչապետին ըսելու թէ տասներկու տարի առաջ իր երկրին մայրաքաղաքին մէջ ժողովրդային ապստամբութիւն...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (4 Յուլիս 1968)

Բրիտանական Համայնագիտարանը Կը Յօժարի Ուղղել Իր Սխալները Հայկական Եղեռնի Առնչութեամբ Աշխարհահռչակ «Էնսայքլոփիտիա Պրիթանիքա»-ն, որ ամէնատարածուած համայնագիտարանն է, եւ որ մեծ հեղինակութիւն եւ վարկ կը վայելէ յատկապէս մտաւորականներու, ակադեմականներու եւ քաղաքական մարդոց ու դիւանագէտներու շրջանակներու մէջ, որոշած է իր ապագայի հրատարակութիւններուն մէջ ուղղել շարք մը կարեւոր սխալներ թուրքերու գործած ցեղասպանութեան նկատմամբ: Ֆլորիտայի Աթլանթիք համալսարանի ընկերաբանութեան դասախօս, փրոֆ. Վահագն Տատրեան ութ էջնոց ընդարձակ յօդուածով մը քննադատած էր համայնագիտարանի խմբագիրները, որոնք թոյլ տուած են լուրջ սխալներ, դիտումնաւոր խեղաթիւրումներ եւ գիտութիւնը վարկաբեկող մակերեսայնութիւն: Անոր դիտողութիւնները հիմնուած էին բազմաթիւ աղբիւրներու, մէջբերումներու եւ փաստաթուղթերու վրայ: (Սոյն յօդուածը տպուած է «Արմինիըն Ռիվիու»-ի վերջին թիւին մէջ): Երեք ամիս...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (3 Յուլիս 1968)

Խմբագրական Վկայութիւն Մը Հիւսիսային եւ հարաւային Ամերիկա կատարած իր շրջապտոյտի ընթացքին Ամենայն հայոց հայրապետը վերջերս այցելեց նաեւ Պուէնոս Այրէս, ուր մեր պաշտօնակից «Արմենիա»-էն կ՛իմանանք, թէ ունեցած է մամլոյ ասուլիս մը, որուն ներկայ գտնուած են արժանթինեան կարեւոր թերթերու ներկայացուցիչներ: Յայտնելէ ետք, թէ կու գայ Էջմիածնէն` «որ 1700 տարիներէ ի վեր կը մնայ կանգուն», Վազգէն կաթողիկոս կը վկայէ, որ «շատ բան փոխուած է վերջին տասը տասնհինգ տարիներու ընթացքին եւ կառավարութիւնը շատ աւելի ուշադիր եւ յարգալից է դէպի եկեղեցին»: Այս պարագային «ուշադիր»-ը տեղին գտնելով եւ «յարգալից»-ին տալով քաղաքավարական խօսքի իր բաժինը, կ՛անցնինք բուն հարցին, ընդգծելու համար յայտարարութիւն մը, որ Էջմիածնի հայրապետին բերնին մէջ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (2 Յուլիս 1968)

Գրական Առօրեայ Նարեկացին Եւ Իր Թարգմանիչները Հայ ստեղծագործ մտքի հզօրագոյն արտայայտութիւններէն մին համարուող Նարեկացիին ազդեցութիւնը` առաւելագոյն չափով մը զգացուց իր ներգործութիւնը մեր գրականութեան բոլոր անսովոր խառնուածքներուն առիթով, մանաւանդ այս դարու սկիզբէն մինչեւ երեսնական թուականները: Մեծարենցէն մինչեւ Ինտրա, Սիամանթոյէն մինչեւ Վարուժան ու Չարենց, եւ առհասարակ բիւրեղացումի հասած ամէն տաղանդ չափով մը պարտական է Նարեկայ մեծ Մոնազնի հեղեղային յայտնութիւններուն: 19-րդ դարու երկրորդ կիսուն սկսած եւ 20-րդ դարու առաջին տասնամեակներուն արդէն իսկ մեծ նուաճումներու հասած մեր ժողովուրդին որոնող միտքը, ի թիւս այլ իրագործումներու` յայտնակերպեց նաեւ Նարեկացի բանաստեղծը եւ զայն տեղաւորեց գրական իր պատուանդանին վրայ: Շնորհիւ վերլուծական աշխատանքներուն եւ կիրարկուած նոր չափանիշներուն` մեր իրականութեան...

Կարդալ ԱւելինDetails
Page 20 of 69 1 19 20 21 69

Արխիւներ