Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծանօ՞թ Էք «Հոպի-Հորսինկ»-ին

Մայիս 13, 2017
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Քանի մը տարիէ ի վեր տարօրինակ նոր «մարզանք» մը կը տարածուի ֆինլանտացի պարմանուհիներուն մէջ. ան «հոպի-հորսինկն» է: Այս մարզանքը կը կայանայ տախտակէ ձիու մը վրայ նստած` իսկական ձիու մրցումներու նման ցատկել արգելապատնէշներու վրայէն եւ ձիուն ձեւեր կատարել տալ:

Այս մարզաձեւը կրնայ ծիծաղելի ըլլալ, սակայն ան շատ լուրջ հարց մըն է մեծամասնութեամբ 10-18 տարեկան մօտաւորապէս 10 հազար աղջիկներու համար, որոնք երկար ժամեր կ՛անցընեն մարզուելով: Այս մարզաձեւը կ՛ընդգրկէ մարմնամարզի մեծ բաժիններ, ցատկելու կարողութիւն եւ պալէի շարժումներ:

«Հոպի-հորսինկ»-ը առիթ մըն է նաեւ բոլոր այն պարմանուհիներուն համար, որոնք միջոցները չունին իսկական ձի մը ունենալու եւ ձիավարժութեան դասեր առնելու եւ ծանօթանալու այս մարզաձեւին: «Հոպի-հորսինկ»-ի առաւելութիւնները բազմաթիւ են. անշուշտ, նախ եւ առաջ, մարզանք ընելու, շարժելու, շուրջիններուն հետ ընկերային կապեր հաստատելու` որեւէ ուրիշ մարզանքի նման, եւ վերջապէս` ձեռային աշխատանքի վարժութիւններ կատարելու, որովհետեւ «մարզիկները» կրնան անձամբ շինել իրենց «ձիերը» կարելով, հիւսելով, եւ տարբեր տեսակի նիւթեր գործածելով:

Ներկայիս այս մարզաձեւը տարածուած էք յատկապէս հիւսիսային Եւրոպայի մէջ: Արդ, Ֆինլանտայի Վանթաա քաղաքին մէջ 29 ապրիլին տեղի ունեցած է «հոպի-հորսինկ»-ի մրցում մը, որուն մասնակցած են 200 մարզիկներ` աւելի քան 1000 հանդիսատեսներու ներկայութեան:

 

Մուսքաանի Գրադարանը

Մուսքաան 10 տարեկան աղջնակ մըն է: Ան Հնդկաստանի Պոփալ շրջանի շատ աղքատ թաղամասի մը մէջ կ՛ապրի: Մուսքաան շատ կը սիրէ ընթերցանութիւնը:

***

Ամէն օր, դպրոցէն վերադարձին, ան պզտիկ գորգ մը կը դնէ իր տան առջեւ, եւ վրան կը շարէ գիրքեր` իր թաղի մանուկներուն համար: Ինչպէս գրադարանի մը մէջ մանուկները կրնան նստիլ եւ մտիկ ընել պատմութիւններ, որ իրենց կը կարդայ Մուսքաան, կամ` գիրքերը թերթատել ու կարդալ:

***

Մուսքաան ընտրուած է պետութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ` այդ շրջանին մէջ ուսումը զարգացնելու համար: Առաջին հերթին, անոնք Մուսքաանի ղրկած են 15 գիրքեր, որոնք շատ արագ կարդացուած են: Ապա Մուսքաան ուրիշ գիրքեր հաւաքած է իր քրոջ` Նեհայի հետ: Ներկայիս անոր գրադարանը օժտուած է աւելի քան 700 գիրքերով: Իր այս ճիգերուն համար Մուսքաան վարձատրութեան մը արժանացաւ պետութեան կողմէ: Ան ամէնէն փոքր անձն էր, որ կը ստանար այս վարձատրութիւնը:

 

 Հետաքրքրական

– Մարզաձեւերու մէջ գործածուած ամէնէն մեծ գնդակը 1,22 մեթր տրամագիծ ունի: Անիկա կը գործածուի քին-պոլի խաղի ընթացքին: Այս մարզաձեւը հնարուած է Քանատայի մէջ, 1986-ին:

– 10 գործածուած թուղթերէ կարելի է վերամշակուած 9 թուղթ ստանալ:

– Աշխարհի ամէնէն փոքր հրաբուխը մեքսիքական է եւ ունի… 13 մեթր բարձրութիւն: Ան մարած է եւ կարելի է այցելել անոր խառնարանը` աստիճան մը մագլցելով:

– «A380 Էրպաս» օդանաւ մը կը կշռէ 560 թոն: Այս ծանրութիւնը կը համապատասխանէ 90 փիղերու ծանրութեան:

– Երբ մեր կոպերը կը գոցուին, փոքրիկ արցունքներ մեր աչքերը կը թրջեն. հետեւաբար աչքի թարթիչը չի ձգեր, որ մեր աչքերը չորնան:

– Հիմալայեան լեռնաշղթային մաս կազմող կարգ մը լեռներ տարեկան 8-10 միլլիմեթր կը մեծնան:

– Շան շնչառութիւնը մարդուն շնչառութենէն 35 անգամ աւելի զօրաւոր է:

– Մենք չենք անդրադառնար, սակայն երկրագունդը իւրաքանչիւր վայրկեան 25 քմ կը կտրէ արեւուն շուրջ:

– Կաթի 24 ակռաներ կը թափին եւ կը փոխարինուին 32 վերջնական ակռաներով:

– Աշխարհի ամէնէն մեծ բուրդէ վզկապը հիւսուած է Ֆրանսայի հիւսիսը, Ֆուրմի շրջանին մէջ. անիկա 67 քմ երկարութիւն ունի եւ կը կշռէ 10 թոն: Անշուշտ դիւրին պիտի չըլլայ զայն վզին շուրջ դրած պտտիլ…

– 2012 թուականին ֆրանսացի կին ճամբորդ մը կը քնանայ Փաքիստանէն զինք Ֆրանսա վերադարձնող թռիչքին վրայ: Փարիզ հասնելով` ան չ՛արթննար… եւ նոյն օդանաւով կը կատարէ հակառակ ճամբան: Ան վերջապէս Ֆրանսա կը վերադառնայ 18 ժամուան երկար ճամբորդութենէ մը ետք:

– 24 յունուար 1895-ին Նորվեկիայի երկու հետախոյզներ` Քորսթըն Պորչկրեպինք եւ Հենրիք Պուլլ եղան առաջին անձերը, որոնք հասան Անթարքթիք ցամաքամաս, հարաւային բեւեռին մօտ:

– Թիրամիսուն հիւսիսային Իտալիայէն եկած նշանաւոր անուշեղէն մըն է: Անոր անունը յառաջացած է «թիրարէ սու» իտալերէն արտայատութենէն, որ կը նշանակէ` «տրամադրութիւնը բարձրացնել» կամ` «ուժ տալ»:

– Անթրաքթիքի ցամաքամասին վրայ միայն 11 անձեր ծնած են:

– Ամերիկացի Նիք Քլեքնըր Միացեալ Նահանգները պտտած է առանց դրամի, ո՛չ ալ ուտելիքի, 2012-ի ապրիլէն մինչեւ հոկտեմբեր: Ան քալելով կտրած է աւելի քան 4000 քմ` վստահելով մարդոց առատաձեռնութեան վրայ:

– Աշխարհի ամէնէն մեծ ծամոնի փուչիկը ունէր աւելի քան 55 սմ տրամագիծ…

– Մեր ուղեղը օրական 70 հազար տարբեր մտածումներ կ՛արտադրէ:

– Միացեալ Նահանգներու մէջ գոյութիւն ունի լիճ մը, որուն անունը Փոմ տը Թեր Լէյք է (գետնախնձոր լիճը):

– Մեր ցուցամատը շարժելու համար մենք կը գործածենք եօթը մկան:

 

Ժամանց

 

Կրնա՞ս գտնել հաւկիթին հասցնող ճամբան:

 

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները:

 

Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած ութը ոսկորները:
Նախորդը

50 Տարի Առաջ (13 Մայիս 1967)

Յաջորդը

Հայկազեան Համալսարանի Հրատարակչատան Կազմակերպութեամբ. Ռուբէն Աւշարեանի «Արձանագրութիւններուն Մէջ» Զոյգ Հատորներու Շնորհահանդէս

RelatedPosts

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը

Մայիս 10, 2025
Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է
Մանկապատանեկան

Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է

Մայիս 3, 2025
Ձեռային Աշխատանք.  Զատկուան Պատրաստութիւններ
Մանկապատանեկան

Ձեռային Աշխատանք. Զատկուան Պատրաստութիւններ

Ապրիլ 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?