Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուղեւորութիւն Դէպի Պրազիլ (Ա. Բաժին)

Օգոստոս 6, 2016
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

brasil-1_80616

Երկու շաբաթ ամբողջ աշխարհին ուշադրութիւնը կեդրոնացած պիտի ըլլայ Պրազիլի վրայ, ուր տեղի պիտի ունենան 31-րդ ամառնային Ողիմպիական խաղերը: Այս առիթով մենք ալ պիտի ուղղուինք դէպի Պրազիլ` ծանօթանալու համար երկրին եւ անոր բնակիչներուն:

Մեծ քաղաքներ…

brasil-2_80616

Պրազիլցիներու մեծ մասը կ՛ապրի քաղաքներու մէջ: Անոնցմէ ամէնէն նշանաւորը հաւանաբար Ռիօ տը Ժաներոն է իր հռչակաւոր ծովափներով, ինչպէս` Քոփաքապանա եւ Իփանեմա, եւ` յուշարձաններով, ինչպէս` 29 մեթր բարձրութեամբ Յիսուսի արձանը:

brasil-3_80616brasil-4_80616Պրազիլի մէջ մեծ քաղաքները անակնկալներ կը պարունակեն: Օրինակի համար, Մանաօ քաղաքը շատ զարմանալի է. անոր բարձր շէնքերը կը գտնուին Ամազոնի անտառին մէջ: Ֆազելաներն ալ ունին իրենց գանձերը: Ռիոյի մէջ, ինչպէս` ուրիշ պրազիլական քաղաքներուն մէջ, այս աղքատ թաղամասերը դարձած են արուեստագէտներու նոր «աշխատանքի վայրը»: Այս ձեւով, այս աղքատ տնակներուն պատերը ծածկուած են անոնց գունաւոր գործերով, ինչպէս` նշանաւոր Սեզարոն աստիճանները: Մենք շատ գանձեր կը գտնենք նաեւ Պրազիլի բնութեան մէջ

… Եւ ընդարձակ բնութիւն

brasil-5_80616

Անշուշտ, երբ մենք կը խօսինք Պրազիլի մասին, անմիջապէս կը մտածենք Ամազոնի վայրի անտառին մասին: Սակայն Պրազիլի մէջ միայն այդ ընդարձակ արեւադարձային տարածքները չկան: Իւրաքանչիւր շրջան ունի իրեն յատուկ տեսարանները եւ կլիման: Օրինակի համար, Նորտեսթէի մէջ, երկրին հիւսիս-արեւելքը, Քաաթինկան է, որ կը տիրապետէ: Անիկա քաքթիւսներով եւ փշոտ մացառներով անապատային տարածք մըն է, հոն կը գտնուի նաեւ Չափատա Տիամանթինա պահպանուած ազգային արգելոց-պարտէզը: Իր 300 ջրվէժներով ան կը նմանի բնութեան կողմէ շինուած ծովային մեծ պարտէզի մը:

brasil-6_80616

Երկրին կեդրոնը կը գտնուին Փանթանալի ճահիճները: Անիկա յովազներու, հսկայ ջրաղուէսներու եւ աշխարհի ամէնէն մեծ կրծողներուն` քափիպարաններուն դրախտն է: Կան նաեւ Սերրատօ կոչուած տափաստանները: Իսկ երկրին հարաւը կը տարածուի Փամփան` իր դաշտերով եւ մարգագետիններով:

Կեանքը Պրազիլի մէջ

brasil-7_80616

Գիտէի՞ր, թէ Ռիօ տը Ժաներոյի բնակիչները կ՛անուանեն Քարիոքա: Ռիօ տը Ժաներօ Պրազիլի նախկին մայրաքաղաքն է: 1960 թուականէն ի վեր մայրաքաղաքը Պրազիլիան է:

Կ՛ըսուի, թէ Պրազիլի ամէնէն մեծ հարստութիւնը անոր ժողովուրդն է: Ասիկա շատ ճիշդ է: Հոն կ՛ապրէին հնդիկները` փորթուգալցիներուն ժամանումէն առաջ: Անոնք սորվեցան միասին ապրիլ: Ապա բերուեցան ափրիկեցիները, որպէսզի աշխատին դաշտերուն մէջ` իբրեւ ստրուկ: Անշուշտ ասիկա շատ դժուար էր, մանաւանդ որ տէրերը բնաւ լաւ չէին վարուեր անոնց հետ:

Սակայն ներկայիս Պրազիլը խառնուրդ մըն է այս տարբեր ժողովուրդներուն եւ անոնց սովորութիւններուն:

 

