Վերափոխում
«Օրհնեալ ես դու ի կանայս»
(Ղուկաս Ա. 42)
Հայ քրիստոնէական եկեղեցին մեծ կարեւորութեամբ կը տօնախմբէ Աստուածածնի Վերափոխման յիշատակը:
Ըստ աւանդութեան, Ս. Կոյսը վախճանած է Երուսաղէմի մէջ, Քրիստոսի համբարձումէն 15 տարիներ ետք: Աշակերտները զայն թաղած են Գեթսեմանիի ձորին մէջ: Թաղման արարողութեան ներկայ չէր եղած միայն Բարթողիմէոս առաքեալը, որ փութացած էր Երուսաղէմ` յարգանքի իր վերջին պարտականութիւնը կատարելու: Մեծ կ՛ըլլայ առաքեալներուն զարմանքը, երբ թափուր կը գտնեն Աստուածածնի գերեզմանը: Աստուածորդին երկիր իջնելով` երկինք փոխադրած էր իր մօր մարմինը:
Գեղեցիկ է Վերափոխման աւանդութիւնը եւ պարզ` իր հաւատքին մէջ: Ան ցոյց կու տայ Աստուածածնի կատարեալ էակ մը եղած ըլլալը, ինչպէս նաեւ` մայրութեան առաքինութեան լինելութիւնը:
«Օրհնեալ ես դու ի կանայս». հրեշտակը այս բառերով աւետած էր Մարիամի, թէ Աստուած հաճած էր, որ իր Միածին Որդին մարմին առնէր վերջնոյն արգանդին մէջ` աշխարհի մէջ իրագործելու համար գերբնական պարտականութիւնը: Որով այսօրը տօնն է բոլոր կին արարածներուն, որոնք որդեգրած են ու կ՛ապրին աստուածահաճոյ կեանք մը:
Մարդկային քաղաքակրթութեան պատմութեան ուսումնասիրութենէն գիտենք, որ քրիստոնէութիւնը եղաւ տիեզերական այն կրօնը, որ կինը համահաւասար դասեց մարդուն հետ: Քրիստոնէական աշխարհին մէջ իգական սեռը արժէք ստացաւ եւ գրաւեց իրեն արժանի տեղը ընկերութեան մէջ: Մարիամ Աստուածածնի անձը դարձակէտ մը եղաւ քաղաքակրթութեան յառաջդիմութեան:
Հայ ժողովուրդը իր կազմակերպման սկզբնական շրջանին իսկ գիտցաւ յարգել կին էակին իրաւունքները: Հեթանոսական շրջանի հայ ժողովուրդի պատմութեան ընթերցումը բացայայտօրէն կ՛ընդգծէ անոր բարոյական բարձր ըմբռնումը եւ այդպիսի ապրելակերպի մը որդեգրումը: Այս իմաստով, հայեր իրենց Անահիտ դիցուհիին մէջ մարմնաւորած են կնոջ մը բոլոր առաքինութիւնները ու զայն պաշտած` իբրեւ «Մայր ամենայն զգաստութեանց»: Մեր նախահայրերը միշտ յարգած են կինը, որովհետեւ զայն նկատած են իբրեւ սիւնը ընտանիքին: Ընտանեկան սրբութեանց անաղարտ պահպանութիւնը կարեւոր ազդակներէն մէկը հանդիսացած է հայուն քաղաքակրթութեան եւ գոյատեւման:
Քրիստոնէական եկեղեցին սկիզբէն յարգած ու պատուած է Ս. Կոյսը, փաստ` եկեղեցիներու աւագ խորանները, որոնք Ս. Կոյսին նկարով զարդարուած են: Ձեւով մը, Աստուածածինը դրուած է հեթանոս դիցուհիներու տեղը եւ իր վրայ հրաւիրած` մարդոց պաշտամունքը: Նարեկացին հետեւեալ բառերով ներբողած է Աստուածածինը.
