Օրուան Դէպքերուն Հետ
Մեր Լաւ Բարեկամները…
Փնտռելու պէտք չկայ:
Անմիջապէս ըսենք, որ մեր լաւ բարեկամները… թուրքերն են եղեր:
Ու ինչ որ ըրած են ցարդ, ըրած են բարեկամութեան համար, որպէսզի` «Թուրքիա ապրող մեր հայ հայրենակիցները ամենադոյզն գանգատն իսկ չունենան»:
Այս կատակին հեղինակը թրքական թերթ մըն է` «Ենի Իսթամպուլ», որ բարեկամութեան այս հաւաստիքները տալէ (եւ, անշուշտ, լուռ անցնելէ ետք այն միւս «հաւաստիքներուն» վրայէն, որոնք յիսուն տարի առաջ հուրով ու սուրով տրուեցան մեր ժողովուրդին), կը գանգատի, որ Թուրքիոյ դէմ «մեծագոյն դաւադրութիւնը» կը նիւթուի իրենց «Սահմաններուն շատ մօտիկ տեղ մը, Լիբանանի մէջ»: Եւ ոչ թէ` Չինաստանի մէջ, ինչպէս կ՛ակնկալուէր…
«Ենի Իսթամպուլ» դժգոհ է իր երկրին պետական իշխանութիւններէն, որոնք` «այս երեւոյթին դէմ անտարբեր կը գտնուին»: Հարց կու տայ մանաւանդ, թէ` «Ինչո՞ւ արտաքին գործոց նախարար Սապրի Չաղլայանկիլ, որ համբաւաւոր է իր պտոյտներով, անգամ մը չի կանչեր լիբանանեան դեսպանը եւ հաշիւ չի պահանջեր» իրենց «սահմաններուն մօտ բեմադրուած այս կսկծալի կատակերգութեան առթիւ»:
Ու վերջապէս` արթնութեան կոչը.
– Արթննա՛նք, արթննանք այլեւս:
Արթննանք ու արթնցնենք թուրք լրագրողին թմրած ուղեղին մէջ մտցնելու համար այն տարրական ճշմարտութիւնը, որ խօսքի ու կարծիքի ազատութիւնը վայելող երկիրներու դեսպաններուն համար այդպիսի գանգատներ լսելի չեն կրնար ըլլալ: Կը մերժուին ամենայն «քաղաքավարութեամբ»` իբրեւ ներքին գործերու անընդունելի միջամտութիւն: Ու եթէ Չաղլայանկիլ այդ փորձութեան մէջ չ՛իյնար, պարզապէս անոր համար է, որ իբրեւ փորձառու դիւանագէտ` կանխաւ գիտէ, թէ ի՛նչ պատասխան պիտի տրուի իրեն:
Աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ մարդիկ ու պետութիւններ կը յարգեն անիրաւուած ժողովուրդներու ազգային զգացումները, ու եթէ գործնապէս բան մը չեն կրնար ընել` իրաւունքներու վերականգնումին համար, առնուազն չեն զլանար բարոյական առողջ կեցուածքի մը թանկագին նպաստը, ի՜նչ փոյթ, եթէ այդ նպաստը հաճելի չի թուիր ցեղասպանին:
Լիբանանի մէջ, ինչպէս` բոլոր այն երկիրներուն, ուր ապաստան գտած են թրքական ցեղասպանութեան ենթակայ մեր ժողովուրդին բեկորները, հայերը կը հանդիսանան կենսունակ եւ օգտակար տարր մը եւ կը գնահատուին իբրեւ այդպիսին: Պարտաճանաչ քաղաքացի` գիտակից իրենց պարտականութեան, անոնք շատ լաւ ծանօթ են նաեւ իրենց իրաւունքներուն սահմանին: Այդ իրաւունքներու սահմանին մէջ կը մտնէ իրենց արդար Դատին հետապնդման գործը, զոր կը տանին օրինաւոր բոլոր ճամբաներով:
«Մեր լաւ բարեկամները» ինչո՞ւ այսքան անհանգիստ կ՛ըլլան, երբ ՍԵՒ ԹՈՒԱԿԱՆ-ի մը տարեդարձին առթիւ ժողովուրդ մը կ՛ոգեկոչէ իր միլիոնաւոր նահատակները եւ այդ առթիւ հատուցում կը պահանջէ աշխարհէն:
Արդեօք կը կասկածի՞ն իրենց բարեկամութեան:
Տ. Ո.
