Մանկապատանեկան

Ծովահէնները Իսկապէս Գոյութիւն Ունեցա՞ծ Են

Ծովահէնները Իսկապէս Գոյութիւն Ունեցա՞ծ Են

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Այո՛: Ծովահէնները յայտնուեցան առաջին նաւերուն հետ, 11,000 տարիներ առաջ: Ամբողջ պատմութեան ընթացքին ծովահէնները նաւերուն վրայ յարձակած են բոլոր ծովերուն մէջ, տարբեր ցամաքամասերու ջուրերուն մէջ: Հին յոյներուն եւ հռոմէացիներուն ժամանակաշրջանին, Միջերկրական ծովը ծովահէններով լեցուն էր: Ապրանքներով լեցուն նաւերը յաճախ ծովահէններուն թիրախը կ՛ըլլային: Օրինակի համար, որոնք կը գողնան հիւսիսային Ափրիկէէն դէպի Հռոմ ուղղուող ցորենի բերքը: Ք. Ա. 75...

Պատանիներու Շոգեկառքին Մէջ

Պատանիներու Շոգեկառքին Մէջ

  Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Բարի եկած էք Պուտափէսթի պատանի վարիչներուն շոգեկառքի մէջ: Պիտի սկսինք մեր պտոյտը անոնց հետ: Նորպէրթ, Լազլօ եւ Ռոլան շոգեկառքի սիրահար պատանիներ են: Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափէսթի մէջ անոնք բախտը ունին իրենց այս սիրած ժամանցը իսկական շոգեկառքի մը վրայ գործադրելու: 11 քիլոմեթր երկարութիւն ունեցող այս շոգեկառքի գիծին վրայ շրջելով իրենց ժամանցը կ՛անցնեն տարին 300,000 ճամբորդներ: Ան կ՛անցնի...

Դէպի Քորքովատօ, Ռիօ Տը Ժաներօ

Դէպի Քորքովատօ, Ռիօ Տը Ժաներօ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Անիկա աշխարհի ամէնէն նշանաւոր վայրերէն մէկն է եւ` Պրազիլի խորհրդանիշը: Ինչպէս Փարիզը ունի իր Էյֆել աշտարակը, Ռիօ Տը Ժաներօ ունի իր Քորքովատոն եւ Յիսուսի արձանը: Մարդիկ յաճախ կը շփոթեն Քորքովատոյին եւ Յիսուսի արձանին միջեւ: Քորքովատոն (որ փորթուգալերէն կը նշանակէ` «կուզը») այն գագաթն է, որուն վրայ շինուած է արձանը: Այս գագաթին բարձրութիւնը կը հասնի 710 մեթրի եւ...

Դէպի Փեթրա

Դէպի Փեթրա

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Այս շաբաթ մենք պիտի երթանք Յորդանան եւ այցելենք Փեթրա: Յորդանանի կեդրոնը, ժայռերուն մէջ քանդակուած այս պետութիւն-քաղաքը շատ կարեւոր ճամբայ մըն էր հին ժամանակներուն: Բոլորաձեւ լեռնահովիտի մը մէջ գտնուող, բազմաթիւ անցքերով եւ նեղ ճամբաներով օժտուած Փեթրա հնագիտական ամէնէն նշանաւոր վայրերէն մէկն է: Հոն իրարու խառնուած են հին արեւելեան աւանդական ոճերու եւ հելլէնական ճարտարապետութեան ազդեցութիւնները: Խորհրդաւոր վայր մը...

Կին Դէմքեր.  Մարիա Շարափովա

Կին Դէմքեր. Մարիա Շարափովա

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Թենիսի աշխարհի ամէնէն գեղեցիկ մարզիկը համարուած Մարիա Շարափովան նաեւ ինքնաշարժի «Փորշ» ընկերութեան դեսպանուհին է: Ծագումով ռուս այս մարզիկին երկրպագուները շատ են. անոնք ոչ միայն հմայուած են մարզիկին գեղեցկութեամբ, այլեւ կը գնահատեն անոր խաղարկութիւնը եւ աննկուն կամքը: Ստորեւ կու տանք Շարափովայի հետ վերջերս կատարուած հարցազրոյցէ մը բաժիններ: ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ո՞րն է հասարակաց կէտը թենիսին եւ ինքնաշարժի մրցումին միջեւ: ՊԱՏԱՍԽԱՆ.-...