«Հրեշտակ ի մարդկանէ, մարմնատեսիլ քերովբէ, երկնաւոր արքայուհի, անխառն իբրեւ զօդ, մաքուր որպէս լոյս, անշաղախ ըստ նմանութեան պատկերի արուսեակին բարձրութեան, գերազանցեալ զբնակութիւն անկոխելին, սրբութեանց երանաւոր խոստման տեղի, Եդեմ շնչական» (Բան Զ.):
Աստուածամայրը իր մաքրամաքուր կենցաղին շնորհիւ յարգանք խլած էր իր շուրջիններէն: Անբիծ էր ու կատարեալ մայր, եւ պարտաճանաչ` իր կնոջական ու մայրական պատասխանատուութիւններուն: Ան իր առաքինութիւններուն համար ընտրուեցաւ Աստուծմէ` մարմին տալու համար աշխարհի Փրկչին ու դարձաւ օրհնեալ:
Տիրամօր կեանքին մէջ երբեք չենք հանդիպիր դէպքի մը, ուր շլացած տեսնենք զինք իրեն տրուած պատիւներէն: Ընդհակառակը, ան մնացած է միշտ պարկեշտ, խոնարհ եւ գթոտ:
Աստուածածնի անձը, որ համակ մեծութիւն է, թող օրինակ ծառայէ նոր սերունդի իգական սեռին: Այժմու կեանքի պարգեւած ազատութիւնը երբեք առիթ թող չըլլայ կին արարածը պարպելու իր կնոջականութենէն: Առտնին աշխատանքները պատճառ թող չըլլան երբեք, որ իրենք հեռու կենան իրենց կնոջական ու մայրական պարտաւորութիւններէն: Մայրութեան իտէալը, որ զուգորդուած է Աստուածամօր անձին հետ, առաջնորդ թող ըլլայ հայ մայրերուն, որովհետեւ ընտանեկան յարկին տակ անոր բարոյական կեցուածքին ու մատակարարած դաստիարակութեան շնորհիւ կը կերտուի նկարագիրը նորահաս սերունդին: Հետեւաբար սուրբ Նարեկացիին հետ մենք եւս մեր ձայները բարձրացնենք առ Ս. Կոյսն եւ իրմէ խնդրենք` «կաթիլ մի կաթին քումդ կուսութեան յանձն իմ անձրեւեալ կենաց ինձ զօրէ»:
ԲԱԲԳԷՆ ՎՐԴ. ԹՕՓՃԵԱՆ
Ս. Աստուածածնայ Տօնը
Լիբանանահայութիւնը այս տարի եւս մեծ ուրախութեամբ եւ ջերմեռանդ հաւատքով տօնակատարեց Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը:
Շաբաթ, 17 օգոստոս, երեկոյեան Ս. Տիրամօր անուանակոչութիւնը տօնակատարուեցաւ ընտանեկան խրախճանքներով եւ հրավառութեամբ:
Կիրակի, 18 օգոստոս, բոլոր եկեղեցիներու մէջ հանդիսաւոր Ս. պատարագ մատուցուեցաւ եւ տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէք:
Հաւատացեալներու խուռներամ բազմութիւն մը, Պէյրութի եւ յատկապէս գիւղագնացութեան հայաշատ կեդրոններէն, դարձեալ ուխտի գնաց Պիքֆայա, կաթողիկոսարանի Ս. Աստուածածին եկեղեցին եւ խոր երկիւղածութեամբ հետեւեցաւ սրբազան արարողութիւններուն, որոնք տեղի ունեցան վեհափառ Խորէն Ա. կաթողիոսի նախագահութեամբ:
Պատարագեց եւ քարոզեց լիբանանահայոց առաջնորդ Տ. Տաճատ արք. Ուրֆալեան:
Յաւարտ Ս. պատարագի տեղի ունեցաւ աւանդական խաղողօրհնէք եւ Անթիլիասի Եկեղեցասէր տիկնանց խնամակալութեան կողմէ պատրաստուած մատաղի օրհնութիւն եւ բաշխում:
Այս անգամ եւս կարգապահութեան հսկեցին Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան պատկանող ոստիկաններ եւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտներ:
