«Քասինի»-ի Վերջին Թռիչքը Դէպի Երեւակ
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ «Քասինի» ոչ բնակուած անջրպետանաւ մըն է, որ կը դառնայ Երեւակ մոլորակին շուրջ, 2004 թուականէն ի վեր: Իր պաշտօնին իբրեւ վերջին փուլ` ան պիտի սուզուի դէպի օղակներով մոլորակին մակերեսը: Այս վերջին թռիչքը շատ կարեւոր է գիտնականներու համար: Երեւակը մեր արեգակնային դրութեան վեցերորդ մոլորակն է (արեւէն հեռանալով): Ան Լուսնթագէն ետք երկրորդ ամէնէն մեծ մոլորակն է: Անշուշտ Երեւակին իւրայատկութիւնը...



