Աթէնքի Աքրոփոլիսը

Աթէնքի Աքրոփոլիսը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Անիկա հին Յունաստանի ամէնէն գեղեցիկ յուշարձաններէն մէկն է: Բազմաթիւ պատմաբաններ, հնագէտներ եւ ճարտարապետներ հմայուած են այս հին քաղաքակրթութեան ձգած հետքերով: ա - Ժայռոտ բարձրաւանդակի մը վրայ Թշնամիներու յարձակումներէն պաշտպանուելու համար անշուշտ նախընտրելի է բարձր դիրքի վրայ գտնուիլ: Աքրոփոլիսն ալ այս օրէնքին կը հետեւի: Հետեւաբար աթէնացիները որոշած են իրենց քաղաքին ամէնէն կարեւոր կոթողները պահպանելու համար զանոնք կառուցել...

Ինչո՞ւ Արեւը Մեր Մորթին Գոյնը Թուխ Կը Դարձնէ, Իսկ Մազերուն Գոյնը Կը Բանայ

Ինչո՞ւ Արեւը Մեր Մորթին Գոյնը Թուխ Կը Դարձնէ, Իսկ Մազերուն Գոյնը Կը Բանայ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Երբ մենք կ՛ուզենք մեր մորթին մութ գոյն մը տալ, կամ մեր մազերուն բաց գոյն մը տալ, երկու պարագային ալ պէտք ունինք տարբեր նիւթեր գործածելու: Մինչ արեւը այս երկու գործողութիւնները մէկ անգամով կը կատարէ, նոյնիսկ երբ մենք պարզապէս շուկային մէջ կը պտտինք կէսօրէ ետք մը, ամրան ընթացքին, եւ այս պարագային մենք պէտք չենք ունենար տուփին ետեւի բացատրութիւնները...

Ինչո՞ւ Մենք Կը Ծարաւնանք Եւ Կ՛անօթենանք

Ինչո՞ւ Մենք Կը Ծարաւնանք Եւ Կ՛անօթենանք

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Մենք բոլորս անցած ենք այն վայրկեաններէն, երբ շատ ծարաւ զգացած ենք: Բայց արդեօք կրնա՞ք երեւակայել ինչ վիճակի մէջ պիտի գտնուինք օրերով ծարաւ մնալէ ետք: Եթէ անձ մը երկար ժամանակ մնայ առանց ոչինչ խմելու, ան կը մեռնի: Ծարաւի զգացումը մեր մարմնին միջոցն է մեզի ըսելու, թէ պէտք է հեղուկի մեր պահեստը լեցնել: Ծարաւ կը զգանք, երբ մեր...

Ինչո՞ւ Ամրան Առաջին Օրը, Ամէնէն Երկար Օրը, Ամէնէն Տաք Օրը Չէ

Ինչո՞ւ Ամրան Առաջին Օրը, Ամէնէն Երկար Օրը, Ամէնէն Տաք Օրը Չէ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Գարունը կը վերածուի ամրան, օրերը միշտ աւելի կ՛երկարին, իսկ գիշերները կը կարճնան: Օրերը կ՛երկննան դեկտեմբերի վերջաւորութեան 9,3 ժամէն մինչեւ աւելի քան 12 ժամ մարտի վերջաւորութեան եւ մօտաւորապէս 15 ժամ` յունիսի սկիզբը, հիւսիսային շրջաններուն մէջ: Սակայն ինչո՞ւ օրերը եւ իրիկունները միշտ 12 ժամ չեն: Ասոր պատճառը երկրագունդին հակած դիրքն է: Երեւակայեցէք ուղղահայեաց առանցքի մը շուրջ դարձող գունդ...

Յունիս Ամսուան Տօներէն  Աշխարհին Շուրջ  (Բ. Մաս)

Յունիս Ամսուան Տօներէն Աշխարհին Շուրջ (Բ. Մաս)

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Շարունակենք մեր պտոյտը աշխարհին շուրջ եւ ծանօթանանք տարբեր սովորութիւններու: Ռէկաթա տը Սանթօ Ռանիերի Փիզայի մէջ, Իտալիա Վենետիկ քաղաքը նշանաւոր է իր կոնտոլաներով իսկ Փիզա քաղաքը ճանչցուած է Առնօ գետին վրայ 1500 մեթր իր աւանդական նաւերու մրցումով, որ կը շարունակուի 1290-ական թուականներէն ի վեր: Քաղաքին չորս թաղամասերը ներկայացնող գոյներով ներկուած չորս նեղ նաւերը ունին ղեկավար մը, մագլցող մը,...

