Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Ամէն չորս տարին անգամ մը մօտաւորապէս երեսուն տարբեր մարզաձեւերու ամէնէն լաւ մարզիկներ կ՛ընտրուին մասնակցելու համար Ողիմպիական խաղերուն: Այս տարի Ռիօ տը Ժանէրոյի մէջ է, Պրազիլ, որ 3 օգոստոսէն մինչեւ 31 օգոստոս իրարու դէմ պիտի մրցին այս ամառնային խաղերուն մասնակցող երկիրներու պատուիրակութիւնները:
Պատրաստութիւնները կը սկսին
Կասկած չկայ, որ աշխարհի մարզական ամէնէն մեծ հանդիպումը պատրաստելը շատ երկար ժամանակի կը կարօտի: Այս պատճառով է, որ այն քաղաքները, որոնք կը փափաքին կազմակերպել Ողիմպիական խաղերը, գործերը վերջին վայրկեանին չեն ձգեր:
Ողիմպիական միջազգային յանձնախումբը Ռիոն ընտրած է 2009 թուականին: Աշխարհի չորս կողմերէն մարզիկներ եւ հանդիսատեսներ ընդունելու համար աշխատանքները երկար ժամանակի կը կարօտին: Առաջին անգամ ըլլալով Ողիմպիական խաղերը տեղի պիտի ունենան Լատին Ամերիկայի մէջ:
Ողիմպիական կրակը կը հասնի
Ողիմպիական կրակը ճամբայ կ՛ելլէ Ողիմպոս լեռէն, Յունաստան: Հին Յունաստանի մէջ է, որ տեղի ունեցած են պատմութեան առաջին Ողիմպիական խաղերը:
1896 թուականին Փիեռ տը Քուպերթէն կը կազմակերպէ արդի Ողիմպիական խաղերը: Սակայն ողիմպիական կրակը տակաւին կը վառուի Յունաստանի մէջ եւ ապա կը փոխադրուի այդ տարուան կազմակերպիչ երկիրը:
Այս տարի ողիմպիական կրակը վառուեցաւ 21 ապրիլին, Ողիմպոսի վրայ եւ յոյն մարզիկի մը կողմէ յանձնուեցաւ պրազիլցի մարզիկի մը: Ողիմպիական ջահը պիտի կտրէ ամբողջ Պրազիլը` 5 օգոստոսին հասնելու համար Մարաքանայի դաշտը, Ռիօ տը Ժաներօ, 2016-ի Ողիմպիական խաղերուն բացումին համար:
Բազմաթիւ մարզաձեւեր
Ողիմպիական խաղերու ամէնէն նշանաւոր մարզաձեւերը աթլեթիզմը եւ լողն են: Սակայն այս տարի Ռիոյի մէջ պիտի ներկայացուին գլխաւոր 28 մարզաձեւեր: Ճիշդ է, որ այս թիւը բաւական է, սակայն եթէ Ողիմպիական յանձնախումբը ընդունէր իրեն առաջարկուած բոլոր մարզաձեւերը, անոնց թիւը շատ աւելի բարձր պիտի ըլլար:
Օրինակի համար, այս տարի կային 7 նոր թեկնածու մարզաձեւեր, որոնք կ՛ուզէին Ողիմպիական տիտղոս ստանալ: Անոնցմէ երկուքը ընդունուեցան` 7 հոգիով ռիւկպին եւ կոլֆը:
Կը պատահի նաեւ, որ մարզաձեւ մը ջնջուի, որովհետեւ ան չի համապատասխաներ խաղեր խաղաղ ոգիին: Օրինակի համար, ռիւկպին խաղերուն մաս չէր կազմեր 92 տարիներէ ի վեր, որովհետեւ բռնութիւններ տեղի ունեցած են 1924 թուականին:
Աշխարհին չորս կողմերէն
Անշուշտ մենք միշտ հմայուած կը դիտենք Ողիմպիական խաղերուն բացման արարողութիւնը: Աշխարհին շուրջ միլիառաւոր անձեր կը հետեւին այս գեղեցիկ ներկայացումին` իրենց պատկերասփիւռներուն դիմաց նստած:
Սակայն այս տարի այս արարողութիւնը ծրագրուած է 5 օգոստոսին, Ռիոյի մէջ, իրիկուան մօտաւորապէս ժամը 7:00-ին: Եւ որովհետեւ Ռիոյի եւ Լիբանանի մէջ վեց ժամուան տարբերութիւն կայ, ասիկա կը նշանակէ, որ անիկա տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի ժամով, կէս գիշերէն ետք ժամը մէկուկէսի շուրջ: Բացման այս արարողութիւնը պիտի տեւէ մօտաւորապէս երեքուկէս ժամ:
Գիտէի՞ր, թէ…
– Ռիոյի մէջ, առաջին անգամ ըլլալով Ողիմպիական խաղերուն պիտի մասնակցին Հարաւային Սուտանը եւ Քոսովոն:
– Խաղերուն պիտի մասնակցին 10.500 մարզիկներ եւ պիտի բաժնուին 306 ոսկի մետալներ:
– Ողիմպիական խաղերուն իբրեւ պաշտօնական լեզու` ընտրուած է ֆրանսերէնը, որովհետեւ ֆրանսացի մըն էր, որ արդի խաղերը վերակենդանացուցած է:
Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ
– Փաթոն Արժանթինի ազգային խաղն է: Անիկա փոլոյի եւ պասքեթի պոլի խառնուրդ մըն է:
– Մեզ շրջապատող օդի մոլէքիւլները կը շարժին ժամական 1600 քմ արագութեամբ:
– Հաւալուսնները (փելիքան) կրնան իրենց կտուցի «գրպանին» մէջ աւելի ուտելիք պահել, քան` իրենց ստամոքսին մէջ:
– Մեր կզակէն մինչեւ գլխուն ծայրի երկարութիւնը հաւասար է մօտաւորապէս մեր ոտքի երկարութեան:
– Գոյութիւն ունին կարգ մը կէտի տեսակներ, որոնք կրնան ապրիլ մինչեւ 200 տարեկան:
– Ամերիկացի աստղանաւորդները կրնան քուէարկել, նոյնիսկ երբ անոնք անջրպետին մէջ կը գտնուին:
– Աճելու համար աւոքատօ մը կը կարօտի 95 լիթր ջուրի:
– Ըստ ուսումնասիրութեան մը, աքուարիոմի մը մէջ լողացող ձուկերը դիտելը սթրեսը կը նուազեցնէ:
– Աշխարհի ամէնէն շատ տոնաթ ուտող երկրի բնակիչները Քանատայի բնակիչներն են:
Փետրօ Ալվարէզ Քապրալ
Կը Գտնէ Պրազիլը
Փորթուգալցի այս մեծ նաւավարը ո՛չ միայն գտած է Պրազիլը, այլ նաեւ ճամբորդած է մինչեւ Ափրիկէ եւ Հնդկաստան:
1.- Արշաւանք դէպի «Հնդկաստաններ»
1500 թուականին Փորթուգալի թագաւորը Քապրալը կ՛ուղարկէ «Հնդկաստաններ»` մեծ հետախուզական արշաւանքի մը: Այդ ժամանակաշրջանին «Հնդկաստանները» կը նշէին նոյն ատեն թէ՛ Ասիան եւ թէ ալ «Նոր Աշխարհը» (Ամերիկան), որ գտնուած էր Քրիստափոր Քոլոմպոսի կողմէ:
2.- Պրազիլ ժամանումը
Քապրալ Լիզպոնէն սկսաւ իր արշաւանքը 12 նաւերով եւ 1200 անձերու ընկերակցութեամբ` Ատլանտեան ովկիանոսը կտրելու համար: 22 ապրիլ 1500 թուականին ան կը գտնէ նոր հող մը, ուր ցեղախումբեր կ՛ապրին որսորդութեամբ եւ պտուղներ քաղելով: Ան զայն կ՛անուանէ «Վերա Քրուզի հող» եւ կը յայտարարէ հողին Փորթուգալի պատկանելիութիւնը: Այս հողը Պրազիլն է:
3.- Պրազիլէն Ափրիկէ
Մայիսի սկիզբը Քապրալի նաւատորմիղը իր ճամբան կը շարունակէ դէպի հարաւ եւ կը հետախուզէ Պրազիլի ծովեզերքը: Մայիս 5-ին նաւերը կ՛ուղղուին դէպի Ափրիկէ: Քապրալ կ՛ուզէ Պոնէսփէրանսի հրուանդանը կտրել հասնելու համար Ասիա: Սակայն սաստիկ փոթորիկ մը կ՛ընկղմեցնէ 4 նաւեր` իրենց մէջի անձնակազմը: Քապրալ ստիպուած է դադար առնելու Մոզամպիքի մէջ նաւերը նորոգելու համար:
4.- Քապրալ Հնդկաստանի մէջ
13 սեպտեմբեր 1500-ին Քապրալի նաւատորմիղը կը հասնի Քալիքաթ, Հնդկաստան: Սակայն փորթուգալցիներուն եւ հնդիկներուն միջեւ յարաբերութիւնները շատ լարուած են: Փորթուգալցիներ կը ջարդուին, եւ իբրեւ վրիժառութիւն, Քապրալ կը ռմբակոծէ Քալիքաթը:
16 յունուարին Քապրալ կը վերադառնայ Փորթուգալ: Բազմաթիւ իրադարձութիւններէ ետք, ան վերջապէս Լիզպոն կը հասնի 21 յուլիս 1501-ին, միայն 4 նաւերով եւ 400 անձերով:ք կ՛ուզէին Ողիմպիական տիտղոս ստանալ: Անոնցմէ երկուքը ընդունուեցան` 7 հոգիով ռիւ կալին եւ կոլֆը:
Ժամանց


