Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Ժպտուն, լուրջ, գլխարկով, առանց գլխարկի… Զատիկ կղզիի հսկայ արձաններէն իւրաքանչիւրը ունի իրեն յատուկ գիծեր: Անոնք շատ գեղեցիկ են, սակայն նաեւ` խորհրդաւոր… Փորձենք ծանօթանալ այս տարօրինակ քանդակներուն պատմութեան:
Երկար ճամբորդութիւն մը

Զատիկ կղզիի արձաններուն հասնելու համար ոեւէ հետախոյզ պէտք է քաջութիւնը ունենայ նաւարկելու մինչեւ Հարաւային Ամերիկայի ափերը: Չիլիի ծովափէն հեռու, Խաղաղական ովկիանոսին մէջ է, որ կը գտնուի այս խորհրդաւոր կղզին: Ան գտնուած է եւրոպացիներուն կողմէ, 1722-ին կիրակի օր մը: Հոլանտացի նաւարար Ճաքոպ Ռոկըվիին կը փորձէր հասնիլ Աւստրալիա, սակայն ան սխալմամբ հասաւ այդ փոքր կղզիին: Այդ օրը Եւրոպայի մէջ Զատիկը կը տօնուէր: Այս պատճառով այս կղզին կոչուեցաւ Զատիկ կղզի:
Զատիկ կղզիի քաղաքակրթութիւնը

Իր երկիրը վերադառնալէ ետք հոլանտացի հետախոյզը պատմեց, թէ ինք տեսած է հազարաւոր անձեր Զատիկի կղզիին վրայ: Ասիկա կը նշանակէ, որ այդ հողերուն վրայ կ՛ապրէին մարդիկ եւ` շատ հին ժամանակներէն: Հնագիտական պեղումներու շնորհիւ` մասնագէտները կ՛ենթադրեն, թէ կղզի հասած առաջին մարդիկը եկած են Փոլինեզիայէն` Խաղաղական ովկիանոսին մէջ արշիպեղագոսէ մը: Աշխարհէն կտրուած` անոնք ստեղծած են իրենց յատուկ քաղաքակրթութիւնը եւ սովորութիւնները: Այդ աւանդութիւններուն կարգին է հսկայական արձաններու` մոայներու շինութիւնը:
Այս արձանները շինելու համար կղզիին բնակիչները հանած են Ռանօ-Ռարաքու մեծ հրաբուխէն ժայռի կտորներ: Կ՛ենթադրուի, որ անոնք այս աշխատանքները սկսած են 10-րդ դարուն: Շատ դժուար աշխատանքներ, որոնք տեւած են հարիւրաւոր տարիներ (մօտաւորապէս վեց դար): Այս մեծ ճիգերէն մէջտեղ եկած են մօտաւորապէս հարիւր մոայ: Անոնք տարածուած են կղզիին չորս կողմերը:
Քարէ հսկաներուն գաղտնիքները

Տակաւին այսօր Զատիկ կղզիի քարէ հսկաները բազմաթիւ գաղտնիքներ կը պահեն: Անկարելի է գիտնալ, թէ ճիշդ ե՛րբ անոնք տաշուած են, եւ մարդիկ տակաւին հարց կու տան, թէ ինչպէ՞ս այդ հին ժամանակներուն մարդիկ կրցած են այդքան մեծ արձաններ քանդակել: Մոայներուն հասակը կրնայ հասնիլ մինչեւ 20 մեթրի, եւ անոնք կը կշռեն, միջին հաշուով, տասնչորս թոն: Ասիկա կը համապատասխանէ երկու ափրիկեան փիղերու ծանրութեան: Կղզիին վրայ գոյութիւն ունին աւելի ծանր արձաններ նաեւ: Սակայն ինչո՞ւ կղզիի բնակիչները որոշած են ստեղծել այս հսկաները: Հաւանաբար` ներկայացնելու համար իրենց կրօնքի աստուածները: Այս պատճառով է արդեօք, որ բոլոր արձաններու շինութիւնը չէ վերջացած, արդեօ՞ք կղզիին բնակիչները դադրած են այս արձանները շինելէ, երբ անոնց հաւատքը փոխուած է…
Գիտէի՞ր, Թէ…

Սկզբունքով Զատիկ կղզին կը կոչուէր Ռափա Նուի: Այս անունը կղզիին տրուած է կղզիին առաջին բնակիչներուն կողմէ:
1888 թուականէն ի վեր կղզին կը պատկանի Չիլիի:

Կարգ մը արձաններու դրած կարմիր գլխարկը կը կոչուի փուքաօ:
Հետաքրքրական
Թութանխամոնին Դաշոյնը
Եկած Է Անջրպետէն
Հնագէտները աւելի քան 5000 առարկայ գտած են Թութանխամոն փարաւոնին գերեզմանին մէջէն: Անոնց մէջ կը գտնուի դաշոյն մը, որուն շեղբը տաշուած է անջրպետային քարի մը կտորէն:
Թութանխամոն փարաւոնը մեռած է շատ երիտասարդ տարիքին, 19 տարեկանին: Սակայն ան Հին Եգիպտոսի ամէնէն ծանօթ փարաւոններէն մէկն է: Ինչո՞ւ…
Որովհետեւ Ք. Ա. 14-րդ դարուն 9 տարիներու ընթացքին իշխած այս թագաւորին գերեզմանը կը պարունակէր անհաւատալի քանակութեամբ գանձ: Շատ մեծ արժէք ունեցող աւելի քան 5000 առարկաներ կ՛ընկերանային թագաւորին` անոր վերջին բնակարանին մէջ:
Զմռսուած մարմնին վրայ` դաշոյն մը

Այդ առարկաներուն մէջ կը գտնուէր ոսկի կոթով դաշոյն մը, որ պահուած էր թագաւորին զմռսուած մարմինը ծածկող պատանքին մէջ: Վստահաբար այս կտորը շատ արժէքաւոր էր, որովհետեւ ան այդ ձեւով զետեղուած էր մարմնին վրայ: Զայն ուսումնասիրող գիտնականները կրցած են գիտնալ անոր շեղբին զարմանալի բաղադրութիւնը:
Շեղբին մետաղին ուսումնասիրութիւնը ապացուցած է, որ ան տաշուած է անջրպետային քարի կտորէ մը: Շեղբը կը պարունակէ 10 առ հարիւր նիքել, 0,58 առ հարիւր քոպալթ, որոնք անջրպետային քարերու երկաթին մէջ գտնուող գլխաւոր նիւթերն են:
«Երկինքի երկաթը»
Նման առարկայ մը շինելու կարելիութիւնը, կը փաստէ, որ այդ ժամանակաշրջանին արդէն եգիպտացիները երկաթի վրայ աշխատելու սքանչելի թեքնիք ունէին: Առաւել, անոնք շատ լաւ գիտէին, թէ ուրկէ կու գայ այս մետաղը, որովհետեւ յատուկ բառ մը ստեղծուած էր զայն նշելու համար. «Երկինքի երկաթը»:
2013 թուականին հնագէտները փաստած էին, որ գտնուած ամէնէն հին երկաթէ առարկաները` 5000 տարուան եգիպտական գերեզմանի մը մէջ գտնուած յուղարկային մանեակներու ուլունքներ, դարբնուած էին անջրպետանային քարերու մէջ գտնուած երկաթէն:
Անհաւատալի,
Բայց Իրա՛ւ
– Ըստ ուսումնասիրութեան մը, երկրագունդին վրայ գտնուող ջուրին մօտաւորապէս կէսը կազմուած է նոյնիսկ արեւէն առաջ:
– Ուտելիքը մեր որկորէն կ՛անցնի մօտաւորապէս մէկ վայրկեանի մէջ 2,5 սմ արագութեամբ:
– Անգլիոյ մէջ շինուած է իւրայատուկ տուն մը` գործածելով 20 հազար գործածուած ակռայի վրձիններ, մօտաւորապէս երկու թոն հին ճինզ տաբատներէ, 4 հազար Տի.Վի.Տի.-ներու տուփերով եւ ուրիշ կարգ մը թափուելիք կտորներով:
– Մեղր պատրաստող մեղուները երկու ստամոքս ունին:
– Մեր ուղեղը կը ներկայացնէ մեր ամբողջ մարմնի ծանրութենէն միայն 2 առ հարիւրը, սակայն ան կը գործածէ մեր մարմնին ուժանիւթին 20 առ հարիւրը:
– Ըստ ուսումնասիրութեան մը, խաւաքարտէ տուփի մը վրայ նստիլը կը նուազեցնէ ընտանի կատուներուն ջղայնութիւնը:

– Հսկայ սիպեները (ծովային անասուն մը) ունին տոնաթի նման ուղեղ:
– Անջրպետանաւ մը մեր աստղահոյլին ծայրը պիտի հասնի մօտաւորապէս 450 միլիոն տարիէն:
– Մենք չենք փռնգտար, երբ կը քնանանք:
– Աշխարհին շուրջ գոյութիւն ունին աւելի քան 20 հազար պատկերասփիւռի կայաններ:
– Հին ժամանակներուն գործօն հրաբուխներ գոյութիւն ունեցած են լուսինի վրայ:

– Զուքինի տեսակի դդումները կազմուած են 95 առ հարիւր ջուրէ:
– Խնդալու 30 անգամ աւելի հաւանականութիւն կայ, երբ դուն կը գտնուիս ընկերներու հետ, քան երբ դուն մինակ ես:

– Գոյութիւն ունին մանկայի աւելի քան 1000 տեսակներ:

– Տուպայի մէջ կարգ մը ոստիկաններու ինքնաշարժներ կրնան ընթանալ ժամական աւելի քան 354 քմ արագութեամբ:

– Կարգ մը խնձորներ ներսէն վարդագոյն են:
– Գիտնականներ հնարած են պատառաքաղ մը, որ կը չափէ իւրաքանչիւր պատառի միջեւ դադարը` հաշուելու համար, թէ որքա՛ն արագ կ՛ուտենք:
– Կարգ մը օձեր կրնան տեսնել ստնաւորներու մարմիններու արձակած տաքութիւնը:
– Ամէն օր անջրպետէն աւելի քան 90 թոն փոշի կը մտնէ մեր մթնոլորտին մէջ: Այս քանակութիւնը կը համապատասխանէ 400 լեռնային կորիլլաներու ծանրութեան:

– Կոլֆի տաք գնդակ մը օդին մէջ աւելի հեռու պիտի թռչի, քան` պաղ գնդակ մը:
Ժամանց