Յունիս Ամսուան Տօներէն Աշխարհին Շուրջ (Ա. Մաս)

Յունիս Ամսուան Տօներէն Աշխարհին Շուրջ (Ա. Մաս)

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Կարճ պտոյտ մը կատարենք աշխարհին շուրջ` ծանօթանալու համար քանի մը երկիրներու տօներուն եւ սովորութիւններուն: Էլ քոլաչօ (նորածիններու վրայէն ցատկել), Սպանիա Այս տօնակատարութիւնը տեղի կ՛ունենայ Քասթիիյօ տը Մուրսիա, Պուրկաս, Սպանիոյ մէջ: Այս տարի անիկա պիտի տօնուի կիրակի, 7 յունիսին: Տօնակատարութեան ընթացքին մեծ մարդիկ կը հագուին դեղին եւ կարմիր հագուստներ եւ նորածիններու վրայէն կը ցատկեն: Այս տարօրինակ սովորութիւնը սկսած...

Կուաթէմալա Սիթիի Պզտիկ Հովիւը

Կուաթէմալա Սիթիի Պզտիկ Հովիւը

13 տարեկան Պէթօ եւ իր ընտանիքը կ՛ապրին Կուաթէմալա Սիթիի աղքատ թաղամասերէն մէկուն մէջ: Ապրելու համար Պէթօ այծի թարմ կաթ կը ծախէ քաղաքին փողոցներուն մէջ: Պէթոյի ծնողքը ունի 47 այծ, զանոնք կը պահէ թիթեղէ շինուած իրենց պզտիկ տան մօտ: Իւրաքանչիւր անասուն կը սեպուի ընտանիքի անդամ մը եւ ունի իր անձնական անունը: Անասունները հաւաքուած կը մնան ընտանեկան տան շուրջ: Պէթօ մեծ խնամք...

Բազէներուն Հիւանդանոցը

Բազէներուն Հիւանդանոցը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Այս շքեղ անասուններուն առողջութիւնը շատ դիւրաբեկ է: Այդ պատճառով անոնք ունին իրենց յատուկ նոյնքան շքեղ հիւանդանոց մը` Արաբական Էմիրութիւններուն մէջ: Այս որսորդ անասուններուն սիրոյն համար է, որ գերմանացի անասնաբուժ Մարկրիթ Մուլլըր հաստատուած է Ապու Տապի: 1999 թուականէն ի վեր ան հոն կը զբաղի այս երկնքի որսորդներու յատուկ աշխարհի ամէնէն մեծ հիւանդանոցով: Ներկայիս Արաբական թերակղզիին եւ Ասիայէն...

Ապուլէ` Պզտիկ Ձկնորսը

Ապուլէ` Պզտիկ Ձկնորսը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Ապուլէ կ՛ապրի Եթովպիոյ մէջ, Ափրիկէ: Ամէն առտու, դպրոց երթալէ առաջ, ան իր տան մօտի լճակը կ՛երթայ ձկնորսութեան: Ան մինակը շինած է իր ձնկորսութեան եղէգը եւ նաւակը եւ անձնապէս կ՛երթայ իր ձուկերը որսալու: Երբ արեւը կը ծագի, Ապուլէ կ՛առնէ իր ձկնորսութեան եղէգը, զոր շինած է փայտի կտորով մը: Իսկ իր նաւակը ան շինած է պապիրոսի տերեւներով մէկ...

Աշխարհին Շուրջ` Արեւուն Շնորհիւ

Աշխարհին Շուրջ` Արեւուն Շնորհիւ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Մարտ ամսուն «Սոլար իմփալս» օդանաւը թռիչք առաւ հանգրուաններով աշխարհին շուրջը ընելու համար: Մինչ միւս օդանաւերը իբրեւ վառելանիւթ քարիւղ կը գործածեն բանելու համար, այս արեւային օդանաւը կ՛աշխատի շնորհիւ արեւուն ուժանիւթին: Ծանօթանանք այս իւրայատուկ օդանաւին: Աշխարհին շուրջը արեւային օդանաւով դառնալու ծրագիրը սկսած է 12 տարիներ առաջ: Զուիցերիացի գիտնական եւ արկածախնդիր Պերթրան Փիքար այս գաղափարը յղացած է օդաչուի մը`...

