Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

20 Տարուան Աշխատանքէ Ետք «Քասինի» Տիեզերասարքը Կ՛անհետանայ

September 23, 2017
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Ուրբաթ, 15 սեպտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 2:54-ին «Քասինի» տիեզերասարքը  աշխատելէ դադրեցաւ: Ան անջրպետին մէջ կը գտնուէր քսան տարիներէ ի վեր: Անոր ղրկած տեղեկութիւններուն եւ նկարներուն շնորհիւ` մենք շատ բաներ սորվեցանք Երեւակ մոլորակին մասին:

«Քասինի» տիեզերասարքը դէպի անջրպետ արձակուեցաւ քսան տարի առաջ, 1997-ին: Ուրբաթ, 15 սեպտեմբերի կէսօրէ ետքը անոր ճամբորդութիւնը վերջ գտաւ Երեւակի մթնոլորտին մէջ:

Տիեզերասարքը չէր կրնար երկրագունդ վերադառնալ, որովհետեւ անիկա բաւարար վառելանիւթեր չունէր: Ան կը գտնուէր երկրագունդէն մօտաւորապէս մէկուկէս միլիառ քմ հեռու, եւ որպէսզի ան չվնասէ Երեւակի շուրջ գտնուող աստղերուն` անոնց վրայ ջախջախուելով, ուրիշ լուծում մը գտնուած է: «Քասինի» տիեզերասարքը ինքնուրոյն պիտի փճանայ: Շատ բարձր արագութեամբ (մէկ երկվայրկեանին մէջ` 31 քմ) մտնելով Երեւակի մթնոլորտին մէջ` ան պիտի փշրուի եւ անհետանայ:

* * *

Մթնոլորտին մէջ իր մուտքի ժամանակ, որ պիտի տեւէ մէկէն երկու վայրկեան, «Քասինի» աշխատելէ պիտի չդադրի: Ան օժտուած է տեսախցիկով մը եւ ալեհաւաքով մը: Նոյնիսկ եթէ տեսախցիկը այլեւս պիտի չբանի, ալեհաւաքը տակաւին գործօն պիտի մնայ:

Այս ձեւով է, որ «Քասինի» կրցաւ մինչեւ վերջին վայրկեանը շատ կարեւոր տեղեկութիւններ ղրկել Երեւակին եւ յատկապէս անոր մթնոլորտի բաղադրութեան եւ ջերմաստիճանին մասին:

* * *

Այն օրէն, երբ «Քասինի» արձակուած է դէպի անջրպետ, մեզի հայթայթած է թանկագին տեղեկութիւններ: Մինչեւ Երեւակ մոլորակ հասնելու համար ան ըրած է երկար ճամբորդութիւն մը, որ տեւած է եօթը տարի: Հետեւաբար 2004-ին է, որ վերջապէս ան կը սկսի դառնալու Երեւակի շուրջ: Այդ վայրկեանէն ան սկսած է ղրկել գիտնականներուն տակաւին անծանօթ տեղեկութիւններ:

Անոր շնորհիւ է, որ մենք յատկապէս աւելի լաւ ծանօթացած ենք Երեւակի շուրջ դարձող 66 արբանեակներէն ամէնէն մեծին` Թիթանին: Ասոր համար տիեզերասարքը Թիթանին վրայէն անցած է 127 անգամ. այս հանդիպումը վերջին անգամ տեղի ունեցած է 11 սեպտեմբերին: Այս բոլոր «այցելութիւններուն» շնորհիւ` գիտնականները նկատեցին, որ Թիթանը բազմաթիւ նմանութիւններ ունի երկրագունդին հետ: Ան մեզի ծանօթ միակ լուսինն է, որ ունի մթնոլորտ եւ տեսարաններ, որոնք կը յիշեցնեն մեր մոլորակը: Հոն կարելի է տեսնել` բլուրներ, լիճեր, գետեր: Սակայն, անշուշտ, այս վերջինները ջուրի տարածքներ չեն, այլ` վառելանիւթի:

* * *

Շնորհիւ «Քասինի» տիեզերասարքին` գիտնականները շատ բաներ սորվեցան նաեւ Երեւակի օղակներուն մասին: Երեւակը մեր արեգակնային դրութեան միակ մոլորակն է, որ օղակներ ունի: «Քասինի»-ի ղրկած գեղեցիկ նկարներուն մէջ կարելի է տեսնել սկաւառակ մը` ծածկուած տարբեր երանգներով` մոխրագոյն, փղոսկրի գոյն, կապոյտ, կարմիր եւ… 13 տարուան աշխատանքէ ետք «Քասինի» տիեզերասարքը իր այս տեղեկութիւնները սփռելէ դադրեցաւ 11 սեպտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 2:54-ին:

 

Մինչ Երկրագունդին Վրայ…

… Չին արուեստագէտ Սուն Շիքիան կը շինէ գիտաերեւակայական ժապաւէններէ ներշնչուած հսկայական կերպարներ:

32 տարեկան Սուն Շիքիան Փեքինի իր աշխատանոցին մէջ կ՛իրականացնէ իր երեւակայութենէն ծնած տարօրինակ էակներ: Ինչպէս, օրինակի համար, 5 մեթր հասակ ունեցող պողպատէ վիշապը:

Իր պատանի տարիքէն Սուն Շիքիան կը սիրէր դիտել մարդամեքենաներով եւ վիշապներով ժապաւէններ: Սակայն ամէն անգամ ան կը նկատէր, որ իր նախասիրած հերոսները  կու գային կա՛մ Միացեալ Նահանգներէն, կա՛մ ալ Ճափոնէն, սակայն բնաւ` Չինաստանէն:

* * *

Իր մանկութեան սենեակին մէջ ան կը սկսի ստեղծել փոքրիկ էակներ, ապա, ժամանակի ընթացքին, փորձառութիւններէ ետք, անոր մարդամեքենաները միշտ աւելի խրթին կը դառնան:

Այժմ Սուն Շիքիան շատ ծանօթ արուեստագէտ մըն է Չինաստանի մէջ: Ամերիկեան «Թրանսֆորմըրզ» ժապաւէնէն ներշնչուած` ան որոշած է շինել նոյն կերպարները, սակայն` մարդկային հասակով: Անոր իւրաքանչիւր գործի արտադրութիւնը կը կարօտի աւելի քան 100 հազար տոլարի: Սակայն արդիւնքը տպաւորիչ է:

 

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

–  –  Մեր ուղեղի բջիջները շատ աւելի երկար կ՛ապրին, քան` մեր մարմնին միւս բջիջները:

–  Բոլոր կատուները կապոյտ աչքով կը ծնին:

–  Աշխարհի ամէնէն երկար լեռնաշղթան կը գտնուի ծովու յատակին:

–  Կարգ մը չղջիկներ կրնան մէկ ժամուան ընթացքին աւելի քան 500 մժեղ ուտել:

–  Գերմանիոյ մէջ ներկայիս կարելի է լսել շատ դանդաղ նուագուող եղանակ մը, որ վերջ պիտի գտնէ 2640 թուականին:

– Թռչունները կրնան տեսնել մարդոց կողմէ անտեսանելի գոյներ:

–  Եմէնին պատկանող Սոքոթրա կղզիին մէջ գոյութիւն ունին բոյսերու մօտաւորապէս 800 տեսակներ, որոնցմէ մաս մը, կ՛ենթադրուի, 20 միլիոն տարեկան են:

–  Անթարքթիքայի կարգ մը շրջաններու մէջ չէ անձրեւած նուազագոյնը 800 հազար տարիներէ ի վեր:

–  Կարգ մը գորտեր կրնան ցատկել իրենց հասակէն 20 անգամ աւելի բարձր:

–  Աշխարհի 50 ամէնէն բարձր լեռները կը գտնուին Ասիոյ մէջ:

–  Աշխարհի թիթեռնիկներու տեսակներուն մէկ քառորդը կ՛ապրի Հարաւային Ամերիկայի անտառներուն մէջ:

–  Աշխարհի ամէնէն երկար մօրուքը 5,2 մեթր երկարութիւն ունէր: Անիկա կը գտնուի ամերիկեան Սմիցոնեան թանգարանին մէջ:

–  Մարդ արարածը երկրագունդին վրայ սկսած է ապրիլ մօտաւորապէս 200 հազար տարիներէ ի վեր: Մինչ հոյամողէզները մեր այս նոյն մոլորակին վրայ քալած են 160 միլիոն տարիներ առաջ:

–  Ընձուղտները օրական մօտաւորապէս կէս ժամ կը քնանան: Անոնք ամէնէն կարճ ժամանակ քնացող անասուններն են:

–  Մեր երկրագունդի մթնոլորտին մէջ գոյութիւն ունին տիեզերքէն եկած ադամանդի շատ մանր կտորներ:

–  Մարդ արարածին սիրտը օրական 100 հազար անգամ  կը տրոփէ, այսինքն 40 միլիոն անգամ` ամէն տարի:

–  «Անտեան թագուհի»-ն բոյսի տեսակ մըն է, որ կը ծաղկի մօտաւորապէս ամէն 80 տարին անգամ մը:

–  Աւստրալիոյ մէջ շատ աւելի ագեվազներ գոյութիւն ունին, քան` մարդիկ:

–  Ձուկերը համը կը զգան ոչ միայն իրենց բերնով, այլեւ` ամբողջ մարմինով:

–  Փերուի մէջ գոյութիւն ունին գետնախնձորի աւելի քան 3000 տեսակներ:

 

 Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել երկու աղջնակներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 10 տարբերութիւնները:

 

Կրնա՞ս գտնել 14 պատճառներ, թէ ինչո՛ւ այս մանուկները պէտք չէ լողան:

 

Կրնա՞ս գտնել կերպարին համապատասխանող շուքը:

 

Կրնա՞ս վերակազմել պատկերին մանրամասնութիւնները դնելով իրենց համապատասխանող տուփիկներուն մէջ:

 

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (23 Սեպտեմբեր 1967)

Յաջորդը

Ընկ. Ժիրոյի Քաղցր Յիշատակին (Մահուան Քառասունքին Առիթով)

RelatedPosts

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
Նոր Ձեւ Մը` Կերպընկալներուն Դէմ Պայքարելու Համար
Մանկապատանեկան

Նոր Ձեւ Մը` Կերպընկալներուն Դէմ Պայքարելու Համար

October 24, 2026
Սեւ Ծաղիկ Մը, Որ  Առանց Լոյսի Կ՛ապրի…
Մանկապատանեկան

Սեւ Ծաղիկ Մը, Որ Առանց Լոյսի Կ՛ապրի…

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.