Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դէպի Պրազիլ (Բ. Մաս)

Օգոստոս 13, 2016
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Պրազիլի Հնդիկները

brasil-1_81316Պրազիլի մէջ հնդիկները մօտաւորապէս մէկ միլիոն են, եւ անոնցմէ մաս մը կ՛ապրի Ամազոնի անտառին մէջ, աշխարհէն հեռու: Կան նոյնիսկ հնդիկ ցեղախումբեր, որոնց մենք տակաւին չենք հանդիպած…

Ամազոնի անտառը կը ծածկէ Պրազիլի մեծ մասը, սակայն յաճախ կը մոռցուի, որ հնդիկներուն կէսը հոն չ՛ապրիր: Օրինակի համար, ամէնէն մեծ ցեղախումբը կուարանիներու ցեղախումբն է, որ բաղկացած է աւելի քան յիսուն հազար անձէ:

Անոնք գրեթէ ամբողջովին կորսնցուցած են իրենց հողերը, որոնք կը գործածուին երկրագործութեան համար: Անոնք յաճախ շատ աղքատ են եւ կ՛ապրին իրենց յատկացուած շրջաններու մէջ. սակայն կան հնդիկներ, որոնք կը լքեն այդ վայրերը եւ ուրիշ շրջաններ կը փնտռեն բնակելու համար: Զանոնք կարելի է յաճախ տեսնել ճամբաներուն կողքին, վրաններու տակ: Անոնք շատ հաւատացեալ են, եւ իւրաքանչիւր խումբ ունի իր հոգեւոր պետը եւ աղօթքի վայրը: Անոնք կը խօսին Պրազիլի 180 լեզուներէն մէկը եւ շատ կապուած են իրենց սովորութիւններուն:

***

brasil-2_81316

1500-ական թուականներուն «Նոր Աշխարհը» հետախուզելու գացած փորթուգալցիները հանդիպած են նաեւ թուփինամպաներուն, հնդիկները, որոնք կ՛ապրին Ատլանտեան ովկիանոսի ափերուն մօտ գտնուող անտառներուն մէջ, ներկայի Պրազիլի հարաւը: Կարգ մը հնդիկներ մարտիկներ էին եւ անոնք միացան փորթուգալցիներուն` անոնց օգնելով նոր շրջաններ գրաւելու: Կարգ մը թուփի հնդիկ կիներ ամուսնացան փորթուգալցիներու հետ: Այս պատճառով է, որ Պրազիլի ներկայ պաշտօնական լեզուի փորթուգալերէնին մէջ կարելի է գտնել բառեր, ինչպէս նաեւ` ծագումով թուփի սովորութիւններ, որոնք այժմ կը պատկանին 200 միլիոն պրազիլցիներու եւ ոչ միայն հնդիկներուն:

Ամազոնի ցեղախումբերը

Ամազոնի անտառին մէջ գոյութիւն ունին բազմաթիւ ցեղախումբեր: Այդ ցեղախումբերէն մէկը եանոմամիներու ցեղախումբն է: Անոնց թիւը կը հասնի 19 հազարի, եւ անոնք կ՛ապրին 19 միլիոն քառակուսի քմ տարածութեան մը վրայ, հիւսիսի լեռներուն եւ անտառին մէջ: Ուրիշ բազմաթիւ ցեղախումբերու նման` եանոմամիներուն մեծ մասը կ՛ապրի անտառին մէջ շինուած գիւղերու մէջ, եւ կարելի է անոնց այցելել: Անոնք կը շինեն բոլորաձեւ մեծ տուներ, ուր երբեմն կ՛ապրին մինչեւ 400 անձեր: Գիւղին մէջտեղը գոյութիւն ունի բակ մը` հասարակաց աշխատանքներու համար: Եանոմամիներուն մօտ պետ չկայ, բոլոր որոշումները կը քննարկուին եւ կը տրուին միասին: Անոնք կ՛ապրին որսորդութեամբ եւ բոյսեր կը քաղեն սնանելու եւ բուժուելու համար:

Վտանգի տակ

brasil-3_81316brasil-4_81316Կարգ մը եանոմամիներ, ինչպէս` ուրիշ ցեղախումբեր, կ՛ապրին մեկուսացած եւ կը մերժեն որեւէ յարաբերութիւն ունենալ իրենց խումբէն դուրս: Կ՛ենթադրուի, որ մօտաւորապէս հարիւր մեկուսացած ցեղախումբեր գոյութիւն ունին Ամազոնի մէջ: Անոնք զգուշ են: Անոնք վարժուած չեն այն հիւանդութիւններուն, զորս մենք կրնանք անոնց փոխանցել, եւ նուազագոյն հարբուխը կամ կրիփը կրնայ շատ վտանգաւոր ըլլալ անոնց համար: Անոնք կը տեղափոխուին անտառին մէջ, որպէսզի մենք չգտնենք զիրենք եւ կ՛ապրին որսորդութեամբ եւ պտուղներ ու բոյսեր հաւաքելով:

***

brasil-5_81316

Ամազոնի շրջանը ունի տեսակաւոր հարստութիւններ եւ ան կը գրաւէ շատերու ուշադրութիւնը: Օրինակի համար, այժմ կը շինուին ամբարտակներ, որոնք պիտի ողողեն հնդիկներուն պատկանող հողեր: Մինչ այդ հնդիկները պահապաններն են անտառի մը, որ շատ օգտակար է մոլորակին. հետեւաբար շատ կարեւոր է, որ անոնք կարենան շարունակել զայն պահպանել թէ՛ իրենց համար, թէ՛ ալ մեզի…

 

Քրիստափորի Եւ Ամերիկայի
Արկածախնդրութիւնները

Քրիստափոր Քոլումպոս (1451-1506)

Իտալացի նաւապետ մը

cristapor-vespucci-1_81316

Քրիստափոր Քոլումպոս ծնած է Իտալիոյ հիւսիսի մեծ նաւահանգիստ Ճենովա քաղաքը: Անոր հայրը ջուլհակ էր: Իր պատանեկութեան Քոլումպոս մեծ հետաքրքրութեամբ եւ հիացումով մտիկ կ՛ընէ Ասիայէն վերադարձող մեծ ճամբորդներուն պատմութիւնները: Ան կը դառնայ նաւաստի եւ կը ծառայէ ճենովացի հարուստ վաճառականներու նաւերուն վրայ: 1476 թուականին ան կը հաստատուի Փորթուգալ եւ կ՛ամուսնանայ Ֆիլիփա Մոնիզի հետ: Անոնք պիտի ունենան մանչ զաւակ մը` Տիէկօ, 1479 թուականին:

Դէպի Հնդկաստան

cristapor-vespucci-2_81316

Քոլումպոս կ՛երազէ նոր ճամբայ մը գտնել դէպի «Հնդկաստանները» (Ասիա): Այդ ժամանակաշրջանին Եւրոպայէն ճամբայ ելլող նաւերը կը դառնան Ափրիկէին շուրջ եւ կը կտրեն Հնդկաց ովկիանոսը` հասնելու համար Հնդկաստան, Չինաստան եւ Ճափոն: Սակայն Քոլումպոս կը հաւատայ, որ կարելի է այս երկիրները հասնիլ ուղղակիօրէն Ատլանտեան ովկիանոսը կտրելով:

Փորթուգալէն Սպանիա

cristapor-vespucci-3_81316

Քոլումպոս ճամբորդութեան իր ծրագիրը կը ներկայացնէ Փորթուգալի թագաւորին, 1485 թուականին: Սակայն թագաւորը անոր նեցուկ չի կանգնիր: Հետեւաբար Քոլումպոս կը դառնայ Սպանիոյ թագուհիին` կաթողիկէ Իզապէլի, 1486 թուականին: Սակայն Քոլումպոս պիտի սպասէ տակաւին 5 տարի, մինչեւ որ Սպանիա ընդունի դրամ տալ անոր ճամբորդութեան համար: 1491 թուականին անոր ծրագիրը վերջապէս կ՛ընդունուի:

Դէպի Ամերիկա

cristapor-vespucci-4_81316

Քոլումպոս Սպանիան կը ձգէ 3 օգոստոս 1492-ին, 3 նաւերով եւ 90 անձերու ընկերակցութեամբ: 12 հոկտեմբերին ան կը տեսնէ ցամաք: Ան կը հաւաստէ, թէ հասած է Ասիա: Սակայն ան հասած է Անթիլեան կղզիները, որոնք կը գտնուին Ամերիկայի ջուրերուն մէջ: Առանց գիտնալու` Քոլումպոս գտած է նոր ցամաքամաս մը: Ան տակաւին ուրիշ 3 ճամբորդութիւններ պիտի կատարէ դէպի Ամերիկա, մինչեւ 1504 թուականը:

Քոլումպոսի ճամբորդութիւնները

– Առաջին ճամբորդութիւն` 1492-1493

Քրիստափոր Քոլումպոս Սպանիան կը լքէ 3 նաւերով եւ կը հասնի Պահամասներու Սան Սալվատոր կղզի, 12 հոկտեմբեր 1492-ին: Ան բնակիչները «հնդիկ» կը կոչէ, որովհետեւ կը հաւատար, թէ մօտեցած էր Հնդկաստանի (Ասիա): Ոսկի փնտռելով` Քոլումպոս կը հասնի մինչեւ Հիսփանիոլա եւ Քուպա:

