Մանկապատանեկան

Ուղեւորութիւն Դէպի Հրատ Մոլորակ

Ուղեւորութիւն Դէպի Հրատ Մոլորակ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Անջրպետի հետախուզութեան պատմութեան սկիզբէն ի վեր աւելի քան 40 «արշաւանքներ» կատարուած են դէպի Հրատ մոլորակ: Այժմ մարդ արարածն է, որ կ՛ուզէր երթալ Կարմիր մոլորակ... Երբէն ի վեր մարդ արարածը կը հաւատայ Հրատի բնակիչներու գոյութեան: Հաւանաբար գաղափարը միշտ մարդուն մտքին մէջ եղած է, որովհետեւ Հրատը պարզ աչքով տեսանելի մոլորակ մըն է: Շատ կանուխ ժամանակներուն յոյները եւ եգիպտացիները...

Հետաքրքրական.  Ինչո՞ւ Ժոքոնտան Փարիզէն Պիտի Չհեռանայ

Հետաքրքրական. Ինչո՞ւ Ժոքոնտան Փարիզէն Պիտի Չհեռանայ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Լէոնարտօ տա Վինչիի նշանաւոր գեղանկարը` Ժոքոնտը (Մոնա Լիզա) կը գտնուի Փարիզի Լուվր թանգարանին մէջ եւ ան այդ վայրը բնաւ պիտի չլքէ... Ինչո՞ւ: Ժոքոնտին առաջին ճամբորդութեան միջոցը եղած է ջորի մը: 1516 թուականին, աշխարհի ամէնէն հռչակաւոր գեղանկարին հեղինակը` իտալացի գեղանկարիչ Լէոնարտօ տա Վինչի զայն հետը կը փոխադրէ` անցնելով Ալպեան լեռնաշղթան եւ հասնելով Ֆրանսա, ուր ան իր գործը...

Շաքարը` Լա՞ւ, Թէ Գէշ

Շաքարը` Լա՞ւ, Թէ Գէշ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Ամէն տարի աշխարհի մէջ կը ծախուի 170 միլիոն թոն շաքար: Ներկայիս մարդ արարածը ամէնէն մեծ քանակով շաքար կ՛ուտէ կամայ թէ ակամայ: Մեր կերած ուտելիքներուն մէջ այնքան շատ նիւթեր կան, որ դժուար է նշմարել, թէ ան ո՛ւր կը պահուըտի: * * * Մոլորակին հեռաւոր անկիւններուն մէջ է, որ մարդ արարածը սկսած է մշակել շաքարեղէգը` Խաղաղական ովկիանոսին Նիւ...

Լուսինին Պահուած Բաժինին Վրայ

Լուսինին Պահուած Բաժինին Վրայ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Գիտէ՞իք, որ այս տարի գիտնականները դէպի լուսին պիտի ղրկեն յատուկ մարդամեքենայ մը: Անոր պաշտօնն է ուսումնասիրել լուսինին պահուած բաժինը եւ հոն բուսականութիւն մշակելու կարելիութիւնը: Չինաստան կ՛ուզէ երթալ հոն, ուր տակաւին ոչ մէկը գացած է: Ո՛չ. ան չի մտադրեր Հրատ մոլորակ երթալ, այլ` լուսինին չերեւցող բաժինը: Ի՞նչ է լուսինին պահուած բաժինը: Երբ մենք լուսինին կը նայինք, մենք...

Թռչելու Երազը

Թռչելու Երազը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Մարդ արարածը կրնայ (գրեթէ) ամէն ինչ ընել անասուններուն նման. քալել` կապիկի մը նման, ցատկել ագեվազի մը նման, վազել` ընձառիւծի մը նման, լողալ` դլփինի մը նման... Սակայն կայ նաեւ վերջին երազ մը` թռչիլ թռչունի մը նման: Հաւանաբար ծանօթ էք Իքարիւսի առասպելին: Այս առասպելական հերոսը կրցաւ թռչիլ երկնքին մէջ` շնորհիւ մոմէ շինուած թեւերու: Սակայն անոր պատմութիւնը տխուր վերջացաւ,...

Հետաքրքրական.  Ժոքոնտը Ոչ Թարթիչ,  Ոչ Ալ Յօ՞նք Ունի

Հետաքրքրական. Ժոքոնտը Ոչ Թարթիչ, Ոչ Ալ Յօ՞նք Ունի

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Ժոքոնտ անունով ճանչցուած Մոնա Լիզայի դիմանկարը նկարուած է 1503 թուականին շուրջ, Լէոնարտօ Տա Վինչիի կողմէ: Հակառակ իր փոքրիկ չափին (77x53 սմ)` այս իւղաներկը մրցանիշներ կը կոտրէ, որովհետեւ օրական աւելի քան 15 հազար անձեր կու գան զմայլելու անոր խորհրդաւոր ժպիտով: Այս դիմանկարին իւրայատկութիւններէն մէկն ալ այն է, որ Մոնա Լիզան ո՛չ թարթիչ, ո՛չ ալ յօնք ունի: Կայ...

Ի՞նչ Է Օզոնի Խաւը

Ի՞նչ Է Օզոնի Խաւը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Ըստ գիտական ուսումնասիրութեան մը, մեր մթնոլորտին մէջ գտնուող օզոնի կազի խաւը, որ երկրագունդը կը պաշտպանէ արեւուն վտանգաւոր ճառագայթներէն, աւելի լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի: Սակայն անիկա տակաւին ամբողջովին չէ վերականգնած: Օզոնի խաւը մեր մթնոլորտին մէջ գետնէն 20-50 քմ բարձր գտնուող խաւն է: Այս խաւը կազմուած է կազով մը` օզոնը: Ան շատ կարեւոր դեր ունի, որովհետեւ բոլոր...

Արդեօք Պէ՞տք Է Զգուշանանք Ցուրտէն

Արդեօք Պէ՞տք Է Զգուշանանք Ցուրտէն

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Երկրագունդի հիւսիսային կիսագունդին մէջ ձմրան օդը ցուրտ կ՛ընէ: Մեր մարմինը ինչպէ՞ս կը հակազդէ այդ ցուրտին, եւ մինչեւ ո՞ր աստիճան ան կրնայ տոկալ այդ ցուրտին: Առանց հագուստի մարդ արարածը չի կրնար ապրիլ - 15 աստիճան ջերմաստիճանէն աւելի վար ցուրտին: Ցուրտին ազդեցութեան տակ մեր մարմինը պաշտպանողական բազմաթիւ քայլեր կ՛առնէ: Նախ եւ առաջ մորթին տակ արիւնի երակները կը կծկուին...

Ամպերուն Ծանրութիւնը

Ամպերուն Ծանրութիւնը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Գիտէի՞ր, որ գոյութիւն ունին ամպի 10 տարբեր տեսակներ` Սիրրուս, Սիրրո Քումուլուս, Սիրրոսթրաթուս, Այթո Քումուլուս, Սյթոսթրաթուս, Սթրաթուս, Սթրաթո, Քումուլուս, Նիմպոս թրաթուս, Սթրաթո Քումուլուս, Նիմպոս Թրաթուս, Քումուլուս եւ Քումուլոնիմպուս: Անոնց կերպարանքը եւ բարձրութիւնները կը տարբերին, սակայն անոնք բոլորը ունին նոյն բաղադրութիւնը: Ամպերը կազմուած են միլիոնաւոր ջուրի կաթիլներէ եւ սառոյցի բիւրեղներէ: Այս պատճառով է, որ նոյնիսկ եթէ անոնք փետուրի...

Վտանգուած Կղզին

Վտանգուած Կղզին

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Նապիլա կ՛ապրի Ինտոնեզիոյ փոքրիկ կղզիներէն մէկուն վրայ: Կլիմայի տաքնալուն պատճառով ծովը կը բարձրանայ, եւ անոր կղզին կրնայ օր մը ջուրին տակ անհետանալ: Նապիլա դպրոց կ՛երթայ երկուշաբթիէն շաբաթ, առտուան ժամը եօթէն կէսօրէ ետք ժամը մէկ: Միջնակարգ դասարանները աւարտելէ ետք մեծ թիւով տղաք ձկնորս կը դառնան, մինչ աղջիկները կը մնան տունը, որովհետեւ գիշերօթիկ դպրոցը շատ հեռու է, ուրիշ...

