Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ձէթը` Միջերկրականի Ոսկին

Օգոստոս 12, 2017
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Ձիթապտուղի իւղը` ձէթը այն նիւթն է, որ մենք կը ստանանք, երբ ձիթապտուղները կը ճզմենք յատուկ մեքենայի մը մէջ: Այդ իւղը միշտ ներկայ է Միջերկրականի շուրջ երկիրներու բոլոր ուտելիքներուն մէջ:

* * *

Հին ժամանակներէն արդէն ձիթենին կը համարուէր խաղաղութեան եւ իմաստութեան խորհրդանիշը: Փարաւոններու օրով մարդիկ ձէթը կը գործածէին վէրքերը իւղելու  եւ հիւանդութիւնները բուժելու համար, ինչպէս նաեւ լոգանքէն ետք` իբրեւ անուշահոտ, կամ` մոմիաներուն մարմինները պատրաստելու համար: Հին Յունաստանի մէջ մարզիկները ձէթ կը գործածէին  իրենց մկանները կակուղցնելու համար մարզանքէն առաջ:

* * *

Գիտէի՞ր, թէ Սպանիան աշխարհի ամէնէն շատ ձէթ արտադրող երկիրն է` իր 1.179.100 թոն արտադրութեամբ, որ կը ներկայացնէ ամբողջ աշխարհի ձէթի արտադրութեան մօտաւորապէս 44 առ հարիւրը:

 

Խոհագիր

Ամառնային Ճաշացուցակ

Ահա դիւրին ու համեղ խոհագիր մը, զոր դուն կրնաս դիւրութեամբ պատրաստել եւ հետդ տանիլ, երբ կ՛երթաս ծովափ կամ դաշտագնացութեան:

Ա.- Ամառնային աղցան

Պէտք ունիս (6 հոգիի համար) 500 կրամ խաշած սիսեռի, 2 սմբուկի, 1 կարմիր սոխի, 500 կրամ մանր լոլիկի, 2 պզտիկ դեղին պղպեղի, 30 մոցցարելլա պանիրի պզտիկ գունդերու, 6 ապուրի դգալ արեւածաղիկի կամ մեծ դդումի մանրուած կուտերու, 2 ապուրի դգալ տապկոցի իւղի: Աղցանին թացանին համար` 1 ապուրի դգալ մութարտի, 2 ապուրի դգալ գինիի քացախի, 6 ապուրի դգալ ձէթի, աղի, պղպեղի:

Պատրաստութիւն.

1.- Չափահասի մը օգնութեամբ, սմբուկները եւ պղպեղները պզտիկ քառակուսիներու վերածէ, իսկ լոլիկները կիսէ: Սոխը կեղուէ եւ բարակ-բարակ կտրէ:

2.- Տապակի մը մէջ տաքցուր 2 ապուրի դգալ տապկոցի իւղը, եւ, դարձնել չափահասի մը օգնութեամբ, թեթեւօրէն տապկէ սմբուկի կտորները, ապա  զանոնք զետեղէ խոհանոցի թուղթէ թաշկինակի մը վրայ, որպէսզի ան իւղը ծծէ: Աղ եւ պղպեղ սրսկէ անոնց վրայ եւ ձգէ, որ պաղին:

3.- Թացան պատրաստէ: Բոլոր նիւթերը միասին խառնէ: Կափարիչով ապակիէ 6 ամաններու մէջ բաժնէ թացանը, ապա իւրաքանչիւրին մէջ դիր քիչ մը սիսեռ, դեղին պղպեղ, կարմիր սոխ, սմբուկ, լոլիկ, մոցցարելլան, կուտերը եւ քիչ մըն ալ` կանաչ ռոքքայի տերեւներ:

Եթէ այս աղցանը անմիջապէս պիտի չուտես, ամանները կափարիչներով գոցէ եւ զանոնք դաշտագնացութեան կողովիդ մէջ դիր: Երբ պատրաստ էք ուտելու, ամանները քիչ մը ցնցէ, որպէսզի թացանը կանաչեղէններուն հետ լաւ մը խառնուի, եւ աղցանդ պատրաստ կ՛ըլլայ:

 

Հետաքրքրական

– Յոյները տարեկան ամէնէն շատ ձէթ սպառողներն են: Միջին հաշուով անոնք տարեկան կը սպառեն 23 քիթր, սպանացիները` 14 լիթր, իտալացիները` 12 լիթր:

– Սպանիան աշխարհի ամէնէն շատ ձէթ արտադրող երկիրն է, աշխարհի ընդհանուր արտադրութեան` մօտաւորապէս 44 առ հարիւրը: Անոր կը հետեւին իտալիան` աշխարհի արտադրութեան 18 առ հարիւրը եւ Յունաստանը` 12 առ հարիւրը:

– 6 քիլօ ձիթապտուղէն կարելի է ստանալ 1 լիթր ձէթ:

– Ձէթը շատ օգտակար է առողջութեան համար: Անիկա կը նպաստէ ոսկորներուն ամրութեան, բորբոքումներուն դէմ կը պայքարի, կ՛օգնէ յիշողութեան, մորթը կը փափուկցնէ, մազերը կը տափակցնէ, տեսողութիւնը կը պաշտպանէ եւ լինտերը կը պահպանէ:

– Երբ երթաս ձէթ գնելու, ստուգէ, որ շիշը արեւուն տակ դրուած չըլլայ, ունենայ շատ քիչ թթւութեան (ասիտ) աստիճան եւ, անշուշտ, մի՛ մոռնար ստուգելու անոր արտադրութեան եւ սպառելու վերջին թուականը:

 

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

– Մեզի ծանօթ ամէնէն երկար ապրած կատուն Քրիմ Փաֆֆ անունով կատու մըն էր` Օսթըն Թեքսասի մէջ, Միացեալ Նահանգներ: Ան ապրած է 38  տարի եւ 3 օր:

– Անթարքթիքայի ջուրերուն մէջ ապրող հրաբուխէ սպունգ մը հոն կ՛ապրի 15 հազար տարիներէ ի վեր:

– Թոնկ մանուկը անունն է 3 տարեկան մանուկի մը` 2,8 միլիոն տարուան բրածոյի մը, որ գտնուած է հարաւային Ափրիկէի Թոնկ շրջանին մէջ: Ան կը համարուի ամբողջ մարդկութեան նախահայրը:

– Ուտելիքը կրնայ մեր ստամոքսին մէջ մնալ երեքէն չորս ժամ` մեր աղիքներուն մէջ անցնելէ առաջ:

– Կոկորդիլոսները պզտիկ քարեր  կը կլլեն, որպէսզի ատոնք իրենց ստամոքսին մէջ օգնեն ուտելիքը ճզմելու:

– Օրական մօտաւորապէս 74 հազար համակարգիչի նոր վայրըսներ կը ստեղծուին:

– Աշխարհի ամէնէն խորունկ հանքերուն 80 առ հարիւրը կը գտնուի Հարաւային Ափրիկէի մէջ:

– Հին Պարսկաստանի մէջ 10 հազար զինուորներ անդադար կը պաշտպանէին թագաւորը: Անոնք կը կոչուէին Անմահներ: Երբ զինուոր մը կը մեռնէր, ան անմիջապէս կը փոխարինուէր:

– Մասնագէտ մը հոյամողէզներու երկու նոր տեսակ գտաւ, երբ ան ուսումնասիրեց քանատական թանգարանի պահեստին մէջ զետեղուած բրածոներ:

– 2003-ին Քանատայի Օնթարիօ նահանգէն հարսի մը ծաղկեփունջը` կազմուած էր 1500 ծաղիկներէ եւ կը կշռէր 92 քիլօ: Այդ փունջը շալկեցին հարս ու փեսային բազմաթիւ հարսնքոյրերն ու խաչեղբայրները:

– Չինաստանի մէջ աւելի քան 9 միլիոն պսակներ տեղի կ՛ունենան ամէն տարի:

– Առաջին կուպրապատ ճամբաները շինուեցան հեծիկներուն համար, եւ ոչ` ինքնաշարժներուն:

– Իտալիոյ մէջ կարելի է գնել էսփրեսօ սուրճի մեքենայով օժտուած «Ֆիաթ» ինքնաշարժներ:

– Մոխրիկին պատմութեան տարբերակներուն մենք կը հանդիպինք բազմաթիւ մշակոյթներու մէջ: Գոյութիւն ունի նաեւ տարբերակ մը` Ք.Ա. առաջին դարէն:

– Միջին Արեւելքի կարգ մը երկիրներու մէջ, ինչպէս` Յորդանան եւ Եգիպտոս, մանուկները իրենց կաթի ակռաները դէպի երկինք կը  նետեն` իբրեւ բախտաբեր նշան:

– Աշխարհի ամէնէն խորունկ լողաւազանը 42 մեթր խորութիւն ունի: Անիկա կը գործածուի սուզուելու փորձերու եւ գիտական ուսումնասիրութիւններու համար:

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել առաջին պատկերին եւ մնացած իւրաքանչիւր պատկերի միջեւ գոյութիւն ունեցող երկու տարբեր մանրամասնութիւնները:

 

Կրնա՞ս գտնել աւազէ կոյտին հասցնող ճամբան:

 

Կրնա՞ս գտնել առիւծին համապատասխանող շուքը:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (12 Օգոստոս 1967)

Յաջորդը

«Հաուըրտ Գարակէօզեան» Հաստատութեան Ամառնային Դպրոցի Ծրագիրի 2017 Տարուան Համառօտ Տեղեկատուութիւն

RelatedPosts

Աշնան Փառատօներ.  Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Աշնան Փառատօներ. Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Այժմէական.  Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը
Մանկապատանեկան

Այժմէական. Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?