Կարկուտ Տեղաց
Արաուլ… Խանասոր…
Արեւի առաջին ճառագայթները յուլիսեան պայծառ գիշերուան խաղաղութիւնը կու գային վրդովել:
Այգաբացին կը շողային հրճուանքէն տրոփող հայ ֆետայիներու ձեռքերուն մէջ սիրելի հրացանները:
Հայ դատը այնտեղ, լեռներուն վրայ, ուղիղ ճանապարհով:
Հայ դատը` դեռ չվերածնած Հայաստանի ի խնդիր, դեռ չկոտորուած ժողովուրդին համար:
Յեղափոխականներ, հայ աննմա՛ն տղաք, որոնք անձնական կեանք, վայելք ու երազներ բերած ու կապած էին հայ ժողովուրդի հաւաքական, գերագոյն շահերուն: Ուխտած էին դրօշով կարմիր, մեր ժողովուրդի ազատագրութեան համար թափած արիւնով, ուխտա՛ծ էին հայ մտքի ու հայ բազուկի զօրութիւններով` նահատակուիլ «Ազատութեան ճանապարհին»:
Աւելի քան երկու հարիւր անձնուրաց գարուններ կու գային ահա խաւարը լուսաւորելու:
«Ֆետայինե՜ր, դաշնակցակա՜ն, վրէժխնդիր հովտումը»:
Խմբապետը արձակած էր իր հրամանը: Կը թնդային բոլոր հրացանները միաբերան: Փոխվրէժի ահեղ գնդակները ահ ու սարսափ կը ստեղծէին վրանաբնակ, բարբարոս ու հայու արիւնով արբած մազրիկ ցեղին վրայ:
Կ՛իյնային քիւրտերը` անակնկալի եկած ֆետայիի գնդակներէն:
Պատժուած էր անարգ թշնամին:
Ցնծութեամբ կը բարձրանար հայուն վրէժի ձայնը, կ՛աղաղակէր արդարութեան ձայնը` հասնելու համար մինչեւ արիւնարբու սուլթանին, հասնելու համար աշխարհի «քաղաքակիրթ» տէրերու խղճի՛ն, հոգիի՛ն:
Աղաղակը` քաջութեան, անվեհեր խոյանքի եւ վճռակամութեան հետ, արար աշխարհին կը բերէր հայ հայդուկին ազնիւ մարդկային ոգին, իսկապէս քաղաքակիրթ ցեղի մը զաւակներու զգացումները` նոյնիսկ ահարկու մարտին:
«Կանանց երբեք ձեռք տալու չէ վրիժառու հայ ֆիտան»:
Փախած էր ցեղապետը, արիւնռուշտ Շարաֆ բէկը: Վերջ գտած էր արշաւանքը` կատարեալ յաջողութեամբ:
Յաղթանակած էր հայ յեղափոխութիւնը` աւելի եւս հաւա՜տք ներշնչելով մեր ժողովուրդին մէջ, թուրքի, քիւրտի սարսափներուն, հալածանքներուն ու կեղեքումներուն դէմ կենալու, հաւա՛տք ներշնչելու հայութեան պայքարի մէջ յաղթանակելու:
Երգեցինք այն օրերուն` յաղթանակը հայութեան ազատագրութեան:
Յաղթանակած էր հայ ոգին:
«Կարկուտ տեղաց Խանասորայ դաշտումը…»:
Ու տեղաց վրէժ, տեղա՛ց դարերով զսպուած զայրոյթ: Պոռթկաց յաւերժական ժողովուրդի մը կեանքի, ազատ ու անկաշկանդ, ինքնորոշման իրաւունքի արդար ցանկութեան ճիչը:
Կ՛երգենք այսօր Խանասորի ոգին:
Կ՛երգենք այսօր Խանասորի յաղթանակը` Սարդարապատի փայլուն ճակատամարտին հետ, նուաճումներ, որոնց համար 600 տարիներ պայքարեցաւ հայ ժողովուրդը. յաղթանակներ, որոնց համար հայը զրկուեցա՛ւ, կռուեցա՛ւ, նահատակուեցա՛ւ:
Այսօր, երբ ամէն րոպէ կը զգանք, որեւէ ժամանակէ աւելի, խոր գիտակցութեամբ, Հայ դատի հետապնդման անհրաժեշտութիւնը, այսօր, երբ կը յաջողինք վճռակամութեամբ կոթողել մեր Դատը աշխարհի սրտին, կը յայտնենք խրոխտաբար, որ մեր հոգիներուն մէջ են Արաուլներն ու Խանասորները: Ամէն օր կը տեղայ կարկուտը` գօտեպնդելով այն ոգեղէն, այն սրբազան կոթողը, որ ովկիանոսէ ովկիանոս կը խիզախանայ հայ նոր սերունդի հոգիներուն մէջ:
Կը հաւատա՛նք, որ այսօր մենք յոյսն ենք մեր երիտասարդութեան ու կորովը` մեր Դատին:
Կը հաւատանք այն դրօշին, որ բարձրացաւ յուլիսեան արշաւանքին, պիտի պահենք զայն հպարտ ու վճռական, ինչպէս կատարին Սարդարապատի նորակերտ կոթողին, այնպէս ալ` մեր երգերուն, մեր պատմութեան, մեր ապրումներուն մէջ:
Կարկուտ տեղա՛ց երէկ, կը տեղայ այսօր, պիտի տեղայ ամէն օր:
ԱՐՄԷՆ ՏՕՆՈՅԵԱՆ