Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Այս տաք օրերուն ահաւասիկ զովացուցիչ նիւթ մը: Գիտնականներ հանած են սառոյցի կտոր մը 6300 մեթր բարձունքի վրայ: Անոնք այս սառոյցի կտորը պիտի ուսումնասիրեն ծանօթանալու համար մեր մոլորակին անցեալին:
Գիտնականները կ՛ուսումնասիրեն նաեւ սառոյցը: Ան մեզի շատ բաներ կը պատմէ անցեալին մասին: Անոր շնորհիւ մենք կրնանք 800 հազար տարի դէպի անցեալ երթալ: Բաւականաչափ փորելով մենք կրնանք հասնիլ սառոյցի խաւի մը, որ կազմուած է հարիւր հազարաւոր տարիներ առաջ: Զայն ուսումնասիրելով, կարելի է ստանալ տեղեկութիւններ այդ ժամանակաշրջանին մեր մոլորակին վիճակին մասին:
Այս ձեւով Պոլիվիոյ մէջ գիտնականներ հանած են սառոյցի երկու գլանաձեւ կտորներ 6500 մեթր բարձրութեան վրայ: Անոնք աշխատած են Լա Փազ քաղաքին բարձունքներուն վրայ գտնուող Իլիմանի սառոյցով ծածկուած գագաթին վրայ:
Պոլիվիական սառոյցը կարենալ փորելու համար, հակառակ բարձունքին եւ շատ ծանր կլիմայական պայմաններուն, տարբեր երկիրներէ 15 գիտնականներէ խումբ մը աշխատած է մայիսէն մինչեւ յունիսի կէսերը` մօտաւորապէս 30 օգնականներու ընկերակցութեամբ: Անոնք հիմնական բանակավայր մը հաստատած են 4500 մեթր բարձրութեան վրայ եւ ապա շարունակած դէպի գագաթ իրենց արշաւանքը` շալկելով 75 յատուկ պաղութիւնը պահող սնտուկներով: Երբ անոնք հասած են գագաթ, սպասած են, որ օդը հանդարտի, որպէսզի կարելի ըլլայ իրենց գործիքները եւ մեքենաները աշխատցնել: Այս ձեւով, անոնք կրցած են հանել գլանաձեւ երկու կտորներ, մէկը 137 մեթր երկար, իսկ միւսը` 134 մեթր:
Իլիմանիի սառոյցին մէջ պահուած են 18 հազար տարիներու կլիմայական «արխիւներ»: Սառոյցի այս տարբեր խաւերը ուսումնասիրելով է, որ գիտնականները կրնան տեղեկութիւն ունենալ Ալթիփլանոյի շրջանէն մինչեւ Ամազոնի այդ ժամանակաշրջանը, տիրած կլիմային զարգացման մասին:
Գիտնականները նախընտրած են աշխատիլ Իլիմանիի սառոյցին վրայ, որովհետեւ անոր կը սպառնան թէ՛ կլիմային տաքութիւնը, թէ՛ ալ մօտերը գտնուող հանքային հաստատութիւններուն գործունէութիւնը: Ապրիլին Իլիմանիի շրջակայքը ապրող հազարաւոր բնիկներ ցոյցեր կատարած էին Լա Փազի կեդրոնը` այս սառոյցի պահպանման համար միջոցներու ձեռնարկելու: Անոնք պոլիվիական պետութենէն յատկապէս կը պահանջէին օրէնքի մը ստեղծումը` սառոյցը իբրեւ բնական ժառանգութիւն յայտարարելու, խուսափելու համար միջավայրը ապականող որեւէ մէկ շահագործումէ:
Սառի այս նմուշները պիտի ծառայեն իբրեւ վկայութիւն ապագայ սերունդներուն, Անթարքթիքի մէջ առաջին միջազգային սառոյցի նմուշներու «արխիւներուն» մասին: Այս վայրին մէջ սառոյցի գլանները պիտի զետեղուին ձիւնին մէջ փորուած քարայրի մը մէջ -54 աստիճանի տակ:
Աշխարհի Մրցանիշները
– Վէնէզուելայի Անխէլ ջրվէժները աշխարհի ամէնէն բարձր ջրվէժներն են: Անոնք կը թափին 979 մեթր բարձունքէն:
– Աշխարհի ամէնէն երկար գետը Եգիպտոսի մէջ գտնուող Նեղոս գետն է: Անոր երկայնքը 6,670 քմ է:
– Ռուսիոյ մէջ Պայքալ լիճը աշխարհի ամէնէն հին եւ ամէնէն խորունկ լիճն է: Ան կազմուած է մօտաւորապէս 25 միլիոն տարիներ առաջ: Անոր ամէնէն խորունկ կէտը կը գտնուի մակերեսէն 1,565 մեթր խորութեան վրայ:
– Աշխարհի անուշ ջուրի ամէնէն մեծ լիճը Սուփիրիըր լիճն է, որ մաս կը կազմէ Հիւսիսային Ամերիկայի մեծ լիճերուն: Սակայն Պայքալ լիճը ամէնէն շատ ջուր պարունակող լիճն է, անոր ջուրին քանակը շատ աւելի է, քան մեծ լիճերու բոլոր ջուրերը միասին:
– Աշխարհի ամէնէն տաք վայրը Լիպիոյ մէջ Ալ Ազիզիյեան է. հոն արձանագրուած է 58 աստիճան տաքութիւն:
– Աշխարհի ամէնէն պաղ վայրը Անթարքթիքի մէջ Վոսթոք քաղաքն է: Հոն ջերմաստիճանը հասած է -89 աստիճանի:
– Աշխարհի այս շրջանը, ուր ամէնէն շատ կ՛անձրեւէ, Քոլոմպիոյ մէջ Թութունէնտօ շրջանն է. հոն տարեկան միջին հաշուով 11,77 մեթր անձրեւ կու գայ:
– Հաուայի Քաուայ կղզիին վրայ է, որ ամէնէն շատ կ՛անձրեւէ, տարեկան 350 օր:
– Չիլիի մէջ Աթաքամա անապատը աշխարհի ամէնէն չոր շրջանն է: Հոն չէ անձրեւած 400 տարիներէ ի վեր:
– Միացեալ Նահանգներու Նիւ Համշիրի մէջ Ուաշինկթըն լերան գագաթին է, որ ամէնէն շատ հով կը փչէ, հոն հովերուն արագութիւնը կրնայ հասնիլ ժամական 371 քմի:
– Ֆիլիփիններու մէջ մարիաններու փոսը ովկիանոսներու մէջ ամէնէն խորունկ վայրն է: Անոր խորութիւնը 11.035 մեթր է:
– Աշխարհի ամէնէն գործօն հրաբուխը Էքուատորի մէջ Սանկէյ հրաբուխն է: 1937-էն ի վեր, միջին հաշուով ամէն 24 ժամը անգամ մը ժայթքում մը տեղի կ՛ունենայ: Պատահած է նաեւ, որ օրուան մը ընթացքին մինչեւ 400 ժայթքումներ արձանագրուի:
Անհաւատալի Բայց Իրաւ
– Աշխարհի ամէնէն մեծ հրաբուխները, որոնք անգլիական կղզիներուն չափ են, կը գտնուին Ճափոնի արեւելքը` Խաղաղական ովկիանոսին մէջ:
– Աւստրալիոյ արեւմուտքը գտնուող բազմաթիւ լիճեր ունի ծամոնի վարդագոյն գոյնով ջուրեր:
– Սահարայի անապատին մէջ տակաւին գոյութիւն ունին երկու լիճեր, որոնց ջուրերը կը հաւաքուին ստորերկրեայ աղբիւրներէ:
– Պամպուի եղէգները կրնայ 3 սմ աճիլ մէկ ժամէն:
– Կրինլանտի եւ Անթարքթիքի սառոյցի խաւերուն մէջ պահուած փոշիները եւ օդի պղպջակները կը պարունակեն երկրագունդի կլիմային մասին հարիւր հազարաւոր տարիներու տեղեկութիւններ:
– Ալփեան լեռնաշղթան կ՛անցնի եւրոպական 11 երկիրներէ:
– Բեւեռներու շրջանին մէջ գտնուած սառոյցի մեծ կոյտերուն մէջ կը գտնուի աշխարհի անուշ ջուրի մօտաւորապէս 75 առ հարիւրը:
– Աշխարհի ամէնէն մեծ կենդանի էակը կ՛ենթադրուի, որ Օրէկանի, Միացեալ Նահանգներ, Մալըր ազգային անտառին մէջ գտնուող ընդարձակ սունկը ըլլայ: Ան կը ծածկէ 965 հեքթար տարածք մը:
– Աշխարհի ամէնէն մշուշոտ շրջանը Նիւ Ֆաունտլէնտի Կրէնտ Պանքսի վայրն է, ուր ովկիանոսի տաք եւ պաղ ջուրերը իրարու կը զարնուին:
– Ռուսիոյ մէջ գոյութիւն ունին ամէնէն շատ թիւով անտառները:
– Ատլանտեան ովկիանոսը ամէն տարի 2,5 սմ կը մեծնայ:
– Աշխարհի միջատներու ամէնէն երկար գաղթը տեղի կ՛ունենայ Հնդկաց ովկիանոսի վրայէն, շերեփագիները կը թռչին Հնդկաստանէն մինչեւ Ափրիկէ` կտրելով 7.001 քմ:
– Միլիոնաւոր Մոնարք թիթեռնիկներ իրենց ձմեռը կ՛անցընեն ծառերուն կառչած, այդ ալ Մեքսիքայի լեռներուն միայն յատուկ 12 շրջաններու մէջ:
– Աշխարհի վրայ գոյութիւն ունին մօտաւորապէս 400 հազար ծաղիկ տուող բոյսեր:
– Աշխարհի ամէնէն մեծ ծաղիկներու պարտէզը կը գտնուի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ: Տուպայի Միրիքըլ Կարտընին մէջ գոյութիւն ունին աւելի քան 45 միլիոն ծաղիկներ:
– Գիտնականները գտած են լուսարձակ սունկերու 71 տեսակներ:
– Շերեփագիները ամէնէն արագ թռչող միջատներն են: Անոնք կրնան թռչիլ ժամական 56 քմ արագութեամբ:
– Աշխարհի վրայ առաջին անտառները սկսած են բուսնիլ մօտաւորապէս 385 միլիոն տարիներ առաջ:
– Հարաւային Ափրիկէի մէջ գտնուող պաօպապ ծառերը կրնան ապրիլ մինչեւ 2000 տարի: Անոնցմէ ամէնէն հին ծառերէն մէկուն հասակը կը հասնի եօթը յարկանի շէնքի մը հասակին:
– Աշխարհի ամէնէն հին անապատը Նամիպիոյ անապատն է: Ան չոր եղած է 55 միլիոն տարիներէ ի վեր:
Ժամանց


