Քափուէորան սահմանելը դժուար է, աւանդութիւն, մարտական մարզանք, պար, երաժշտութիւն… կ՛ըսուի, թէ ան ժիւտոյի նման մարտարուեստ մըն է: Ծանօթանանք այս զարմանալի մարզաձեւին:
Ստրուկներու օրերէն…
Մենք ճշգրտութեամբ չենք գիտեր, թէ ինչպէ՛ս ծնած է քափուէրան: Սակայն յստակ է, թէ ան յառաջացած է, երբ ափրիկեցիներ իբրեւ ստրուկ բերուած են Պրազիլ 16-րդ դարէն սկսեալ: Անոնք իրենց հետ բերած են իրենց երաժշտական գործիքները եւ միասին ստեղծած են եղանակներու ու երգերու ընկերակցութեամբ կռուելու այս թեքնիքը, որ շատ զօրաւոր կապ մը կը ստեղծէր անոնց միջեւ:
Ամբողջ աշխարհին մէջ ճանչցուած մարզաձեւ մը
Քափուէրան կ՛արգիլուի, երբ ստրուկները կը սկսին ըմբոստանալ ազատ դառնալու համար: Սակայն նոյնիսկ ստրկութեան ջնջումէն ետք, 1888 թուականին, մարզուիլը արգիլուած մնաց: Ապա 1930-ական թուականներուն քափուէրան սկսաւ ճանչցուիլ իբրեւ պրազիլեան աւանդութիւն եւ մարզաձեւ: Այժմ Պրազիլի մէջ ֆութպոլէն ետք ան երկրորդ ազգային մարզաձեւն է: Կարելի է քափուէրայի դասեր առնել բազմաթիւ երկիրներու մէջ:
Մարզաձեւը
Քափուէրային կարեւոր տարրերէն մէկը ռոտան է (շրջանակը): Ոչինչ կրնայ տեղի ունենալ խաղացողներուն կազմած շրջանակէն դուրս: Աւանդական երաժշտական գործիքներու կշռոյթին հետեւելով, անոնք կ՛երգեն ու կը ծափեն:
Կարելի է տեսնել պէրեմպոն, աթապաքէն, փանտէրոն, ռէքօ-ռէքօն եւ ակոկոն:
Նուագողները կը գտնուին շրջանակէն դուրս. անոնք կշռոյթը կու տան:
Երգերը եւ եղանակները կը խանդավառեն շրջանակէն ներս գտնուող երկու խաղացողները: Երբ ուրիշ խաղացող մը կ՛ուզէ ռոտային մէջ մտնել, ան հրաման կ՛առնէ պէրիմպոն նուագողէն` ձեռքի նշանով մը: Ապա ան կը կանգնի դիմացը այն խաղացողին, որուն հետ կ՛ուզէ մասնակցիլ, եւ միւս խաղացողը դուրս կ՛ելլէ:
Խաղացողները շատ ճկուն են: Քափուէրան լարախաղացութեան շարժումներ ունի: Սակայն սկիզբէն մեծ ձիրք ունենալը կարեւոր չէ: Մեծերը փոքր խաղցողներուն նախ կը սորվեցնեն ինչպէս խուսափիլ յարձակումներէն, ճկունութիւնը զարգացնել եւ կռուելու թեքնիքները գործածել: Այս սկզբնական շրջանին ոչ մէկ հպում կայ երկու խաղացողներուն միջեւ: Այս մարզանքները կը նմանին պարի մը, որուն ընթացքին իրարու չեն դպչիր:
Կամաց-կամաց խաղացողները կը սորվին տարբեր ձեւեր, ինչպէս է ժիւտոյի պարագային: Նոյն ձեւով կան նաեւ տարբեր մակարդակներ, որոնք կը նշուին իբրեւ գօտի գործածուած պարաններուն գոյներով:
Ռոտան կը վերջանայ ռոտայի սամպայով. տղայ մը աղջկայ մը հետ կը պարէ պրազիլեան սամպա` պարին քայլերը գործածելով, սակայն նոյն ատեն տեղւոյն վրայ յօրինելով նոր ձեւեր: Այս պարագային աղջիկ մըն է, որ կը մտնէ ռոտային մէջ` աղջիկ պարողը փոխարինելու, եւ տղայ մը` տղայ պարողը փոխարինելու:
Խոհագիր.
