Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Քեզի ծանօթ են մանտալաները: Այս շատ գեղեցիկ եւ օրհնեալ արուեստի գործերը առիթն են իւրաքանչիւրին համար ստեղծագործ դառնալու եւ երեւակայութիւնը աշխատցնելու:
Ի՞նչ Են Մանտալաները
Մանտալաները շատ խրթին արուեստի գործեր են, սակայն իւրաքանչիւր անձ կրնայ տարբեր բան մը տեսնել անոնց մէջ: Մանտալա ստեղծելը շատ հանգստացնող աշխատանք մըն է. մանտալան ստեղծողը ընթանալով կեդրոնական կէտէ մը, ազատ կ՛արձակէ իր երեւակայութիւնը` այդ կէտին շուրջ գծագրութիւններ ստեղծելով, շրջանակի ձեւը պահելով: Մեր ըրածին վրայ կեդրոնանալով` մենք կը մոռնանք բոլոր մեր հոգերը եւ աւելի լաւ կը զգանք:
Թիպեթ ապրող պուտտայական վանականներուն համար աւազէ մանտալաներուն ստեղծագործութիւնը շատ կարեւոր ժամանակ մըն է: Երբ գործը վերջանայ, անոնք կը ձգեն, որ աւազը թռչի, ցոյց տալու համար, որ պէտք չէ առարկաներու կապուիլ:
Հինտուները, որոնք հինտու կրօնին կը պատկանին, ունին նաեւ իրենց մանտալաները, զորս կը կոչեն եանդրա: Անոնք գոյութիւն ունէին մանտալաներէն առաջ, սակայն անոնց մասին նուազ կը խօսուի: Այս կրօնին համար ասիկա ձեւ մըն է նաեւ մեզ շրջապատող աշխարհէն կապերը կտրելու: Մարդիկը անոնց կը նային հասկնալու համար անոնց իմաստը եւ հոն գտնել կրօնի սէրը: Եանդրաները կը տարբերին մանտալաներէն. անոնք կազմուած են միայն երկրաչափական ձեւերէ, եռնակիւններէ, քառակուսիներէ եւ շրջանակներէ:
Բնութեան Մօտիկ Արուեստ Մը
Մանտալաներու պատկերները մենք կը գտնենք նաեւ բնութեան ամէնէն գեղեցիկ ձեւերուն մէջ: Կարելի է զանոնք տեսնել պարուրաձեւ աստղահոյլերու մէջ կամ արեգակնային դրութեան մոլորակներուն կատարած շրջանակներուն մէջ, կամ` ձիւնի փաթիլներուն, ծաղիկներուն… Ասիկա ձեւ մըն է, որ միայն մեր երեւակայութենէն չի բխիր:
Շրջանակը ձեւ մըն է, որ միշտ ներշնչած է մարդիկը: Այս ձեւին մենք կը հանդիպինք ամէնէն ծանօթ արուեստի գործերուն մէջ, ինչպէս նաեւ` պաշտամունքի վայրերուն մէջ:
Այժմ
Ներկայիս մանտալաները անպայմանօրէն կրօնի մը հետ չեն կապուած. անոնք նոյնիսկ կը գործածուին բժիշկներուն կողմէ` զբաղեցնելու համար այն հիւանդները, որոնք լաւ տրամադրութեան մէջ չեն գտնուիր: Անոնք կը հայթայթեն հանդարտութեան եւ հանգիստի զգացում մը:
Գիտէի՞ր, Թէ…
Մանտալաները եկած են Հնդկաստանէն: Սկզբնական շրջանին անոնք կը ծառայէին մարդոց միտքը զբաղեցնելու կեանքի փոքրիկ հարցերով: Պուտտայականներուն համար (այս կրօնը ծնած է Հնդկաստանի մէջ, Ք.Ա. 5-րդ դար, ան միջոց մըն է կեդրոնանալու կրօնին վրայ:
Մանտալա բառը եկած է սանսկրիտ լեզուէն` Հնդկաստանի օրհնեալ լեզուն, եւ կը նշանակէ` «շրջանակ», «գունդ», «միջավայր» եւ «համայնք»: Մէկ բառ` չորս տարբեր գաղափարներու համար:
Թուղթդ եւ մատիտդ պատրա՞ստ են: Մատիտիդ ծայրը դիր թուղթին կեդրոնը եւ սկսէ քու անձնական մանտալադ ստեղծելու այդ կեդրոնին շուրջը դառնալով եւ գծելով քու երեւակայած ձեւերէդ:
Անհաւատալի Բայց Իրաւ
– Վատիկան ո՛չ միայն աշխարհի ամէնէն փոքր երկիրն է, այլ ան նաեւ աշխարհի ամէնէն քիչ բնակչութիւն ունեցող երկիրն է: Հոն կ՛ապրի միայն 800 հոգի:
– Ռումանիոյ թղթադրամը աշխարհի ամէնէն փոքրիկ չափով թղթադրամն է: 10 պանի արժող թղթադրամին չափը հաւասար է ամերիկեան մէկ տոլարի թղթադրամին մէկ տասերորդին:
– Գերմանիոյ մէջ գոյութիւն ունի շարժապատկերի սրահ մը` միայն ինը աթոռներով:
– Ֆրանսայի Լուի 19-րդ թագաւորը 1830-ին եղած է ամէնէն կարճ տեւողութեամբ իշխող թագաւորը: Ան թագաւոր մնացած է միայն 20 վայրկեան:
– Աշխարհի ամէնէն կարճ տեւող օդանաւային թռիչքը տեղի կ՛ունենայ Սկովտիոյ հիւսիսային կղզիներուն միջեւ. թռիչքը կը տեւէ միայն 47 երկվայրկեան:
Գոյներու Մասին
– Ոչ մէկ երկրի դրօշակ վարդագոյն կը պարունակէ:
Կարգ մը հաւերու հաւկիթներուն դեղնուցները կարմիր կ՛ըլլան:
– Արուսեակ մոլորակին վրայ երկինքը նարնջագոյն-կարմիր գոյն ունի:
– Ափրիկէի մէջ Նամիպիոյ հիմպա ժողովուրդին լեզուն կապոյտ գոյնին նշող բառ չունի:
– Կարգ մը անձեր միայն սեւ, ճերմակ եւ մոխրագոյն կը տեսնեն:
– Կարգ մը ձմերուկներու ներսի բաժինը դեղին կ՛ըլլայ:
Կ՛ուզէի՞ք Որդեգրել
Տարիքոտ Անձ Մը
Իտալիոյ Միլանօ քաղաքին մէջ ժամանակի ընթացքին տարիքոտ անձերը սկսած են զգալ, որ իրենց շուրջինները զիրենք նուազ կը հասկնան եւ նուազ կը սիրեն: Ասիկա մեծ հարց մըն է Միլանոյի համար` գիտնալով, որ քաղաքին բնակչութեան 24 առ հարիւրը 65 տարեկանէն վեր է:
Այս հարցը լուծելու համար Միլանոյի քաղաքապետարանը որոշած է արտօնել տարիքոտ անձերու որդեգրումը: Քաղաքապետութիւնը նոյնիսկ որոշած է վարձատրել այն ընտանիքները, որոնք այս քայլը կ՛առնեն` անոնց ամսական յատկացնելով 200 եւրօ:
Շանկհայի Մէջ Իբրեւ Պատիժ`
Թերթ Կարդալ
Շանկհայի մէջ երթեւեկութեան ոստիկանութիւնը իւրայատուկ պատիժ մը ճշդած է, բոլոր անոնց համար, որոնք չեն հետեւիր երթեւեկութեան օրէնքներուն:
Բոլոր անոնք, որոնք ինքնաշարժի երթեւեկութեան օրէնքներուն չեն հետեւիր, պէտք է թերթերուն մէջ կարդան օրական ճանապարհային արկածներուն յատկացուած լուրերը: Այն անձը, որ օրէնքը չէ յարգած, կրնայ ընտրել թերթը կարդալ կամ տուգանքը վճարել:
13 Տարեկան Ռոնալտինիոյի
23 Կոլերը
Ռոնալտօ տէ Ասսիս Մորերայ` նշանաւոր Ռոնալտինիօ, ֆութպոլի առասպելներէն մէկն է: Ան երկու անգամ արժանացած է աշխարհի ամէնէն լաւ ֆութպոլիստի ոսկի գնդակին եւ շահած Պրազիլի խումբին հետ այս մարզաձեւին ամէնէն բարձր մրցաշարքերը, յատկապէս` Նէյշըն՛զ քափը:
Այս պրազիլցի աստղը ֆութպոլի սիրահարներուն ուշադրութիւնը գրաւած է 13 տարեկանէն, երբ 23 կոլ նշանակած է մէկ մրցումի մը ընթացքին, պրազիլիական ուրիշ խումբի մը դէմ:
Ժամանց


