Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թենիս Խաղա՛նք

Յունիս 10, 2017
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Կիրակի, 11 յունիսին վերջ պիտի գտնէ 2017-ի կրան շլեմի Ֆրանսայի փուլը` Միլան Կարոսի թենիսի մրցաշարքը: Ճիշդ է, որ շատ յաճախ դիւրին չէ հետեւիլ մարզական խաղի մը, երբ բոլոր օրէնքները չենք հասկնար: Հետեւաբար այս սիւնակներուն մէջ մենք աւելի մօտէն պիտի ծանօթանանք այս մարզախաղին` կարենալ հետեւելու եւ գնահատելու համար զայն:

Պատմութիւն

Թենիսի խաղը յառաջացած է ֆրանսական ժէօ տը փոմ խաղէն: Սակայն մեզի ծանօթ թենիսի խաղը կը ծնի 19-րդ դարուն, Անգլիոյ մէջ: Այդ ժամանակ մարդիկ կը խաղային խոտին վրայ` գործածելով ձգախէժէ գնդակներ, որոնք կրնային ցատկել խոտին վրայ: Թենիս բառը եկած է ֆրանսերէն «թընէ» բառէն, որ կը նշանակէ` «հրամեցէք»: Այս բառն է, որ կ՛արտասանուէր առաջին անգամ գնդակը նետելէ առաջ եւ ապա` խաղը շարունակելու կարգ մը օրէնքներ յարգելով:

Թենիսի Օրէնքները

– Թենիսի մաչ մը բաղկացած է սեթերէ, որոնք բաժնուած են խաղերու: Պէտք է երկու սեթ յաղթել` մաչը յաղթած ըլլալու համար: Սակայն այր մարդոց եւ կրան շլեմի մրցաշարքերուն պարագային, պէտք է յաղթել երեք սեթ:

– Սէթ մը յաղթելու համար պէտք է առաջինը յաղթել վեց խաղերու, նուազագոյնը` երկու խաղի տարբերութեամբ (օրինակի համար` 6-4, մինչ 6-5 յաղթական չի նկատուիր):

– Խաղի մը ընթացքին կէտերը կը հաշուըւին հետեւեալ ձեւով.

  • 0, երբ ո՛չ մէկ կէտ կը նշանակուի խաղին ընթացքին,
  • 15, մէկ կէտի համար,
  • 30, երկու կէտի համար,
  • 40, երեք կէտի համար:

Երբ մարզիկը 40-ի կը հասնի, խաղը կը յաղթէ, բացի եթէ հաւասարութիւն ըլլայ (40-40): Այս պարագային պէտք է մէկ կէտ աւելի նշանակել` աւանթաժ (առաւելութիւն) ունենալու համար, եւ այն մարզիկը, որ առաջինը կը նշանակէ յաջորդ կէտը, կը յաղթէ: Հետեւաբար կարելի է խաղը յաղթել 3 կամ 5 կէտերով:

– Կէտ մը նշանակելու համար պէտք է գնդակը ցանցէն անդին նետել` առանց ցանցին դպնալու, մէկ հարուածով եւ առանց դաշտին սահմաններէն դուրս ելլելու:

Կրան Շլեմ

Երբ կ՛ըսեն, թէ թենիս խաղացող մը կրան շլեմը շահած է, ասիկա կը նշանակէ, որ ան յաղթած է տարուան թենիսի ամէնէն կարեւոր չորս մրցաշարքերուն:

  • Յունուար ամսուան, Մելպուռնի մէջ, Աւստրալիոյ օփընը,
  • Մայիս-յունիս ամիսներուն, Ֆրանսայի մէջ, Ռոլան Կարոսի մրցաշարքը,
  • Յունիսի վերջին օրերուն, Անգլիոյ մէջ, Լոնտոնի Ուիմպըլտընի մրցաշարքը,
  • Օգոստոսի վերջաւորութեան, Միացեալ Նահանգներու մէջ, Նիւ Եորք, Եու. Էս. օփընը:

Այս մրցաշարքերը թենիս խաղցողներուն համար ամէնէն վարկաւոր եւ դժուար խաղերն են:

Գիտէի՞ր, Թէ…

  • Ռոլան Կարոս ֆրանսացի օդանաւորդ մըն է, որ ապրած է 1888-1918: Ան իր անունը տուած է 1928-ին շինուած նշանաւոր դաշտին:
  • Ռոլան Կարոսի մրցաշարքը իւրայատուկ է, որովհետեւ անոր դաշտին մակերեսը հող է: Դաշտը ծածկուած է կրահողով:

Ան այդ յատուկ կարմիր գոյնը ունի, որովհետեւ կրահողին վրայ կը դրուի փոշի աղիւսի խաւ մը. այս ձեւով դիւրին կ՛ըլլայ դեղին գնդակը տեսնելը:

  • Թենիսի խաղերը շատ լուռ մթնոլորտի մը մէջ կը խաղցուին, ո՛չ մէկ անձ կը պոռայ կամ դրօշակ կը պարզէ մարզիկներ քաջալերելու համար: Իրաւարարը կարգ ու կանոն կը պահէ դաշտին եւ հանդիսատեսներուն մէջ. այլապէս խաղը չի շարունակուիր, որովհետեւ մարզիկները կեդրոնացումի պէտք ունին:

 

Ճիշդ՞, Թէ՞ Սխալ

Քիչ Մը Մարզանք

1) Երբ մենք ճոկինկ կ՛ընենք, մեր ուղեղը կ՛արտադրէ յատուկ քիմիական նիւթեր, որոնք մեզի ուրախութիւն զգալ կու տան:………….. ճ/ս

2) Աստղանաւորդ մը լուսինին վրայ կոլֆ խաղցած է:……………. ճ/ս

3.) Այն անձերը, որոնք բաւարար չեն քնանար, ընդհանրապէս աւելի նուազ կը կշռեն, քան` այն անձերը, որոնք բաւարար կերպով կը քնանան:……….. ճ/ս

4) Աշխարհի ամէնէն արագ թենիսի հարուածը գնդակ մը արձակած է ժամական 805 քմ արագութեամբ…………. ճ/ս

5) Շեմփանզէները կրնան գնդակ մը աւելի արագ նետել, քան` պէյսպոլի գնդակ նետող մարզիկ մը: …………….. ճ/ս

6) Աշխարհին շուրջ մարդիկ իրենց օրուան մօտաւորապէս 20 առ հարիւրը կ՛անցընեն նստելով: …………… ճ/ս

7) Երբ մենք կանոնաւոր կերպով մարզանք կ՛ընենք, մեր մարմինին մէջի աւելորդ իւղը կը վերածուի մկանի: ……………….. ճ/ս

8) Հում բանջարեղէնները միշտ աւելի առողջարար են, քան` եփուած բանջարեղէնները…………. ճ/ս

9) Այսօր պատկերասփիւռ դիտող անձերուն թիւը հաւանաբար շատ աւելի բարձր է, քան` մարզանք ընող անձերուն թիւը……………… ճ/ս

Պատասխանները՝ Վերջաւորութեան

 

Անհաւատալի,
Բայց Իրա՛ւ

–  Պատահած է, որ արեւի խաւարումի մը ընթացքին երկինքը այնքան մութ եղած է, որ կարգ մը անասուններ քնացած են, իսկ ջերմաստիճանը քանի մը աստիճան իջած է:

–  2014 թուականին լեհ Հիւպըրթ «Կորտոն» Պլեչ անայփըն Էլիթ – 3 Աֆրիքա» վիտէօ խաղը խաղցած է 136 ժամ 1 վայրկեան եւ 10 երկվայրկեանի ընթացքին: Ան դարձած է համակարգիչի մը վրայ խաղ մը ամէնէն աւելի երկար ժամանակ խաղցող անձը:

–  Մինչ Վիքթըր ատէ Լէոն, ճանչցուած` «Լիլ Փոյզըն» անունով, դարձած է պատմութեան աշխարհի ամէնէն փոքր տարիքով արհեստավարժ վիտէօ խաղցողը: 7 տարեկանին ան պայմանագիր մը ստորագրած է «Մէյճըր լիկ» վիտէօ խաղերու մրցաշարքեր կազմակերպող խմբակին հետ:

–  Աշխարհին մէջ գոյութիւն ունին վարդի 30.000 տեսակներ:

–  Իրականութեան մէջ մեր աչքերը հակառակ կը տեսնեն: Սակայն մեր ուղեղը կը սրբագրէ այս սխալը, եւ մենք շիտակ կը տեսնենք:

–  Հնդիկ Ռամ Սինկ Շոհանի պեխերը 4.26 մեթր երկարութիւն ունին:

–  Լի եւ Զանկ աշխարհի մէջ ամէնէն շատ տարածուած մականուններն են: Այս մականունը կը կրեն աւելի քան 100 միլիոն անձեր:

–  Մանուկ մը օրական կը խնդայ աւելի քան 300 անգամ, մինչ չափահաս մը` մօտաւորապէս միայն 16 անգամ:

–  Մեղրահաւը աշխարհի ամէնէն փոքրիկ թռչունն է: Ան կրնայ թռչիլ տեղւոյն վրայ եւ, դէպի ետեւ, ինչպէս նաեւ իր թեւերը թափահարել մէկ երկվայրկեանի մէջ մինչեւ 200 անգամ:

–  Ուղտ մը կրնայ 10 վայրկեանի մէջ խմել մինչեւ 135 լիթր ջուր:

–  Իրարու սեղմուելով աշխարհի ամբողջ բնակչութիւնը կրնայ միասին կենալ Աւստրալիոյ ցամաքամասին վրայ:

–  Չին հնէաբանները գտած են չղջիկի թեւերով եւ փետուրներով հոյամողէս մը: Անոր անունը Եի Քի է եւ մանտրին չինարէնով կը նշանակէ «տարօրինակ թեւ»: Այս փոքրիկ հոյամողէսը ունի աղաւնիի մը չափը. սակայն արդեօ՞ք ան կրնար թռչիլ, թէ՞ թռչող սկիւռի մը նման սաւառնիլ:

–  40 տարիներէ ի վեր աշխարհի վայրի անասուններու բնակչութիւնը 50 առ հարիւր նուազած է…

–  Բաղնիքի թուղթէ թաշկինակը հնարուած է Չինաստանի մէջ, 2200 տարիներ առաջ:

–  Մեր ակռաները ծածկող պաշտպանիչ խաւը (էմայ) մարդկային մարմինին ամէնէն կարծր բաժինն է:

 

Ժամանց

1) Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տասը տարբերութիւնները:

 

2) Կրնա՞ս գտնել դեղին շիշին հասցնող ճամբան:

 

3) Կրնա՞ս գտնել մեքենան աշխատցնող կոճակը:

Պատասխաններ

1) Ճիշդ: Քիմիական այդ նիւթերը կը կոչուին անտորֆին: Անոնք կը թեթեւցնեն նաեւ սթրեսը եւ ցաւը: 2) Ճիշդ: Ալեն Շեփըրտ կոլֆի երկու գնդակ զարկաւ լուսինին վրայ 1971-ին: Այդ գնդակները տակաւին հոն կը գտնուին: 3) Սխալ: Ըստ ուսումնասիրութեան մը, այն կիները, որոնք գիշերները 5 ժամ կամ պակաս քնացած են, երեսուն առ հարիւր աւելի ծանրութեան աճ կրնան արձանագրել: 4) Սխալ: Վերջին արձանագրուած մրցանիշը կը պատկանի աւստրալիացի Սամուէլ Կրոուսի: 9 մայիս 2012-ին իր հարուածած գնդակին արագութիւնը հասած է ժամական 263,4 քմ արագութեան: 5) Սխալ: Տասներկու տարեկանները կրնան իրենց գնդակը աւելի արագ նետել, քան շեմփանզէները: 6) Ճիշդ: Որքան մարդիկ իրենց ժամանակը նստած անցընեն, այնքան անոնք նուազ երկար կ՛ապրին: 7) Սխալ: Իւղը եւ մկանը մեր մարմիններէն շատ տարբեր բաժիններ են: 8) Սխալ: Հում բանջարեղէնները ընդհանրապէս աւելի Սէ. կենսանիւթ կրնան ունենալ, սակայն եփուած բանջարեղէնները մեզի կը հայթայթեն ուրիշ սնունդ, որ կարեւոր է մեր մարմինին համար: 9) Ճիշդ. մարդոց միայն 16 առ հարիւրը մարզանք կամ փորձ կ՛ընէ ոեւէ ժամանակ:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (10 Յունիս 1967)

Յաջորդը

Պահածոյ Խնձոր

RelatedPosts

Օզոնի Խաւին Վիճակը Կը Բարելաւուի
Մանկապատանեկան

Օզոնի Խաւին Վիճակը Կը Բարելաւուի

Յունուար 28, 2023
Շուէտի Մէջ Հազուագիւտ Մետաղներու Հողերու Գանձը
Մանկապատանեկան

Շուէտի Մէջ Հազուագիւտ Մետաղներու Հողերու Գանձը

Յունուար 21, 2023
Ֆինլանտայի Մէջ.  Ինչպէ՞ս Հիւսիսային Եղջերուներ Բուծող Դառնալ
Մանկապատանեկան

Ֆինլանտայի Մէջ. Ինչպէ՞ս Հիւսիսային Եղջերուներ Բուծող Դառնալ

Յունուար 14, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In