Փոքրիկ Լէոնի Փըլիւշէ Փանտան

Փոքրիկ Լէոնի Փըլիւշէ Փանտան

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Փոքրիկ Լէոն Աշուըրթ 10 տարեկան մանչուկ մըն է, որ կ՛ապրի Լիվըրփուլի մէջ, Անգլիա: Սուփրմարքեթի մը մէջ ան կը տեսնէ փըլիւշէ փանտա մը: Ան շատ կը կապուի այդ խաղալիքին: Սակայն մայրը չի կրնար գնել անոր ուզածը: Հետեւաբար, վախնալով, որ ուրիշ յաճախորդ մը այդ խաղալիքը գնէ, մինչեւ որ իր մայրը կարենայ իրեն գնել այդ փըլիւշը, Լէոն երկտող մը...

Ի՞նչ Է Տարբերութիւնը Արքթիքին Եւ Անթարքթիքին Միջեւ

Ի՞նչ Է Տարբերութիւնը Արքթիքին Եւ Անթարքթիքին Միջեւ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Երբեմն մարդիկ կը շուարին այս երկու շրջաններուն միջեւ, որովհետեւ անոնք իրարու շատ նման անուններ ունին: Սակայն, իրականութեան մէջ անոնք իրարմէ շատ տարբեր շրջաններ են եւ կը գտնուին երկրագունդին վրայ հակառակ ուղղութիւններու վրայ: Անթարքթիքան աշխարհի ծայրագոյն հարաւը գտնուող ցամաքամասն է: Անիկա բնակավայրն է թեւատներու, նարուալներու, ընձառիւծ փոկերու... եւ հաւանաբար մօտաւորապէս երկու հազար անձերու, որոնք հոն փոխադրուած են...

Պուպրիկներու Հիւանդանոցը

Պուպրիկներու Հիւանդանոցը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Փորթուգալի մայրաքաղաք Լիզպոնի կեդրոնը կը գտնուի իւրայատուկ «պուպրիկներու հիւանդանոց» մը: Հոն, այս նուրբ խաղալիքները կը նորոգուին կամ կը հաւաքուին զգուշութեամբ եւ սիրով` հինգ սերունդներէ ի վեր: *** Իւրաքանչիւր պուպրիկ ունի իրեն յատուկ «հիւանդի քարտը»: Այս հիւանդները կը խնամուին փորձառու երեք «բժշկուհիներու» կողմէ: Այս կիները անոնց կը դնեն նոր աչք մը, թեւ մը կամ մազեր, որ կ՛ընտրեն...

Կաղանդի Լուրեր

Կաղանդի Լուրեր

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ - Եթէ Կաղանդ պապան ճամբորդէ լոյսի արագութեամբ, ան կրնայ երկրագունդին շուրջ դառնալ եօթը անգամ մէկ երկվայրկեանի ընթացքին: - Քանատայի մէջ խումբ մը մարդիկ կրցան 2069 ձիւնեմարդ շինել մէկ ժամուան ընթացքին: - Նորվեկիոյ մէջ խումբ մը փռապաններ պատրաստեցին 651 քիլօ կշռող ճինճըրպրետ «մարդուկ» մը: - Գերմանիոյ կարգ մը շրջաններու մէջ Կաղանդ պապան նուէրները կը ձգէ մանուկներու կօշիկներուն...

«Սուփըր» Կաղանդ Պապան

«Սուփըր» Կաղանդ Պապան

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Կաղանդ պապան իսկապէս «Սուփըր» պէտք է ըլլայ մէկ գիշերուան մէջ աշխարհի բոլոր մանուկներուն նուէրները բաժնելու համար... 1.- Բոլոր մանուկներուն պահանջները գոհացնել Այժմ աշխարհի վրայ կ՛ապրին 15 տարեկանէն աւելի վար 2,2 միլիառ մանուկներ: Անոնց մօտաւորապէս 30 առ հարիւրը քրիստոնեայ է եւ Ս. Ծնունդը կը տօնէ: Հետեւաբար, 660 միլիոն մանուկներ եթէ ընդունինք, որ անոնք բարի եղած են տարուան...

