Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Ճիշդ է, որ մենք օգոստոս ամիսն ենք, եւ ամառ է Դանիոյ մէջ, սակայն աշխարհին չորս կողմերէն աւելի քան 150 կաղանդ պապաները արդէն հաւաքուած են հոն` ծրագրելու համար յառաջիկայ եղանակի տօները:
Կաղանդ պապաներու 60-րդ տարեկան այս համագումարին կը մասնակցին աւելի քան տասնեակ մը երկիրներէ կաղանդ պապաներ, որոնց մեծ մասը հագուած է աւանդական կարմիր բաժկոնը եւ դրած ճերմակ մօրուքը` հակառակ տաք օդին:
Երեք օր տեւող այս համագումարը միշտ տեղի կ՛ունենայ Դանիոյ մայրաքաղաք Քոփենհակընի Պաքըն ժամանցի պարտէզին մէջ: Կաղանդ պապաները առիթը պիտի ունենան տողանցելու մայրաքաղաքին ճամբաներուն մէջ, լողալու ծովուն մէջ, անոնք պիտի կարենան նոյնիսկ մասնակցիլ ֆաշըն շոյի մը:
Սակայն, անշուշտ, այս հաճելի ժամանցներու կողքին, կաղանդ պապաները կը խորհրդակցին աւելի «լուրջ» նիւթերու շուրջ ալ: Օրինակի համար` ո՞ր օրը պէտք է նշուի իբրեւ «Կաղանդ», կամ արդեօք պէ՞տք է ապօրինի տեղ շարուած կաղանդ պապաներուն ինքնաշարժներուն տուգանք գրել: Այս տարուան գլխաւոր նիւթերէն մէկն ալ Կաղանդի ծառին գոյնն էր: Այս տարի անոնք պիտի փորձեն որոշել, թէ ծառը պէտք է մանիշակագո՞յն, կարմի՞ր, թէ՞ կանաչ ըլլայ: Անշուշտ կանաչը կը մնայ ընդհանրապէս բոլորին նախասիրած գոյնը:
Ծանօ՞թ Էք Պերմուտայի
Եռանկիւնին
Այս տարօրինակ անունը կը գործածուի նշելու համար Ատլանտեան ովկիանոսին մէջ ծովային տարածք մը, ուր կը գտնուի` Միացեալ Նահանգներու հարաւը գտնուող Մայամի քաղաքին, Փորթօ Ռիքօ կղզիին եւ Պերմուտա արշիպեղագոսին միջեւ: Անոր տարածքը 1,5 միլիոն քառ. քմ է:
Անբացատրելի անհետացումներ
Առաջին անգամ լրագրող Վինսընթ Կոտինզն է, որ կը խօսի այս երեւոյթին մասին, 1964-ին, «Տը տէտլի Պերմուտա թրայանկըլ» անունով (Պերմուտայի մահացու եռանկիւնը) յօդուածի մը մէջ: Ան կ՛անդրադառնայ, որ ծովային այս տարածքին մէջ բազմաթիւ նաւեր եւ օդանաւեր… կորսուած են: Տասը տարի ետք ուրիշ լրագրող մը կը հաշուէ վերջին հարիւր տարիներուն ընթացքին այդ շրջանին մէջ կորսուած առարկաներուն թիւը` 200 նաւ եւ 80 օդանաւ:
Սալազար նաւապետին բանտը
Պերմուտայի եռանկիւնին աւանդութիւնը կը ծնի: Այդ շրջանը բազմաթիւ գիտնականներու, լրագրողներու, գրագէտներու եւ շարժապատկերի բեմադրիչներու հետաքրքրութիւնը կ՛արթնցնէ: Այս ձեւով, օրինակի համար «Փայրըց օֆ Քարապիյըն» շարժապատկերներէն մէկուն մէջ սոսկալի Սալազար նաւապետը բանտարկուած կը մնայ այս նշանաւոր Պերմուտայի եռանկիւնին մէջ, ուրկէ ան չի կրնար փախչիլ:
Ծովային հրէշներ եւ փոթորիկ
Բազմաթիւ անձեր բազմաթիւ բացատրութիւններ, երբեմն նոյնիսկ երեւակայական` ծովային հրէշ, արտերկրային էակ, փնտռած են: Սակայն ոչ մէկը կրցած է այս գաղտնիքը լուսաբանել: 2015 թուականին մասնագէտներ առաջարկած են նոր բացատրութիւն մը: Ըստ անոնց, թունաւոր կազերու գրպաններ կը կազմուին այդ շրջանին ջուրերուն խորերը, եւ այս ձեւով կը յառաջացնեն այդ անհետացումները: Սակայն այս մօտեցումը բնաւ չէ փաստուած: Ուրիշներ կը մտածեն, որ այդ շրջանը պարզապէս վտանգաւոր է հոն յաճախ տեղի ունեցող փոթորիկներուն եւ երկրաշարժերուն պատճառով, եւ համեմատաբար այդ շրջանէն անցնող նաւերուն թիւին` այդ անհետացումներ շատ աւելի բարձր չեն, քան` աշխարհին մէջ ուրիշ վայրերու մէջ անհետացումներուն թիւը:
Պուպրիկներու Անկողիններ`
Յատուկ Կատուներու Համար
Մատչելի գիներով կարասիներ ծախող շուէտական ընկերութիւն մը սկսած է ծախել նաեւ պուպրիկներու յատուկ անկողիններ: Սակայն, ըստ վերջին նկատողութիւններուն, պուպրիկներու յատուկ այս անկողինները մեծ յաջողութիւն գտած են… կատուներուն մօտ:
Փոքրիկ աղջիկներէն աւելի` կատուներու տէրերն են, որոնք դէպի կարասիի այդ խանութները կը վազեն: Անոնք նշմարած են, որ իրենց կատուները շատ կը սրեն այս հանգստաւէտ եւ գեղեցիկ անկողինները: Այդ խանութներուն մէջ կարելի է գտնել տեսակաւոր անկողիններ, երբեմն` երկու յարկանի, գունաւոր սաւաններ, բարձիկներ…
Տունը դուն կատու չունի՞ս: Հարց չկայ: Այս փայլուն գաղափարը կը յարմարի նաեւ տարբեր տեսակի ընտանի անասուններու` շնիկներու նապաստակներու…
Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ
– Հին Եգիպտոսի մէջ այր մարդիկ, կիներ եւ փոքրիկներ գոհարեղէններ կը կրէին:
– 11 տարիներ առաջ անջրպետին մէջ կորսուած անջրպետանաւ մը վերջապէս գտնուած է Հրատ մոլորակին վրայ:
– Չինաստանի մէջ 500 միլիոնէն աւելի անձեր հեծիկ ունին: Շանկհայի մէջ մարդոց 60 առ հարիւրը հեծիկով գործի կ՛երթայ:
– 2012 թուականին գիտնականները ջուրի մեծ պահեստներ գտած են Ափրիկէի անապատներուն, նոյնիկս Սահարայի տակը, որ կը սեպուէր աշխարհի ամէնէն չոր անապատներէն մէկը:
– Փերուի նախագահը կ՛ապրի Պետութեան պալատին մէջ, Լիմայի կեդրոնը: Քաղաքին վերջին Էնքա պետը ապրած էր նոյն վայրին մէջ, 1500-ական թուականներուն սկիզբը:
– Ծառերուն մէջ հիւսող մրջիւնները ֆութպոլի գնդակի չափով բոյներ կը շինեն` տերեւները հիւսելով:
– Առաջին գործնական սմարթֆոնը Այ Պի Էմ-ի «Սայմըն» կոչուած բջիջային հեռաձայն էր, որ շուկայ իջաւ 1993 թուականին: Այդ ժամանակ մօտաւորապէս 50 հազար հեռաձայններ ծախուեցան իւրաքանչիւրը` 899 տոլարի:
– Գիտնականները գտած են 40-60 հազար տարուան հին սրինգ մը. կ՛ենթադրուի, որ սրինգը շինուած է նէանտերթալի մարդոց կողմէ:
– Ըստ աւանդութեան, Նեան հրէշը Չինաստանի գիւղերէն կ՛անցնէր սարսափ պատճառելով մարդոց: Մինչեւ որ օր մը մուրացկան մը զայն վախցուց եւ փախցուց կրակ, պայթումներ եւ կարմիր գոյնը գործածելով: Այդ օրէն սկսեալ կարմիր գոյնը բախտաբեր կը համարուի Չինաստանի մէջ:
– Անգլիացի արուեստագիտուհի Սուզի Մըքմըրրի հարսանեկան հագուստ մը շինեց` գործածելով դէպի դուրս դարձուած կերպընկալէ 1400 ձեռնոցներ:
– Ողիմպիական չափերով լողաւազան մը կը պարունակէ 2.498.372 լիթր ջուր:
– Անգլիոյ Մուրրէյ շրջանին մէջ 1000 կամաւորներ աշխատեցան աւելի քան մէկ ամիս շինելու համար իսկական չափերով տուն մը, գործածելով 3,3 միլիոն լեկոյի կտորներ:
– Բազմաթիւ անասուններ ունին երրորդ թափանցիկ կոպ մը, որ անասունին աչքերը ապահով կը պահէ վայրի բնութեան մէջ:
– Հանրային վայրերու մէջ ծամոն ծամելը անքաղաքավար կը սեպուի Նոր Զելանտայի, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Լեհաստանի մէջ:
Ժամանց


