Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծանօ՞թ Էք «Պլոպին»

Յուլիս 22, 2017
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Երկար ժամանակ մարդիկ կարծած են, որ ֆիսարում փոլիսեֆալումը, աւելի ծանօթ` «պլոպ» անունով, սունկ մըն է… կամ բոյս մը: Սակայն ան ո՛չ մէկն է, ո՛չ ալ միւսը, ո՛չ ալ նոյնիսկ անասուն մը: Անիկա զարմանալի կարողութիւններով բջիջ մըն է:

Ի՞նչ է «պլոպը»

Անիկա կենդանի մարմին մըն է, սակայն` ո՛չ անասուն մը, ո՛չ բոյս մը, ո՛չ ալ սունկ մը: Անիկա շատ հին է, երկրագունդին վրայ յայտնուած է 1 միլիառէն 500 միլիոն տարիներ առաջ: Անոր կարելի է հանդիպիլ փտող տերեւներու վրայ, եւ ծառերու կոճղերու վրայ, զով եւ խոնաւ վայրերու մէջ:

Անիկա կազմուած է միակ բջիջէ մը, որուն մէջը կան միլիոնաւոր կորիզներ մինչ մարդկային մարմինը  ունի 100 հազար միլիառ բջիջներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի մէկ կորիզ:

Կա՞ն բազմաթիւ տեսակի բջիջներ

Մինչեւ հիմա մեզի ծանօթ են 1000 տարբեր տեսակներ` տարբեր գոյներով եւ ձեւերով: Ասիկա կը ներկայացնէ գոյութիւն ունեցող «պլոպներ»-ուն 5 առ հարիւրը: Բնութեան մէջ անոր չափը 1 սմ քառակուսիէն մինչեւ 1 մեթր քառակուսի կրնայ ըլլալ: Սակայն տարրալուծարանին մէջ անոր մեծութիւնը կրնայ հասնիլ 10 մեթր քառակուսիի: «Պլոպ»-ը` կը նմանի խաղի կաւի, կարելի է զայն կտրել, կտորները իրարու միացնել, դարձեալ կտրել եւ այլն:

Ո՞ւր կարելի է զայն գտնել

Անտառներուն խորերը, ուր շատ լոյս չկայ: Պէտք չէ, որ օդը շատ ցուրտ, կամ շատ տաք ըլլայ: Անիկա գոյութիւն ունի բոլոր երկիրներուն մէջ, եւ ամէն մարդ կրնայ զանոնք տեսնել: Սակայն մարդիկ յաճախ զանոնք կը շփոթեն սունկերուն հետ:

Ինչո՞ւ մասնագէտները կ՛աշխատին «պլոպի»-ին վրայ

Անոր վերաբերումը հետաքրքրական է: Անիկա գիտէ տեղափոխուիլ, ժամական 4 սմ` ետեւէն ձգելով փայլուն եւ թափանցիկ հետքեր, կրնայ նաեւ որոշումներ տալ: Անիկա «խելացութեան» պարզ ձեւ մը ունի: Օրինակի համար, ան կրնայ լափիւրինթոսի մը մէջ ելքի ամէնէն կարճ ճամբան գտնել կամ իր ուտելիքը ընտրել: Այս ուսումնասիրութիւնները հետաքրքրական են յատկապէս «պլոպ»-ի նման առանց ուղեղի եւ ջղային դրութեան մարմինի մը մօտ:

«Պլոպ»-ը յատուկ դեր մը ունի՞

Անիկա բնապահպանութեան մէջ շատ մեծ կարեւորութիւն ունի: Ան մանրէներու որսորդ մըն է: Բնութեան մէջ «պլոպ»-ը կը մարսէ մանրէները եւ դուրս կը թափէ մանր տարրեր, որոնք կը գործածուին սունկերուն կամ բոյսերուն կողմէ` սնանելու համար: «Պլոպ»ները հիմնական են սնունդի շղթային մէջ:

«Պլոպ»-ը կրնա՞յ մարդուն համար օգտակար ըլլալ

Այժմ գիտնականները իրենց աշխատանքներուն սկիզբն են: Օրինակի համար, «Պլոպ»-ը ունի շատ գործօն երակային դրութիւն մը, զոր գիտնականները կրնան ընդօրինակել: Այս ուսումնասիրութիւնները կրնան շատ օգտակար ըլլալ քաղցկեղներու եւ մանրէներու դէմ աշխատանքներուն պարագային:

Ուրկէ՞ եկած է «պլոպ» անունը

«Պլոպ»-ին իսկական անունը ֆիսարում փոլիսեֆալում է: Այս անունը հնչելը բաւական խրդին է. «Պլոպ» բառը եկած է

1950-ական թուականներու սարսափի ժանրի ժապաւէնէ մը: Ժապաւէնը կը ներկայացնէ «պլոպ» կոչուած արտերկրային էակ մը, որ կը հասնի մեր երկրագունդը, եւ որ կը մեծնայ ու կը կլլէ մարդիկը: Սակայն մեր «պլոպ»-ը բնաւ վտանգաւոր չէ: Անիկա երկրագունդը չի գրաւեր եւ անջրպետէն չէ եկած:

 

Աշխարհի Ամէնէն Ծեր
Ողնաւոր Անասունը

Ան իր երեք հարիւր իննսուներկու մոմերը մարեց: Ան Կրինլանտի շանաձուկերէն մէկն է. անոր գիտական անունը սոմնիսուս մեքրոսեֆալուս է:

Այս շանաձուկի տեսակը կ՛ապրի Արքթիքի շատ խոր (200-400 մեթր խորութիւն) եւ շատ պաղ (2-7 աստիճան) ջուրերուն մէջ: Իր ինը հարիւր քիլոներով եւ հինգ մեթր երկայնքով այս «Մեծ հայրիկը» մեր մոլորակին ամէնէն մեծ շանաձուկերէն մէկն է: Ան շատ դժուարահաճ չէ իր ուտելիքին վերաբերմամբ. օձաձուկ, կէտ, փոկ, եքինոս, խեչափառ, տարբեր տեսակի ձուկեր… Ան կ՛ուտէ գրեթէ ամէն ինչ, որ կը գտնէ:

Սակայն գիտէի՞ր, որ այս մեծ ձուկը ունի շատ հաւատարիմ ընկեր մը: Կրինլանտի գրեթէ բոլոր շանաձուկերը ունին մակաբոյծ մը, որ կը հաստատուի անոնց աչքերուն վրայ. ան քոփէփոտն է: Ժամանակի ընթացքին այս յարաբերութիւնը վնասակար կը դառնայ շանաձուկին համար. ան կը վնասէ շանաձուկին աչքերը եւ զայն կը կուրցնէ բարեբախտաբար ջուրերուն խորերը` շատ լոյս չկայ, հետեւաբար շանաձուկը այս տեսողութեան պակասը կը փոխարինէ իր միւս զգայարաններով (լսողութիւն, հոտառութիւն…) տեղափոխուելու եւ որսալու համար:

 

Հետաքրքրական

–  80 տարեկան անձի մը սիրտը, միջին հաշուով, արդէն կատարած է 80 միլիառ տրոփում:

– Լի Ռետմոնտ իր եղունգները չէ կտրած 38 տարիներէ ի վեր: Քով-քովի դրուած, իր բոլոր եղունգները միասին 9 մեթր երկարութիւն ունին:

– Վիեթնամի մէջ մարդ մը ստիպուած եղած է գործողութիւն մը ընել` հանելու համար 18 տարի առաջ ուրիշ գործողութեան մը ընթացքին իր մարմնին մէջ մոռցուած… մկրատ մը:

Մեր ամբողջ կեանքին ընթացքին միջին հաշուով մենք 115 օր կ՛անցընենք խնդալով: Ասիկա հաւասար է 4 ամիս անդադար խնդուքի:

– Ամէն անգամ մենք կ՛անցընենք սենեակի մը մէջ, մենք կը սփռենք 37 միլիոն մանրէ:

Նիւ եորքցի Աշրիթա Ֆըրմըն իր գլխուն վրայ կտրած է 80 հաւկիթ մէկ վայրկեանէն: Յուսանք, որ ետքը ան մտածած է այդ կոտրուած հաւկիթներով շինել աշխարհի ամէնէն մեծ ձուածեղը:

Գիտէ՞իր, թէ Ֆրանսայի մէջ գոյութիւն ունի գիւղ մը` Ֆրոնթինեան, ուր ամէն տարի կը հաւաքուին աշխարհի չորս կողմերէն խնդուքը սիրող անձերը: Ամէն գարնան մեծ հաւաքի մը ընթացքին անոնք կը մասնակցին շատ լուրջ եւ ուրախութիւնը զարգացնող մարմնական վարժութիւններու:

Ս. Փեթերսպուկի, (Ռուսիա) Էրմիթաժ թանգարանին մէջ կատուները շատ կարեւոր տեղ մը ունին: Անոնք կը համարուին թանգարանին պաշտօնեանները եւ ունին իրենցմով զբաղող յատուկ երեք անձեր: Թանգարանին մէջ գոյութիւն ունի նոյնիսկ իրենց յատուկ անասնաբուժական դարմանատուն մը: Այս կատուներուն մեծ խնամք կը տարուի, որովհետեւ անոնք պարզ կատուներ չեն: Անոնք սերած են այն նշանաւոր կատուներէն, որոնք պալատ բերուած են 18-րդ դարուն, Էլիզապէթ կայսրուհիին կողմէ: Սկզբունքով անոնց պաշտօնը մուկերը եւ առնէտները բռնելն էր: Սակայն անոնք շատ սիրած են իրենց կայսերական միջավայրը եւ տակաւին կը շարունակեն պտտիլ գետնին տակը գտնուող 10 քմ երկար անցքերուն մէջ. մինչ այդ, ժամանակի ընթացքին, պալատը դարձած է թանգարան, եւ գեղանկարչութիւնները փոխարինած են մուկերը:

 

Ժամանց

Կէտերը իրարու միացուր 1-87` յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:

 

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կատուները:

Մէկ կէտ պարունակող բաժինները սեւ ներկէ յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:
Նախորդը

50 Տարի Առաջ (22 Յուլիս 1967)

Յաջորդը

Լիբանանահայ Կիթառահար Մկրտիչ Միքայէլեանը Պիտի Մասնակցի Տէյր Քամարի Փառատօներուն

RelatedPosts

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը

Մայիս 10, 2025
Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է
Մանկապատանեկան

Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է

Մայիս 3, 2025
Ձեռային Աշխատանք.  Զատկուան Պատրաստութիւններ
Մանկապատանեկան

Ձեռային Աշխատանք. Զատկուան Պատրաստութիւններ

Ապրիլ 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?