Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Մանկապատանեկան այս էջերուն մէջ մենք արդէն ծանօթացած էինք աւստրալիացի պարմանուհի Ճէյտ Հէյմըսթըրի, որուն երազն էր դառնալ տարիքով ամէնէն փոքր անձը, որ պիտի հասնի մինչեւ հիւսիսային եւ հարաւային բեւեռները եւ կտրէ Կրինլանտը: Ան իր նպատակին առաջին հանգրուանը կտրեց 2016-ին, եւ հիմա ան ճամբայ կ՛ելլէ կտրելու Կրինլանտի 540 քմ տարածքը:
Ան եռամարտի (թրիաթլոն) իր առաջին մրցումին մասնակցած է 6 տարեկանին: 15 տարեկան այս աւստրալիացի պարմանուհին միշտ սիրած է մարտահրաւէրները: Ան մտադրած է դառնալ հիւսիսային եւ հարաւային բեւեռները հասնող եւ Կրինլանտը կտրող ամէնէն փոքր անձը: Իր այս երազը իրականացնելու համար Ճէյտ շատ ծանր կերպով կը մարզուի: Ծնողները միշտ ներկայ են, կը քաջալերեն եւ կ՛ընկերակցին իրենց աղջկան:
***
Ճէյտը իր անհաւատալի փորձառութեան մասին կը պատմէ համացանցին վրայ եւ իր ինսթակրամի հաշիւին մէջ: Ամէն օր ան նոր լուրեր կը դնէ: Ապրիլ 2015-ին ան կրցաւ հասնիլ հիւսիսային բեւեռ, իսկ 11 մայիսին, ամիսներու փորձերէ եւ մարզուելէ ետք, ան կը սկսի իր յաջորդ արշաւանքին:
Անոր նպատակը` Կրինլանտը կտրել արեւմուտքէն արեւելք` 540 քմ քալելով: Այս արշաւանքը իրականացնելու համար Ճէյտ նախատեսած է 30 օր. այս ամբողջ ժամանակաշրջանին Ճէյտ պիտի յառաջանայ իր ետեւէն քաշելով իրեն անհրաժեշտ առարկաներով բեռցուած եւ 70 քիլօ կշռող սահնակ մը:
***
Ճէյտ մարզուեցաւ ամիսներու ընթացքին, Աւստրալիոյ մէջ` ծովափի աւազներուն վրայ քաշելով ծանրութիւններ: Ան երկար ժամեր մարզանք ըրաւ: Վստահելով իր ուժեղ կամքին եւ վճռակամութեան` Ճէյտ մտադրած է յաջողութեամբ պսակելու իր այս ծրագիրը: Նոյն ատեն, սրտի մօտիկ այս պարմանուհին կը մնայ համեստ անձ մը: Անոր համար, վերջին հաշուով, կարեւորը որեւէ գնով այդ նպատակին հասնիլը չէ, այլ` մինչեւ հոն հասնելու համար կտրուած ճամբան եւ ձեռք ձգած փորձառութիւնները:
Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ
– Թայուանի օդանաւային ընկերութիւնը ունի Հելլօ Քիթրիի նկարներով զարդարուած օդանաւեր:
– Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ ամէն տարի տեղի կ՛ունենայ ուղտերու գեղեցկութեան մրցում մը:
– Մեր ուղեղէն տեղեկութիւնները կ՛անցնին ջիղերուն ընդմէջէն` ժամական 322 քմ արագութեամբ:
– Մարդ արարածը կրնայ 10.000 տարբեր դէմքի արտայայտութիւններ ընել:
– ՆԱՍԱ կը փորձէ շինել 3D տպելիք մեքենայ մը, որ պիտի կարենայ «տպել» ուտուելիք փիցցաներ:
– Բազմաթիւ թռչուններու փետուրները շատ աւելի ծանր կը կշռեն, քան` անոնց ոսկորները:
– Կարգ մը խոլորձներ (օրքիտէ) սատկած մուկի հոտ կ՛արձակեն:
– Հնդկաստանի մէջ մանուկները իրենց ինկած ակռաները տանիք կը նետեն եւ կը խնդրեն, որ ճնճղուկը իրենց նոր ակռայ մը բերէ:
– Անգլիոյ Պեքինկհամ պալատին մէջ կայ աւելի քան 40.000 լամբ:
– Ածխամատիտով մը կրնաս գրել մօտաւորապէս 45.000 բառ:
– Ամէն տարի ուժեղ քամիներ մօտաւորապէս 40 միլիոն թոն փոշի կը տեղափոխեն ափրիկեան Սահարա անապատէն մինչեւ Ամազոն գետը, Հարաւային Ամերիկա:
– Չինաստանի մէջ մարդիկ նուտըլ փասթա (մաքարոնի) կ՛ուտեն 7000 տարիներէ ի վեր:
Ինչպէ՞ս
Ինչպէ՞ս Կ՛արթննանք Առտուն
Մեր մարմինը բնականօրէն կը հետեւի առտուան եւ գիշերուան փոփոխութիւններուն: Մեր ուղեղը կը պարունակէ ջղային բջիջներ, որոնք կը ղեկավարեն մեր գործունէութիւնը: Երբ առաւօտեան լոյսը կը բացուի, անոնք նշան մը կ՛արձակեն, որպէսզի ուղեղը արտադրէ նիւթ մը, որ մեզ կ՛արթնցնէ:
Ինչպէ՞ս Մսակեր Բոյսերը
Միջատները Կ՛ուտեն
Կարգ մը բոյսեր կը ծալեն այն տերեւը, որուն վրայ կեցած է միջատը եւ զայն «կը բանտարկեն»: Քսան օրուան ընթացքին անոնք դանդաղօրէն «կը կլլեն» իրենց որսը` շնորհիւ մարսողական նիւթերու, որոնք կը տարբաղադրեն միջատը:
Ուրիշ բոյսեր ծաղկամանի ձեւը ունին. միջատները անոնց յատակը կ՛իյնան եւ կը մարսուին:
Ինչպէ՞ս Ամպերը Կախուած Կը Մնան
Երկնքին Մէջ` Առանց Իյնալու
Երկնքին Մէջ` Առանց Իյնալու
Ամպերը կազմուած են ջուրի մանր կաթիլներէ եւ երբեմն` սառոյցի բիւրեղներէ: Անոնք կախուած կը մնան երկնքին մէջ, որովհետեւ այս շատ թեթեւ կաթիլները օդի հոսանքներուն կողմէ կը քշուին: Սակայն, երբ ջերմաստիճանը կ՛իջնէ, այս կաթիլները կը սառչին, կը ծանրանան եւ կ՛իյնան. եւ այս ձեւով կ՛անձրեւէ:
Ինչպէ՞ս Կը Կազմուին
Բրածոները
Բրածոները
Բրածոները կը կազմուին ոսկորներէ, անասուններու խեցիներէ կամ բոյսերու մնացորդներէ (հատիկ, տերեւ, արմատներ, պտուղներ), որոնք աւազով կամ հողով կը ծածկուին փտելէ առաջ:
Ժամանակի ընթացքին այս մնացորդները քարի կը վերածուին եւ ապա կ՛անհետանան` գետնին մէջ ձգելով միայն իրենց ձեւը:
Ինչպէ՞ս Էին Առաջին Մարդիկը
7 միլիոն տարիներ առաջ, մեր նախահայրերը կը նմանէին շէմփանզէներու, որոնք իրենց երկու ոտքերուն վրայ կը քալէին, կռնակնին կոր: Անոնք ունէին շատ մազոտ մարմին մը, ներկայ մարդ արարածին դէմքէն նուազ երկար դէմք մը, տափակ ճակատ մը, հաստ յօնքեր, լայն քիթ եւ ծնօտներ:
Ինչպէ՞ս Կարելի Է Նախատեսել
Եղանակը
Անջրպետին մէջ արբանեակները կը նկարեն երկինքը, իսկ երկրագունդին մակերեսին վրայ ուրիշ մեքենաներ չափումներ կը կատարեն: Այս տեղեկութիւններէն մեկնելով` օդերեւութաբանութեան մասնագէտները կ՛ուսումնասիրեն ամպերուն եւ տաք ու ցուրտ օդերու հոսանքներուն շարժումները եւ կը նախատեսեն յաջորդ օրերու եղանակը:
Ժամանց