– Երկրորդ ճամբորդութիւն` 1493-1496

Իր ճամբորդութենէն բերած ոսկին կը հմայէ սպանացիները: Քոլումպոս դարձեալ կ՛ուղղուի այս շրջանները 1493 թուականին, 17 նաւերով: Ան կը շինէ քաղաք մը` Իզապէլա, անոր տալով Սպանիոյ թագուհիին անունը: Ան դարձեալ կը հետախուզէ Քուպան (կարծելով, թէ ան Ասիոյ ծովեզերքն է): Ան կղզին կը ձգէ 1496 թուականին:

– Երրորդ ճամբորդութիւնը` 1498-1500

Քրիստափոր Քոլումպոս վերջապէս ի վիճակի կ՛ըլլայ դարձեալ ճամբայ ելլել 1498 թուականին: Առաջին անգամ ըլլալով` ան կը նաւարկէ Ամերիկայի ծովափի երկայնքին, սակայն ան շատ արագ կը վերադառնայ Իզապէլա, ուր հաստատուած գաղթաբնակները կ՛ըմբոստանան իրեն եւ իր եղբայրներուն դէմ: Ան կը ստիպուի Սպանիա վերադառնալ:

– Չորրորդ ճամբորդութիւնը` 1502-1504

Քոլումպոս իր չորրորդ ճամբորդութիւնը կը սկսի 1502 թուականին: Ան կը հետախուզէ Ամերիկայի ծովափը` փնտռելով անցք մը դէպի արեւմուտք. սակայն ան կը կորսնցնէ իր նաւերը: Ան կը վերադառնայ Սպանիա 1504 թուականին, ուր կը մահանայ երկու տարի ետք:

***

Ամերիկօ Վեսփուչի (1454-1512)

Մետիսիներու հրամանին տակ

cristapor-vespucci-5_81316

Ամերիկօ Վեսփուչի ծագումով Ֆլորանսէն է, Իտալիա: Ան կը սկսի աշխատիլ հզօր Մետիսի ընտանիքին համար: 1492 թուականին ան կը ղրկուի Սեւիլլա, Սպանիա: Հոն է, որ ան կը հանդիպի Քրիստափոր Քոլումպոսին, 1493 թուականին: Քոլումպոս վերադարձած էր իր ճամբորդութենէն, Ատլանտեանի միւս կողմէն. մինչ այդ` անծանօթ հողեր, «Նոր Աշխարհը»:

Առաջին ճամբորդութիւնը դէպի Նոր Աշխարհ (1497-1498)

1497 թուականին Վեսփուչի Սպանիայէն կ՛ուղղուի դէպի Նոր Աշխարհ, 5 նաւերով: Ան կը հասնի Անթիլեան կղզիներ, ուր Քոլումպոս հասած էր 1492-ին, եւ աւելի խոր կերպով կը հետախուզէ այս կղզեխումբը:

cristapor-vespucci-6_81316

Դէպի Պրազիլ (1500-1501)

1500 թուականին Վեսփուչի կը մասնակցի փորթուգալցի նաւապետ Փետրօ Ալվարեզ Քապրալի հետախուզական արշաւանքին: Հետախոյզները կը հասնին ներկայ Պրազիլի ծովափը: Անոնք կը գտնեն մեծ ծովածոցը, զոր կ՛անուանեն Ռիօ տէ Ժաներօ: Ապա անոնք կը հետախուզեն Հարաւային Ամերիկայի Ատլանտեանի ծովափը: Եւրոպա վերադարձին Վեսփուչի կը փաստէ, որ Նոր Աշխարհը կղզիներու խումբ մը չէ, այլ` մեծ ցամաքամաս մը:

Ամերիկօ եւ Ամերիկան

1507 թուականին հրատարակուած գիրքի մը մէջ գերմանացի քարտէսներ գծող մասնագէտ մը կը գործածէ Ամերիկայի անունը Քոլումպոսի փոխարէն, նոր ցամաքամասը անուանելու համար: «Ամերիկա» անունը կը ծնի:

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել պաղպաղակը գողցած թռչունին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել պաղպաղակը գողցած թռչունին հասցնող ճամբան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած ինը պաղպաղակները:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած ինը պաղպաղակները:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները:

 

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (13 Օգոստոս 1966)

Յաջորդը

Հալէպի Ազատագրութիւնը` Արեւմուտքի Եւ Անոր Դաշնակիցներուն Ջախջախիչ Պարտութիւնը

RelatedPosts

Ի՞նչ Են Շաքարին Ազդեցութիւնները Մեր Մարմնին Վրայ
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Են Շաքարին Ազդեցութիւնները Մեր Մարմնին Վրայ

Յուլիս 12, 2025
Ամառ Է.  Տաքէն Պաշտպանուինք
Մանկապատանեկան

Ամառ Է. Տաքէն Պաշտպանուինք

Յուլիս 5, 2025
Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ
Մանկապատանեկան

Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ

Յունիս 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?