Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փոքէմոնները 20 Տարեկան Են

Օգոստոս 27, 2016
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՛ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

pokemon-1_82716

pokemon-2_82716

Մենք այս ամառ շատ լսեցինք բջիջային հեռաձայներու յատուկ փոքէմոններու խաղին մասին: Սակայն ո՞վ են այս տարօրինակ անուններով կերպարները:

pokemon-33_82716

Փոքէմոններու ընտանիքին պատկանող Փիքաչու եւ իր ընկերները սկիզբը, քսան տարիներ առաջ, մեծ յաջողութիւն չունեցան: Սակայն հետագային անոնք դարձան աշխարհի երեւակայական ամէնէն հռչակաւոր անասունները:

Միջատներու Հաւաքածոյ Մը

pokemon-5_82716

Փոքէմոնի խաղը ստեղծուած է 3 ճափոնցիներու կողմէ` Սաթոշի Թաժիրի, Քէն Սուկիմօրի եւ Ժունիշի Մասուտա:

Իրենց վիտէօ խաղի այս գաղափարը զարգացնելու համար, Սաթոշի Թաժիրի ներշնչուած է իր մանկութեան նախասիրած ժամանցէն` միջատներ հաւաքել:

Փոքէմոնի խաղին նպատակներէն մէկն է փորձել բռնել բոլոր էակները, երբեմն զանոնք փոխանակելով:

Սկիզբը` Սեւ Եւ Ճերմակ

pokemon-6_82716

27 փետրուար 1996-ին շուկայ կ՛իջնէ Փոքէմոն խաղի կարմիր եւ կանաչ տարբերակը: Ան կը խաղցուի Նինթէնտօ ընկերութեան Կէյմոյ փոքր խաղամեքենային վրայ: Խաղը սեւ եւ ճերմակ է, սկիզբը անիկա մեծ յաջողութիւն չունենար:

Սակայն վաճառումը յանկարծ մեծ վերելք կ՛արձանագրէ 4 շաբաթներ ետք: Այս ձեւով Փոքէմոն պիտի դառնայ Ճափոնի պատմութեան ամէնէն շատ ծախուած վիտէօ խաղը: Ան այս տիտղոսը բնաւ չէ կորսնցուցած:

Փոքէմոններու Թիւերը

– 721  Փոքէմոնի կերպար
– 275 միլիոն վիտէոյի խաղէն օրինակներ ծախուած են աշխարհի շուրջ
– 21 միլիառ Փոքէմոնի խաղի քարտերու ծրարներ
– Աւելի քան 800 պատկերասփիւռի յայտագիրներ

Գիտէի՞ր, Թէ

Փոքէմոններուն անունը եկած է ճափոներէն փոքէթօ մոնսթուա բառերէն կամ անգլերէնով Փաքէթ Մոնսթըրզ:

 

Անհաւատալի, Բայց Իրաւ

anhavadali_82716

  • Երկրագունդը միակ մոլորակն է, որուն անունը աստուծոյ մը անունը չէ:
  • Իշուն աչքերը, որոնք կը գտնուին անոր գլխուն վրայ, անոր կարելիութիւնը կու տան նոյն ատեն տեսնելու իր չորս ոտքերը:
  • Միացեալ Ազգերու պաշտօնական վեց լեզուներն են անգլերէնը, ֆրանսերէնը, արաբերէնը, չինարէնը, ռուսերէնը եւ սպաներէնը:
  • Միացեալ Նահանգներու Նեպրասքա նահանգին մէջ արգիլուած է եկեղեցիին մէջ ձգռտալ կամ փռնգտալ:
  • Կարգ մը որդեր ինքզինքնին կ՛ուտեն, երբ ուտելու ուրիշ բան չեն գտներ:
  • Բուերը միակ թռչուններն են, որոնք կրնան տեսնել կապոյտ գոյնը:
  • Ջայլամին աչքը իր ուղեղէն աւելի մեծ է:
  • Եթէ դուն անդադար պոռաս 8 տարուան, 7 ամսուան եւ 6 օրուան ընթացքին, կրնաս յառաջացուցած ըլլալ գաւաթ մը սուրճ տաքցնելու բաւարար ուժանիւթ:
  • Ծովաստղները ուղեղ չունին:
  • Բեւեռային արջերը ձախլիկ են:

 

Պահրէյնի Անապատի
Միակ Ծառը

bahrain_82716

Պահրէյնի անապատին մէջ գտնուող միակ ծառը փրոսոփիս տեսակի ծառ մըն է, որ կոչուած է «Կեանքի ծառը»: Ան շատ հեռու է կեանքի որեւէ մէկ աղբիւրէ, սակայն, հակառակ ասոր, ան կենդանի է 400 տարիներէ ի վեր: Անոր հասակը կը հասնի մօտաւորապէս 10 մեթրի, եւ ան կը գտնուի երկրին ամէնէն բարձր կէտէն` Ճէպէլ Ատ Տուխանէն 2 քմ հեռու: Ամէն տարի աւելի քան 50,000 զբօսաշրջիկներ կու գան այցելելու կեանքի ծառը: Տակաւին մինչեւ այսօր անոր ջուրի աղբիւրը անծանօթ կը մնայ:

Օրական
165 Միլիոն Գաւաթ Թէյ…

tea_82716

Անգլիացիները օրական 165 միլիոն գաւաթ թէյ կը խմեն: Ասիկա կը համապատասխանէ տարեկան 60,2 միլիառ գաւաթ թէյի, մինչ խմուած սուրճի գաւաթներուն թիւը կը հասնի միայն 25 միլիառի, այսինքն` օրական 70 միլիոն գաւաթ:

Անգլիացիները աշխարհի ամէնէն շատ թէյ խմող բնակիչներն են. անոնցմէ 66 առ հարիւրը օրական դրութեամբ թէյ կը սպառէ:

Էսթոնիացիներուն 99 Առ Հարիւրը
Ունին Կապոյտ Աչքեր

gabouyd-1_82716

Մենք գիտենք, թէ սկզբնական շրջանին մարդիկ սրճագոյն աչքեր ունէին: Կապոյտ աչքերը ծինային փոփոխութիւն մըն է, որ տեղի ունեցած է մեր նախահայրերէն մէկուն աչքերուն մէջ, եւ որ իր կարգին զայն սփռած է մարդոց մէջ:

Կապոյտ աչքերը շատ գրաւիչ կը թուին յատկապէս կարգ մը շրջաններու մէջ, ուր անոնք հազուագիւտ են: Սակայն Էսթոնիա չի պատկանիր այդ վայրերու ցանկին… Ըստ համալսարանական ուսումնասիրութեան մը` Էսթոնիայի բնակչութիւնը աշխարհի ամէնէն շատ կապոյտ աչքերով բնակիչներ ունեցող երկիրն է: Անոնք կը կազմեն բնակչութեան 99 առ հարիւրը:

Աւելի Քան 1728 Բառ
Գիտցող Թռչունը

trtchoun-1_82716

Ալիքաւոր էգ թութակները կը պատկանին խօսելու կարողութիւն ունեցող հինգ տեսակ թռչուններու խումբին:

Սակայն Փաք իսկապէս բացառիկ թռչուն մըն է: Այս ալիքաւոր էգ թութակը արձանագրած է ոեւէ թռչունի ամէնէն մեծ բառամթերքը ունեցող թռչունի մրցանիշը, իր արտասանած 1728 բառերով:

Պարզապէս կապկելու կողքին, Փաք ստեղծած է իր անձնական արտայայտութիւնները եւ նախադասութիւնները: Ան յաճախ արտայայտութիւնները գործածած է անոնց համապատասխանող պարագաներուն եւ ցուցադրած է իր շրջակայքին վերաբերեալ զարմանալի հասկացողութիւն:

Շատ Երկար Օր Մը

payladsou_82716

Փայլածուն արեւուն ամէնէն մօտը գտնուող մոլորակն է: Անոր օրերը շատ երկար են: Հակառակ անոր որ անիկա արեւուն շուրջ շատ արագ կը դառնայ, բայց եւ այնպէս շատ դանդաղ կը դառնայ ինքնիր վրայ:

Փայլածուի վրայ իւրաքանչիւր օր կը տեւէ 1408 ժամ, որ կը համապատասխանէ երկրագունդին վրայ 58 օր եւ 16 ժամուան: Ասիկա բաւական տպաւորիչ կրնայ թուիլ, մանաւանդ երբ մենք գիտենք, թէ փայլածուի վրայ մէկ տարին կը տեւէ միայն 88 երկրագունդի օրեր:

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել դէպի ապահով դաշտ հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել դէպի ապահով դաշտ հասցնող ճամբան:
Կէտերը իրարու միացուր` 1-80, յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:
Կէտերը իրարու միացուր` 1-80, յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Մէկ կէտ պարունակող բաժինները սեւ ներկէ յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը: 1-80, յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:
Մէկ կէտ պարունակող բաժինները սեւ ներկէ յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը: 1-80, յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:
Կրնա՞ս թիւերու տախտակը ամբողջացնել` գտնելով իւրաքանչիւր թիւի համապատասխանող տեղը:
Կրնա՞ս թիւերու տախտակը ամբողջացնել` գտնելով իւրաքանչիւր թիւի համապատասխանող տեղը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (27 Օգոստոս 1966)

Յաջորդը

Մարմնակրթութեան Եւ Երիտասարդութեան Հարցերու Նախարարութիւնը Կը Յայտարարէ «100 Գաղափար Հայաստանի Համար» Մրցումին Սկիզբը

RelatedPosts

Ամառ Է.  Տաքէն Պաշտպանուինք
Մանկապատանեկան

Ամառ Է. Տաքէն Պաշտպանուինք

Յուլիս 5, 2025
Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ
Մանկապատանեկան

Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ

Յունիս 28, 2025
Տարուան Ամէնէն Երկար Ցերեկի Օրը` Ամառնային Արեւադարձի Օրը
Մանկապատանեկան

Տարուան Ամէնէն Երկար Ցերեկի Օրը` Ամառնային Արեւադարձի Օրը

Յունիս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?