Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (13 Օգոստոս 1968)

Օգոստոս 13, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Օրուան Դէպքերուն Հետ

Տաք Ու Պաղ

Մէկը տաքցուց, միւսը պիտի սառեցնէ:

Մէկը չորս աչքով սպասուեցաւ, միւսը` «երանի՜ չգար»:

Աւելի քան շաբաթէ մը ի վեր չեխ ժողովուրդը «սկովտիական ցնցուղ»-ի տակ է: Օր մը տաք, օր մը պաղ, մինչեւ որ գայ օրը հաճելի բարեխառնութեան:

Մարաջախտ Թիթոն ընդունողը միայն չեխոսլովաք Կոմկուսի աւագանին չէր. ամբողջ ժողովուրդը մասնակցեցաւ ինքնաբուխ խանդավառութեամբ մը, որ աննախընթաց է համայնավար երկրի մը մէջ:

Արեւելեան Գերմանիոյ ղեկավարը` Ուալթըր Ուլպրիխթ, պիտի ընդունուի միայն Տիւպչեքի եւ ընկերներուն կողմէ` իբրեւ տուրք «ընկերվարական այն միասնականութեան», որ ձեւականօրէն վերստեղծուեցաւ Պրաթիսլաւայի մէջ:

Չեխոսլովաք ժողովուրդին նախասիրութիւնները նոր փաստերու պէտք չունին: Եթէ ունենային իսկ, մարաջախտին հանդէպ դրսեւորուած սրտազեղ զգացումները բաւական պիտի ըլլային մէկ անգամ ընդմիշտ ցոյց տալու համար ժողովրդային խոր ցանկութեան մը ուղղութիւնը:

Ուլպրիխթէն ետք պիտի գայ Չեխոսլովաքիոյ միւս բարեկամը` Ռումանիոյ նախագահ Չաուչեսքուն, որ անկախութեան դրօշակ պարզած է` ոչ միայն ընկերվարական իւրայատուկ ճամբայ մը գծելով, այլ նաեւ` արտաքին քաղաքականութեան մարզին մէջ:

Տաքէն ետք` պաղ, ու պաղէն ետք` տաք: Մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակուի այս ընթացքը: Պրաթիսլաւան ժամանակաւոր լուծումներ բերաւ ստիպողական հարցերու: Բայց այդ հարցերը մնացին նոյնը: Ոչ ոք խաբուեցաւ երեւոյթներէն: Ու հիմնական հարցը այն է, թէ Մոսկուա ինչպէ՛ս պիտի հաշտուի այն գաղափարին հետ, որ ընկերվարութիւնը կարելի է իրագործել նաեւ բոլորովին տարբեր եղանակով, քան ինչ որ յիսուն տարիէ ի վեր ի պատուի է խորհուրդներու երկրին մէջ:

Քրեմլին վտանգը կը տեսնէ Փրակայի հաւանական յաջողութեան մէջ: Ու հիմա կ՛աշխատի յարմարիլ եւ իր արբանեակները յարմարցնել կացութեան մը, որ իրմէ անկախ ստեղծուեցաւ եւ կը զարգանայ դարձեալ իր կամքէն անկախ ուղղութեամբ մը:

Եթէ ուզէ, ու կարենայ, այդ շարժումը կրնայ կատարուիլ ի շահ իրեն: Կախում ունի անոր յարմարելու իր ընդունակութենէն:

Հակառակ պարագային` կրնայ ստեղծուիլ այն կացութիւնը, որմէ ամէնէն աւելի պէտք է խուսափի Խորհրդային Միութիւնը, ի հեճուկս իրեն ստեղծուած զինակցութիւն մը, որուն դիւանագէտները կու տան նախապատերազմեան անուն մը` «Փոքր համաձայնութիւն»:

Քրեմլինի ամբողջ ճիգը պիտի ըլլայ իրեն հետ ունենալ այդ համաձայնութիւնը, փոխանակ իրեն դէմ ցցելու:

Տ. Ո.

Շարլ Ազնաւուր Իր Մասին

Վերջերս, Շարլ Ազնաւուր մամլոյ ներկայացուցիչներուն հետ ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին, ի միջի այլոց ըսած է.-

Ուլլայի հետ ամուսնանալէս ի վեր կանոնաւոր եւ առաջուան պէս շահեկան կեանք մը կ՛ապրիմ: Միշտ կը սիրէի արկածախնդրութիւնները եւ դեռ կը սիրեմ:

Ուլլա հաստատ եւ հանդարտ սէր մը պարգեւեց ինծի: Տարակարծութիւններ չկան մեր միջեւ: Երիտասարդ աղջիկները աւելի հասուն են: Թերութիւններ ունին, բայց ո՞ր մարդն է, որ չունի: Ամէն պարագայի, իրեն չեմ նախանձիր եւ ինք ալ ինծի չի նախանձիր: Նաեւ չեմ գիտեր, թէ երգելու պիտի պատրաստուի՞: Առայժմ ինծի կը հետեւի: Երգը մեր կեանքն ու մեր միութիւնն է:

Պիտի շարունակեմ երգել, այնքան ատեն որ անհրաժեշտ նկատեմ: Հրապարակէն պիտի քաշուիմ, երբ տեսնեմ, որ հասարակութիւնը զիս չ՛ուզեր այլեւս:

Պիտի ուզէի չորս-հինգ զաւակ ունենալ` գործելէ դադրելէ ետք անոնց հետ խաղալու համար:

Պէտք է գոհ ըլլամ ձեռք բերած յաջողութիւններուս համար: Բախտի չեմ հաւատար: Աշխատեցայ հասնելու համար հոն, ուր հասայ: Անշուշտ սխալներ գործեցի կեանքիս ընթացքին, բայց չեմ զղջար անցեալին համար:

Մերթ ընդ մերթ կը մտածեմ ծերութեան ու մահուան մասին: Կը սկսիմ ընտելանալ այդ մտածումներուն հետ: Առաջ ատեն չունէի մտածելու: Սակայն հիմա, ուզեմ թէ չուզեմ, միտքս կու գան:

Շատ թշնամիներ ունիմ, ինչպէս` բոլոր այն մարդիկը, որոնք կը յաջողին կեանքին մէջ:

Բախտախնդիր չեմ: Փառատենչ եմ: Կը յարգեմ ինքզինքս: Երբե՛ք կեանքիս մէջ չըրի բան մը, որուն համար ամչնամ: Ընդհանրապէս, կը յարգեմ փառատենչ մարդիկը:

Ամէն պարագայի, չարաչար պայքարեցայ յաջողելու համար: Ու կը շարունակեմ պայքարիլ, որովհետեւ, կատարելութիւն կ՛ուզեմ: Կը փափաքիմ առաջին ըլլալ, ո՛ւր որ ալ գտնուիմ:

Գալով դրամին` պէտք է ըսեմ, թէ ի՛նչ ըլլալը չեմ գիտեր: Շարունակ կը ծախսեմ եւ ամէնէն սուղ բաները կը գնեմ: Չեմ կարծեր, որ բաւական դրամ շահած եմ կեանքիս մէջ: Յետոյ կան տուրքը եւ անձնակազմը, որոնց կը վճարեմ:

Չեռնարկու չեմ: Երաժշտական հրատարակութեանց տուն մը հիմնեցի, որովհետեւ ատիկա է գործս:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Բարեբեր Դեգերումներ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?