Փիցցան` Մարդկային Մշակութային Ոչ Շօշափելի Ժառանգութեան Ցանկին Մէջ

Փիցցան` Մարդկային Մշակութային Ոչ Շօշափելի Ժառանգութեան Ցանկին Մէջ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Վերջապէս ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն արժեւորեց մեծ ժողովրդականութիւն վայելող փիցցան: Կազմակերպութիւնը փիցցան արձանագրեց մարդկային մշակութային ոչ շօշափելի ժառանգութեան ցանկին մէջ: Մեզի համար փիցցան փուռին մէջ եփած կլորակ խմոր մըն է, վրան` քիչ մը լոլիկ, քիչ մը պանիր եւ կարգ մը ուրիշ նիւթեր դրուած: Սակայն անոր իսկական պատրաստութիւնը իւրայատուկ արուեստ մըն է, որ կը ժառանգուի սերունդէ սերունդ: Ան ծնած է...

Հին Առարկաներ Հտպիտներու Կը Վերածուին…

Հին Առարկաներ Հտպիտներու Կը Վերածուին…

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Աշխարհին շուրջ, տարբեր քաղաքներու փողոցներուն մէջ կը պատահի, որ հանդիպինք դուրսը լքուած հին բազմոցներու, հին պատկերասփիւռներու, հինցած եւ մաշած անկողիններու: Անոնց տէրերը այս առարկաները լքած են մայթին վրայ` անոնցմէ ձերբազատելու համար, յուսալով, որ քաղաքի աղբահաւաքները զանոնք կը հաւաքեն եւ աղբանոց կամ վերամշակումի կեդրոն կը տանին: Ընդհանրապէս այն անձերը, որոնք այս հին առարկաները փողոցին մէջ կը լքեն,...

Լուրեր Աշխարհէն

Լուրեր Աշխարհէն

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ 10 Տարեկան Չարլի Կը Սրբագրէ Թանգարանին Սխալը Իր ծնողքին հետ Լոնտոնի «Նաչըրըլ հիսթըրի միւզիում» թանգարան այցելութեան մը ընթացքին 10 տարեկան Չարլի Էտուարծ նշմարած է սխալ մը` հոյամողէսի մը անուան վերաբերեալ: Չարլի նախապատմութեան եւ յատկապէս հոյամողէսներու մեծ սիրահար մըն է: Հետեւաբար ան անմիջապէս կը նկատէ, որ հոյամողէսի մը պատկերին տակ արձանագրուած անունը սխալ է: Չարլի կը հաստատէ,...

Թայլանտի Մէջ.  Բռնցքամարտի Մրցագորգին  Թագաւորը

Թայլանտի Մէջ. Բռնցքամարտի Մրցագորգին Թագաւորը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Թայլանտի մէջ մուայ թայը (Թայ բռնցքամարտ) շատ մեծ ժողովրդականութիւն վայելող մարտարուեստ մըն է: Մենք պիտի այցելենք Ուաթանայա Թայ մարզաձեւի բանակավայրը, ուր աղջիկներ եւ մանչեր կը մարզուին ախոյեաններ դառնալու համար: Մարտարուեստի բանակավայրին մէջ մարզուող բոլոր մանուկները իրենց փորձերը սկսելէ առաջ դպրոց կ՛երթան ուրիշ աշակերտներու նման, առտուան ժամը 7:30-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 4:30: 10 տարեկան Նամինկ կ՛ապրի...

9.7 Միլիոն Տարուան Ակռաներ

9.7 Միլիոն Տարուան Ակռաներ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Ինչպէս գիտենք, մարդ արարածը իր առաջին քայլերը առած են ափրիկեան ցամաքամասին վրայ: Այս ցամաքամասին վրայ է, որ գտնուած են ո՛չ միայն արդի մարդ արարածին (հոմօ սափիէն, մեր ուղղակի նախահայրերը) ամէնէն հին մնացորդները, սակայն նաեւ` մարդուն ամէնէն մօտիկ զարմիկներուն ամէնէն հին բրածոները: Անոնցմէ ամէնէն նշանաւորը Լիւսին է, որ ապրած է մօտաւորապէս 3,2 միլիոն տարիներ առաջ, եւ որուն...

Page 18 of 25 1 … 17 18 19 … 25

Արխիւներ