Ողիմպիական Մետալը
Եթէ դուն մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցար Պրազիլի մէջ տեղի ունեցող Ողիմպիական խաղերուն, վստահաբար փակման արարողութեան համար դուն ալ արժանի պիտի ըլլաս քու մետալիդ… զոր պիտի կարենաս ուտել: Քու մետալդ ոսկի, արծաթ կամ պրոնզ պիտի չըլլայ, այլ տուրմի կտորներով:
– Պէտք ունիս (4 մետալի համար)
100 կրամ տուրմի կտորներ (քուքիզի յատուկ), 125 կրամ հալած կարագ, 175 կրամ շաքար, 1 զարնուած հաւկիթ, 150 կրամ ալիւր, կէս թէյի դգալ պէյքինկ փաուտըր, պտղունց մը աղ, 50 սմ երկայնք ունեցող 4 ժապաւէններ:
– Պատրաստութիւն
1.- Փուռը տաքցուր 190 աստիճան տաքութեամբ: Փուռի յատուկ քառակուսի ափսէի մը մէջ կարագ քսէ:
2.- Խորունկ ամանի մը մէջ դիր շաքարը եւ մնացած հալած կարագը: Խառնէ փայտէ դգալով մը:
3.- Աւելցուր զարնուած հաւկիթը, ապա ալիւրը, պէյքինկ փաուտըրը եւ աղը: Լաւապէս խառնէ:
4.- Իւրաքանչիւր մետալի համար խմորէն 3 մեծ դգալ պարպէ ափսէին անկիւնը: Ձգէ, որ խմորը կլոր ձեւով տարածուի:
5.- Տուրմի կտորներով իւրաքանչիւր մետալի վրայ գրէ 1, 2, 3 եւ 4:
6.- Չափահասի մը օգնութեամբ ափսէն փուռը դիր 10-12 վայրկեան:
7.- Ափսէն փուռէն հանելէն ետք, երբ քուքիները տակաւին տաք են, մօտաւորապէս 1 սմ ծակ մը բաց իւրաքանչիւր ծայրը փայտէ խորովածի ցպիկով կամ ատամնակրկիտով մը: Պէտք է կարենաս այդ ծակին մէջէն ժապաւէնը անցընել:
8.- Ձգէ, որ քուքիները պաղին եւ կարծրանան, ապա ծակերուն մէջէն անցուր ժապաւէնները եւ անոնց ծայրերը հանգոյց ըրէ:
9.- Հիմա կրնաս ժապաւէնը վզիդ շուրջ անցընել եւ դուք քեզ յաղթական յայտարարել:
Հարցարան
Մարզական Աշխարհէն
1) Ողիմպիական խաղերու պատմութեան ամէնէն երէց մարզիկը շուէտացի Օսքար Սուանն էր: Ան 72 տարեկան եւ 281 օրուան էր, երբ մասնակցեցաւ 1920-ի Ողիմպիական մրցումներուն:
Ան ո՞ր մարզաձեւը կը կիրարկէր:
ա.- Նշանառութիւն, բ.- թիավարութիւն, գ.- ձիարշաւ, դ.- մարմնամարզութիւն (ճիմնասթիք):
2) Առաջին Ողիմպիական ախոյեանը յոյն զինուոր մըն էր, որ շահեցաւ ծանրութիւն բարձրացնելու մրցումը:
ա.- Ճիշդ, բ.- սխալ:
3) 1980-ին Նիւ Եորքի մէջ կայացած Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերու պատասխանատուները ի՞նչ ըրին, որպէսզի մարզիկները մրցելու համար ամէնէն լաւ պայմաններու մէջ գտնուէին:
ա – Մրցումները կը սկսէին ուշ` կէսօրէ ետք, բ – Արուեստական ձիւն գործածեցին, գ – Իւրաքանչիւր մարզիկի պիստակի խմորով եւ անուշով սանտուիչներ հայթայթեցին, դ – Մրցումները ջնջեցին, երբ օդը շատ ամպոտ էր:
4) Ո՞ր երկրին մարզիկները առաջին դաշտ մտնողները կ՛ըլլան Ողիմպիական խաղերու բացման արարողութեան ընթացքին:
ա – Միացեալ Նահանգներ, բ – Չինաստան, գ – Աֆղանիստան, դ – Յունաստան:
5) Ի՞նչ է այն առարկան, որ կը բերուի Յունաստանի Օլիմփիա բլուրէն մինչեւ Ողիմպիական խաղերուն վայրը:
ա – Խորհրդանշական շրջանակ մը, բ – Կրակի բոցով ջահ մը, գ – Ոսկի մետալ մը, դ – Ձիթենիի ճիւղ մը:
6) Ամերիկացի լողորդ Ճոնի Ուէյսմիլլըր ընդամէնը հինգ ոսկի մետալներ շահեցաւ 1924-ի եւ 1928-ի Ողիմպիական խաղերուն: Ապա ան դարձաւ շարժապատկերի դերասան` խաղալով նշանաւոր կերպար մը: Ո՞ր կերպարն էր անիկա:
ա – Սուփըրմէն, բ – Շէրլոք Հոլմզ, գ – Թարզան, դ – Այրընմէն:
7) 1744-ին գրուած գիրքի մը մէջ նշուած են պէյզպոլի պաշտօնական օրէնքները:
ա.- Ճիշդ, բ.- սխալ
8) Հին եգիպտացիները կը խաղային պոլինկի նմանող խաղ մը:
ա.- Ճիշդ, բ.- սխալ
9) Քոնկ ֆու մարտարուեստը հնարուած է Ճափոնի մէջ:
ա.- Ճիշդ, բ.- սխալ
10) Ո՞ր երկրին մէջ առաջին անգամ սկսան խաղցուիլ ֆութպոլի արհեստավարժներու խաղերը:
ա – Մեքսիքօ, բ – Միացեալ Նահանգներ, գ – Պրազիլ, դ – Անգլիա:
11) «Ֆորմիւլա ուան»-ի պատմութեան մէջ ո՞ր վարիչը ամէնէն մեծ թիւով մրցումները շահած է:
ա – Սէպասթիէն Վէթթէլ, բ – Կոկըլ Փիսանօ, գ – Մայքըլ Շումախըր, դ – Մարիօ Անտրեթի:
12) 1896-ին, ո՞ր երկրին մէջ տեղի ունեցան առաջին արդի Ողիմպիական խաղերը:
ա – Ֆրանսա, բ – Միացեալ Նահանգներ, գ – Յունաստան, դ – Անգլիա:
13) Ամերիքա՛զ քափը նաւարկութեան ամէնէն հռչակաւոր վարձատրութենէն մէկն է:
ա.- Ճիշդ, բ.- սխալ
14) Ո՞ր թիւը կատարեալ կը սեպուի պոլինկի խաղի մը մէջ:
ա – 10, բ – 100, գ – 300, դ – 500:
15) Քանի՞ խաղացողէ կազմուած կ՛ըլլայ գոց դաշտի վոլիպոլի պաշտօնական խաղի մը խումբը:
ա – 5, բ – 10, գ – 2, դ – 6:
Պատասխանները վերջաւորութեան
Ժամանց



Պատասխանները
1) ա: 2) Սխալ. առաջին ողիմպիական ախոյեանը Քորէպուս անունով յոյն խոհարար մըն էր, որ սփրինթ վազքի մրցումը յաղթեց Ք.Ա. 776 թուականին: 3) Բ: 4) Դ: 5) Բ: 6) Գ: 7) Սխալ. Ճոն Նիւպէրի գրագէտը գրած է մանուկներու գիրք մը, ուր նշած է «պէյզ-պոլ»-ը, սակայն առանց նկարագրելու անոր օրէնքները: 8) Ճիշդ. իբրեւ պոլինկի շիշ գործածուած քարի ինը կտորներ գտնուած են Ք.Ա. մօտաւորապէս 3200 թուականին թաղուած մանուկի մը գերեզմանին մէջ: 9) Սխալ. քոնկ ֆուն ծագած է Չինաստանի մէջ: 10) Դ: 11) Գ: 12) Գ: 13) Ճիշդ. Ամերիքազ Քափի բաժակը կը տրուի 1851-ին սկսած միջազգային նաւարկութեան մրցումի մը յաղթողին: 14) Գ: 15) Դ: