Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վերամուտ. Դէպի Դպրոց… Ուղղաթիռով

September 30, 2017
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Մարի-Փոլ ուսուցչուհին արտասովոր կեանք մը ունի: Ամէն երկուշաբթի ան աւելի քան 2 ժամ կը քալէ հասնելու համար այն դպրոցը, ուր ինք կը դասաւանդէ Ռէունիան կղզիին վրայ անկարելի է ինքնաշարժով հասնիլ Մաքաթայի բնական բոլորաձեւ լեռնահովիտը, տեղափոխուելու համար միակ միջոցը քալելն է… կամ ուղղաթիռը:

Ֆրանսական կղզիին վրայ գտնուող Մաֆաթայի բնական բոլորաձեւ լեռնահովիտը կղզիին ամէնէն գրաւիչ շրջաններէն մէկն է: Անիկա կը գտնուի լեռնային շրջանի մը մէջ, ուր մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ կու գան քայլարշաւներու մասնակցելու: Սակայն հոն կ՛ապրին նաեւ մարդիկ` տասնեակ մը մեկուսացած փոքրիկ գիւղերու մէջ: Մարի-Փոլ կը դասաւանդէ այդ գիւղերէն մէկուն` Մարլայի մէջ, սակայն իր գործը միշտ ալ դիւրին չէ…

***

Մարլայի շուրջ բնական միջավայրը այնքան լեռնային է եւ բնութիւնը այնքան վայրի, որ հոն ինքնաշարժով հասնիլը անկարելի է: Մարի-Փոլ կ՛ապրի Ռէունիոնի բնակիչներուն մեծամասնութեան նման, ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ, հետեւաբար ան պէտք է գտնէ միջոց մը` իր գործին հասնելու համար: Այս ձեւով, երկուշաբթի առտու ան կ՛արթննայ առտուան ժամը 4:00-ին, որովհետեւ պէտք է 2 տարբեր փոխադրակառքեր առնէ եւ ապա 2,5 ժամ քալէ դպրոց հասնելէ առաջ: Շաբթուան մնացեալ օրերուն ան կը մնայ գիւղին մէջ, դպրոցին կողմէ տրամադրուած տան մը մէջ, իսկ ուրբաթ օրը ան ճամբան հակառակ ուղղութեամբ կ՛երթայ:

Իր շաբաթական տեղափոխութիւններուն համար Մարի-Փոլ ունի մեծ ուսապարկ մը, քալելու շատ լաւ կօշիկներ եւ կլիմայի քմահաճոյքներէն պաշտպանուելու համար հագնելիքներ` դպրոցէն բնաւ չբացակայելու համար. սակայն իւրաքանչիւր արձակուրդէ ետք կրթութեան նախարարութիւնը անոր շնորհ մը կ՛ընէ. ան Մարլա կ՛երթայ ուղղաթիռով` հետը փոխադրելով իրեն բոլոր պէտք եղածները: Այս ձեւով ան գործի կը հասնի 15 վայրկեանէն եւ առանց յոգնութեան:

***

Ուղղաթիռով այս տեղափոխութիւնները մեծ հաճոյք կը պատճառեն Մարի-Փոլին, որ առիթը կ՛ունենայ անցնելու սքանչելի տեսարաններու վրայէն: Իսկ երբ ան կը հասնի գիւղ, իր ժամանումը մեծ տօնի կը նմանի գիւղի երեխաներուն համար:

Մարլա ունի միայն 60 բնակիչ: Հետեւաբար դպրոցը բաղկացած է միայն մէկ դասարանէ, ուր միասին կ՛աշխատին մանկապարտէզէն մինչեւ հինգերորդ դասարանի տասնեակ մը աշակերտներ: Տունը աշակերտները կը խօսին իրենց բարբառը` քրէօլ լեզուն: Դպրոցը դասաւանդութիւնը ֆրանսերէնով է:

Որովհետեւ ամէնէն մօտ գիւղը քալելով մէկուկէս ժամ հեռու կը գտնուի, այս երեխաները իրենց ժամանակը կ՛անցընեն իրարու հետ: Սակայն շնորհիւ համակարգիչին` անոնք միշտ կապի մէջ են դուրսի աշխարհին հետ: Մարի-Փոլ Մարլայի մէջ կ՛աշխատի եօթը տարիէ ի վեր, եւ որովհետեւ ան միակ ուսուցչուհին է, ան այս նոյն աշակերտներուն կը դասաւանդէ մանկապարտէզէն ի վեր: Հետեւաբար ան շատ մօտիկ կը գզայ անոնց եւ յաճախ կը հրաւիրուի ընտանեկան տօներուն:

 

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

Քունին Մասին

– Մենք գիտենք, որ քունը մեծ դեր ունի մեր աճման մէջ, եւ շատ կարեւոր է, որ մենք բաւարար քնանանք` յաջորդ օրը կազմ ու պատրաստ ըլլալու նոր գիտութիւններ ամբարելու համար: Հետեւաբար, գիտէի՞ր, թէ…

– Միջին հաշուով տասը տարեկան երեխայ մը մօտաւորապէս քսան վայրկեանէն քունի կ՛անցնի:

– Երբեմն մեր ուղեղը շատ աւելի գործօն կ՛ըլլայ, երբ մենք կը քնանանք, քան երբ արթուն ենք:

– Միջին հաշուով, մենք մեր օրուան մէկ երրորդը քնանալով կ՛անցընենք, այսինքն` տարեկան մօտաւորապէս չորս ամիս: Հետեւաբար 70 տարեկան անձ մը իր կեանքին 23 տարին անցուցած պիտի ըլլայ քնանալով:

– Սինկափուրի Շանճի օդակայանը 15 տարի արժանացած է ոսկիէ մետալի, որովհետեւ ան աշխարհի ամէնէն լաւ օդակայանն է, ուր կարելի է հանգիստ քնանալ:

– Մարդիկ, որոնք օրուան ընթացքին կարճ ժամանակ կը քնանան, գործի մէջ շատ աւելի արդիւնաբեր կրնան ըլլալ, քան անոնք, որոնք չեն քնանար:

 

Խոհագիր

Պանանա Պրետ
(Պանանով Հաց)

Այս վերամուտի օրերուն զբօսանքներուն պէտք պիտի ունենաս քեզի ուժ տուող համեղ նախընթրիքի մը: Քէյքի այս տեսակը ծնած է 18-րդ դարուն, երբ փոշի պէյքինկ փաուտըրը, մուտք գործեց խոհանոցներ: Իսկ գիտէի՞ք, որ ան ունի նոյնիսկ իրեն յատուկ տօնը Միացեալ Նահանգներու մէջ, 23 փետրուար:

Բաղադրութիւն

250 կրամ ալիւր, 160 կրամ շաքար, 3 հասուն պանան, 85 կրամ կարագ, 2 հաւկիթ, 3 սուրճի դգալ պէյքինկ փաուտըր, 2 ապուրի դգալ կաթ, պտղունց մը աղ, տուրմի կտորներ:

Պատրաստութիւն

– Փուռը տաքցուր, 170 աստիճանի վրայ:
– Ալիւրին կէսը խառնէ շաքարին, աղին եւ պէյքինկ փաուտըրին հետ:
– Պատառաքաղով մը լաւ ճզմէ պանանները եւ զանոնք աւելցուց չոր խառնուրդին վրայ:
– Ապա աւելցուր հալած կարագը, եւ կաթը:
– Այս բոլորը զգուշութեամբ խառնէ, եւ երբ ընդհանուրը լաւ խառնուի, երկու վայրկեան աւելի զօրաւոր զարկ: Այս գործողութիւնը կրնաս կատարել մեքենայով:
– Վերջապէս, աւելցուր հաւկիթները, մնացած ալիւրը, տուրմի կտորները եւ դարձեալ խառնէ:
– Խմորը պարպէ փուռի յատուկ ափսէի մը մէջ, որուն վրայ կարագ քսած եւ ալիւր սրսկած ես:
– Ձգէ, որ քէյքը եփի մէկ ժամ:
– Բարի ախորժա՛կ:

 

Հետաքրքրական

Ինչո՞ւ Թռչունները Առտուն
Շատ Կանուխ Կը Սկսին Երգել

Ո՛չ. թռչունները ահաւոր էակներ չեն, որոնց միակ նպատակն է մեզ առտուն շատ կանուխ արթնցնել:

Երբ թռչունը կ՛արթննայ, ան կը սկսի երգելու միւս թռչուններէն իր տարածքը պաշտպանելու համար: Եւ որովհետեւ առտուն շատ կանուխ լռութիւն կը տիրէ, անոնց ճւճւոցը մինչեւ հեռուները կը լսուի:

Ինչո՞ւ Յուլիս Եւ Օգոստոս Ամիսները
31
Օր Ունին, Մինչ Միւս Ամիսները
Պարբերաբար 30 Եւ 31

Ք. Ա. 45 թուականին Յուլիոս Կեսար կը հաստատէ մեզի ծանօթ օրացոյցը: Այս 12 ամիս պարունակող նոր օրացոյցը կը բարելաւէր հինը, որ կը սկսէր մարտ ամսուն: Նախկին 5-րդ ամիսը` քինթիլիս, կը վերակոչուի փուլիոս, (Յուլիոս, որ կը դառնայ յուլիս)` կայսրին ի պատիւ: Անոր որդին եւ յաջորդը` Օգոստոս կայսրը իր անունը տուաւ յաջորդ ամսուն, սակայն ան պահանջեց նոյնքան օր ունենալ: Այս պատճառով օգոստոս ամիսը ունեցաւ մէկ օր աւելի:

Ինչո՞ւ Արեւը Կարմիր Կ՛ըլլայ,
Երբ Մար Կը Մտնէ

Օրուան ընթացքին արեւը կը փոխուի: Անոր լոյսը կազմուած է տարբեր գոյներէ եւ օդը իբրեւ լոյսի զտիչ կը ծառայէ:

Որքան արեւը հորիզոնին աւելի մօտ ըլլայ, այնքան անոր լոյսը կը թափանցէ մթնոլորտի աւելի հաստ շերտէ մը. գոյները նուազ կրնան անցնիլ այդ խաւին մէջէն, բացի կարմիրէն: Իսկ երբ արեւը օդին մէջ բարձր է, ան ճերմակ կ՛երեւի:

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տասը տարբերութիւնները:

 

Կէտերը իրարու միացուր 1-86` յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:

 

Արդէն աշուն է, եւ արեւոտ օրերը պիտի սկսին նուազիլ… Ինչպէ՞ս ընել, որ մեր օրը արեւոտ վերադառնայ, գիտնալով, որ պէտք է ամէն անգամ անձրեւոտ եւ արեւոտ օրերը իրարու յաջորդեն, եւ կարելի է յառաջանալ վեր-վար կամ հորիզոնական ձեւով, սակայն բնաւ` շեղակիօրէն. իսկ երբ մենք հանդիպինք ամպոտ օրի մը, ըսել է, որ ճամբան սխալ է:

 

Խումբ մը բարեկամներ կ՛ուզեն վերամուտը տօնել փոքրիկ նուագահանդէս մը կազմակերպելով: Սակայն կրնա՞ս գտնել 15 մանրամասնութիւնները, որոնք կրնան արգելք հանդիսանալ այս ներկայացումին:
Նախորդը

50 Տարի Առաջ (30 Սեպտեմբեր 1967)

Յաջորդը

Սիրան Քահկեճեանի Յիշատակին

RelatedPosts

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
Նոր Ձեւ Մը` Կերպընկալներուն Դէմ Պայքարելու Համար
Մանկապատանեկան

Նոր Ձեւ Մը` Կերպընկալներուն Դէմ Պայքարելու Համար

October 24, 2026
Սեւ Ծաղիկ Մը, Որ  Առանց Լոյսի Կ՛ապրի…
Մանկապատանեկան

Սեւ Ծաղիկ Մը, Որ Առանց Լոյսի Կ՛ապրի…

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.