Շաւարշ Նարդունի
Փարիզէն տրուած հեռագրէ մը խոր ցաւով կ՛իմանանք յանկարծական մահը բազմահմուտ մտաւորական, գրագէտ եւ հրապարակագիր Շաւարշ Նարդունիի, որ աչքերը փակած է կիրակի իրիկուն, Մարսէյի մէջ, ուղեղային արիւնախռնումի պատճառով:
Նարդունիի մահով հայ ժողովուրդը կը կորսնցնէ իր արժանաւոր զաւակներէն մէկը, որ իր անսակարկ հայրենասիրութեամբ, իր անխախտ համոզումներով եւ այդ համոզումներուն համար աննկուն պայքարողի արժանիքներով կէս դար ամբողջ մնաց պատնէշի վրայ` գրագէտի իր հատու եւ վճռական խօսքը ըսելով ամէն անգամ, երբ հիմնական խնդիր մը յուզեց մեր հաւաքական կեանքը:
Առիթը կ՛ունենանք տակաւին անդրադառնալու իր արդիւնաւոր կեանքին եւ արժէքաւոր գործերուն, որոնք թելադրական պիտի ըլլան միշտ հայ մտաւորականին համար:
Առայժմ` կենսագրական կարգ մը գիծեր.
Ծնած է Արմաշ, 13 փետրուար 1898-ին: Յաճախած է գիւղին Նարեկեան վարժարանը, յետոյ` Ատափազարի Կեդր. վարժարանը: 1918-ին զինուորագրուած է եւ մտած է Սպայից վարժարան: Պատերազմէն ետք` Պոլսոյ Բժշկական վարժարանը, բայց վտարուած է քաղաքական պատճառներով: Անցած է Փարիզի Բժշկական համալսարանը, զոր աւարտած է 1927-ին ու մէկ տարի պաշտօնավարած է Ամիէնի ֆրանսական յիմարանոցին մէջ` իբրեւ ներքին բժիշկ:
Սկսած է գրել տակաւին մանուկ, 1909-ին, ոտանաւորներ, որոնք յանգի խաղեր էին միայն կամ գիւղի երգեր: Գրած է նաեւ թատրերգութիւններ, բոլորն ալ յետոյ` պատռած, երբ այլեւս ամբողջութեամբ արձակ բանաստեղծութեան էր նուիրուած:
Աւազանի անունով` Ասքանազ, բայց ծնողքը առաջին օրէն զինք անուանակոչած է Շաւարշ: Գրական կեանքի սեմին` նետած է նաեւ իր մականունը, Այվազեան, ու ներկայացած` Նարդունի անունով, ծաղիկէ մը առնուած:
Վահրամ Վահունի իրմէ հրատարակած է առաջին հատորիկը` «Հեքիաթներու ալպոմ» (1927), Աթէնքի մէջ: «Յառաջ» հրատարակած է նոր ժողովածու մը` «Մեղեդինե՜ր, մեղեդինե՜ր» (1933), Փարիզի մէջ: Քանի մը տարի ետք, հրատարակուած է իր մէկ վիպերգութիւնը, զոր շարժապատկերի համար գրի առած էր` «Երուսաղէմ, Երուսաղէմ»: Հատոր մը եւս կազմուած է իր գրական ցանուցիր էջերով` «Բանե՜ր, բանե՜ր, ի՜նչ բաներ» խորագրին տակ: Ունի անտիպ բազմաթիւ մենագրութիւններ:
Եղած է խմբագիր «Յառաջ»-ի, «Հայ Բոյժ»-ի եւ «Երկունք»-ի: Ունի քննադատական էջեր, պատմագիտական եւ փիլիսոփայական վերլուծումներ: Պատրաստած է բժշկական ժողովրդական գրքոյկներ եւ հոգեբանութեան դասագիրք մը` հազար էջ:
Հռչակաւոր է իր գրադարանը, որուն մտերմութեան մէջ ապրեցաւ շարունակ` ճգնաւորի մը յամառութեամբ:
Յարգա՜նք իր անմոռանալի յիշատակին:
Կոմիտասի Աշակերտ
Թումաճանի Հետ
ՀՀԳ-ի թղթակից Անուշ Գասպարեանը Երեւանի մէջ այցելեց Կոմիտասի աշակերտ Միհրան Թումաճանին: Ահա թէ ինչ կը պատմէ թղթակիցը:
Միհրան Թումաճանին հետ զրուցողի վրայ, առաջին իսկ խօսքերէն, ուշագրաւ տպաւորութիւն կը թողուն անոր աչքերը` իբրեւ յիշողութեան խնկաբոյր կանթեղներ:
Քսանամեայ պատանի էր, ու աշուն էր Պոլսոյ մէջ, երբ առաջին անգամ տեսաւ երաժշտութեան մարգարէին: Անոր համար երգչախումբով Եկմալեանի «Պատարագ»-ը երգեցին եւ յայտնեցին տարիներէ ի վեր փայփայուած երազանքը, խնդրեցին ղեկավարել երգեցիկ խումբը, եղանակներ սորվեցնել:
Ու իբրեւ համաձայնութեան նշան` այդ մեծ մարդը, հանեց թաւշեայ գդակը, մէկ կողմ քաշեց փարաջան, ծունկի իջաւ ու… սկսաւ երգել:
Բոլորը պահ մը քարացան, ակնապիշ իրարու նայեցան…
Յաջորդ օր, կարդալով պոլսահայ մամուլի մէջ գրուած յայտարարութիւնը, հարիւրաւոր պատանիներ հաւաքուեցան:
Ու առաջին անգամ խումբի առջեւ բարձրացաւ Կոմիտասի մոգական ձեռքը. «Սոնա եար»… կ՛երգէր Կոմիտասը, կը ձայնակցէր խումբը: Եւ Կոմիտասը երգչախումբին համար գրեց «Պատարագ»-ը:
Չորս տարի ապրեցաւ «Գուսան» երգչախումբը… 1915-ը նզովեց ամէն բան…
Կը պատմէր Կոմիտասի աշակերտը, մէկը` երջանիկ հնգեակէն (Բարսեղ Կանաչեան, Վարդան Սարգիսեան, Հայկ Սեմերճեան, Վաղարշակ Սրուանձտեանց):
1966-ի վերջերուն Ամերիկայէն Հայաստան ժամանեց Միհրան Թումաճան: Ան աւելի քան քառասուն տարի հաւաքած էր ժողովրդական երաժշտութեան եւ բանահիւսութեան նիւթեր, որոնք գրի առած եւ նոթագրած էր սփիւռքի մէջ ցրուած զանազան հայկական գաղթավայրերու բնակիչներէն: Անոր ջանքերով միանգամընդմիշտ փրկուած են հայ ժողովուրդի շարք մը հատուածներու երգն ու բանահիւսութիւնը: Ինչպէս ինքը կ՛ըսէ. «Իր աշխատանքը ճիգ մըն է` առ յաւէտ կորսուելու վտանգին ենթարկուած հայրենի սեղանին «փշրանքները» ժողվելու»:
Ինը հատորէ բաղկացած ստուարածաւալ աշխատութիւնը, որուն առաջին ժողովածուն շուտով լոյս կը տեսնէ, կը կոչուի «Հայրենի երգ ու բան» եւ կ՛ընդգրկէ Թումաճանի հազարէ աւելի երգերն ու տաղերը:
Հաւաքածոյին նիւթերը հրատարակութեան պատրաստելու եւ ամբողջական պատկեր տալու համար նախատեսուած է զայն բաժնել երկու գլխաւոր մասերու. առաջինը` «Հայրենի երգ ու բան» վերնագրի տակ, երկրորդը կը կոչուի «Ազգային երգերու ժողովածու»:
Առաջին գիրքը կ՛ընդգրկէ աշխարհագրական հինգ խմբավայրերու (Բութանիա եւ Պոլիս, Կիլիկիա եւ Կեսարիա, Ակն, Խարբերդ եւ Փոքր Հայք, Վան, Մուշ եւ Բաղէշ, Տիգրանակերտ, Երզնկա եւ Կարին) ժողովրդական երգերը, ինչպէս նաեւ` ատոնց առնչուող ազգագրական եւ բանահիւսական յարակից նիւթերը:
Երկրորդ գրքին մէջ տեղ կը գտնեն 19-րդ դարու առաջին քառորդէն մինչեւ 20-րդ դարու առաջին քառորդի ազգային երգերը, ատոնց նոթագրերը, որոնք երկար տաիներ երգուած են աւելի քան տասնեակ սերունդներու կողմէ:
Ազգային հրաշալի բանաստեղծութիւններու վրայ շարադրուած եղանակներուն ծանօթանալով` Միհրան Թումաճան ուսումնասիրած եւ արձանագրած է նաեւ զանազան գաւառներու մէջ երգուած բազմապիսի ոճերը:
«Անփոխարինելի բերկրութիւն է,- զրոյցի վերջաւորութեան ըսաւ Կոմիտասի աշակերտը,- երբ կը զգաս, որ ամբողջ էութիւնդ օծուն է մայրենի լեզուիդ եւ հայրենի ձայնիդ քաղցրութեամբ, երբ կ՛ուզես լեցուիլ բարութեամբ եւ խոնարհութեամբ, որ նախահայրերը պարգեւած են մեզի, կ՛ուզես նորոգուիլ հին օրերու մեղեդիներուն իմաստութեամբ, կ՛ուզես բանալ նորաշէն տնակիդ պատուհանը առաւօտեան շաղին ու շողին, նոր ու նոր յուզուող տենչանքներով երգելով վերստին ու վերստին. «Առաւօտ լուսոյ, արեգակն արդար, առ իս լոյս ծագեա…»:
Երեւանի հեռատիպ