Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աշակերտներ` Աշխարհի Չորս Կողմերէն

October 7, 2017
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Շրջապտոյտ մը Հնդկաստանի, Ռուսիոյ, Չինաստանի եւ Պուրքինա Ֆասոյի դպրոցներուն մէջ` անոնց աշակերտներուն հետ:

Հնդկաստան

13 տարեկան Տեւի կ՛ապրի Քալինկափաթնամի մէջ, Հնդկաստան: Ան ինքզինք բախտաւոր կը զգայ, որովհետեւ դպրոց կ՛երթայ: Հնդկաստանի մէջ բոլոր աղջիկները նոյնքան բախտաւոր  չեն, սակայն Տեւիի հայրը ուզած է, որ իր աղջիկները ուսում ստանան, որպէսզի կարենան լաւ ապագայ ունենալ: Տեւիի ընտանիքին մէջ բոլորը աղջիկ են, եւ անոնց կեանքը տղոց կեանքէն աւելի դժուար է: Տեւի կ՛ուզէ բժիշկ ըլլալ եւ իր գիւղին մէջ դարմանատուն մը բանալ:

Դպրոցը գիւղէն 5 քմ հեռու կը գտնուի: Հետեւաբար Տեւի դպրոց կ՛երթայ իր ընկերուհիներուն հետ: Այս ձեւով ան աւելի ապահով կը զգայ: Անոնք մէկ ժամ կը քալեն անտառներուն եւ բրինձի դաշտերուն մէջէն. անոնք նոյնիսկ ստիպուած են պզտիկ գետ մը նաւակով անցնիլ: Տեւի քիչ մը կը վախնայ, որովհետեւ լողալ չի գիտեր: Դպրոցի ճամբան խոչընդոտներով լեցուն է, սակայն դպրոցը Տեւիի համար առաջնահերթութիւն է:

Ռուսիա

7 տարեկան Մաշա կ՛ապրի Ս. Փեթերսպուրկի մէջ, Ռուսիա: Հոն վերամուտը տեղի կ՛ունենայ սեպտեմբերի սկիզբը, 3 ամսուան արձակուրդէ ետք: Այդ առաջին օրը կը կոչուի «Գիտելիքներու օր»: Այդ օրը շատ յատուկ է: Մեծ աշակերտները փոքրիկ աշակերտներուն ձեռքը բռնած` զանոնք դէպի դասարան կ՛առաջնորդեն: Սովորութիւն է նաեւ, որ իւրաքանչիւր աշակերտ փունջ մը ծաղիկ բերէ իր ուսուցչուհիին: Ապա բոլոր աշակերտները միասին կը խոստանան իրենց լաւագոյնը տալ եկող տարուան ընթացքին:

Դասերը կը սկսին ժամը 9:00-ին: Դասական նիւթերուն կողքին, կը դասաւանդուին նաեւ ուրիշ նիւթեր, ինչպէս` ճատրակ, գերմաներէն, համակարգիչ… Դպրոցէն ետք Մաշա կը հետեւի նաեւ պարի եւ թատրոնի դասերու, ապա ան կը կատարէ իր պարտականութիւնները եւ կը քնանայ մօտաւորապէս ժամը 10:00-ին: Անոր օրը բաւական լեցուն է:

Չինաստան

Ժին Չիքուան 10 տարեկան մանչուկ մըն է: Ան կ՛ապրի Փեքինի մէջ, Չինաստան: Երկուշաբթի առտուն, փակին մէջ շարուած, բոլոր աշակերտները միասին կ՛երգեն չինական ազգային քայլերգը: Կարգ մը աշակերտներ դրած են կարմիր փողկապ մը, որ կը խորհրդանշէ չինական դրօշակը: Ժին Չիքուան ունի քանի մը ուսուցիչներ, որոնք իրենց յատուկ պահերուն կը մտնեն դասարան: Դասարանին մէջ իւրաքանչիւր աշակերտ ունի իր պաշտօնը` շարքի պատասխանատու, տետրակները բաժնելու, կարգաւորումի…

Ամէն օր դասարանին մէջ աշակերտները շուէտական մարզանք կ՛ընեն, իսկ օրական երկու անգամ «աչքերու մարզանք»` զանոնք հանգչեցնելու համար: Այն օրերը, երբ օդի ապականումը չափէն աւելի է, աշակերտները փակ չեն ելլեր: Իսկ երբ ապականումը սաստիկ է, դպրոցը փակ կը մնայ ժամանակի մը համար:

Պուրքինա Ֆասօ

Լաթիֆաթու 11 տարեկան աղջնակ մըն է, որ կ՛ապրի Ուակատուկույի մէջ, Պուրքինա Ֆասօ: Լաթիֆաթուի ծնողները կ՛ապրին Ուակատուկու մայրաքաղաքէն 25 քմ հեռու գտնուող գիւղի մը մէջ, սակայն անոնք Լաթիֆաթուն ղրկած են իր մեծ հօր եւ մեծ մօր մօտ` անոնց օգնելու: Ճիշդ է, որ նման քայլ մը սովորութիւն է, սակայն մայրաքաղաքի մէջ ապրիլը Լաթիֆաթուին աւելի առիթ կու տայ, որ ան ապագային կարենայ իր ուսումը շարունակել: Քաղաքին մէջ ուսուցիչները աւելի լաւ պատրաստուած են, իսկ դասարանները` նուազ խճողուած: Հակառակ ասոր` 4-րդ դասարանի աշակերտներուն թիւը կը հասնի 74-ի:

Իրիկունը, երբ ան դպրոցէն կը վերադառնայ, Լաթիֆաթու կ՛օգնէ իր ընտանիքին: Երբեմն ան սուրճ կը բաժնէ իր մեծ հօր փոքրիկ սրճարանին մէջ, այլապէս ան կ՛օգնէ իրիկուան ճաշը` «թոն»-ը պատրաստելու համար: Իսկ երբ ան քիչ մը ազատ ժամանակ ունենայ, կը սիրէ զբաղիլ իր փոքրիկ շնիկով, կամ` փողոցին մէջ խաղալ իր ընկերներուն հետ:

 

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

– Ըստ 2007-ին կատարուած ուսումնասիրութեան մը, կիներ եւ այր մարդիկ օրական գրեթէ նոյն թիւով բառեր կ՛արտասանեն, մօտաւորապէս` 16.000 բառ:

– Աշխարհի ամէնէն տաք ծովը Կարմիր ծովն է. անոր ամէնէն տաք շրջանին մէջ ջուրին ջերմաստիճանը կը հասնի 31 աստիճանի:

– Աշխարհի ամէնէն տաք անապատը Սահարան է: Անոր մեծութիւնը գրեթէ հաւասար է Միացեալ Նահանգներու տարածքին:

– Մոնկոլիոյ մէջ ամառը, մարդիկ կը սիրեն խմել Էրակ կոչուած յատուկ ըմպելի մը: Ան պատրաստուած է ձիու մակարդուած կաթէ:

– Բաբելոնի Առկախ պարտէզները մաս կը կազմէին Հին Աշխարհի եօթը հրաշալիքներուն. սակայն անոնց ճշգրիտ դիրքը տակաւին մեզի անծանօթ է:

– Սէուտական Արաբիոյ մէջ շարժապատկերի սրահներ գոյութիւն չունին:

– Ասիա եւ Եւրոպա ունին նոյն թիւով երկիրներ:

– Աշխարհի 15 երկիրներու դրօշակներուն վրայ գոյութիւն ունի թռչունի մը պատկերը:

– Թռչունները մեր արդի հոյամողէզներն են:

– Երկրագունդը արեւուն շուրջ կը դառնայ մէկ երկվայրկեանի մէջ 30 քմ արագութեամբ:

– Կոպի աշխարհի ամէնէն պաղ-տաք անապատն է: Հոն ջերմաստիճանը կրնայ իջնել մինչեւ -20 աստիճանի:

– Փիղի մը սիրտը կը կշռէ մօտաւորապէս 21 քիլօ… գրեթէ` չորս տարեկան տղու մը չափ:

– Չափահաս անձի մը սիրտը կը տրոփէ մօտաւորապէս 72 անգամ մէկ վայրկեանի մէջ: Մինչ Պեզուկա կէտի մը սրտին տրոփումները կը հասնին 100-ի` մէկ վայրկեանին մէջ. սակայն անոնք կրնան 12-20 տրոփումի իջնել, կէտը ան կը սուզուի:

– Ազար միքրոֆիլայի քնքուշ դեղին ծաղիկները տուրմի եւ վանիլայի հոտ ունին:

– Աշխարհի ամէնէն մեծ ծառը Ուլուրուն է: Անիկա կը գտնուի Աւստրալիոյ մէջ, եւ աւելի բարձր է, քան` 114 յարկանի շէնք մը:

– Կապոյտ կէտին ձագը ամէն օր մօտաւորապէս 90,7 քիլօ կ՛աւելնայ:

– Վերջին սառցակալման դարաշրջանին, որ տեղի ունեցած է 11.500 տարիներ առաջ, աշխարհի մակերեսին մէկ երրորդը սառոյցներով ծածկուած էր: Այժմ երկրագունդին մակերեսին միայն մէկ տասներորդը սառոյցով ծածկուած է:

– Բեւեռային արջերուն մորթը սեւ է:

– Արեւային տարի մը կը տեւէ 365,2422 օր:

– Փուիտոն մոլորակը գտնուեցաւ 1846 թուականին: Այդ թուականէն ի վեր ան իր արեւուն շուրջ պտոյտը ամբողջացուց 2011 թուականին:

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 11 տարբերութիւնները:

 

Կրնա՞ս գտնել կարկանդակին հասցնող ճամբան:

 

Կրնա՞ս գտնել վերի պատկերին համապատասխանող շուքը:

 

Այս նաւուն խոհարարին պատրաստած ընթրիքը ծովը ինկեր է: Կրնա՞ս անոր օգնել գտնելու համար` պանիրի կտորը, նարինջի շերտը, հացի շերտ մը, կարագի կտորը, գաւաթ մը ջուրը, պաղպաղակը, աղամանը, դանակը, պատառաքաղը, դգալը եւ թէյի գաւաթը:
Նախորդը

50 Տարի Առաջ (7 Հոկտեմբեր 1967)

Յաջորդը

Սուրիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ժիրայր Ռէյիսեանի «100 Նուիրեալներ` Ցեղասպանութեան Օրերու Հայ Ժողովուրդի Օտար Բարեկամներէն» Գիրքին Շնորհահանդէս

RelatedPosts

Ռովանիեմի` Կաղանդ Պապային Պաշտօնական Բնակութեան Վայրը Հիւսիսային Բեւեռին Մէջ
Մանկապատանեկան

Ռովանիեմի` Կաղանդ Պապային Պաշտօնական Բնակութեան Վայրը Հիւսիսային Բեւեռին Մէջ

December 13, 2025
Հետաքրքրական.  Առաջին Անգամ Ըլլալով` Մժեղներ Իսլանտայի Մէջ
Մանկապատանեկան

Հետաքրքրական. Առաջին Անգամ Ըլլալով` Մժեղներ Իսլանտայի Մէջ

December 6, 2025
Ինչի՞ Կը Ծառայեն Յուզումները
Մանկապատանեկան

Ինչի՞ Կը Ծառայեն Յուզումները

November 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.