Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (28 Յուլիս 1968)

July 28, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընկերային Մտահոգութիւններ

Գործազրկութիւնը

Որքա՛ն խոր ցաւ կը զգանք, երբ ընտանիքի հայր մը «տարիէ մը ի վեր անգործ եմ» ըսէ, երբ հազիւ օրը օրին կ՛ապրէր: Ընկերային կեանքի ամէնէն ցաւոտ հարցերէն է գործազրկութիւնը: Աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու ժողովուրդներ կը տառապին այս հիւանդութենէն, յատկապէս` արդիւնաբերական մեծ քաղաքներու մէջ:

Անգործութիւնը մարդուն, երիտասարդ թէ տարիքոտ, յուսահատական վիճակ կը ստեղծէ եւ հոգեպէս կը տառապեցնէ, մինչեւ որ փոքրիկ աշխատանք մը ապահովէ: 1930-ական թուականներուն, տնտեսական համաշխարհային տագնապներուն, Ամերիկայի, Անգլիոյ, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ անգործներու բանակները մրցանիշը կոտրեցին: Անուրանալի է, որ բոլոր կառավարութիւնները իրենց կարելի միջոցներով օգնեցին անգործներուն եւ անոնց ընտանիքներուն:

Այսօր բաւական փոխուած է կացութիւնը: Եւրոպական եւ ամերիկեան պետութիւններ բարեփոխած եւ կանոնաւորած են ընկերային եւ աշխատաւորական օրէնքները` ի նպաստ գործաւոր դասակարգին: Անգործի մը վիճակը միշտ խղճալի է, կարօտ` նիւթական եւ բարոյական օժանդակութեան: Կառավարութիւններ` ամէնէն առաջ անգործներու հարցով կը զբաղին, որպէսզի անգործներուն թիւը չբարձրանայ: Երկրի մը մէջ չարագուշակ կացութիւն կը ստեղծուի, երբ պետութեան գանձը կը ստիպուի անգործները կերակրել: Բարեբախտաբար ամբողջ աշխարհի մէջ ներկայիս, մտահոգիչ թիւ չեն ներկայացներ անգործները:

Անգործութիւնը ի՞նչ պատկեր կը ներկայացնէ Լիբանանի մէջ: Այս փափուկ հարցով Լիւսիէն Պէյրութի մանրամասն ուսումնասիրութեամբ մը կը յայտնէ, որ 1964-ի դեկտեմբերին Լիբանան 165.000 անգործներ ունեցած է: Այս թիւը աշխատանքի ատակ դասակարգին մէկ հինգերորդ տոկոսը կը ներկայացնէ: Դժբախտաբար այսօրուան կացութեան մասին պաշտօնական վիճակագրական տեղեկութիւններ չունինք մեր տրամադրութեան տակ:

Լիբանանի մէջ անգործները ընդհանրապէս կը կազմեն արհեստ չունեցող երիտասարդներ, պըրէվէ եւ պաքալորէա ունեցողներ եւ կարգ մը մասնագէտներ, որոնց համար տեղ կը պակսի հաստատութիւններու մէջ: Ամէն տարի հազարաւոր երիտասարդներ դպրոցներէն, քոլեճներէն եւ համալսարաններէն վկայեալ դուրս կու գան, որոնցմէ շատերը միայն գործ եւ պաշտօն փնտռելով կը զբաղին:

Միւս կողմէ, Լիբանանի գիւղացիութեան նոր սերունդը, որ քիչ մը ուսում կ՛առնէ գիւղական դպրոցի մէջ` առանց ժամանակ կորսնցնելու ինքզինքը քաղաք կը նետէ, որեւէ գործ մը աշխատելու նպատակաւ: Գիւղերէն քաղաք եկողները ընդհանրապէս արհեստ չունին, որով իբրեւ օգնական գործաւոր կամ օգնական պաշտօնեայ կ՛աշխատին: Իսկ եկողներէն շատերը ատեն մը անգործ փողոցները թափառելէ ետք կը բռնեն դէպի Ամերիկա արտագաղթի ճամբան` ոսկի ամբարելու շողշողուն հեռանկարներով: Կարելի՞ է կասեցնել այդ արտագաղթը: Շա՛տ դժուար է:

Լիբանանի հողագործութիւնը, դժբախտաբար, ի վիճակի չէ լրիւ գոհացում տալու աճող նոր սերունդին պահանջներուն: Արդէն արդիական մեքենական աշխատանքներով հետզհետէ մարդկային ձեռքերու կարիքն ալ կը նուազի հողագործական շրջաններու մէջ: Այս պատճառով գիւղացի երիտասարդներ կը խտացնեն քաղաքներու անգործներուն շարքերը:

Շինարարական գործերու մէջ կարեւոր թիւ կը կազմեն որմնադիրները, ատաղձագործները եւ սեւ աշխատանքի վարժուած գործաւորները: Լիբանանի մէջ կառուցումներու մարզին մէջ սուրիացի գործաւորներն են, որ մեծապէս օգտակար կ՛ըլլան` կատարելով շէնքի մը ամէնէն դժուար եւ ծանր աշխատանքը: Որով, սուրիացի գործաւորները եթէ չգան Սուրիայէն, գործաւորի մը օրավարձը մինչեւ քսան լ. ոսկի կրնայ բարձրանալ: Բարեբախտաբար սուրիական կառավարութիւնը առանց դժուարութեան կ՛արտօնէ այդ գործաւորներուն մեկնումը` հակառակ պետական խիստ արգելքներուն:

Կրթական մարզին մէջ լիբանանեան եւ օտար վարժարաններ կարեւոր թիւով շրջանաւարտներ կու տան, որոնցմէ շատերը պաշտօններ գտնելու յոյսերով կ՛ապրին: Այս տարուան Փարիզի մայիսեան դէպքերը մասամբ արդիւնք են ուսանողական այն մտահոգութեանց, որ առաջ կու գան վկայական ստանալէ ետք պաշտօն գտնելու համար: Ուսանողներ կը պահանջեն, որ վկայական առնելէ ետք, կառավարութիւնը անմիջապէս գործ հայթայթէ իրենց: Ուսանողներու միակ մղձաւանջը գործ գտնելու դժուարին հարցն է, յատկապէս` գրականութեան, փիլիսոփայութեան, ընկերաբանութեան, տնտեսագիտութեան, իրաւագիտութեան եւ ուսուցչութեան ճիւղերուն հետեւողներուն համար: Թեքնիք ճիւղերու` երկրաչափութիւն, ելեկտրոնիք, քիմիագիտութիւն, առեւտուր եւ բժշկութիւն, առ այժմ բաւական լայն ասպարէզ կայ աշխատելու համար:

Անդրադառնալով Լիբանանի անգործներու մասին, երկրին տնտեսական կառոյցը աչքի առջեւ ունենալով, յատկապէս` արտաքին առեւտուրին տարեկան բացը (1634 միլիոն լ. ոսկի 1966-ին), անհրաժեշտ է, որ Լիբանանի մէջ զարգանան արդիւնաբերութեան բոլոր մարզերը: Առաջին գիծի վրայ կու գայ ճարտարարուեստի կազմակերպումը` իր բազմաթիւ ճիւղաւորումներով: Ճարտարարուեստի ընդլայնումը կը պահանջէ մասնագէտ վարպետներ եւ գործաւորներ` կարողանայ աշխատցնելու համար արդիական սարքաւորումներով հիմնուած գործարանները: Երկրորդ գիծի վրայ կու գան` հողային արդիւնաբերութիւնը, շինարարական ճիւղը, սննդեղէնի արդիւնաբերութիւնը եւ այլն:

Երկրի մը տնտեսական կեանքը կանոնաւորելու համար իրերհասկացողութեան մթնոլորտ մը անհրաժեշտ է դրամագլուխի եւ գործաւոր դասակարգի միջեւ: Թէեւ պետութեան կողմէ ընկերային օրէնքներով ճշդուած են կողմերու պարտաւորութիւնները, այսուհանդերձ, համերաշխ ոգիով կարելի է բազմաթիւ դժուարութիւններու առաջքը առնել: Երբ գործարանատէրը չի շահիր, կը գոցէ իր հաստատութիւնը եւ, այսպիսով, աշխատաւորը կը դառնայ գործազուրկ: Դրամագլուխը առանց աշխատաւորի, իսկ աշխատաւորն ալ առանց դրամագլուխի` չեն կրնար աշխատիլ: Աշխատաւորը գործ կ՛ունենայ, երբ արտադրութիւնը սպառի: Ապրանքը կը սպառի, երբ գինը կը յարմարի միջազգային գիներուն: Դրամագլուխը կրնայ անհատի մը եւ կամ պետութեան մը պատկանիլ: Դրամներուն կամաւոր արժեզրկումները յաճախ կապուած են արտաքին առեւտուրի նուազումին: Որպէսզի գործաւորները աշխատին, պետութիւնները կ՛ուզեն աժան դրամով ապրանք արտածել եւ յաճախ յաջողած են այս գետնի վրայ:

Գործազրկութիւնը միջազգային ընկերային հիւանդութիւն է: Ամէն երկիր կը տառապի առաւել կամ նուազ չափով: Գործազուրկներուն թիւը տեսակ մը աստիճանաչափ է երկրի մը տնտեսական կացութեան:

ԳԷՈՐԳ ՍԱԶՃԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Բնութեան Պահապան Փապլոն

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.