Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Ֆրետի կրիան հանդարտ եւ ուրախ օրեր կ՛ապրէր անտառին մէջ. սակայն օր մը մեծ հրդեհ մը կը փճացնէ այդ անտառը եւ ծանրօրէն կը վիրաւորէ Ֆրետին: Անոր պատեանը ամբողջովին կը փճանայ կրակին պատճառով: Եւ առանց զիրենք պաշտպանող այդ պատեանին` կրիաները չեն կրնար ապրիլ: Իւրաքանչիւր վայրկեանի անոնք վտանգի տակ կը գտնուին, չեն կրնար պատեանի մէջ պահուըտիլ, երբ ուրիշ անասուններ իրենց վրայ յարձակին:
Սակայն Ֆրետի բախտաւոր եղաւ: Պրազիլցի անասնաբուժներու իւրայատուկ խմբակ մը գտաւ վիրաւորուած անասունին: «Անիմըլ աւենճըրզ» (անասուններու վրիժառուներ) Ֆրետիին համար շինեցին արհեստական պատեան մը` զայն 3D տպագրիչ մեքենայով մը տպելով:
***
«Անիմըլ աւենճըրզ»-ներու խմբակը կազմուած է 6 անձերէ` 4 անասնաբուժներ, 1 ատամնաբուժ, 1 3D տպագրութիւններու մասնագէտ: Ֆրետիին պատեանը ստեղծելու համար «Անիմըլ աւենճըրզ»-ները իսկական խմբային աշխատանք մը կատարեցին: Տպագրութեան մասնագէտը ներշնչուեցաւ իսկական պատեաններու նկարներով` ստեղծելու համար պատեանին օրինակը համակարգիչի վրայ: Երբ պատեանը իր ծաւալով տպուեցաւ 3D մեքենային վրայ, անասնաբուժները կրցան զայն անցընել Ֆրետիին մարմնին վրայ: Նոյնիսկ արուեստագէտ մը մասնակցեցաւ այս աշխատանքներուն: Ան պատեանը ներկեց, որպէսզի անիկա շատ նման ըլլայ միւս կրիաներու պատեաններուն: Այլապէս, միւս կրիաները պիտի մերժէին Ֆրետիի ներկայութիւնը:
Շնորհիւ իր այս նոր «տան»` Ֆրետի շատ առողջ կրիայ մըն է: Այժմ ան կ՛ապրի զայն բուժող անասնաբուժներէն մէկուն մօտ, մինչեւ որ կարենայ վերադառնալ վայրի բնութեան մէջ:
***
Ֆրետի միակ անասունը չէ, որ փրկուած է «Անիմըլ աւենճըրզ»-ներուն կողմէ: Պրազիլցի այս անասնաբուժները դարմանած են նաեւ թռչուններ, որոնց կտուցը շատ վնասուած էր: Օրինակի համար, թութակ մը օժտուած է թիթանիոմով շինուած կտուցով մը, Միացեալ Նահանգներու մէջ Շայն` փոնի ձի մը, որուն մէկ ոտքը կը պակսէր, օժտուեցաւ 3D տպագրիչ մեքենայով շինուած կեղծ ոտքով մը: Իր գործողութենէն ետք Շայն դարձեալ կրնայ վազվզել դաշտերուն մէջ:
Շնորհիւ 3D տպագրիչ մեքենաներուն` այժմ մասնագէտները կրնան շինել մարմինէն կեղծ բաժիններ` կենդանի էակներու համար, որոնք կորսնցուցած են իրենց ոտքը, թեւը կամ մարմինէն ուրիշ բաժին մը. մարդիկ, եւ յատկապէս մանուկներ արդէն սկսած են օգտուիլ գիտական այս նորութիւններէն:
Հարցարան
1.- Գոյութիւն ունի կէտի տեսակ մը, որ ջուրին խորերը կ՛իջնէ իր նախասիրած ուտելիքը գտնելու համար: Ան որքա՞ն ժամանակ կրնայ իր շունչը բռնել:
ա – 10 վայրկեան, բ – 20 վայրկեան, գ – 90 վայրկեան, դ – 2 ժամ:
2.- Ափրիկեան փիղին փղոսկրները կրնան աճիլ մինչեւ 3 մեթր: Ի՞նչ են փղոսկրները:
ա – Եղջիւր, բ – Ակռայ, գ – երկրորդ քիթ, դ – Գանկէն ոսկոր մը:
3.- Գոյութիւն ունի թռչունի տեսակ մը, որ կ՛ապրի մեծ խումբերով: Մինչեւ քանի՞ թռչուններ կրնան ապրիլ նոյն բոյնին մէջ:
ա – 25, բ – 60, գ – 100, դ – 500:
4.- Ո՞ր անասունը այնքան խելացի է, որ կրնայ ինքզինքը ճանչնալ հայելիին մէջ:
ա – Փիղը, բ – դլփինը, գ – ուրանկութանը, դ – վերի բոլոր անասունները:
5.- Ո՞ր անասունը կրնայ հաղորդակցիլ ձայնի շատ ցած ալիքներով, որոնք անլսելի են մարդ արարածին կողմէ:
ա – Գորտը, բ – թութակը, գ – ռնգեղջիւրը, դ – մուկը:
6.- Ո՞ր ովկիանոսներուն մէջ ապրող ծովային անասունը կրնայ ապրիլ մինչեւ 500 տարի:
ա – Աքցանը, բ – Ընգղան, գ – Շանաձուկը, դ – Ծովաձին:
Պատասխանները Վերջաւորութեան
Հետաքրքրական
– Սակուրօ Քաքթիւսին (կանկատունկ) ճիւղերը կը սկսին անոր կոճղին վրայ բուսնիլ, երբ բոյսը 75 տարեկան կ՛ըլլայ:
– 26 յունիս 2013-ին մեքսիքացի Մանուէլա Հեռնանտեզ իր նախակրթարանի վկայականը ստացաւ 100 տարեկանին: Ան ստիպուած եղած էր դպրոցը ձգել փոքր տարիքին, սակայն 99 տարեկանին ան դարձեալ վերադարձած է դպրոց:
– Իր ամբողջ կեանքին ընթացքին մարդ արարած մը պիտի սպառէ մօտաւորապէս 50 թոն ուտելիք եւ 50.000 լիթր խմիչք, որոնք կը համապատասխանեն 71 կովու:
– Ասիոյ ցամաքամասին վրայ գոյութիւն ունին 51 երկիրներ: Ան աշխարհի ամէնէն մեծ ցամաքամասն է:
– Աստղագէտները կ՛ենթադրեն, որ երկրագունդին վրայ օրերը պիտի տեւեն 26 ժամ: Արեւուն շուրջ երկրագունդին ճամբորդութիւնը կը դանդաղի, հետեւաբար մեր մոլորակը աւելի երկար ժամանակի պէտք ունի արեւուն շուրջ դառնալու համար, եւ ասիկա անշուշտ կ՛ազդէ ցերեկներուն եւ գիշերներուն երկարութեան վրայ:
– 2014 թուականին Ֆրանսայի Մոզել շրջանի Քերպաշ աաաքաղաքին մէջ երկու խումբեր խաղցած են ամէնէն երկար տեւած ֆութպոլի մրցումը. մրցումը ըսած է 73 ժամ եւ աւարտած է 475-473 արդիւնքով:
– Մարդկային մարմինին մէջ կարելի գտնել մանրէներու 500 տեսակներ:
– Չին մագլցող մը կրցած է 15 մեթր բարձր արհեստական պատ մը մագլցիլ 6,26 երկվայրկեանէն:
– Մենք մեր մարմնին վրայ ունինք մօտաւորապէս 5 միլիոն մազ:
– Փույա Ռեմոնտի աշխարհի ամէնէն մեծ խոտն է: Անիկա կը բուսնի Պոլիվիոյ մէջ: Այս տարօրինակ խոտին երկարութիւնը կրնայ հասնիլ 9 մեթրի: Անիկա նաեւ ամէնէն դանդաղ ծաղկող բոյսն է, որովհետեւ անոր ծաղիկները կրնան սպասել մինչեւ 150 տարի` բացուելէ առաջ…
– Չափահաս անձի մը աղիքը կրնայ մինչեւ 8 մեթր երկարութիւն ունենալ:
– Մայիս ամսուն Փարիզի մէջ տեղի ունեցող Ռոլան Կարոսի թենիսի մրցաշարքին ընթացքին կը գործածուին թենիսի 62.000 գնդակներ:
– Մեղր արտադրելու համար փեթակի մը մեղուները ունին պաշտօն մը` իրենց այցելած ծաղիկներուն նեկտարը հաւաքել: Այս ձեւով անոնք կրնան օրական անցնիլ 225.000 ծաղիկներու վրայէ եւ կտրել մինչեւ 4 քմ.:
– Սեփաք Թաքրաուը Մալեզիոյ մէջ ծնած մարզաձեւ մըն է: Անիկա կը նմանի վոլիպոլի խաղին, սակայն ոտքերով կը խաղցուի: Անիկա մեծ ժողովրդականութիւն ունի Ասիոյ մէջ:
– Խխունջը կրնայ քնացած մնալ մինչեւ երեք տարի:
– Ամերիկացի Աշրիթա Ֆուրման կրցած է քալել 10 մեթր աշխարհի ամէնէն ծանր կօշիկներով: Երկու կօշիկները միասին կը կշռէին աւելի քան 145 քիլօ:
– Չինաստանի Հէյուան քաղաքի տարածքին գտնուած են հոյամողէզներու մօտաւորապէս 17.000 հաւկիթներ:
– Մեր ամբողջ կեանքին ընթացքին մեր առած քայլերը կը համապատասխանեն աշխարհի շուրջ 3 անգամ դառնալով կտրուած հեռաւորութեան:
Ժամանց



Պատասխաններ
1-գ, 2-բ, 3-գ, 4- դ, 5-գ, 6-ա: