Ի՞նչ Է Օզոնի Խաւը
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Ըստ գիտական ուսումնասիրութեան մը, մեր մթնոլորտին մէջ գտնուող օզոնի կազի խաւը, որ երկրագունդը կը պաշտպանէ արեւուն վտանգաւոր ճառագայթներէն, աւելի լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի: Սակայն անիկա տակաւին ամբողջովին չէ վերականգնած: Օզոնի խաւը մեր մթնոլորտին մէջ գետնէն 20-50 քմ բարձր գտնուող խաւն է: Այս խաւը կազմուած է կազով մը` օզոնը: Ան շատ կարեւոր դեր ունի, որովհետեւ բոլոր...




















