Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

6 Միլիոն Ժամ Աշխատանք` «Մարաւիկլիա» Զբօսանաւուն Համար

Յունիս 24, 2017
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Երկու տարիէ ի վեր Ֆրանսայի Սեն Նազերի նաւաշինարաններուն մէջ հազարաւոր անձեր կ՛աշխատէին «Մարաւիկլիա» (իտալերէն` հրաշալիք) զբօսանաւու շինութեան վրայ: Ծովերու այս հսկան շինուած ամէնէն մեծ նաւն է` իր 315 մեթր երկարութեամբ, 43 մեթր լայնքով, 65 մեթր բարձրութեամբ եւ 171.598 թոն ծանրութեամբ: Ան կրնայ ընդունիլ մինչեւ 5714 ճամբորդ, եւ անոր արագութիւնը կրնայ հասնիլ ժամական 22 քմ-ի:

300 Հազար Կտորներով Փազըլ Մը

Այս նաւուն շինութիւնը կարօտած է 6 միլիոն ժամ աշխատանքի, մէկ միլիոն ժամ` անոր յղացումին համար 1,5 միլիոն ժամ անոր պողպատէ մարմինին շինութեան համար, եւ ապա 3,5 միլիոն ժամ` մնացած մանրամասնութիւններուն համար: Այս ձեւով, «Մարաւիկլիա» կը նմանի 300 հազար կտորներէ բաղկացած հսկայական փազըլի մը, իր 1500 քմ երկար մալուխներով (քապլ) եւ 80 հազար լուսաւոր կէտերով:

Արտակարգ Կարգադրութիւններ

Նաւուն վրայ գոյութիւն ունին` չորս լողաւազաններ, 12 սրճարաններ, շարժապատկերի սրահ մը, վիտէօ խաղերու սրահ մը, քարաօքէի բեմ մը, ինչպէս նաեւ` 3 սահնակներով ջրային փարք մը: Շրջապտոյտին ընթացքին ճամբորդները իրենց դաստակին վրայ պիտի ունենան ելեկտրոնային ապարանջան մը, որ անոնց պիտի ծառայէ իրենց սենեակին դուռը բանալ, իրենց գնումներուն համար վճարել:

Մեծ Ճամբորդութիւն Մը

Յունիսի սկիզբը «Մարաւիկլիա» հասաւ Հաւրի նաւահանգիստը: Անոր առաջին ճամբորդութիւնը սկսաւ կիրակի, 4 յունիս 2017-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, դէպի Մարսէյ, ուր ան հասաւ մէկ շաբաթ վերջը: Մալթեան ընկերութեան մը պատկանող այս նաւը ապա պիտի շրջի Միջերկրականին մէջ` իբրեւ գլխաւոր նաւահանգիստ ունենալով` Մարսէյը (Ֆրանսա), Ճենովան (Իտալիա) եւ Պարսելոնան (Սպանիա): Մէկ շաբթուան արտասովոր շրջապտոյտ մը, որուն ընթացքին պիտի հրամցուին 112.000 բաժին ճաշ…

 

«Հունտերու Շտեմարանին » Մէջ
Ջուր Մտած Է

Մոլորակին հունտերը պահպանելու համար նորվեկիացիները սառած լերան մը վրայ շինած են «Հունտերու շտեմարան» մը: Սակայն, դժբախտաբար, այս շտեմարանը ջուրով ողողուած է ձիւնհալի պատճառով:

Այս «Հունտերու շտեմարանը» կը գտնուի Նորվեկիոյ Սփիցպըրկ կղզիին վրայ եւ հոն կը գտնուին աշխարհի բոլոր հունտերէն նմուշներ: Այս ձեւով երկրագործութիւնը կրնայ վերապրիլ մեծ չարաղէտ դէպքէ մը ետք:

«Կլոպալ» սիիտ վոլթ սվալպարտ» թաղուած է հիւսիսային բեւեռի շրջանին մէջ, լերան մը խորերը: Սակայն այս համաշխարհային պահեստանոցը ողողուած է կլիմայի տաքութեան երեւոյթին պատճառով: Այս ձեւով, ձմրան ընթացքին ջերմաստիճանի բացառիկ տաքութիւնը շրջանին մէջ յառաջացուցած է զօրաւոր անձրեւներ` սպասուած ձիւնին փոխարէն:

Այս պատճառով ստորերկրեայ շտեմարանին շուրջի սառոյցը հալած է, եւ ջուրը թափանցած է անցքին մուտքին մէջ, ու հոն սառած է:

Բարեբախտաբար ոչ մէկ հունտ վնասուած է, որովհետեւ շտեմարանը ինքնին կը գտնուի 120 մեթր խորութեամբ եւ ջուրը հոն չէ հասած. սակայն այս պատահարը հարցման տակ կը դնէ այս «Հունտերու շտեմարանին» հաստատուն եւ վստահելի ըլլալը: Սկզբունքով այս շտեմարանը պէտք էր աշխատէր առանց մարդկային միջամտութեան: Սակայն այժմ անիկա կը գտնուի մասնագէտներու շուրջօրեայ հսկողութեան տակ:

Բոյսերու «Նոյեան Տապան» Մը

– 800 քռ. մեթր այս մթերանոցին մէջ կարելի է պահել 3 միլիոն հունտի նմուշներ:

– Այս «գանձատունը կը գտնուի լերան մէջ, մօտաւորապէս 300 մեթր խորութեամբ:

– Զայն շրջապատող յաւերժ սառած գետինը (փերմաֆրոսթ) այս նմուշները կրնայ պահել – 18 աստիճան ջերմաստիճանի վրայ:

– Այս շտեմարանի շինութեան առաջին քարը զետեղուած է 19 յունիս 2006-ին, իսկ պաշտօնական բացումը տեղի ունեցած է 26 փետրուար 2008-ին:

 

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

– Աշխարհի ամէնէն երկար դաշնակի եղանակի կտորը ներկայացուած է 11 դաշնակահարներու կողմէ. անիկա տեւած է 18 ժամ եւ 40 վայրկեան:

– Աշխարհի ամէնէն հին ստնաւոր անասունները կ՛ապրէին հոյամողէսներուն ժամանակաշրջանին, եւ անոնք կը նմանէին փոքրիկ մուկերու եւ առնէտներու:

– Մեր անջրպետի ամէնէն ծեր աստղերէն մէկը կը գտնուի Ծիր Կաթինի աստղահոյլին մէջ: Անոր գիտական անունն է Էսէմ 0313 եւ ան ծնած է 13,6 միլիառ տարիներ առաջ:

– Անուշեղէններու ճափոնցի մասնագէտ մը պտուղներով շինած է երկյարկանի կարկանդակ մը` զարդարուած աւելի քան 200 ադամանդներով, եւ որուն արժէքը մօտաւորապէս 1,7 միլիոն տոլար էր:

– Աշխարհի վրայ ամէն տարի կը ծամուի 100 հազար թոն ծամոն:

– Մանուկները իրենց աչքերը շատ աւելի նուազ կը թարթեն, քան` չափահասները, մօտաւորապէս մէկ կամ երկու անգամ մէջ վայրկեանին մէջ:

– Կիները առաջին անգամ արդի Ողիմպիական խաղերուն մասնակցեցան Փարիզի մէջ, 1900-ին:

– 997 մարզիկներէն միայն 3 առ հարիւրը կիներ էին:

– «Թայթանիք»-ին վրայ գոյութիւն ունէր տաք ջուրով լողաւազան մը, որ ծովու ջուրով կը լեցուէր:

– Չինաստանի քաղաքներէն մէկուն մէջ մայթերը բաժնուած են երկուքի. մայթ մը` հեռաձայն գործածող անձերուն համար, մայթ մը` հեռաձայն չգործածողներուն համար:

– Աշխարհի ամէնէն փոքրիկ անապատը Չիլիի մէջ Աթաքամա անապատն է: Անոր տարածքը միայն 105.200 քառակուսի քմ է:

– Աթաքամա անապատը աշխարհի ամէնէն չոր անապատն է. հոն ամէն տարի մօտաւորապէս միայն 1 մմ անձրեւ կու գայ:

– Նուռ մը ընդհանրապէս 600-1000 կարմիր ուտուելիք  հատիկներ կ՛ունենայ: Անոնք շատ սննդարար են:

– Կեդրոնական Եթովպիոյ մէջ գոյութիւն ունի «Պայք» (անգլերէնով` հեծիկ) անունով քաղաք մը: Հոն կ՛ապրի մօտաւորապէս 9000 հոգի:

– Կատուի նորածին ձագերը խուլ եւ կոյր կ՛ըլլան: Երկու շաբաթ ետք անոնք կը սկսին լաւ լսել եւ լաւ տեսնել:

– Աշխարհին մէջ սուրճի ամէնէն մեծ գաւաթը կրնայ պարունակել 14,228,1 լիթր սուրճ, այսինքն աւելի քան 50 լեցուն լոգարաններ:

– Մարդկային մարմինը կազմուած է 10.000 միլիառ բջիջներէ:

– Մրջիւն մը կրնայ իր կռնակին վրայ շալկել իր կշիռքէն 50 անգամ աւելի ծանր առարկաներ:

– Բազմաթիւ քարտէսներու մէջ, Խաղաղական ովկիանոսին մէջ նշանակուած է Սանտի կղզին: Քանի մը տարի առաջ, խումբ մը աւստրալիացի գիտնականներ փորձած են գտնել այդ կղզին… սակայն անդրադարձած են, թէ ան բնաւ գոյութիւն չէ ունեցած:

– Աշխարհի ամէնէն երկար կամուրջը Չինաստանի մէջ Տանեակ-Քունշան կամուրջն է: Անոր երկայնքը 168,8 քմ է:

– Աշխարհի ամէնէն մեծ լողաւազանը կը գտնուի Չիլիի մէջ եւ անոր մեծութիւնը հաւասար է 16 ֆութպոլի դաշտերու:

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել իւրաքանչիւր թռուցիկի պոչը:
Կրնա՞ս գտնել գլխաւոր պատկերին եւ մնացած իւրաքանչիւր պատկերի միջեւ (1.2.3) գոյութիւն ունեցող երեք տարբերութիւնները:

 

Երկու կէտ պարունակող բաժինները սեւ ներկէ` յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:
Նախորդը

50 Տարի Առաջ (24 Յունիս 1967)

Յաջորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Յունիս Դ. – Ուսանողութեան Կարեւոր Դերը

RelatedPosts

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը

Մայիս 10, 2025
Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է
Մանկապատանեկան

Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է

Մայիս 3, 2025
Ձեռային Աշխատանք.  Զատկուան Պատրաստութիւններ
Մանկապատանեկան

Ձեռային Աշխատանք. Զատկուան Պատրաստութիւններ

Ապրիլ 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?