Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Հարաւքորէացի ճարտարապետներ կը մտածեն շինել երկնաքերներ հսկայ սեքոա ծառերու պարապ կոճղերուն մէջ: Արդեօք ասիկա լուծո՞ւմ մըն է այս շքեղ ծառերուն համար, որոնք մարդ արարածին տարբեր գործունէութիւններուն սպառնալիքին տակ կը գտնուին,
Հարաւքորէացի ճարտարապետներու խումբ մը ապագայի երկնաքերներու յատկացուած մրցանակ մը շահած է իր այս իւրայատուկ ծրագիրով. հսկայ սեքոա ծառի մը պարապ կոճղը օգտագործել` անոր մէջը շինելու համար երկնաքեր մը, նոյն ատեն փրկելով ծառը:
***
Հսկայ սեքոա ծառը մեզի երազել կու տայ: Ան մեր մոլորակի ամէնէն հին բոյսի տեսակներէն մէկն է եւ գոյութիւն ունի 200 միլիոն տարիներէ ի վեր: Անոր ճիւղերը կրնան հասնիլ մինչեւ 85 մեթր բարձրութեան, կոճղը` մինչեւ 8 մեթր տրամագիծ ունի, եւ ան կրնայ ապրիլ մինչեւ 3 հազար տարի… Սակայն, դժբախտաբար, այժմ ան կորսուելու վտանգին տակ կը գտնուի: Քալիֆորնիոյ Սիերա Նեւատայի կարգ մը շրջաններուն մէջ անոնց թիւին անկումը մրցանիշ մը արձանագրած է անոնց 75 առ հարիւրը արդէն անհետացած է:
Անշուշտ այս անհետացումին ամէնէն հիմնական պատճառներէն մէկը ծառերը կտրելն է, ակայն մեծ դեր կը կատարէ նաեւ ընդհանուր կլիմային տաքութիւնը: Ջերմաստիճանի ընդհանուր բարձրացումը կը բազմացնէ միջատներուն թիւը: Իրենց կարգին, այս միջատները «կը յարձակին» եւ «կը գրուին» ծառերը: Ներսէն կրծուած եւ դիւրաբեկ դարձած մեծ թիւով ծառեր կը մեռնին կամ կը տապալին փոթորիկի մը պատճառով, ինչպէս տապալեցաւ նշանաւոր Թանըլ թրի սեքոա ծառը` Քալաւերաս պիկ թրիզ պահպանուած անտառին մէջ, յունուար ամսուն:
***
Սակայն հարցը հետեւեալն է. սեքոա ծառերուն արմատները շատ տկար են եւ չեն կրնար կոճղը կանգուն պահել, երբ ան ներսէն կը փորուի: Այս պարագային է, որ հարաւքորէացի ճարտարապետները կ՛առաջարկեն միջամտել: Ծառին կառոյցը ամրացնել, որպէսզի ան չտապալի, նոյն ատեն կոճղին պարապութեան մէջ յարմարցնել մարդուն համար ապրելու վայր մը: Ճարտարապետները կը բացատրեն, որ անոնք կ՛ուզեն մարդուն եւ բնութեան միջեւ գոյութեան ճարտարապետական նոր մօտեցում մը որդեգրել:
Այս ձեւով անոնք երեւակայած են կեդրոնական լայն խողովակ մը, որ կը բարձրանայ ծառին հիմքէն մինչեւ գագաթը` անոր եւ կոճղին միջեւ կապուած հարթ տանիքներով: Կոճղին ներսը գտնուող կառոյցը իբրեւ յենարան պիտի ծառայէ վնասուած կոճղին: Ասոր կողքին, ան ծառը պիտի ջրէ գետնէն քաշած ջուրով` որդեգրելով բոյսերուն խմելու բնական միջոցը: Այս ձեւով ծառի ճիւղերն ալ միշտ կանաչ պիտի մնան:
Կառոյցին իւրաքանչիւր յարկը տրամադրուած պիտի ըլլայ յատուկ գործունէութեան մը, որուն նպատակը պիտի ըլլայ այցելուները զարգացնել: Առաջին յարկին վրայ պիտի շինուի բանակավայր մը: Գետնայարկէն մինչեւ 4-րդ յարկ կարելի պիտի ըլլայ այցելել ժամանցի վայր մը, տարրալուծարան մը եւ ցուցասրահ մը: Նախավերջին յարկը, 68 մեթր բարձրութեան վրայ, պիտի տրամադրուի դաստիարակութեան, եւ վերջինը, 92 մեթր բարձրութեան վրայ` շրջակայ բնութիւնը ուսումնասիրելու վայր մը:
Այս ծրագիրը տակաւին թուղթի վրայ երազ մըն է: Արդեօք ան օր մը իրականութիւն պիտի դառնա՞յ…
Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ
– 1990 թուականին Պոսթընի թանգարանի գիշերային պահակը թանգարան մտցուցած է երկու գողեր, որոնք իբրեւ ոստիկան ներկայացած են: Այս ձեւով գողերը կրցած են գողնալ 500 միլիոն տոլար արժող արուեստի գործեր:
– Թայուանի Թայփէ 101 շէնքին վերելակներէն մէկը 39 երկվայրկեանէն կը հասցնէ գետնայարկէն մինչեւ 89-րդ յարկ, ուր կը գտնուի տեսարանը դիտելու վայրը: Թայփէ 101 շէնքը աշխարհի 4-րդ ամէնէն բարձր շէնքն է: Ան ունի 101 յարկ:
– Գործաւորներ տակաւին անդադար կը ներկեն Սիտնէի նաւահանգիստի կամուրջին 486.000 քառակուսի մեթրերը, անոր կառուցումէն ի վեր, 1932 թուականին:
– Աթէնքի մէջ հին յոյները ամէն տարի կը հաւաքուէին ընտրելու համար իրենց մէջէն այն անձը, որ բռնակալ կը դառնար: Ամէնէն շատ ձայներ ստացողը քաղաքէն կ՛աքսորուէր տասը տարուան համար:
– Պարելու գործողութիւնը մեր ուղեղին մէջ կ՛արտադրէ յատուկ քիմիական նիւթեր, որոնք մեզի ուրախ զգալ կու տան:
– Սպանիոյ Մատրիտ քաղաքի թագաւորական պալատը ունի աւելի քան 3000 սենեակ եւ 140.000 քառակուսի մեթր տարածք:
– Անգլիացի մը 20 տարուան ընթացքին իր ձեռքերով քանդակած է իր յարկաբաժինը, որպէսզի ան նմանի Ֆրանսայի Վերսայ պալատին:
– Ազթեքները իրենց աստուածները կը պատուէին անոնց արձաններուն առջեւ փոփ քոռն սրսկելով:
– Մեզի ծանօթ պատմութեան առաջին գուլպաները հիւսուած են Եգիպտոսի մէջ, մօտաւորապէս 1800 տարիներ առաջ: Այժմ այդ կարմիր զոյգ մը գուլպան կարելի է տեսնել Լոնտոնի թանգարաններէն մէկուն մէջ:
– Ուտելու մրցանակներու մասնակցող ամերիկացի մը կրցած է 6,6 քիլօ կշռող տարեդարձի կարկանդակ մը ուտել ութ վայրկեանէն:
– Գիտէի՞ր, թէ ծովաձիերը ստամոքս չունին: Անոնց ուտելիքը ուղղակիօրէն կ՛իջնէ անոնց աղիքներուն մէջ:
– Չափազանց չտաքնալու համար կոկորդիլոսները երբեմն իրենց մարմինները ցեխով կը ծածկեն:
– Աշխարհի ամէնէն լաւ վայրը Միացեալ Նահանգներու Մինիսոթա նահանգին մէջ յատուկ սենեակ մըն է: Ամէնէն երկար ժամանակը, որ անձ մը կրնայ այդ վայրին մէջ մնալ, դուրս ելլելու պահանջը զգալէ առաջ, 45 վայրկեան է:
– Քանատացի մը շինած է աշխարհի ամէնէն փոքրիկ սուզանաւը եւ զայն անուանած է «Պիկ»` մեծ:=
– «Նեչըրըլ մաշինզ» անունով ընկերութիւն մը շինած է «Ֆուտինի» 3D տպող մեքենան, որ կը տպէ իսկական ուտելիք, զոր կարելի է եփել եւ ուտել:
– Մեքսիքայէն զոյգ մը 67 տարի նշանուած մնաց, մինչեւ որ վերջապէս ամուսնացաւ: Անոր կը պատկանի աշխարհի ամէնէն երկար ժամանակ նշանուած մնացած զոյգի տիտղոսը:
– Ինքնաշարժ մը շինուած է մօտաւորապէս 30 հազար կտորներէ:
– Աշխարհի ամէնէն փոքրիկ ինքնաշարժը 64 սմ բարձրութիւն եւ 127 սմ երկարութիւն ունի: Ան կրնայ յառաջանալ ժամական 53 քմ արագութեամբ:
– Պրազիլցիներուն համար սովորութիւն է օրական քանի մը անգամ լոգնալը: Ամէն շաբաթ անոնք, միջին հաշուով, 12 անգամ կը լոգնան:
– Չինաստանի մէջ 8-ը բախտաբեր թիւ մը կը սեպուի: Այս ձեւով, օրինակի համար, Փեքինի Ողիմպիական խաղերուն բացումը տեղի ունեցաւ ժամը 8:08 եւ 8 երկվայրկեանին, 8 օգոստոս 2008-ին:
Ժամանց