Ո՞վ Էր Քոնֆուսիուս

Ո՞վ Էր Քոնֆուսիուս

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Քոնֆուսիուս հին Չինաստանի գլխաւոր դէմքերէն մէկն էր: Ան մտաւորական մըն էր, որ ապրած էր Ք. Ա. 6-րդ-5-րդ դարերուն: Հան ընտանիքի կայսրութեան շրջանին գրագէտները, որոնք կ՛ուզէին շատ դժուար քննութիւններ անցընել կառավարական պաշտօնեայ դառնալու համար, պէտք էր անոր գրութիւնները անգիր սորվէին: Երեք մեծ մտաւորական մտածելակերպեր տիրապետած են հին Չինաստանի մէջ: Թաոականութիւնը, պուտտայականութիւնը եւ քոնֆուսիականութիւնը: Այս վերջինը եկած է...

Թուղթին Ծագումը

Թուղթին Ծագումը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Այն թուղթը, որուն վրայ մենք կը գրենք, միշտ գոյութիւն չէ ունեցած: Անոր գիւտէն առաջ եգիպտացիները պապիրոսի բոյսէ էջերու վրայ կը գրէին, հռոմէացիները` մոմէ կամ փայտէ տախտակներու վրայ: Միջին դարերու գիրքերը մագաղաթէ կը կազմուէին` անասուններու մորթէ էջեր... Չինացիներն են, որոնք առաջին անգամ մտածած են ինչպէ՛ս թուղթ շինել: 105 թուականին արեւելքի Հան չինական կայսրութեան (Ք.Ե. 25-220) աշխատանոցներուն մէջ,...

Զատիկը Աշխարհին Շուրջ

Զատիկը Աշխարհին Շուրջ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Զատիկը քրիստոնէական տօներէն ամէնէն  կարեւորներէն մէկն է, եւ աշխարհին շուրջ տարբեր երկիրներ զայն կը տօնեն իրենց յատուկ աւանդութիւններով: Ֆրանսայի մէջ զանգակները կը դադրին հնչելէ Աւագ հինգշաբթիէն մինչեւ Աւագ շաբաթ: Կ՛ըսուի, թէ անոնք գացած են Հռոմ, ուրկէ պիտի վերադառնան շաբաթ գիշեր` իրենց հետ բերելով քաղցրեղէններ մանուկներուն համար: Իտալիոյ մէջ Զատիկին կը շինուի «Քոլոմպա» կոչուած պրիոշը: Անիկա ունի...

Տուրմին Արկածախնդրութիւնները

Տուրմին Արկածախնդրութիւնները

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Ան ներկայ է մեր բոլոր տօներուն եւ հանդիսութիւններուն. Կաղանդ, Զատիկ, Ծնունդ, հարսանիք... Ան թէ՛ փոքրերուն, թէ՛ ալ մեծերուն կողմէ շատ սիրուած տուրմն է: Հետեւինք անոր արկածախնդրութիւններուն արեւադարձային շրջաններէն մինչեւ մեր ապրած երկիրներու խանութները հասնիլը: Վստահաբար բոլորս պիտի ուզէինք մեր տան առջեւ ունենալ ծառ մը, որուն վրայ կը բուսնին տուրմի կտորներ: Անշուշտ նման ծառեր գոյութիւն չունին: Սակայն,...

Քանի՞ Դգալ Շաքար…

Քանի՞ Դգալ Շաքար…

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Առողջապահութեան միջազգային կազմակերպութիւնը կը թելադրէ օրական միայն տասը կտոր շաքար սպառել: Սակայն ինչպէ՞ս կատարել այդ հաշիւները... Շաքարին տեսակը Մարդ արարածը պէտք ունի օրական 250-350 կրամ կլիւսիտի, այսինքն` շաքարի: Սակայն շաքարի համ ունեցող ուտելիքները ուրիշ ուտելիքներէ շատ աւելի արագ կ՛իւրացուին մարմնին կողմէ, եւ ասիկա կրնայ գիրութեան պատճառ դառնալ: Այս տեսակի ուտելիքներուն պարագային կլիւսիտի քանակը պէտք է իջեցնել...

Page 23 of 24 1 22 23 24

Արխիւներ