Հետաքրքրական Հարցումներ

Ինչո՞ւ Անթարքթիքան աշխարհի միակ ցամաքամասն է, ուր բնակիչներ չկան:

harts-1_80616

Որովհետեւ հոն օդը շատ ցուրտ է: Անթարքթիքայի մէջ ո՛չ գիւղեր, ո՛չ ալ քաղաքներ գոյութիւն ունին. միայն` թեւատներ եւ քանի մը գիտնականներ: Հարաւային բեւեռին շուրջ գտնուող այս ցամաքամասին 98 առ հարիւրը ծածկուած է սառոյցի խաւով մը, որուն հաստութիւնը միջին հաշուով 1,6 քմ է: Հոն ջերմաստիճանը կրնայ հասնիլ – 89 աստիճանի. հետեւաբար մարդ արարածին համար անկարելի է հոն մնայուն կերպով ապրիլ:

 

Ո՞ր ովկիանոսը աւելի մեծ է, քան` միւս բոլոր ովկիանոսները միասին:

harts-2_80616

Խաղաղական ովկիանոսը: Խաղաղական ովկիանոսը երկրագունդին հինգ ովկիանոսներէն ամէնէն մեծն է: Ան այնքան մեծ է, որ կրնայ իր մէջ ընդգրկել միւս չորս ովկիանոսները: Հոն է նաեւ, որ մենք կը հանդիպինք ամէնէն մեծ խորութիւններուն, որոնք կրնան հասնիլ մինչեւ 10 քմ-ի:

 

Ո՞ր բոյսը ամէնէն արագը կ՛աճի:

harts-3_80616

Պամպուն: Կարգ մը պամպուներ կրնան օրական մինչեւ 90 սմ մեծնալ, այսինքն` ժամական բազմաթիւ սանթիմեթրեր: Անշուշտ այս աճը օր մը կը դադրի, սակայն մենք յաճախ կը հանդիպինք պամպուներու, որոնց բարձրութիւնը կը հասնի 50 մեթրի:

 

Ո՞րն է աշխարհի ամէնէն սուղ համեմը, որուն 3 կրամը 1 կրամ ոսկիի չափ կ՛արժէ:

harts-4_80616

Սաֆրանը: Ան առաջին անգամ մշակուեցաւ Միջին Արեւելքի մէջ, 35 դար առաջ: Այս համեմը կը գործածուի համ կամ դեղին գոյն տալու ուտելիքներուն: Անիկա կը կոչուի նաեւ` «Կարմիր ոսկի», որովհետեւ ամէնէն սուղ համեմն է: Մէկ կրամ սաֆրան ստանալու համար պէտք է հաւաքել 150 ծաղիկ, եւ այդ մէկ կրամ համեմը կ՛արժէ մօտաւորապէս 12 տոլար:

 

Ջուրէն ետք ի՞նչն է աշխարհի ամէնէն շատ սպառուող ըմպելին:

harts-5_80616

Թէյը: Ամէն օր աւելի քան 1 միլիառ խմուած գաւաթներով թէյը դարձած է աշխարհի ամէնէն շատ սպառուող ըմպելին` ջուրէն ետք: Ամէն տարի կ՛արտադրուի մօտաւորապէս 3 միլիոն թոն թէյ: Թէյէն ետք կու գայ գարեջուրը, ապա` սուրճը:

 

Կերպընկալը Ուտող
Մանրէ Մը

manre_80616

Մարդ արարածը կը փորձէ տեսակաւոր միջոցներ գտնել պահպանելու համար մեր մոլորակը ապականումէ: Սակայն մենք կրնանք նաեւ վստահիլ բնութեան «գիւտերուն» վրայ…

Աշխարհի վրայ ամէնէն շատ գործածուած կերպընկալներէն մէկը` PET-ն ուսումնասիրելու ընթացքին ճափոնցի գիտնականներու խումբ մը գտած է մանրէ մը, որ այս կերպընկալով «կը սնանի»: Մէկուկէս ամիսէն ան կրնայ ամբողջ կտոր մը ոչնչացնել: Ըստ գիտնականներու, անոնք մանրէներ են, որոնք եղափոխուած են նման բան մը ընել կարենալու համար, եւ հետեւաբար` պայքարելու ապականումին դէմ: Ինչպէս միշտ, բնութիւնը կը պատշաճի եւ մեզ կը դնէ հազար ու մէկ անակնկալներու դիմաց:

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել առաջին պատկերին եւ միւս պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տարբեր երկու մանրամասնութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել առաջին պատկերին եւ միւս պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տարբեր երկու մանրամասնութիւնները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու մարզիկները:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու մարզիկները:
Կրնա՞ս գտնել ներքնազգեստին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել ներքնազգեստին հասցնող ճամբան:
Նախորդը

50 Տարի Առաջ (6 Օգոստոս 1966)

Յաջորդը

Հայեացք Մը Հայ Մշակոյթի Ինքնութեան Վրայ

RelatedPosts

Աշնան Փառատօներ.  Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Աշնան Փառատօներ. Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Այժմէական.  Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը
Մանկապատանեկան

Այժմէական. Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?