Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
«Քասթելներու» այս սովորութիւնը յատուկ է Սպանիոյ Քաթալոնիոյ շրջանին, ուր 200 տարիներէ ի վեր մարդիկ կը շարունակեն կերտել այս մարդկային աշտարակները:
Քաթալոնիոյ Թարրական քաղաքին մէջ Սան Խուան եւ Սանթա Թեքլայի սուրբերուն տօները կը նշուին իւրայատուկ կերպով: Մարդկային այս աշտարակները` «Քասթելները» կը կերտուին ամբողջ տարուան ընթացքին, տարբեր առիթներով: Անոնք յատկապէս կը կազմուին Սան Խուան սուրբին տօնին առիթով, 23-էն 24 յունիսի գիշերը, եւ` քաղաքին սրբուհի Սանթա Թելայի օրը, 23 սեպտեմբերին, որ կը փակէ ամառնային եղանակը:
«Քասթելլեր» կոչուած մագլցողները մաս կը կազմեն Քաթալոնիոյ 70 «քոլլիներուն» (խումբերուն): Ամէն մարդ կրնայ մաս կազմել «քոլլայի» մը, այր մարդ, կին, չափահաս եւ մանուկ: Ասիկա առիթ մըն է նաեւ նոր մարդոց ծանօթանալու: Այս կամաւոր աշխատանքը կը կարօտի շաբաթը նուազագոյնը երկու փորձի: Խումբերուն ընդհանուր պատասխանատու` «քափ տը քոլլան» կ՛ընտրուի 2 տարուան համար. ան բոլոր խումբերուն թեքնիք պատասխանատուն է: Խումբ մը ղեկավարողը «քափ տը քոնալլան» է:
«Քասթելը» կը յղացուի տարբեր երկրաչափական ձեւերով մարդկային ճարտարապետական կառոյց մը, ուր իւրաքանչիւրը ունի պատկերին մէջ նշուած իրեն յատուկ տեղը: Յունիս 24-ին գիշերը տարբեր խումբերու «քասթելերները» քաղաքապետարանին առջեւ կը հաւաքուին թմբուկին եւ «կրալլա» սրինգին կշռոյթին հետեւելով: Երաժշտութիւնը գլխաւոր դեր ունի աշտարակներու կառուցման աշխատանքին մէջ, որովհետեւ ան կը նշէ հիմը կազմող անձերուն, որոնք վերի բաժինները չեն կրնար տեսնել, կառոյցին աճը:
«Քասթելլին» հիմքը «փինեան» կը գտնուի: Ինը յարկանի (մօտաւորապէս 14 մեթր) բարձրութեամբ աշտարակ մը շալկելու համար հարկ կայ իրարու վրայ 2 կամ 3 փինեաներու» ուժին:
Իւրաքանչիւր յարկ ունի նոյն թիւով «քասթելլերներ»: Գագաթին ամէնէն թեթեւ եւ տարիքով ամէնէն փոքրը` «էնքսանեթան» թեւերը կը պարզէ «ալեթան» ընելու համար:
Ճիշդ է, որ «քասթելը» իսկական մարզանք չի նկատուիր, սակայն անիկա նախ եւ առաջ խմբային աշխատանք մըն է, իւրաքանչիւրին համար շատ անձնական մարտահրաւէր մը:
Անհաւատալի,
Բայց Իրա՛ւ
– 1970 թուականներուն Անգլիոյ Քալչէսթըրի կենդանաբանական պարտէզի սեւ բաշով առիւծը` Սիմպա, կը կշռէր 375 քիլօ: Տակաւին մինչեւ այսօր ան աշխարհի ամէնէն մեծ առիւծը կը մնայ:
– Մօտաւորապէս 1000 թուականին վայքինկները եղած են առաջին եւրոպացիները, որոնք հասած են Քանատա:
– Ամէն ձմեռ Քանատայի մէջ տարօրինակ պանդոկ մը կը բանայ իր դռները: Ան ամբողջովին քանդակուած է սառոյցին մէջ, սակայն մարդիկ կը քնանան իսկական անկողիններու մէջ:
– Չինաստանի մէջ անքաղաքավարութիւն կը նկատուի մեծ ժամացոյց նուիրելը, որովհետեւ անիկա մահուան խորհրդանիշն է:
– Մամա Լու իւրայատուկ արուեստագէտ մըն է: Անոր ձի՞րքը. իր թեւի մկաններու ուժով խնձորներ ճզմել: 2013 թուականին ան 8 խնձոր ճզմած է 1 վայրկեանէն:
Հետաքրքրական
Կ՛ուզէի՞ք Իտալիա Ապրիլ
Իր քաղաքին բնակչութեան թիւը աւելցնելու համար Պորմիտայի քաղաքապետը իւրայատուկ ծանուցում մը դրած է ֆէյսպուքի վրայ: Որովհետեւ իր 394 բնակիչ ունեցող քաղաքին երիտասարդներուն մեծ մասը քաղաքը լքած է ուրիշ վայրեր գործ գտնելու համար, քաղաքապետը կ՛առաջարկէ 2000 եւրօ եւ առաւելագոյնը տան վարձքի համար 120 եւրօ վճարել բոլոր անոնց, որոնք կը յօժարին գալ եւ ապրիլ Իտալիոյ հիւսիս-արեւմուտքը, Միջերկրականի ափին գտնուող այս քաղաքին մէջ:
Այս առաջարկը հետաքրքրած է աւելի քան 17 հազար անձեր: Նման մեծ թիւով դիմումներ ստանալէ ետք, դժբախտաբար, քաղաքապետը ստիպուած եղած է իր առաջարկը չեղեալ նկատել, որովհետեւ նայած երկրին տնտեսական դժուար պայմաններուն` դժուար պիտի ըլլայ բոլոր դիմորդները գոհացնել:
Սակայն, հակառակ անոր որ այս առաջարկը ջնջուեցաւ, մարդիկ շարունակած են հետաքրքրուիլ այդ քաղաքով եւ հոն ապրելու պայմաններուն մասին:
Աշխարհի Ամէնէն
Մեծ Գորտը…
… Ունի նապաստակի մը չափը: Հոլիաթ գորտը կ՛ապրի Քամերունի եւ Հասարակածային Կինիայի շրջաններուն մէջ: Սակայն այս իսկական հրէշը կորսուելու վտանգի տակ կը գտնուի: Ան կրնայ մինչեւ 33 սմ մեծութիւն ունենալ եւ կշռել մինչեւ 3,2 քիլօ, այսինքն` մօտաւորապէս ընտանի կատուի մը չափ: Մէկ ոստումով ան կրնայ ցատկել մինչեւ 3 մեթր:
Աշխարհի Ամէնէն Երկար
Բանտարկութեան Դատապարտումը
1972 թուականին սպանացի նամակաբաշխ մը դատապարտուեցաւ 384.912 տարի բանտարկութեան, որովհետեւ ընդամէնը 42.768 նամակներ չէր բաժնած. այս ձեւով դատաւորը անոր իւրաքանչիւր չբաժնուած նամակի համար 9 տարուան բանտարկութիւն տուած է: Այս որոշումը պահանջած էր դատախազը, սակայն բանտարկեալը բանտ մնաց միայն 14 տարի:
Օմար` Աշխարհի
Ամէնէն Երկար Կատուն
Լուրը տակաւին պաշտօնական չէ, սակայն Օմար` Աւստրալիոյ մէջ կատու մը, իր 1,20 մեթր երկարութեամբ շատ հաւանաբար պիտի դառնայ աշխարհի ամէնէն մեծ կատուն: Նախկին մրցանիշը 1,18 մեթր էր: Երեք տարեկանին 14 քիլօ կշռող այս կատուն 7 տարեկան մանուկի մը հասակը ունի:
Անշուշտ Օմարին մեծութիւնը պատահական չէ: Ան կը պատկանի Մէյն Քուն կատուներու տեսակին: Այս ընտանի կատուներու տեսակը, յատկապէս` արուները, ճանչցուած են իրենց մեծութեամբ: Սակայն Օմար այդքան կրցած է աճիլ նաեւ շնորհիւ իր ստացած խնամքին: Անոր տիրուհին` Սթեֆի Հըրսթ, անոր հայթայթած է ամէնէն լաւ սնունդը եւ անհրաժեշտ բոլոր խնամքները: Սակայն ասոր կողքին, անոր մեծութիւնը կրնայ ազդել անոր առողջութեան վրայ: Որքան կատուները մեծ ըլլան, այնքան անոնց ոսկորները դիւրաբեկ կ՛ըլլան:
Արդեօք մօտ օրէն մենք պիտի կարդա՞նք Օմարի մասին «Կինես»-ի մրցանիշներու գիրքին մէջ:
Սամուրայի Տարազ` Կատուներու
Եւ Շուներու Համար
«Սամուրայ էյճ» ճափոնական հաստատութիւնը շուկայ իջեցուցած է կատուներու եւ շուներու յատուկ սամուրայի տարազներ` անոնց տալով միջնադարեան ճափոնական կերպարանք մը:
Այս տարազները շինուած են` հետեւելով այդ հին մարտիկներուն տարազներուն օրինակին եւ կ՛արժեն մօտաւորապէս 100 տոլար:
Ամէնէն Բա՞րձր, Թէ՞
Ամէնէն Երկար Աշտարակը
Աշխարհին չորս կողմը բազմաթիւ ծրագիրներ կը յղացուին աշխարհի ամէնէն բարձր աշտարակին` Տուպայի «Պուրժ խալիֆա»-ին 828 մեթրերը անցնելու համար:
Նիւ Եորքի մէջ «Պիկ պենտ» աշտարակը պիտի չհասնի այդ բարձրութեան, սակայն ան պիտի ըլլայ… ամէնէն երկարը: Այս կամարաձեւ աշտարակին «երկարութիւնը», մէկ կողմէն միւսը, պիտի ըլլայ 1219 մեթր: Անիկա պիտի օժտուի նաեւ 4,8 քմ բարձր աշտարակով մը, եւ յատուկ վերելակ մը կարելիութիւնը պիտի տայ անցնելու բարձունքի կոր բաժինը կտրելու:
Ժամանց


