Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միլանօ Քաղաքէն Ետք Անտառ-Երկնաքերները Կը Հասնին Չինաստան

Յուլիս 15, 2017
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

2014-ին ճարտարապետ Սթեֆանօ Պոէրի` Միլանոյի մէջ, Իտալիա, կը շինէր 76 եւ 110 մեթր բարձրութեամբ անտառ-շէնքեր: Այդ շէնքերը ծածկուած էին 1 հեկտար տարածութեան համապատասխանող ծառերով, թուփերով եւ բոյսերով: 2 միլիառ եւրօ արժած այս ծրագիրը կը վերակենդանացնէ քաղաքին բնութիւնը` կանաչութեան հետ վերադարձնելով միջատները, թռչունները, թիթեռնիկները, զատկաճճիները եւ նոյնիսկ չղջիկները: Սակայն այս ծրագիրը յատկապէս հետաքրքրական է, որովհետեւ անիկա կը մաքրէ քաղաքին օդը` ծծելով բնածխական կազը եւ փոխարէնը թթուածին արտադրելով:

* * *

Այս յղացումը մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած է չիներուն մէջ, որոնք Պոէրիի ապսպրած են երկու աշտարակներու շինութիւնը Չինաստանի արեւելքը գտնուող Ժիանկա նահանգին մէջ:

«Նաժինկի ուղղահայեաց անտառի» երկու աշտարակներուն շինութիւնը վերջ պիտի գտնէ 2018-ին: Անոնք Ասիոյ առաջին «անտառ-երկնաքերները» պիտի ըլլան:

1100 Ծառ, 2500 Տեսակի Բոյսեր Եւ Տարեկան 35 Թոն Բնածխական Կազ Քաշուած

Աշտարակներէն ամէնէն մեծը պիտի ունենայ 200 մեթր բարձրութիւն: Մինչ Մինալօ քաղաքի շէնքերը յատկացուած էին բնակչութեան, Չինաստանի շէնքերը առաւելաբար գործի վայր պիտի ըլլան:

Շէնքերէն մէկուն մէջ պիտի գտնուին` գրասենեակներ, թանգարան մը, բնապահպանումի ճարտարագիտական դպրոց մը եւ զբօսավայր մը բացօթեայ ընդունելութեան վայրով: Երկրորդ շէնքին մէջ պիտի ըլլան` շքեղ պանդոկ մը, խանութներ, ժամանցի վայրեր…

Ընդամէնը երկու շէնքերը պիտի պատսպարեն 1100 ծառ (6000 մեծ չափով եւ 500` միջակ), որոնք յատկանշական են շրջանի բնութեան: Շէնքերու երեսներուն վրայ ջրվէժի նման պիտի տնկուին 2500 տեսակի բոյսեր եւ թուփեր: Ճարտարապետական գրասենեակը կը նախատեսէ, որ երկու շէնքերը պիտի կարենան օրական արտադրել 60 քիլօ թթուածին եւ ծծել 35 թոն բնածխական կազ` տարեկան:

Չինական քաղաքը կը յուսայ, որ ոչ միայն այս երկու շէնքերը պիտի օգնեն, որ քաղաքը արդիականանայ, այլ նաեւ կենսաբազմազանութիւնը դարձեալ մուտք պիտի գործէ քաղաք: Իր կարգին, ճարտարապետը կը յուսայ նման ծրագիրներ իրականացնել նաեւ Չինաստանի այլ շրջաններու մէջ եւս: Նման ծրագիրներու իրականացումը մեծ կարեւորութիւն ունի երկրին համար, որովհետեւ այս ձեւով կարելի կ՛ըլլայ թէ՛ արդիականացնել երկիրը, թէ՛ ալ պայքարիլ ապականումին դէմ:

 

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ…

–  Անթարքթիքային տակ, 4 քմ խորութեամբ կը գտնուի Օնթարիօ լիճին մեծութեամբ անուշ ջուրի լիճ մը:

–  Մեծ կրիաները կրնան յառաջանալ ժամական 1,6 քմ արագութեամբ:

–  Կ՛ըսուի, թէ ծանրութիւն շալկելը կրնայ յիշողութիւնը զարգացնել:

–  Ճափոնի մէջ Թուիթըրի ընկերային ցանցը գործածողներու խումբ մը մէկ երկվայրկեանի մէջ 143.199 թուիթ արձակած է:

–  Գիտնականները կը մտածեն, որ մեր արեւը ունի «քոյր/եղբայր» մը` աստղ մը, որ կը գտնուի 100 լուսնային տարի հեռաւորութեան վրայ, եւ որ ծնած է նոյն հին կազի ամպէն:

–  Երբ կը կարդաս, դուն աչքերդ մօտաւորապէս կէս անգամ աւելի նուազ կը թարթես, քան սովորական ժամանակ:

 

Գիտէի՞ր, Թէ

Բարձերու Կռիւի
Միջազգային Օր

Գիտէի՞ր, որ 2009 թուականէն ի վեր գոյութիւն ունի Բարձերու կռիւի միջազգային օր: Անիկա սկզբունքով տեղի կ՛ունենայ ամէն ապրիլ ամսու առաջին շաբաթ օրը: Անոր սկզբունքը պարզ է. բարձով մը «զինուած» ուղղուիլ քաղաքին կեդրոնը, ուր կազմակերպուած է բարձերու մեծ կռիւ մը: Բազմաթիւ մեծ քաղաքներ արդէն կազմակերպած են հսկայական կռիւներ, ինչպէս` Մելպուռն, Քուալա Լամփուր, Նիւ Եորք, Լոնտոն, Հոնկ Քոնկ, Թորոնթօ, Սիաթըլ, Փարիզ…

Այս գաղափարը յղացած է «Ըրպըն փլէյկրաունտ մուվըմընթ» կազմակերպութիւնը, որուն նպատակն է հաճելի ժամանցներ կազմակերպել քաղաքներուն մէջ:

Ասիկա առիթն է նաեւ ամէն տարի ամէնէն մեծ հաւաքի մրցանիշը փորձել արձանագրելու: Մինչեւ ներկայիս այս տիտղոսը կը պատկանի տակաւին Միացեալ Նահանգներու հարաւը գտնուող Պրուքինկզի, որ կրցած է հաւաքել աւելի քան 4200 անձեր 2015-ի հսկայական կռիւին ընթացքին:

 

Ինչո՞ւ Աշխարհի Մէջ Մարդիկ
Տարբեր Լեզուներ Կը Խօսին

Կ՛ենթադրուի, թէ միլիոնաւոր տարիներ առաջ առաջին մարդիկը միասնաբար կ՛ապրէին Ափրիկէի մէջ: Ապա ժամանակի ընթացքին անոնք հաստատուեցան մոլորակէն տարբեր շրջաններու մէջ, եւ իրարու հետ կապերը խզուեցան: Այս ձեւով իւրաքանչիւր խումբ ստեղծած է եւ զարգացուցած իր անձնական լեզուն:

Ինչպէ՞ս Կը Շնչեն Կէտերը

Կէտը կը շնչէ իր թոքերուն շնորհիւ: Հետեւաբար ան շնչելու համար պէտք է ջուրին մակերեսը ելլէ 5-90 վայրկեանի (մէկուկէս ժամ) միջեւ: Ան ջուրի կաթիլներով լեցուն պահած օդը կ՛արձակէ իր գլխուն վրայ գտնուող մէկ կամ երկու ծակերէն, ապա դարձեալ օդ կը ներշնչէ եւ կը սուզուի ջուրին մէջ:

Ինչպէ՞ս Կը Ստանանք
Կերպընկալը

Ընդհանարապէս կերպընկալը (փլասթիք) կը ստանանք քարիւղէն: Քարիւղը քիմիական նիւթերով խառնելով եւ ապա զայն տաքցնելով` կը ստացուին կերպընկալի փոքրիկ գնդիկներ: Առարկաներ շինելու համար այս գնդիկները կը տաքցուին եւ հեղուկ դարձած խմորը կը պարզուի այդ առարկային ձեւը ունեցող կաղապարի մը մէջ` մինչեւ պաղիլը:

 

Ժամանց

Կէտերը իրարու միացուր 1 – 97` յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:

 

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող կերպարները:

 

Կրնա՞ս գտնել պաղպաղակին հասցնող ճամբան:

 

Կրնա՞ս ամբողջացնել թիւերու տախտակը` գտնելով իւրաքանչիւր թիւին համապատասխանող տեղը:
Նախորդը

50 Տարի Առաջ (15 Յուլիս 1967)

Յաջորդը

Կրթութեան Եւ Գիտութեան Նախարար Լեւոն Մկրտչեան Կը Շնորհաւորէ Զմմառու Կղերի Միաբանութեան Դպրեվանքի Տեսչութիւնը

RelatedPosts

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը

Մայիս 10, 2025
Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է
Մանկապատանեկան

Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է

Մայիս 3, 2025
Ձեռային Աշխատանք.  Զատկուան Պատրաստութիւններ
Մանկապատանեկան

Ձեռային Աշխատանք. Զատկուան Պատրաստութիւններ

Ապրիլ 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?