Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրմա` Հզօր Մրրիկը

September 16, 2017
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Չորեքշաբթի, 6 սեպտեմբերին, շատ հզօր մրրիկ մը կազմուեցաւ Ատլանտեան ովկիանոսին եւ Քարայիպեան ծովուն միջեւ: Իրմա անուանուած այս մրրիկը սկիզբը պարզ փոթորիկ մըն էր, ապա ան հասաւ վտանգաւորութեան 5-րդ աստիճանին, Սաֆիր-Սիմսընի սանդղակին վրայ: Ասիկա մրրիկներու ամէնէն բարձր աստիճանն է: Իրմա 2005-էն ի վեր Ատլանտեան ովկիանոսին ամէնէն հզօր մրրիկներէն մէկն է:

Իրմա անցաւ բազմաթիւ կղզիներէ` իր ճամբուն վրայ աւերելով բազմաթիւ շինութիւններ: Ժամական 300 քմ արագութեամբ փչող քամիները հետերնին քշեցին նաւակներ, ինքնաշարժներ… Շատ դժուար էր այդ կղզիներէն լուրեր ստանալ, որովհետեւ հաղորդակցութեան բոլոր միջոցները կտրուեցան զօրաւոր քամիներուն եւ անձրեւներուն պատճառով:

Ապա Իրմա ուղղուեցաւ դէպի Տոմինիքեան Հանրապետութիւն եւ Հայիթի` շաբաթավերջին հասնելով Քուպա, իսկ երկուշաբթի դարձաւ դէպի Միացեալ Նահանգներ` Ֆլորիտա:

Սեպտեմբերի սկիզբը Միացեալ Նահանգներու Թեքսաս նահանգն ալ հարուածուած էր ուրիշ հզօր մրրիկով մը` Հարվի: Իսկ մինչ Իրմա շարունակեց իր ճամբան, նոր մրրիկ մը` Խոսէ կազմուեցաւ Ատլանտեան ովկիանոսին վրայ, իսկ Քաթիա կոչուած այլ մրրիկ մը ուղղուեցաւ դէպի Մեքսիքա:

***

Որպէսզի մրրիկ մը կազմուի, պէտք է ծովուն ջուրը 25 աստիճանէն աւելի տաք ըլլայ եւ դուրսի օդն ալ նոյնքան տաք ըլլայ: Ամպերը սեւ կը դառնան եւ ահռելիօրէի զօրաւոր քամի մը կը փչէ եւ ամէն ինչ կ՛աւերէ իր ճամբուն վրայ:

Մրրիկները կը յայտնուին ամրան, մինչեւ հոկտեմբեր: Ուսումնասիրութիւններու շնորհիւ` մասնագէտները կրնան գիտնալ, թէ ե՞րբ մրրիկ մը պիտի գայ եւ ո՞ր ուղղութեամբ պիտի շարունակէ իր ընթացքը: Այս ձեւով բնակիչները ժամանակ կ՛ունենան իրենց տուները ապահովելու, ջուր եւ ուտելիք ամբարելու փոթորիկին ժամանումէն առաջ:

Գիտէի՞ր, որ երբ հզօր փոթորիկ մը կը պատահի Ատլանտեան ովկիանոսին վրայ, մենք զայն կ՛անուանենք մրրիկ (հըրիքէյն), մինչ երբ այս երեւոյթը կը պատահի Հնդկաց ովկիանոսին մէջ ան կը կոչուի սայքըն, իսկ Ասիոյ ծովերուն մէջ ան կը կոչուի թայֆուն:

Կ՛ուզէ՞ք Քիչ Մը Վարդագոյն Տուրմ

Անհաւատալի, բայց իրա՛ւ: Մօտ ատենէն մենք պիտի կարենանք համտեսել բնականօրէն վարդագոյն տուրմի տեսակ մը:

Տուրմի այս նոր տեսակին պատմութիւնը սկսաւ, երբ քաքաօ արտադրող մը գտաւ բնականօրէն վարդագոյն քաքաոյի տեսակ մը` Փղոսկրեայ Ափունքի (Ափրիկէ), Էքուատորի (Հարաւային Ամերիկա) եւ Պրազիլի մէջ (Հարաւային Ամերիկա): Ապա ան հաւաքած է այս քաքաոյէն եւ զայն տուած` զուիցերիացի նշանաւոր տուրմ պատրաստողի մը: Այս տուրմի զուիցերիական վաճառանիշը գերմանական տարրալուծարանի մը հետ աշխատած է գտնելու համար միջոց մը` տուրմին բնական վարդագոյն գոյնը պահելու համար:

***

13 տարուան փնտռտուքներէ եւ փորձերէ ետք, վերջապէս արդիւնքը կը յայտնուի: Տուրմը, որուն տրուեցաւ «Ռուպի» անունը մօտ օրէն պիտի իջնէ շուկայ: Տուրմը հարիւր առ հարիւր բնական է եւ չի պարունակեր որեւէ ոչ բնական նիւթ:

Վարդագոյն տուրմը նուազ լեղի է, քան` սեւ տուրմը: Անիկա ունի թէ՛ պտուղի, թէ՛ ալ աղի համ մը: Սակայն այս տուրմը համտեսելու համար մենք պէտք է սպասենք տակաւին քանի մը ամիս:

 

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

– Գիտէի՞ր, որ Հարաւային Քորէայի մէջ հոկտեմբեր 1-ը իրենց այբուբենին տօնն է:

– Կատուները իրարու հետ կը հաղորդակցին մեզի ծանօթ նուազագոյնը 26 «կատուի բառերով»:

– Չինաստանի մէջ խոզերը կը համարուին բարգաւաճութեան եւ բախտաբեր նշան:

– Գիտէի՞ր, որ մազերը աւելի արագ կ՛աճին տաք օդին:

– Միացեալ Նահանգներու Միսիսիփի նահանգին մէջ գոյութիւն ունի «Հոթ քոֆֆի» (տաք սուրճ) անունով քաղաք մը:

– Ամէնէն տաք աստղերը կապոյտ կ՛ըլլան:

– Մեր ակռաները մեր ոսկորներէն աւելի զօրաւոր են:

– Ատլանտեան ովկիանոսին մակերեսը աւելի աղի է, քան` Խաղաղական ովկիանոսին մակերեսը:

– Կարգ մը շքեղ ճաշարաններու մէջ կարելի է ուտել ձէթի համով պաղպաղակ:

– Սկիզբի օրերուն հրշէջներու ինքնաշարժները սկսած են կարմիր ներկել, որովհետեւ այդ գոյնի ներկը ամէնէն արժանն էր:

– Աստղանաւորդի մը սրտին տրոփումները կը դանդաղին անջրպետին մէջ:

– Հին Չինաստանի մէջ թէյը սկզբնական շրջանին իբրեւ դեղ կը գործածուէր:

– Անգլիոյ թագուհիին թագը զարդարուած է աւելի քան 3000 թանկարժէք քարերով:

– Կարգ մը մեղուները կրնան քնանալ ծաղիկներուն վրայ:

– Պոյինկ 747-400 տեսակի Ճեթ օդանաւը շինուած է 6 միլիոն կտորներէ:

– Ափրիկէի մէջ կը խօսուի աւելի քան հազար լեզու:

– Հիմալայա բառը կը նշանակէ` «ձիւնի տուն»:

– Երկրագունդի մակերեսին մէկ տասներորդը ծածկուած է սառոյցով:

– Ըստ աւանդութեան, Մոքթեզումա ազթեք թագաւորը օրական 50 գաւաթ տուրմ կը խմէր:

– Արեւադարձային անտառները ծննդավայրն են երկրագունդին միջատներու տեսակներու աւելի քան 80 առ հարիւրին:

 

Ժամանց

Կէտերը իրարու միացուր յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը: Զայն ամբողջացնելու համար սեւ կէտերուն վրայ պզտիկ մետաղադրամ մը դիր անոր շրջանակը գծէ:

 

Կրնա՞ս գտնել երկու թռչուններուն միջեւ գոյութիւն ունեցող հինգ տարբերութիւնները: Պատկերին մէջ պահուած են նաեւ` ամերիկեան ֆութպոլի հաւկթաձեւ գնդակ մը, Կաղանդի գուլպայ մը, ադամանդէ մատանի մը, պանան մը եւ նարինջի շերտ մը:

 

Կ՛ըսեն, որ երբեմն ընտանի անասուններու տէրերը ժամանակի ընթացքին կը նմանին իրենց այդ փոքրիկ բարեկամներուն: Կրնա՞ս գտնել իւրաքանչիւր անասունի տէրը: Կրնա՞ս նաեւ գտնել` պատկերին մէջ պահուած հեռաձայնը, հեռախօսի բաժինը, թէյի գաւաթը, ձեռնոցը, խնձորը, մարդուկէ պիսքուին եւ փողը:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (16 Սեպտեմբեր 1967)

Յաջորդը

Փոքր Ճշդումներ` Մուսա Լերան Ժողովուրդին Եւ Պատմութեան Առնչուող

RelatedPosts

Նոր Ձեւ Մը` Կերպընկալներուն Դէմ Պայքարելու Համար
Մանկապատանեկան

Նոր Ձեւ Մը` Կերպընկալներուն Դէմ Պայքարելու Համար

October 24, 2026
Սեւ Ծաղիկ Մը, Որ  Առանց Լոյսի Կ՛ապրի…
Մանկապատանեկան

Սեւ Ծաղիկ Մը, Որ Առանց Լոյսի Կ՛ապրի…

October 17, 2026
Ընձուղտներն Ալ Թուաբանութիւն Ընել Գիտեն
Մանկապատանեկան

Ընձուղտներն Ալ Թուաբանութիւն Ընել Գիտեն

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.